Երկուշաբթի 25, Նոյեմբեր 2024
ԱՆՄԱՐՄԻՆ ԺԱՅՌ ՄԸ ԸԼԼԱՄ…
Ձգեցէ՛ք զիս, ձգեցէ՛ք ծովուն մէջտեղը
Մազերս կարծրանան ծովու աղով
Թարթիչներուս վրայ արեւու ճառագայթներէն թող չորնան
աղի արցունքներս - եւ հովը փչէ
Հոտերը բուրեն ծովու մամուռներուն։
Ձգեցէ՛ք զիս, ձգեցէ՛ք ծովուն մէջտեղը
Ալիքները թող ծածկեն հոգիս
Եւ անհունին երկարող հորիզոնին վրայ
Փոքր նաւու մը պէս առանձին տատանիմ
Ձգեցէ՛ք զիս ծովուն մէջտեղը։
Ծովուն մէջտեղը լքեցէ՛ք
Կարմիրին, կապոյտին, կանաչին ներդաշնակութեամբ…
Անսահման կամարը գլխուս վերեւ թող ժպտի
Եւ ես սուզուիմ ծովուն յատակը - որպէս՝
Քարացած՝ ժայռի կտոր մը՝ անմարմին՝ անշարժ։
ԼԵՌՆԱ ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔ
Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2015