«ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ» ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԻ ՓԱՌԱՏՕՆԸ
Շուտով պիտի սկսի Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» միջազգային 12-րդ շարժանկարի փառատօնը։ Այս առթիւ Երեւանի մէջ սարքուեցաւ մամլոյ ասուլիս մը։ «Ոսկէ ծիրան»ի միջազգային կապերու բաժնի ղեկավար Տաթեւիկ Մանուկեան այս առթիւ յայտնեց, թէ փառատօնը այս տարի յարգանքի տուրք պիտի մատուցէ հայ շարժարուեստի վարպետներուն։
Ամէն տարի փառատօնը ուշադրութիւն կը դարձնէ շարժարուեստի հայ անուանի գործիչներուն։ Այս տարի եւս յարգանքի տուրք պիտի մատուցուի Հենրիկ Մալեանին՝ 90-րդ, Հենրիկ Մարգարեանին՝ 90-րդ եւ Լեւոն Աթոյեանցին՝ 85-րդ յոբելեաններուն առթիւ։ Պիտի ներկայացուին անոնց ժապաւէնները։ Այսպէս, փառատօնի ընթացքին պիտի ցուցադրուին Մալեանի «Կտոր մը երկինք», Մարգարեանի «Տէրտէրին ուխտը» եւ Աթոյեանցի «Ավտոյի մեքենան» ժապաւէնները։
Երեւանեան «Ոսկէ ծիրան» միջազգային 12-րդ փառատօնը հետաքրքրական եւ իւրայատուկ շարժանկարներ պիտի ներկայացնէ շարժանկարի սիրահարներուն: Փառատօնը այս տարի 1600 յայտ ստացած է 105 երկրէ:
Ընտրուած 76 շարժանկարներէն 12-ը պիտի մրցին փառատօնի «Միջազգային խաղարկային», 13-ը՝ «Միջազգային վաւերագրական», 17-ը՝ «Հայկական համայնապատկեր» եւ 34-ը՝ «Կորիզ» կարճ շարժանկարներու մրցութային ծրագրերով:
Փառատօնի մրցութային եւ արտամրցութային ծրագրերն ու ընտրուած շարժանկարներ են.
«Հայկական համայնապատկեր»
«Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժանկարի փառատօնի ծրագրերու համադրող, շարժանկարի քննադատ Րաֆֆի Մովսիսեանի խօսքով` այս տարուան մրցոյթին ընդգրկուած է 18 շարժանկար: «Ներկայացուած էր 90 ֆիլմ: Հայկական համայնապատկերին մէջ ընդգրկուած են հայ բեմադրիչներու երկարաժամկէտ, կարճաժամկէտ, վաւերագրական ժապաւէններ: Պիտի տրուի երեք մրցանակ՝ լաւագոյն երկարաժամկէտ, լաւագոյն կարճաժամկէտ եւ լաւագոյն վաւերագրական ժապաւէններուն», ըսած է Րաֆֆի Մովսիսեան: Անոր խօսքով` մրցոյթի այս տարուան շարժանկարները հնարաւոր պիտի ըլլայ դիտել նորաբաց «Հայաստան» շարժանկար-թատերասրահին մէջ՝ լաւագոյն որակով: «Հայկական համայնապատկեր» մրցոյթին ընդգրկուած են նաեւ Կարին Յովհաննիսեանի եւ Ալէք Մուհիպեանի «1915», Արամ Շահպազեանի «Մոսկուիչ, իմ սէր» շարժանկարները:
«Կորիզ» կարճաժամկէտ շարժանկարներու մրցոյթ
«Կորիզ» ծրագրի պատասխանատու Վարդան Յակոբեանի խօսքով՝ հինգերորդ անգամ իրականացուող մրցոյթը տարուէ տարի աւելի մեծ թափ կը ստանայ: «Այս ձեւաչափը բաւականին ընդունուած է, բայց ոչ բոլոր փառատօններու ընթացքին կարճաժամկէտ ֆիլմերու ծրագիր կայ: Սկզբնական շրջանին բազմիցս կը դիմէինք գործընկերներուն, որպէսզի ժապաւէններ ուղարկեն, իսկ այս տարի ինքնաբերաբար 750 ֆիլմ եկած է: Ասոնցմէ ընտրուած է 34 ֆիլմ է, որոնք պիտի պայքարին մրցոյթի ընթացքին: Մէկ հայկական ֆիլմ կայ` Տաթեւ Յակոբեանի «Օտարը»», նշած է ան:
Վաւերագրական շարժանկարներու մրցոյթ
Վաւերագրական շարժանկարներու անուանակարգի պատասխանատու, «Ոսկէ ծիրան» Երեւանի միջազգային շարժանկարներու փառատօնի փոխ-տնօրէն Արա Խանճեանի խօսքով՝ ներկայացուած 620 շարժանկարներէն ընտրուած է 13-ը: «Պայքար, բողոք, փախուստ, մենութիւն, տարատեսակ միտքէր, սէր.. Չեմ գիտեմ ինչու՝ աւելի շատ ֆիլմեր կան ծովու եւ ովկիանոսի մասին: Այս տարուան մրցոյթին, ուրախացուցիչ է, որ հայկական ֆիլմ կայ՝ Արման Երիցեանի «Մէկ, երկու, երեք»ը, որ Հայաստանի, Գերմանիոյ եւ Նորվեկիոյ համատեղ արտադրութեան արդիւնք է», տեղեկացուցած է ան:
Խաղարկային մրցոյթ
Ըստ Խաղարկային մրցոյթի պատասխանատու Արթուր Վարդիկեանի՝ մրցութային ծրագիրը ստացած է 300 մասնակցութեան յայտ, որ բաւական շատ է: «Անցեալ տարի 200 ֆիլմ ուղարկուած էր: Ընտրուած է 12 ֆիլմ՝ աշխարհի տարբեր մասերէն: Ընկերային, ներանձնային խնդիրներ, սէր եւ այլ թեմաներ ներառող ֆիլմեր են», նշած է ան:
Արտամրցութային ծրագրեր
«Ոսկէ ծիրան» փառատօնի միջազգային կապերու բաժնի ղեկավար Տաթեւիկ Մանուկեանի համաձայն, արտամրցութային ծրագրերը կը կազմեն փառատօնի կարեւորագոյն մասը: «Փառատօնը պիտի սկսի Ռոպէր Կէտիկեանի՝ Քաննի յատուկ ցուցադրութիւններու շարքին մէջ ընդգրկուած «Խենթ պատմութիւն» ֆիլմի ցուցադրութեամբ: Փակման ֆիլմն է Համօ Բեգնազարեանի «Նամուս»ը», նշած է Տաթեւիկ Մանուկեան: Ըստ Մա-նուկեանի՝ «Երեւանեան փրէօ-միէրներ» ծրագրով պիտի ներկայացուին Պերլինի, Քաննի եւ այլ փառատօներու մրցանակակիր շարժանկարները: Բացի այդ, երկու յատուկ ծրագիր պիտի նուիրուի 100-ամեակին: «Ոսկէ ծիրան» միջազգային փառատօնը Երեւանի մէջ տեղի ունեցող ամենամեծ մշակութային իրադարձութիւններէն մէկն է: Հիմնուած է 2004 թուականին՝ «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի զարգացման հիմնադրամի, Շարժանկարագէտներու եւ շարժանկարի լրագրողներու հայկական ընկերակցութեան կողմէ:
«Ոսկէ ծիրան»ի հիմնադիրներն են փառատօնի գլխաւոր տնօրէն բեմադրիչ Յարութիւն Խաչատրեան, ծրագրերու տնօրէն, շարժանկարի քննադատ Միքայէլ Ստամպոլցեան եւ գեղարուեստական տնօրէն, շարժանկարի քննադատ Սուսաննա Յարութիւնեան: «Քաղաքակրթութիւններու ու մշակոյթներու խաչմերուկ». այս նշանաբանով կը գործէ «Ոսկէ ծիրան» միջազգային փառատօնը՝ իր հիմնադրութեան պահէն ի վեր: Փառատօնը ամէն տարի շարժանկարի արուեստի սիրահարներու ուշադրութեան կը ներկայացնէ 120150 շարժանկար` մրցութային եւ արտամրցութային տարբեր ծրագրերով: