ՍԱՐՈՅԵԱՆԱԿԱՆ ՕԳՈՍՏՈՍ
Վերջին տարիներուն 31 օգոստոսը՝ ամերիկահայ մեծ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի ծննդեան օրը, Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ կը հռչակուի Սարոյեանի օր:
Բաց աստի, Ֆրեզնոյի մէջ գործող գրողին տուն-թանգարանը օգոստոս ամսուան ընթացքին զանազան ձեռնարկներով կը յիշէ Ուիլիըմ Սարոյեանի տարեդարձը՝ օգոստոսը տեսակ մը դարձնելով սարոյեանական:
Ֆրեզնոյի այդ տունին մէջ Սարոյեան ապրած է կեանքին վերջին տասնեօթ տարիները, հոն գրած է իր աշխարհահռչակ ստեղծագործութիւններէն մի քանին:
Ֆրեզնոյի Քրիֆիթ Ուէյ 2729 հասցէին վրայ գտունող տունը մի քանի անգամ դրուած էր Ֆրեզնոյի անշարժ գոյքի վաճառքի բաժնին մէջ, ինչ որ մեծ աղմուկ ստեղծած էր: Ֆրեզնոյի հանրային սեփականութեան վերաբերեալ տուեալներուն համաձայն, այս տունը ունեցած է երեք սեփականատէրեր եւ երկու անգամ աճուրդի դրուած է:
Սիրուած գրողին տունը, տարիներ շարունակ, վարձակալուած է ապօրինի տնօրինումով:
Եւ ահաւասիկ, 2015 թուականին Ռուսաստանի մէջ բնակող հանրային գործիչ, արտադրիչ եւ հեռատեսիլային ձեռնարկատէր Արթուր Ջանիբէկեան, որ նաեւ «Ռէօնեսանս» մշակութային եւ մտաւորական հիմնադրամի նախագահն է, գնեց տունը եւ որոշեց, որ ան պէտք է ծառայէ միայն Սարոյեանի անունին: Խորապէս գիտակցելով Ուիլիըմ Սարոյեանի ձգած ժառանգութեան համամարդկային կարեւորութիւնը, նաեւ նկատի առնելով առանձնատան անմխիթար վիճակը, Ջանիբէկեան նպատակ ունէր փրկել տունը ոչնչացումէ, այդ նպատակով ստեղծեց նաեւ «Սարոյեան Հաուզ» նախագիծը:
Անոր ջանքերը հասած են իրենց նպատակին, երեք տարուան նորոգումէ եւ նշանակալի ներդրումներէ ետք՝ ո՛չ միայն փրկուած է Սարոյեանի ապրած տունը, այլեւ դարձած է Ֆրեզնոյի մէջ կրթական, մշակութային եզակի կեդրոն մը, որ նախքան հայկական ըլլալը, համամարդկային է:
Տուն-թանգարան ունենալու գաղափարը նաեւ Սարոյեան ինք փայփայած է: Այժմ զայն սարոյագիտական կեդրոն մըն է, ուր բազմապիսի նիւթեր կան Սարոյեանի մասին:
Թաւրիզահայ գրող, ամերիկաբնակ Յակոբ Կարապենց ժամանակի այն մտաւորականներէն էր, որ հանդիպած է Սարոյեանին, նաեւ իր գնահատանքը գրած է գրողին մասին. «Ֆրեզնոյի մեծագոյն ու անառարկելի արքան կը մնայ Ուիլիըմ Սարոյեանը՝ գրիչի Թագաւորը, որ ոչ միայն հայութեան ճանաչում պարգեւեց ժողովուրդներու այս հոծ խառնարանին մէջ, այլ նաեւ Ֆրեզնոյի անունը դրեց քարտէսի վրայ: Իսկ աւելի լայն առումով՝ Սարոյեանն էր, որ Հայաստանի մարմինն ու ոգին դրոշմեց համաշխարհային գիտակցութեան անջնջելի պաստառին վրայ»: Անոնց մէկ զրոյցի ընթացքին Սարոյեան գիտնալով, որ Կարապենց հայագիր գրող մըն է, անոր յորդորած է «ընթերցողին բացուիլ» անգլերէնով, քանի որ հայերէն կարդացողները քիչ են։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Կարապենցի հարցազրոյցը՝ Սարոյեանի հետ, տպուած «Արմենիա» հանդէսին մէջ:
Կ՚ՈՒԶԵՄ, ՈՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐՍ ՏՈՀՄԱՅԻՆ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ ՍՏԱՆԱՆ
Առէք Սարոյեանի որեւէ մէկ գիրքը եւ բացէք որեւէ էջ: Առաջին տողն իսկ չկարդացած, կը զգաք, որ գիրքն ու ձեր հոգին կը սկսին ժպտիլ, կը զգաք, որ դուք անմիջական մասը կը կազմէք այն աշխարհին, ուր կ՚ապրի Սարոյեան: Եւ կը սիրէք գիրքը, քանի որ ձեր կեանքին պատմութիւնն է: Սարոյեան գիտէ անհունօրէն սիրել եւ հմայուիլ կեանքի գեղեցկութիւններով:
Պայքար, բողոք ու ուռճացում չկայ Սարոյեանի մէջ: Սէրն ու մարդկայինը իր ամենէն ազդեցիկ զէնքերն են: Իր արցունքներուն եւ վիշտերուն մէջ անգամ օրհնութիւն ու ձօն կայ կեանքին ուղղուած:
Այնքան ընկերական եւ հաղորդակից բնաւորութիւն ունի Սարոյեան, որ իւրաքանչիւր անցորդի, մեքենավարի, ուսանողի կամ դռնապանի հետ կրնայ շուտով մտերմանալ, հրաւիրել ճաշի ու ժամեր շարունակ լսել անոնց ծրագիրներն ու տառապանքները: Սարոյեան անուններու սիրահար մըն է: Ամէն անուն, յայտնի թէ անյայտ, հետաքրքրական հատորի մը նիւթ կը մատակարարէ անոր:
Իր մեծագոյն փափաքն է, որ իր երկու զաւակները՝ Արամն ու Լուսին, հայ մեծնան եւ հպարտութեամբ կրեն իրենց հօր անունը: Սարոյեան անարժէք կը նկատէ այն մարդիկը, որոնք օտարութեան մէջ հռչակի հասնելու համար կը փոխեն եւ կ՚օտարացնեն իրենց անունները:
Ամէն անգամ, երբ Սարոյեան իր ծննդավայր Ֆրեզնօ քաղաքը այցելէ, միշտ կը հանդիպի իր ընկերներուն, «Փուլիցըր» գրական մրցանակի պատիւը Սարոյեանի համար արգելք չի հանդիսանար, որ ան գաւաթ մը գարեջուր պարպէ այսինչ նպարավաճառին կամ այսինչ այգեպանին հետ:
Միակ բանը, որմէ կը խուսափի Սարոյեան, իր անուան շուրջ ցոյց տրուած մեղադրանքն է:
Կը սիրէ խառնուիլ ամբոխին մէջ, միանալ ժողովուրդի բոլոր խաւերուն եւ անճանաչելի մնալ:
Մէկ խօսքով՝ Սարոյեան պարզ եւ տարօրինակ մարդ մըն է եւ ինք գիտակից իր մեծութեան:
Երկու օր Ուիլիըմ Սարոյեանի հետ ունեցած հանդիպումներուս ընթացքին քաղեցի հետեւեալ տեղեկութիւնները:
-Արդեօք նոր գործ մը ունի՞ք:
-Այո, վերջին տարուայ ընթացքին գրեցի երկու վէպ, վիպակ մը եւ շարք մը թատրերգութիւններ եւ պատմուածքներ:
-Ի՞նչ է ձեր կարծիքը ձեր նոր աշխատութիւններու մասին:
-Բոլորն ալ յաջող գործեր են եւ մեծ նորութիւններ ունին:
-Ո՞վ է ձեր նախընտրած ամերիկացի հեղինակը:
-Ուլիըմ Ֆոլքնըրը: Ջիղ ունի:
-Ի՞նչ է ձեր կարծիքը արդի ամերիկեան գրականութեան մասին:
-Արդի ամերիկեան գրականութիւնը կենդանի է, իրապաշտ եւ միշտ յղի նորութիւններով:
-Հայ գրականութեան մէջ ո՞ր հեղինակն է ձեր նախընտրածը:
-Մեծ ծանօթութիւն չունիմ հայ գրականութեան հետ: Աւետիս Ահարոնեանը կարդացած եմ անգլերէն եւ խորապէս տպաւորուած իր ոճի գեղեցկութեամբ: Ահարոնեան մեծ արուեստագէտ մըն է:
-Արդեօք ծանօ՞թ էք ամերիկահայ գրականութեան:
-Ծանօթութիւնս սահմանափակ է: Կարդացած եւ լսած եմ Համաստեղի որոշ պատմուածքները: Ջերմ իրապաշտ շունչ ունի: Եթէ անգլերէնով ամերիկեան կեանքէ գրէ, մեծ յաջողութիւն պիտի ունենայ: Ծանօթ եմ նաեւ Կոստան Զարեանին:
-Ի՞նչ է ձեր կարծիքը ընդհանրապէս հայ գրականութեան մասին:
-Դժբախտաբար սահուն կերպով հայերէն կարդալ չեմ գիտեր: Բայց շնորհիւ կատարուած թարգմանութիւններու, եկած եմ այն եզրակացութեան, թէ հայ գրականութիւնը օժտուած է անսահման ազնուութեամբ եւ գեղեցկութեամբ:
-Ձեր կարծիքով՝ ինչի՞ կը ծառայեն արուեստը, գրականութիւնը եւ ստեղծագործիչ ուժը:
-Հարստացնելու եւ բեղմնաւորելու կեանքն ու իրականութիւնը: Արուեստի կոչումն է՝ վերարտադրել փորձառութիւնն ու առօրեայ կեանքը:
-Արդեօք գրականութեան մէջ նոր ըսելիքներ ունի՞ն, թէ՞ շարունակ հիներու կրկնութիւնը կը կատարեն:
-Գրականութեան մէջ միշտ նոր բան մը կայ ըսելիք եւ գրողը համարձակութիւն պիտի ունենայ արտայայտելու ճշմարիտն ու հարազատը:
-Չէ՞ք կարծեր, որ «Մարդկային կատակերգութիւն»ը ձեր լաւագոյն գործն է:
-Ո՛չ: Իմ իւրաքանչիւր գործս իմ լաւագոյնս է:
-Ձեր կարծիքով՝ իրական երջանկութիւն գոյութիւն ունի՞:
-Այո՛, երջանկութիւն կարելի է գտնել հրաժարման եւ ինքնաբաւութեան մէջ: Կայ նաեւ ֆիզիքական առողջութիւնը, որ անհրաժշտ պայման է կատարեալ երջանկութեան համար:
-Արդեօք դուք համակարծի՞ք էք այն տեսութեան, թէ տառապանքը լաւագոյն միջոցն է ստեղծագործութեան:
-Ո՛չ, ինչո՞ւ տառապիլ, երբ կարելի է առանց տառապանքի ստեղծագործել:
-Դուք հասարակութեա՞ն համար կը գրէք, թէ ձեր ներքին բաւարարութեան համար:
-Նախ ինծի համար, ապա ժողովուրդին համար:
*
Յակոբ Կարապենց ծնած է Թաւրիզ։ Երկրորդական ուսումը ստացած է Թեհրանի մէջ, իսկ բարձրագոյն ուսումը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ (լրագրութիւն եւ հոգեբանութիւն)։ Գործած է լրագրական ճիւղի մէջ (ձայնասփիւռ)։ Ըստ անոր կենսագիրին՝ նաեւ յաճախած է ռուսական մանկապարտէզ, տարրական կրթութիւնը եղած է ֆրանսական ու հայկական՝ Սեն Վենսան տը փոլ, ապա հայկական Հայկազեան-Թամարեան, միջնակարգը՝ պարսկական ու ֆրանսական (Սեն Լուի ճեմարան), իսկ բարձրագոյն եւ մասնագիտական պատրաստութիւնը՝ Քանսաս Սիթիի (Միզուրի) եւ «Քոլոմպիա» համալսարաններուն մէջ (Նիւ Եորք):
Պատանի տարիքէն սկսած է գրական փորձերու. տոգորուած էր իր ծննդավայրի ազգային եւ գաղափարական կենարար շունչով՝ կը գրէր հայրենասիրական բանաստեղծութիւններ, որոնք լոյս տեսած են «Ալիք»ի մէջ։
Ամերիկեան թերթերու մէջ գրել սկսած է կանուխէն. աշխատակցած է հայ մամուլին իր քերթուածներով, պատմուածքներով եւ փորձագրական յօդուածներով։
Առաջին հատորը՝ 1970 թուականին, հրատարակած է «Անծանօթ հոգիներ» պատմուածքներու շարքը, 1972-ին՝ «Կարթագէնի դուստրը» (վէպ), 1975-ին՝ «Նոր աշխարհի հին սերմնացանները»։ 1981-ին լոյս կը տեսնէ պատմուածքներու իր վերջին հատորը՝ «Միջնարար»։ Հրատարակելի գործերն են «Ադամ Նուրհան» (ժամանակակից վէպ), «Եւ ղօղանջ յաւերժական՝ Պարոյր Սեւակ» եւ փորձագրութիւններ՝ «Կիրակնօրեայ հաղորդագրութիւններ» անունին տակ։
Յակոբ Կարապենց մահացած է 1994 թուականին, Միացեալ Նահանգներ։
*
• «Մարդ պէտք է միշտ մէկը ունենայ իր քով, թէ՛ ձմրան, երբ ցուրտ է, թէ՛ գարնան, երբ հաճելի եղանակ է, թէ՛ ամրան, երբ տաք է եւ կարելի է լողալ: Մարդ պէտք է բոլոր ժամանակներուն՝ անձրեւին, ձիւնին եւ ամէն տեսակ եղանակին միշտ մէկը ունենայ իր կողքին, որ անոր հետ քալէ մինչեւ գերեզման: Եւ պէտք է ունենալ լաւ մարդը: Մէկը, որ գիտնալով հանդերձ, որ դուն վատ ես, այնուամենայնիւ, սիրէ քեզ: Ես գիտեմ, որ ես վատ եմ, բայց ի՞նչ կրնամ ընել: Եթէ դուն ինծի հետ գաս, ես կ՚ըլլամ աշխարհի ամենաերջանիկ մարդը: Ես կը դադրիմ այլեւս վատ մարդ ըլլալէ…»։
• «Երբ Պոլիս հասայ, թուրք գրողները հարցուցին ինծի, ո՞ւր կ՚ուզես երթալ։ Ըսի՝ միայն Պիթլիս։ Դժուար է, ըսին, օտարներուն այդ կողմերը չեն արտօներ, բայց բան մը կ՚ընենք, որպէսզի երթաս…
Բան մը ըրին, ու գացի…
Քաղաքը աւերակ էր, միայն բերդը կանգուն էր։
Քիւրտ մը կար, ութսունը անց, հայրս յիշեց, ճանչցաւ։
Ան էր, որ ինծի մեր տան տեղը ցոյց տուաւ։
Տունը աւերակ էր, բայց օճախ կար...
-Ճամբորդ ախպա՛ր, մեր տուն արի։
Աս ալ հայու օճախ է...
Մեծ մայրս՝ Լուսնթագ Քարաօղլանեան կ՚երգեր, իրմէ սորված եմ։
Հիմա, որ «օճախ» ըսի, այդ երգը յիշեցի։ Հաւանաբար այդ օճախին քով մեծ մայրս այդպէս երգած է… Հա, գտայ մեր տունը, մեր օճախը։ Հետս մարդիկ կային, քիւրտեր, թուրքեր. ըսի՝ դուք գացէք, կ՚ուզեմ մինակ մնալ…»:
• «Կարեւոր չէ, թէ ինչ սխալներ կը գործես կեանքին մէջ, մի՛ վախնար գործած սխալներուդ համար կամ նորերը գործելէ: Դուն բարի սիրտ ունիս, վստահէ քու սրտիդ, ունկնդրէ անոր եւ շարունակէ ճանապարհդ առանց կանգ առնելու: Եթէ իյնաս, խաբուած կամ հալածուած ուրիշներէն կամ դուն քեզմէ, վեր ել եւ ետ մի՛ նայիր: Բազմաթիւ անգամներ պիտի ծիծաղիս եւ բազմաթիւ անգամներ պիտի լաս, այդ ծիծաղն ու արտասուքը շարունակ անբաժան պիտի ըլլան իրարմէ: Քու կեանքիդ մէջ դուն ոչ մէկ վայրկեան կ՚ունենաս ստոր, նենգ կամ փոքրոգի ըլլալու…»:
ՔԱՐԸ
Հայաստանեան իր այցերէն մէկուն ընթացքին Ուիլիըմ Սարոյեան Սեւանի ափին կը գտնէ ծանր, լիճի ալիքներէն լաւ յղկուած քար մը եւ կը խնդրէ, որ քարը տեղաւորեն ինքնաշարժին մէջ:
-Ամերիկա, Ֆրեզնօ պիտի տանիմ, կ՚ըսէ գրողը:
-Այդ հսկայ քարը ինչպէ՞ս պիտի տանիք...
-Օդանաւով պիտի տանիմ...
-Ինչո՞ւ համար...
-Ով որ Հայաստանի դէմ վատ խօսի, անոր գլխուն պիտի զարնեմ քարը, պատասխանած է Սարոյեան:
Ուրիշ առիթով ան ըսած է. կը տեսնէ՞ք այս քարը: Լեռներէն բերած եմ: Հիմա կը հարցնէք, թէ ինչո՞ւ բերի: Է՜, ի՞նչ գիտնամ, սիրեցի ու բերի: Հապա նայեցէք, անջրպետի քաոսի պատկերը կայ այս քարին մէջ: Քար շատ կը սիրեմ: Դէմքեր, քարեր, մանկական դէմք... Վիքթոր Համբարձումեանի դէմքը, գիւղացիի դէմք: Քարեր, քարերն ալ դէմք ունին, հոգի. դէմք ալ կայ քար է, անհոգի... Մեր նախնիները քարերու դէմ կռուած են, հիմա ձեր հայրերը կը կռուին: Դուք ալ պիտի կռուիք. կռուիք այն քարերուն դէմ, որ դուրսն են, այն քարերուն դէմ, որոնք ներսն են, ձեր հոգիներուն մէջ:
ՈՒԻԼԻԸՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ