ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԵՐԲԵՄՆԻ ԵՐԳԻԾԱԿԱՆ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾԻՆ ՆՈՐՈՎԻ ԳԻՒՏԸ՝ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԵՆԱՍՏԱՆԻ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
2019 թուականին, Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հիմնարար գիտական գրադարանին հետ, հանդէս եկաւ նախաձեռնութեամբ մը՝ թուայնացնել Մխիթարեան միաբանութեան Վիեննայի մենաստանի գրադարանէն ներս պահուած հայերէն թերթերու եւ հանդէսներու՝ 1794-էն մինչեւ 1920 թուականը լոյս տեսած մամլոյ ժողովածոները: Ծաւալուն աշխատանք մըն էր, որու աւարտէն ետք նախատեսուած էր անցնիլ այդ թուականէն ետք լոյս տեսած միւս հայերէն թերթերուն եւ ամսագրերուն, որոնք նոյնպէս կը պահուին նոյն գրադարանին մէջ:
Ինչպէս յայտնի է՝ Մխիթարեան միաբանութեան Վիեննայի մենաստանի գրադարանը հարուստ է եւ, առհասարակ, Մխիթարեան միաբանութեան հայ մամլոյ հաւաքածոն մասնագէտներ կը նկատեն իր բազմազանութեամբ ամենահարուստներէն մին, իսկ այս գրադարանը պարբերական մամլոյ համալիր լրակազմերու ամբողջական պահպանութեան առումով՝ հայկական գրադարաններու շարքին լաւագոյններէն է:
Մխիթարեան միաբանութիւնը ընդառաջած է այս նախաձեռնութեան՝ նկատի առնելով օրէ օր զարգացող թուային աշխարհին հետ քայլ պահելու եւ հայերէն տպագիր ժառանգութեան հասանելիութեան անհրաժեշտութիւնը: Ի սկզբանէ այս եռակողմանի համագործակցութեան նպատակն էր՝ գրադարանին մէջ պահուած համահայկական ահռելի հարստութիւնը եւ հաւաքական ժառանգութիւնը տրամադրելի դարձնել բոլորին՝ անվճար, ապահովելով անոնց մատչելիութիւնը։
Բարձրորակ թուայնացումը (թուային պատճէնումը) ընդհանրապէս կ՚երաշխաւորէ նաեւ որոշ վտանգուած նիւթերու եւ բնօրինակներու երկարաժամկէտ պահպանումը, երբ անոնց ապահովութիւնը խնդրոյ առարկայ է:
Եւ ահաւասիկ, նախագիծին առաջին փուլը աւարտած է եւ այս մեծածաւալ նախաձեռնութեան շնորհիւ հայ ժողովուրդի մշակութային գրաւոր ժառանգութենէն զգալի մաս մը հասանելի դարձած է հանրութեան՝ առցանց եւ բաց ձեւաչափով։
Թուայնացուած նիւթերուն համար ստեղծուած է կայքէջ մը, որուն մէջ ներկայացուած է թերթերու եւ հանդէսներու հաւաքածոն, իսկ բոլոր թուայնացուած նիւթերը ամբարուած են Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հիմնարար գիտական գրադարանի շտեմարաններէն ներս:
Ուրախառիթ է, որ ուսումնասիրուած մամուլին մէջ յայտնաբերուած է նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ անունով գունաւոր թերթ մը, որ իր բնոյթով երգիծական հրատարակութիւն մըն է: Ան նման է յաւելուածի, ունի չորս էջ եւ պատկերազարդ է: Յաւելուածի վրայ նշուած չէ տպագրութեան թուական, վայր եւ այլ որեւէ մանրամասնութիւն: Նշուած է միայն մէկ տուեալ. «Իսթամպուլ Վիմգ. Տպգր. Մ. Տէր-Սահակեան», ինչը կը նշանակէ, որ այդ հրատարակչատունէն լոյս տեսած է:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հիմնարար գիտական գրադարանի մատենագէտները յայտնաբերուած ԺԱՄԱՆԱԿ գունազարդ թերթը ուսումնասիրելէ յետոյ զայն յայտարարեցին՝ իբրեւ մամուլի մասնագէտներուն համար նորայայտ անուն մը եւ վերագրեցին Գօչունեան ընտանիքին պատկանող ԺԱՄԱՆԱԿ թերթին՝ իբրեւ թերթի երգիծական յաւելուածը, լոյս տեսած կարճ ժամանակ մը:
ԹՈՒԱԿԱՆԻ ՃՇԳՐՏՈՒՄ
Տպագրման մօտաւոր թուականը ճշտուեցաւ թերթի աշխատակիցներու հետ քննարկման արդիւնքին եւ որոշուեցաւ, որ զայն լոյս տեսած կրնայ ըլլալ 1925 թուականին: Թերթելով ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 1920-ականներու թիւերը՝ կը տեսնենք, որ 1925 թուականի մայիսէն սկսեալ թերթի էջերուն մէջ կը յայտնուին երգիծական յաւելուածի մը մասին ծանուցումներ: Մօտ երկու ամիս՝ ամէն երեքշաբթի, հինգշաբթի եւ շաբաթ օր, թերթը տպագրած է երգիծական այդ գունաւոր յաւելուածն ու անվճար տրամադրած թէ՛ ընթերցողներուն, թէ՛ բաժանորդներուն: Երգիծական յաւելւածի իւրաքանչիւր թողարկման մասին օր մը առաջ եւ տպագրութեան օրը ծանուցուած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողներուն՝ տեղեկացնելով, որ թերթին հետ պահանջեն նաեւ օրուայ անվճար նուէրը՝ պատկերազարդ երգիծական յաւելուածը: Իր ընթերցողները գրաւելու համար թերթի խմբագրութիւնը երբեմն յաւելուածի մասին կը գրէր հետեւեալը. «Կ՚ուզէ՞ք կուշտ ու կուռ խնդալ, պահանջեցէ՛ք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի երգիծական յաւելուածը՝ երգիծական խիստ ճոխ բաժնով մը եւ ընտանեկան կեանքէն խիստ զուարճալի թերթօնով մը»: Երկու ամիս յետոյ այս ծանուցումները կ՚ընդհատուին, յետագայ տարիներուն ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ չ՚երեւիր երգիծական յաւելուածի մասին որեւէ ծանուցում, ուստի ենթադրելի է, որ զայն դադրած է լոյս տեսնելէ:
Այս յաւելուածի 1925 թուականին տպուած ըլլալուն մասին կը յուշէ նաեւ պոլսահայ գրող, բանասէր Թորոս Ազատեանի «ԺԱՄԱՆԱԿ. Քառասնամեայ յիշատակարան 1908-1948» աշխատութիւնը (տպագրուած Պոլիս, 1948-ին)։ Ազատեան «Թերթը ժողովրդականացնելու միջոցներ» խորագրին տակ կը նշէ, որ 1925-էն սկսեալ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրութիւնը, թերթին բովանդակութեան մեծ կարեւորութիւն ընծայելէ զատ, կը ձեռնարկէ զայն ժողովրդականացնելու համար շարք մը անակնկալներ, որոնցմէ մին ալ եղած է յաւելուածական տպագրութիւնը՝ այդ կարգին երգիծական յաւելուածը:
Ահաւասիկ, այդ յաւելուածի տպագրութենէն ուղիղ 99 տարի յետոյ, հայ ժամանակակից մատենագէտները զայն կը յայտնաբերեն հայ մամլոյ լրակազմերուն մէջ:
Ցաւօք, գտնուած է ընդամէնը երկու թիւ։ Անոնք համարակալուած չեն եւ պարզ չէ, թէ յայտնաբերուածները երգիծական յաւելուածի ո՞ր թիւերն են:
Թորոս Ազատեան աշխատութեան մէջ զետեղած է այս յաւելուածի 6-րդ թիւի առաջին էջի նկարը, ուր ծաղրանկարին կցուած գրութեան մէջ ամուսինի եւ կնոջ երկխօսութենէն կը պարզուի, որ այդ տարուայ փետրուարը 28 օր ունի: Այս տեղեկութիւնը Հիմնարար գիտական գրադարանի մատենագէտներուն հիմք տուած է ենթադրելու, որ թերթը տպագրուած է 1925 թուականին, քանի որ փետրուար ամիսը 28 օր եղած է այդ տարին, ինչպէս նաեւ՝ 1926, 1927 թուականներուն: Թերթի բովանդակութենէն բխած քանի մը տեղեկութիւն նոյնպէս ուսումնասիրողներուն հիմք տուած է տպագրման թուականը սահմանել՝ որպէս 1925, բայց ոչ աւելի ուշ, քան՝ 1928 թուականը, որովհետեւ 1928 թուականին Թուրքիոյ մէջ իրականացուած բարեփոխով՝ անցում կատարուած է լատինատառ այբուբենի՝ վերջ դնելով արաբատառ այբուբենի գործածումին: Իսկ յաւելուածի վրայ տեսանելի է արաբատառ գրութիւն, այսինքն տակաւին արտօնուած էր արաբատառի գործածումը՝ թերթերու ճակատներուն:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի՝ մօտ մէկ դար առաջ տպագրուած այս հրատարակութեան երկու ի յայտ եկած թիւերը «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հիմնարար գիտական գրադարանի համատեղ ծրագրի շրջանակին մէջ նոյնպէս թուայնացուած եւ դրուած են ազատ ընթերցման:
Հայ անուանի գրադարանագէտ, մատենագէտ, Հիմնարար գիտական գրադարանի գիտութեան գծով փոխ-տնօրէն Տիգրան Զարգարեան Մխիթարեան միաբանութեան Վիեննայի մենաստանի գրադարանի մամլոյ թուայնացման այս լայնածաւալ նախագիծին առթիւ երախտիքի խօսք ուղղած է միաբաններուն կողմէ ցուցաբերուած աջակցութեան համար՝ յատկապէս Հայր Նարեկ Տատուրեանին, որու անմիջական մասնակցութեան եւ շարունակական աջակցութեան շնորհիւ նախագիծը իրականութիւն դարձած է: Տիգրան Զարգարեան շնորհակալութեան խօսքեր յղած է Հայր Սիմոն Պայեանին, որու ջանքերով մամլոյ թուայնացման աշխատանքները մեծապէս շահած են: Բնականաբար, երախտիքի խօսքեր ուղղուած են «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն տքթ. Ռազմիկ Փանոսեանին եւ օգնականին՝ Շողեր Մարկոսեանին, որոնք նախագծի առաջին փուլի գանձատրման համար ցուցաբերած են մշտական աջակցութիւն։
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքին արմատները կը հասնին մինչեւ 1956 թուականը, երբ ստեղծուեցաւ հիմնարկը, որու առաջնահերթ նպատակն է արուեստի, բարեգործութեան, գիտութեան եւ կրթութեան միջոցաւ բարելաւել մարդու կեանքի որակը։ Բաժանմունքը, նոյնպէս, այս արժէքներուն վրայ հիմնուած բազմատեսակ գործունէութիւն կը ծաւալէ՝ կրթաթոշակներու յատկացումէ սկսեալ, մինչեւ մշակութային եւ կրթական ծրագիրներու օժանդակութիւն, քաղաքացիական հասարակութեան ամրապնդում, արուեստի եւ համայնքներու զարգացում։ Արեւմտահայերէնի պահպանումն ու զարգացումը բաժանմունքի կիզակէտին է. ան կ՚օժանդակէ ծրագիրներու, որոնք կը խթանեն լեզուի եւ թեքնաբանութեան միջեւ կապը, ինչպէս նաեւ հրատարակութիւնները: Բաժանմունքը օժանդակութիւն կը տրամադրէ նաեւ դպրոցներու, կը հովանաւորէ ուսուցիչներու վերապատրաստութեան ծրագիրներ եւ կրթական նորարարութիւն։
ԹԵՐԹԸ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆԱՑՆԵԼՈՒ ՄԻՋՈՑՆԵՐ
1948 թուականին Պոլսոյ մէջ հրատարակուած «ԺԱՄԱՆԱԿ. Քառասնամեայ յիշատակարան 1908-1948» աշխատութիւնը պատմական կարեւոր արժէք կը ներկայացնէ ո՛չ միայն ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադրութեան շրջանի իրադարձութիւններու ծալքերուն վրայ լոյս սփռելու առումով, այլեւ՝ կարեւոր աղբիւր մը կը համարուի հայ մամլոյ պատմութեան տեսակէտէ։ Այդ աշխատութեան մէջ կը տեսնենք ինչպէս ԺԱՄԱՆԱԿ-ի քառասնամեայ պատմութիւնը, այնպէս ալ մինչեւ 1908 թուականը (մինչեւ թերթին լոյս տեսնելը) պոլսահայ մամլոյ ասպարէզին մէջ տիրած վիճակը: ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 40 տարուայ կեանքը նկարագրելու զուգահեռ՝ Ազատեան նաեւ այդ ժամանակաշրջանի շատ դէպքերու, անձերու եւ անցուդարձերու կ՚անդրադառնայ, ինչ որ շատ կարեւոր է առհասարակ պոլսահայ կեանքը ուսումնասիրելու տեսակետէ:
Նոյն յիշատակարանէն կը տեղեկանանք, որ թերթը ընթերցողներուն մօտեցնելու, զայն աւելի ժողովրդական դարձնելու ճանապարհին զանազան քայլերու դիմած են ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագիրներն ու արտօնատէրերը: Եւ երգիծանքն ու երգիծական նիւթեր հրատարակելն ալ այդ նախաձեռնութեան մէջ եղած է: Ազատեան այդ նախաձեռնութիւնները կը նկարագրէ ըստ հետեւեալի.
«Նախ ԺԱՄԱՆԱԿ սկսաւ մեծածաւալ (7 սիւնականոց էջերով լոյս տեսնել): Նոյն ատեն պրակ առ պրակ ձրօրէն բաժնուեցան Վ. Հիւկոյի «Թշուառները» եւ անոր նման ստուարաշունչ վէպեր: Յետոյ հաստատուեցաւ պարգեւաւոր վիճակահանութիւն մը, կտրօններու դրութեամբ ընթերցողներուն տրամադրելով այլատեսակ ու արժէքաւոր պարգեւներ: Վիճակահանութիւնը տեղի կ՚ունենար նօտարութեան մասնաւոր պաշտօնեայի ներկայութեամբ: Անոնց բաշխումին ատեն տօնավաճառի մը երեւոյթը կը պարզէր խմբագրատունը, ուր կանոնաւոր սպասարկութիւն մը գոյութիւն ունէր, գոհացում տալու համար բախտաւոր ընթերցողներուն:
Ատեն մը վերջ, Գումգաբուի մէջ հիմնուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի նպարավաճառատունը, ուրկէ թերթին ընթերցողները հրապարակէն շատ աւելի մատչելի գիներով կրնային ապահովել իրենց առօրեայ կարիքները:
Ինչ որ շատ աւելի երկարատեւ ու մշակութային զարգացման տեսակէտով օգտակար եղաւ՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ամէն դասակարգի ու մանաւանդ դեռահաս ընթերցողներուն, մէկէ աւելի բաժիններու հաստատումն էր: Այսպէս, թերթը ունեցաւ իր Մանկական, Մարզական, Երգիծական բաժինները, որոնք սակայն իրենց յատկացուած սիւնակներու շրջագիծին մէջ չմնացին: Այդ առթիւ սահմանուեցան պարգեւաւոր մրցանակներ: Ու մրցումին արդիւնքը շահողներուն տրամադրելու համար կազմակերպուեցան հրապարակային հանդիսութիւններ ամենէն հանրածանօթ պանդոկներու (Թօքաթլեան եւ այլն) սրահներուն եւ զբօսավայրերու մէջ: Մրցանակաբաշխումին օրը հոն ներկայ կը գտնուէին հոգեւոր պետեր, կրթական հաստատութեանց վարիչներ, աշխատակիցներ եւ թերթի համակիրներ ու մրցումին մասնակիցներ: Այս հանդիսութիւնները, որոնց կ՚ընկերանային ուրիշ անակնկալներ, ինչպէս թատերական ներկայացումներ եւ այլն, յաճախ տեղի կ՚ունենային բացօթեայ, զբօսապտոյտներու ձեւին տակ: 1925-ի ամրան, Սկիւտար, Պէյլէրի պարտէզին մէջ սարքուած նկարչական ցուցահանդէսը աննկարագրելի ոգեւորութիւն ստեղծեց: Հոն, մասնաւոր տաղաւարի մը մէջ ցուցադրուեցան ուսանողներու կողմէ պատրաստուած նկարներ ու գծագրութիւններ, որոնց յատուկ ժիւրիի մը քննութեան բովէն անցնելէ ետք յաջողագոյն աշխատութիւնները գնահատուեցան նիւթական վարձատրութիւններով…
…ԺԱՄԱՆԱԿ-ի վարչութիւնը ոեւէ զոհողութեան առջեւ չընկրկեցաւ եւ երկար ատեն զարկ տուաւ յաւելուածական հրատարակութեանց: Այսպէս, չորս էջնոց երգիծական յաւելուածներ լոյս տեսան շաբաթէ շաբաթ ու ձրիօրէն տրամադրուեցան միմիայն թերթի ընթերցողներուն: Ներքին երկու էջերը կը պարունակէին հետաքրքրական դրուագներ, զաւեշտախառն պատմուածքներ, հանելուկներ եւ այլն, իսկ Ա. եւ Դ. էջերը՝ վիմատիպ երգիծանկարներ…
1926-էն սկսեալ, Նոր Տարիի թիւին հետ տպուեցան նաեւ խնամով պատրաստուած Գրպանի օրացոյցներ: Նախ ծանուցումը տրուեցաւ օրացոյցին, զոր կարելի պիտի ըլլար ստանալ կտրօններ հաւաքելով: Այս ձեռնարկը անակնկալ յաջողութիւն մը ունեցաւ: Թերթին սպառումը 1000 օրինակի յաւելում մը կրեց եւ այս անգամ պատի օրացոյցը վերածուեցաւ 200-է աւելի էջերէ բաղկացած Տարեցոյցի մը: Հազարաւոր հատորներ անբաւական գալով, երկրորդ հատոր մը կը յաջորդէր առաջինին՝ Մ. Տէր Սահակեան ստորագրութեամբ…
Կարելի է ըսել, թէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի՝ օր ըստ օրէ գտած ընդունելութեան եւ իր վայելած ժողովրդականութեան գլխաւոր ազդակն էր այն ջերմ համակրութիւնը, զոր աշխատակից եւ ընթերցող ունէին եւ ամէն առթիւ կ՚արտայայտէին թերթի արտօնատէր Սարգիս Գօչունեանին նկատմամբ: Ան, իր էութեամբ, իր բնատուր ուշիմութեամբն ու ժողովրդանուէր գործունէութեամբ՝ կուրծք տալով ամէն տեսակ դժուարութեանց, յաջողեցաւ իր ողբ. երէց եղբօր՝ Քասիմի մահէն ետք, 13 տարի անընդմիջաբար շարունակել հրատարակութիւնը թերթին ու այն անվթար փոխանցել իր յաջորդներուն»:
ԽՆԴՈՒՔՆԵՐ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԵՐԳԻԾԱԿԱՆԷՆ
Հայր Սալոմոն, հարուստ վաճառական՝ հոգեվարքի մէջ է:
Բոլոր ընտանիքը իր սնարին քով շրջապատեալ յամրօրէն եւ յուզումնալից կը խօսակցէին:
-Դուն հո՞ս ես, Ռեբէքա, սիրելիս:
-Այո՛, քովդ եմ, Սողոմոն:
-Դուք ալ հո՞ս էք, Իտա, Եսթեր, սիրելի աղջիկներս:
-Այո՛, հայրիկ, հոս ենք:
-Եւ դուք, Ռափայէլ, Էլի՞, սիրելի զաւակներ:
-Այո՛, հայրիկ:
-Դո՞ւն ալ հոս ես, Պարուխ, իմ հաւատարիմ ընկերս:
-Այո՛, պարոն Սալոմոն, քովդ եմ, ուր պիտի երթամ:
Այն ատեն հոգեվարք հիւանդը՝ նուազեալ ձայնով մը.
Անանկ է նէ, վաճառատունը ո՞վ կայ:
***
Նիկողոս կարգուեցաւ: Հարսանեկան հանդէսին կը նախագահէր եպիսկոպոս մը:
Սրբազանը իրեն հրամցուած «իքսիրը» խմելով շնորհաւորեց եւ վերջացուց այսպէս.
-Կը մաղթեմ, զաւակներս, որ շատ երջանիկ ըլլաք, եւ բազում զաւակներ ունենաք:
Նիկողոս, որ շատ քաղաքավար էր, պարտք սեպեց իր կարգին փոխարինել:
-Փոխադարձաբար, Սրբազան:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան