ԺԱՆՍԵՄԻ ԳՈՐԾԵՐԸ ՊԻՏԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԻՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Երեւանի «Արամէ» պատկերասրահը պիտի ցուցադրէ ֆրանսահայ հռչակաւոր նկարիչ Ժանսեմի (Յովհաննէս Սէմէրճեան) ստեղծագործութիւնները։ Պատկերասրահի «Մաշտոց» մասնաճիւղին մէջ նախատեսուած է այս ցուցահանդէսը։ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի հաղորդումներով, 5-25 Յունիս թուականներուն Ժանսեմի անկրկնելի գործերը պիտի ներկայացուին Երեւանի մէջ։
Ցուցահանդէսը պիտի ընդգրկէ 12 իւղաներկ կտաւ, 13 գծագրութիւն եւ 20 վիմագրութիւն։ Երկարատեւ նախապատրաստական աշխատանքի մը արդիւնքը պիտի ըլլայ այս ցուցահանդէսը, որու շրջագծով ներկայացուելիք գործերուն մեծամասնութիւնը հայ արուեստասէր հասարակութեան դատին պիտի յանձնուի առաջին անգամ։ Իրենց ամբողջին մէջ, այդ գործերը որոշ պատկերացում մը կու տան Ժանսեմի բոլորած ստեղծագործական ուղիի զանազան հանգրուաններուն եւ իւրայատկութիւններուն մասին։