ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԲՆԱԿԱՆ ԶԱՐԴԱԴԵՂԸ

Անց­նող շաբ­թուան մէջ Հա­յաս­տա­նի նրբա­ճա­շակ հա­մայն­քը հե­տաքրք­րա­կան եւ ինք­նա­տիպ ձեռ­նար­կի մը ներ­կայ ե­ղաւ. Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կէն 300 մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ գտնուող Խո­րե­նա­ցի փո­ղո­ցը վեր խո­յա­ցող Ե­րե­ւա­նի նո­րա­կա­ռոյց շէն­քե­րէն մէ­կուն՝ 2012 թուա­կա­նին կա­ռու­ցուած «Է­լիթ փլա­զա» գոր­ծա­րար հա­մա­լի­րին մէջ բա­ցու­ցաւ իր տե­սա­կին մէջ ե­զա­կի ըն­կե­րու­թեան մը սրա­հը: Բնա­կան նիւ­թե­րէ ստա­ցուած յար­դա­ր­­ման մի­ջոց­նե­րու, գե­ղա­նիւ­թե­րու եւ շփա­նիւ­թե­րու «Նաի­րիա­ն» հայ­կա­կան ըն­կե­րու­թիւ­նը (Nairian Cosmetics) ազ­դա­րա­րեց իր մեկ­նար­կը: «Է­լիթ փլա­զա»ի մէջ կը գոր­ծեն ըն­կե­րու­թեան թէ՛ ցու­ցաս­րահ-վա­ճա­ռաս­րա­հը, թէ՛ ալ՝ գրա­սե­նեա­կը:

Ըն­կե­րու­թիւ­նը նոր ա­նուն մըն է Հա­յաս­տա­նի մէջ, ոչ միայն պար­զա­պէս իր նոր ա­նու­նով, այ­լեւ՝ ար­տադ­րան­քով: Ա­ռա­ջին ան­գամ Հա­յաս­տա­նի մէջ ար­տադ­րուած են բա­ցա­ռա­պէս բնա­կան հում­քէ ստա­ցուած գե­ղա­նիւ­թեր: Ըն­կե­րու­թիւ­նը իր այ­գի­նե­րը եւ ար­տադ­րա­մա­սը հիմ­նած է Կո­տայ­քի մար­զի Ա­րա­գիւ­ղին մէջ, որ հրա­շա­լի գիւղ միւն է Ա­րա լե­րան ստո­րո­տին, հիմ­նուած՝ 1828 թուա­կա­նին:

«Նաի­րիա­ն­»ի հիմ­նա­դիր­նե­րը մաս­նա­գի­տու­թեամբ քա­նա­կա­գէտ, ու­սո­ղա­գիր Ա­րա Մար­կո­սեանն ու ա­նոր տի­կի­նը՝ բնա­գէտ Ա­նա­հիտ Մար­կո­սեանն են: Ա­նոնք ըն­կե­րու­թեան շնոր­հան­դէ­սէն ա­ռաջ ա­սու­լիս մը կազ­մա­կեր­պե­ցին եւ ման­րա­մաս­նե­ցին ի­րենց ար­տադ­րան­քի ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րու, աշ­խա­տան­քի բնոյ­թի մա­սին, ինչ­պէս նաեւ՝ թէ ինչ­պէս ո­րո­շած են Հա­յաս­տա­նի մէջ ձեռ­նար­կել նման ինք­նա­տիպ գոր­ծի մը: Ա­նա­հիտ եւ Ա­րա Մար­կո­սեան­ներ ծնած են Հա­յաս­տան, քսան տա­րի ապ­րած եւ աշ­խա­տած են Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ Հա­յաս­տան վե­րա­դար­ձած են Սի­լի­քո­նա­յին հով­տի մէջ եր­կար տա­րի­ներ աշ­խա­տե­լէ ետք:

Ա­րա Մար­կո­սեա­նի ա­նու­նը ծա­նօթ է Հա­յաս­տա­նի մէջ: Ան Հա­յաս­տա­նի մէջ հիմ­նած է բարձր տե­ղե­կա­տուա­կան մի­ջոց­նե­րու քա­նի մը ըն­կե­րու­թիւն: Ա­րա Մար­կո­սեան Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու «Մեն­թոր Կրա­ֆիք­ս» ըն­կե­րու­թեան հա­յաս­տա­նեան մաս­նա­ճիւ­ղի սար­քա­գի­տու­թեան տնօ­րէնն է, ու­րիշ այլ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու ալ խոր­հուր­դի ան­դամ է: Մինչ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ մեկ­նի­լը՝ Ա­րա Մար­կո­սեան դա­սա­խօս ե­ղած է Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նին մէջ: Ա­մու­սին­նե­րով աշ­խա­տած են աշ­խար­հի ա­մե­նէն հե­տաքրք­րա­կան աշ­խա­տա­վայ­րե­րէն մէ­կուն՝ Սի­լի­քո­նա­յին հով­տի մէջ, ուր տե­ղա­կա­յուած են խո­շոր ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու ծրագ­րա­ւո­րում­նե­րը ի­րա­կա­նաց­նող գրա­սե­նեակ­ներ: Ա­նա­հիտ եւ Ա­րա Մար­կո­սեան ա­մու­սին­նե­րը, հա­կա­ռակ Հա­յաս­տա­նէն հե­ռա­նա­լուն, չեն կտրած կա­պը հայ­րե­նի­քի հետ, յա­ճախ այ­ցե­լած են եւ այդ այ­ցե­րէն մէ­կուն ժա­մա­նակ ալ, Ա­րա լե­րան շրջա­կայ­քը զբօս­նե­լու ժա­մա­նակ յղա­ցած է օգ­տա­կար նպա­տա­կով գոր­ծա­ծել Հա­յաս­տա­նի բոյ­սե­րը, ծա­ղիկ­նե­րը, բու­սա­կա­նու­թիւ­նը: Չորս տա­րուան նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տան­քէն ետք հիմ­նուած է «Նաի­րիա­ն» ըն­կե­րու­թիւ­նը: Ի դէպ, ըն­կե­րու­թեան ա­նու­նը պա­տա­հա­կան չէ ընտ­րուած. ան դարձ­գիր է. ա­ջէն եւ ձա­խէն կար­դա­լու ժա­մա­նակ նոյն բառն է, ին­չ որ մատ­չե­լի է ըն­թեր­ցա­նու­թեան եւ յի­շուե­լու ա­ռու­մով, ինչ­պէս նաեւ հայ­կա­կան ծա­գու­մը կը վկա­յէ: Ձե­ւա­ւո­րուած է խումբ մը Ե­րե­ւա­նի մէջ գտնուող տար­րա­լու­ծա­րա­նէն ներս, ուր գիտ­նա­կան­նե­րը, հիմ­նա­դիր­նե­րուն հետ միա­սին, կը մշա­կեն հում­քե­րու, նիւ­թե­րու, իւ­ղե­րու եւ պատ­րաս­տուկ­նե­րու գի­տա­կան հիմ­քե­րը:

Ըստ Ա­րա Մար­կո­սեա­նի, բնա­կան գե­ղա­նիւ­թեր ար­տադ­րե­լու ի­րենց գոր­ծը նա­խե­ւա­ռաջ գի­տու­թեան զար­գաց­ման նպա­տակ ու­նի, իսկ շու­տով, ինչ­պէս վստահ է ինք, «Նաի­րիա­ն­»ը կը դառ­նայ բնա­կան կազ­մու­թեամբ գե­ղա­նիւ­թեր ար­տադ­րող աշ­խար­հի քիչ թի­ւով ըն­կե­րու­թիւն­նե­րէն մին: Ա­րա Մար­կո­սեան հա­մո­զուած է, որ Հա­յաս­տանր աշ­խար­հի մէջ կրնան ծա­նօ­թաց­նել նաեւ այս ար­տադ­րան­քով: Հիմ­նա­դիր­նե­րը կ­­՚ը­սեն, որ ե­թէ սկզբնա­կան շրջա­նին միայն բնա­կան նիւ­թեր ար­տադ­րե­լու ցան­կու­թիւն կար, այ­սօր ար­դէն բարձ­րա­կարգ եւ ճանչ­ցուած ըն­կե­րու­թիւն ու­նե­նա­լու ուղ­ղու­թեամբ են ի­րենց ջան­քե­րը, ո­րով­հե­տեւ Հա­յաս­տա­նը իր զա­նա­զան ու փար­թամ բու­սա­կա­նու­թեամբ, լեռ­նա­յին ու հա­ճե­լի կլի­մա­յով, ու­նի բո­լոր նա­խադ­րեալ­նե­րը՝ լա­ւա­գոյն բու­սա­կան ար­տադ­րան­քը տա­լու ա­ռու­մով:

Ա­րա­գիւ­ղի դաշ­տե­րը Երկ­րորդ աշ­խար­հա­մար­տի ժա­մա­նակ ե­ղած են ցո­րեն մա­տա­կա­րա­րող հիմ­նա­կան տա­րածք­նե­րը: Խորհր­դա­յին տա­րի­նե­րուն գիւ­ղին մէջ գոր­ծած է հա­գուս­տի կա­րի ար­տադ­րա­մաս, ո­ր ան­գոր­ծու­թեան մատ­նուած է, եւ այդ կի­սա­քանդ շէնքն ալ նո­րո­գե­լով, Մար­կո­սեան­նե­րը զայն դար­ձու­ցած են գե­ղա­նիւ­թե­րու ար­տադր­ման կեդ­րո­նը:

Ա­նա­հիտ Մար­կո­սեա­նի խօս­քե­րով, Հա­յաս­տա­նի բնու­թիւնր ա­ւե­լի հա­րուստ եւ բազ­մա­զան է, քան՝ նշա­նա­ւոր բնու­թեամբ յայտ­նի Ալ­պե­ան­նե­րու, Զուի­ցե­րիո­յ կամ այլ վայ­րե­րու բնու­թիւ­նը, պար­զա­պէս Հա­յաս­տա­նի բնու­թիւ­նը, բու­սա­կա­նու­թիւ­նը ու­սում­նա­սիր­ման եւ բա­ցա­յայտ­ման կա­րիքն ու­նին:

Ա­րա­գիւ­ղը ընտ­րուած է իր բարձր դիր­քի պատ­ճա­ռով: Տե­ղան­քը ծո­վի մա­կե­րե­ւոյ­թէն 1560 մեթր բարձ­րու­թեան վրայ կը գտնուի: Ըստ մաս­նա­գէտ­նե­րու, այս մէ­կը լա­ւա­գոյն բարձ­րու­թիւնն է, ո­րու վրայ հնա­րա­ւոր է լա­ւա­գոյն ո­րա­կի ե­թե­րա­յին իւ­ղեր ստա­նալ: Դուր­սը, վայ­րի պայ­ման­նե­րու մէջ ա­ճող բոյ­սե­րէ զատ, ըն­կե­րու­թիւ­նը նաեւ հող գնած է գիւ­ղին մէջ, շուրջ՝ 1.5 հեկ­տար, ո­րու մի­ջո­ցաւ, վար­ձու գիւ­ղա­ցի­նե­րու օգ­նու­թեամբ կ՚ա­ճեց­նէ բոյ­սեր՝ ե­թե­րա­յին իւ­ղե­րու հա­մար, հո­ղին մէջ չներ­մու­ծե­լով ոչ մէկ ար­հես­տա­կան պա­րար­տա­նիւթ: Այդ ա­մէ­նը տա­կա­ւին բա­ւա­րար չէ, ըն­կե­րու­թիւ­նը բոյ­սեր կը գնէ նաեւ դրա­ցի գիւ­ղա­ցի­նե­րէն: Ըստ հա­շուարկ­նե­րու, 1 լիթր իւղ ստա­նա­լու հա­մար 1 թոն կա­նաչ բոյս անհ­րա­ժեշտ է, իբր այդ, ըն­կե­րու­թիւ­նը կը պատ­րաս­տուի յա­ռա­ջի­կա­յին մեծց­նել բու­սա­կա­նու­թեան ծա­ւա­լը, օգ­տուիլ գիւ­ղա­կան աշ­խա­տու­ժէն, այս կեր­պով նպաս­տե­լով գիւ­ղա­կան հա­մայն­քի մէջ յա­ւե­լեալ աշ­խա­տա­տե­ղի­նե­րու ստեղծ­մա­ն: Գիւ­ղա­ցի­նե­րու հետ ըն­կե­րու­թիւ­նը կ­­՚աշ­խա­տի պայ­մա­նագ­րա­յին հի­մունք­նե­րով:

«Նաի­րիա­ն­»ը ու­նի ան­խախտ սկզբունք մը՝ բնու­թե­նէն հա­ւա­քել այն բոյ­սե­րը, ո­րոնց հա­տու­մով չի վնա­սուիր շրջա­կայ մի­ջա­վայ­րը, բնու­թիւ­նը բնա­կան հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան մէջ կը մնայ եւ կո­րուստ չի կրեր:

Նա­խա­տե­սուած է ստա­նալ յի­սուն ապ­րան­քա­տե­սակ, ո­րոնք բո­լորն ալ մի­ջազ­գա­յին շու­կայ պի­տի ար­տա­հա­նուին, նաեւ՝ բա­ւա­րա­րեն հայ­րե­նի սպա­ռո­ղի պա­հանջ­նե­րը:

«Է­լիթ փլա­զա» գոր­ծա­րար կեդ­րո­նին մէջ «Նաի­րիան»ը այժմ հան­դէս կու գայ քսան­հինգ ա­նուն ապ­րան­քով: Ա­նոնց մէջ են խո­նա­ւց­­նող քսուք­ներ, շփա­նիւ­թեր, շի­ճուկ­ներ, օ­ճառ­ներ, հա­կակն­ճի­ռա­յին դե­ղեր, թար­մաց­նող հե­ղուկ­ներ, ձեռ­քե­րը փափ­կաց­նող ծե­փուկ­ներ, ճա­քեր բու­ժող ա­մո­քիչ­ներ, բա­լա­սան­ներ, բնա­կան գոյ­նե­րով եւ նիւ­թե­րով շրթներ­կեր, ինչ­պէս նաեւ՝ յա­տուկ լու­ծոյթ­ներ՝ տա­րի­քը առ­նող եւ սեւ բի­ծե­րու հա­կուած մոր­թի, վնա­սուած մա­զե­րու հա­մար։ Ա­մո­լի խօս­քե­րով, ի­րենց ցան­կու­թիւնն է հայ կի­նե­րուն եւ այր մար­դոց հա­մար ա­ռիթ ստեղ­ծել, որ­պէս­զի ա­նոնք, ա­ռանց ի­րենց մորթն ու ա­ռող­ջու­թիւ­նը վնա­սե­լու, գոր­ծա­ծեն հայ­կա­կան բնա­կան ու ա­նու­շա­հոտ մի­ջոց­ներ եւ մնան ա­ռողջ ու ե­րի­տա­սարդ: Հայ­կա­կան «Նաի­րիա­ն­»ը տա­րի­քա­յին ոչ մէկ սահ­մա­նա­փա­կում ու­նի: Քա­նի որ նիւ­թե­րը չեն պա­րու­նա­կեր ար­հես­տա­կան հո­տեր, բա­ղադ­րիչ­ներ, ա­պա անվ­նաս են, եւ ո­րե­ւէ տա­րի­քի անձ մը կրնայ զա­նոնք գոր­ծա­ծել՝ ըստ նշա­նա­կու­թեան: Հա­սա­նե­լի են նաեւ զգա­յուն եւ խնդրա­յա­րոյց մոր­թի հա­մար քսուք­ներ: Հայ մաս­նա­գէտ­նե­րը հայ­կա­կան ար­տադ­րան­քի մէջ նե­րա­ռած են հա­զա­րա­թերթ, մե­ղուա­խոտ, ան­թա­ռամ եւ այլ բազ­մա­մեայ դե­ղա­բոյ­սե­րու ե­թե­րաիւ­ղեր, ծի­րա­նի, դեղ­ձի, նու­ռի, խա­ղո­ղի կու­տե­րէն քա­մուած իւ­ղեր: Ուր­ցի (եա­պա­նի քե­քիք օ­թու) եւ դաղ­ձի (ա­նա­նուխ, նա­նէ) հիմ­քով պատ­րաս­տուած բո­լոր քսուք­նե­րը, օ­րի­նակ, ման­րէաս­պան, սնկաս­պան յատ­կու­թիւն­ներ ու­նին, եւ նման կերպ «Նաի­րիա­ն­»ի ար­տադ­րած ա­մէն մէկ ապ­րանք ու­նի իր իւ­րա­յատ­կու­թիւ­նը: Ա­նա­հիտ Մար­կո­սեան, որ բնա­կան գե­ղա­նիւ­թեր պատ­րաս­տե­լու աս­պա­րէ­զէն ներս մաս­նա­գի­տա­ցած է Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ, կ՚ը­սէ, թէ հիմ­քա­յին բո­լոր իւ­ղե­րու հա­մար անհ­րա­ժեշտ պտուղ­նե­րը, բան­ջա­րե­ղէ­նը, բոյ­սե­րը գո­յու­թիւն ու­նին Հա­յաս­տա­նի մէջ՝ սկսեալ չիչ­խա­նէն (փշա­լից վայ­րի թուփ՝ սի­սե­ռի չափ մանր պտուղ­նե­րով, քա­րա ար­տըճ) մին­չեւ մա­սուր (վայ­րի պտուղ մը, կիւլ պուր­նու): Նիւ­թե­րու բո­լոր փոր­ձար­կում­նե­րը գի­տա­կան ճա­նա­պարհ կ՚անց­նին եւ այն ա­տեն միայն ար­տադ­րու­թեան մէջ կը մտնեն: Բնա­կան ճա­նա­պար­հով քսուք ստա­նա­լը դիւ­րին չէ։ Իբր այդ ալ գի­նե­րը չեն կրնար ցած ըլ­լալ, ըն­կե­րու­թիւ­նը ու­սում­նա­սի­րած է բնա­կան գե­ղա­նիւ­թե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին շու­կա­յի գի­նե­րը, եւ փոր­ձած է հա­յաս­տա­նեան ապ­րան­քի գի­նե­րը հա­մե­մա­տա­բար մատ­չե­լի դարձ­նել հայ սպա­ռո­ղի հա­մար։ Քսուք­նե­րու գի­նե­րը 7000-էն 30000 հայ­կա­կան դրա­մի սահ­ման­նե­րուն մէջ են:

Բո­լոր գե­ղա­նիւ­թե­րը հո­տեր կը պա­րու­նա­կեն: Ի տար­բե­րու­թիւն ար­հես­տա­կան ճա­նա­պար­հով ստա­ցուած գե­ղա­նիւ­թե­րու, «Նաի­րիա­ն­»ի ար­տադ­րան­քի հո­տե­րը բնա­կան են:

Ա­նա­հիտ Մար­կո­սեա­ն վս­տահ է, որ հո­տը յար­դար­ման մի­ջոց­նե­րու մէջ շատ մեծ տեղ ու­նե­ցող եւ կա­րե­ւոր բա­ղադ­րիչ մըն է: Ար­հես­տա­կան հո­տե­րը կրնան մար­դոց մօտ սիրտ­խառ­նուք յա­ռա­ջաց­նել, ծնիլ այ­լե­ւայլ վա­խեր, գլխա­ցա­ւեր, հո­գե­կան տագ­նապ­ներ եւ այլ ե­րե­ւոյթ­ներ: Ար­հես­տա­կան հո­տե­րու հա­մար կը գոր­ծա­ծուին ար­հես­տա­կան նիւ­թեր, ո­րոնք ալ ու­նակ են ա­րեան մէջ անց­նե­լու եւ ո­րո­շա­կի ազ­դե­ցու­թիւն ձգե­լու։ Ա­հա թէ ին­չու, ա­նհագ­նաց­նող հի­ւան­դու­թիւն­նե­րուն զու­գա­հեռ, մարդ­կու­թիւ­նը այ­սօր կ՚ընտ­րէ բնա­կան մի­ջոց­ներ եւ մա­քուր նիւ­թեր:

Հա­յաս­տա­նի լեռ­նա­հո­վիտ­նե­րու բու­ժիչ բոյ­սե­րէ պատ­րաս­տուած գե­ղա­նիւ­թե­րը՝ «Նաի­րիա­ն» գե­ղե­ցիկ ա­նուամբ, այ­սօր ժա­մա­նա­կա­կից աշ­խար­հի զար­գաց­ման մի­տում­նե­րու հետ կը մրցին: Գիտ­նա­կան ա­մու­սին­նե­րը լա­ւա­տե­սու­թեամբ լե­ցուած կը փո­խան­ցեն ըն­կե­րու­թեան կար­գա­խօ­սը՝ «Ձեր գե­ղեց­կու­թիւ­նը մեր միտ­քին մէջ է, իսկ ա­ռող­ջու­թիւ­նը՝ սիր­տին մէ­ջ»:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2015