ՖՐԱՆՍԱՑԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՐԴԸ՝ ՄԻՒՌՈՆԻ, ԽՈՐ ՎԻՐԱՊԻ, ՆՈՅԵԱՆ ՏԱՊԱՆԻ ՄԱՍԻՆ
Սեպտեմբերի 28-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Սուրբ Տրդատի բաց խորանին վրայ կը կատարուի Միւռոնօրհնութեան արարողութիւնը: Յաջորդ օրը կը վերաօծուի Մայր Տաճարը:
Երկար սպասուած արարողութիւններ են, որոնք յոյսերով լեցուցած են մեր սիրտերը, կը հաւատանք, որ Սրբալոյս Միւռոնը լոյսի դուռ մը բանայ հայոց աշխարհին վրայ: Միւռոնօրհնութիւնը՝ դարերէ եկած այս աւանդոյթը, հայոց մէջ առաւել հին շրջանին կը կատարուէր Աւագ հինգշաբթի օրը։ Վերջին երկու-երեք դարերուն այժմեան խմբագրութեամբ կանոնակարգուած «Մաշտոցները» կը հրահանգեն օրհնութիւնը կատարել Աւագ հինգշաբթի օրը, Հոգեգալստեան տօնին կամ պատշաճ որեւէ այլ օր մը։
Նկատի առնելով, որ միւռոնօրհնութեան նուիրական արարողութեան ներկայ ըլլալու համար զանազան կողմերէ մեծաթիւ ուխտաւորներ կու գան, նաեւ վայելելով Արարատեան դաշտի եղանակային իւրայատկութիւնները եւ համանման կարգ մը գործօններ՝ վերջին հարիւրամեակին Միւռոնի օրհնութիւնը սովորաբար կը կատարուի աշնան։
Ինչպէս հայութեան եւ Հայաստանին առընչուող բազմաթիւ աւանդութիւններ, նոյնպէս միւռոնօրհնութիւնը գրաւած է օտարներու ուշադրութիւնը: Տակաւին շատ հին ժամանակներէ օտար պատմաբաններ, արուեստագէտներ, ճանապարհորդներ անդրադարձած են սրբալոյս միւռոնին՝ ջանալով բացատրել անոր խորհուրդը, որ հայեր եւ ուրիշ ազգեր կը փոխանցեն դարերէ ի վեր:
Հայաստան այցելած այդ ճանապարհորդներէն է 17-րդ դարուն ապրած ֆրանսացի ոսկերիչ, ճանապարհորդ Ժան Շարտէն: Ան իր տասն հատորէ բաղկացած «Ժան Շարտէնի ճանապարհորդութիւնները» աշխատութեան մէջ գրած է ինչպէս Երեւանի, Էջմիածնի, այնպէս ալ՝ Խոր Վիրապի, Արտաշատի հնութիւններու, նաեւ՝ միւռոնի մասին: Հայաստանին վերաբերող հատուածը «Էջմիածին» հանդէսը թարգմանած է արեւելահայերէնի (թարգմանիչ՝ Գայիանէ Պօղոսեան):
ԺԱՆ ՇԱՐՏԷՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍԻՆ
Առաւել նշանակալի մենաստաններէն է Խոր Վիրապը, որ հայերէն տառացիօրէն կը նշանակէ եկեղեցւոյ գուբին վրայ: Յետագային այս անուանումը տրուած է այս վայրին, որպէս վիրապի վրայ կառուցուած, որուն մէջ, ինչպէս հայոց պատմութիւնը կը պատմէ մեզի, Ս. Գրիգոր նետուեցաւ եւ ողջ մնաց՝ կերակրուելով նոյն ձեւով, ինչպէս Դանիէլը կերակրուեցաւ առիւծներու գուբին մէջ:
Այս վանքը կը գտնուի Երեւանի տարածքի սահմանագծին՝ Էջմիածինէն հարաւ, ուր, ինչպէս այդ գիւղի բնակիչները կ՚ըսեն՝ կարելի է տեսնել Արտաքսատի աւերակները։
Քաղաքը, զոր անոնք կը կոչեն Արտաշատ, որ կը ծագի Պարսից թագաւոր Արտաքսերքսէս թագաւորի անունէն, իսկ արեւելցիները զայն կը կոչեն Արտէշիր։ Ինչպէս անոնք կը հաւաստիացնեն՝ այդ քաղաքի աւերակներուն մէջ կարելի է տեսնել 1300 տարի առաջ կառուցուած Տրդատի պալատի աւերակները։ Անոնք, ատկէ զատ, կ՚ըսեն, որ կայ պալատի առջեւի մասը, որ վերեւի մասէն կիսով չափ աւրուած է: Այստեղ տակաւին կը պահպանուին սեւ մարմարէ սիւներու չորս շարքերը՝ իւրաքանչիւրը ինն սիւնէ բաղկացած։ Այս սիւները կը շրջապատեն մշակուած մարմարի կտորներու մեծ շեղջ եւ սիւները այնպիսի մեծութիւն ունին, որ երեք մարդ դժուարութեամբ կը կարողանան զանոնք վերցնել՝ ձեռք ձեռքի տուած։ Անոնք, այդ ամբողջ վայրը, ուր կը գտնուի այդ աւերակներուն ողջ զանգուածը, Տրդատի թախտ կամ Տրդատի գահ կը կոչեն։
Ես կը խուսափիմ խօսիլ ուրիշ վանքերու կամ բանաւոր պատմութիւններու մասին, որոնք հայերը կը պատմեն ատոնց կամ այդ վայրերուն մէջ պահուող մասունքներու մասին։ Ատոնց մէջ կը թուարկուին Վերոնիքան կամ թաշկինակը, որ այդ անունով կինը բերաւ մաքրելու Քրիստոսի դէմքի քրտինքը, Ս. Թովմայի եւ Ս. Սիմոնի աճիւնները։
Այս պատմութիւնները բոլորը անհիմն եւ ծիծաղելի բաներ են։ Յիրաւի, իսկապէս հայկական աւանդութիւնը ոչինչ ունի առողջ բանականութենէն։ Ես չեմ ըսեր որեւէ բան հայկական հաւատքի կամ ծէսի մասին, քանի որ լաւ յայտնի է՝ ինչպէս անոնք բազում դարեր պատուած են միաբնակներու կարծիքներով, որոնք կը կոչուին Յակոբիկեանններ, որոնց ուսմունքէն այսօր անոնք բոլորովին որեւէ բան չեն հասկնար՝ ամբողջովին գտնուելով անտեղեակութեան մէջ։
Հայերը միշտ պահած են իրենց հին ժամերգութիւնները եւ արարողութիւնները, այս հանգամանքը կարելի է համարել ուղղակի ապշեցուցիչ, եթէ չըսենք՝ վերբնական, քանի որ անոնք տասնմէկ դար կը գտնուէին մահմետականններու իշխանութեան ներքոյ, ատոր հետ միասին՝ այնքան աղքատ եւ անգէտ են, որքան կարող է աղքատ եւ անգէտ ըլլալ ժողովուրդ մը, որ հասցուած է ստրկացուածութեան նման աստիճանի։
Հակառակ այդ պայմաններուն՝ անոնց հաւատքը, ինչպէս արդէն ըսինք, անսասան մնացած է. անոնք կը պահեն զայն՝ չփափաքելով փոխել ուրիշով մը, տոկուն ձեւով դիմանալով թէ՛ մահմետականներու ճնշումներուն, որոնք անոնց անսահմանափակ տէրերն են, ինչպէս նաեւ հռոմէական զանազան առաքելութիւններու փորձերուն, որոնք արդէն երկու դար անպտուղ ձեւով կը փորձեն իրենց առաքեալներու, հոգեւորականներու եւ կրօնաւորներու միջոցով անոնց գրաւել դէպի իրենց դաւանանքը։
Կարելի չէ խօսքեր գտնել նկարագրելու այն ծախսերը եւ խորամանկութիւնները, որոնց կը դիմէ Հռոմը՝ իր նպատակին հասնելու համար, սակայն այդ ջանքերը ցանկալի արդիւնքի չյանգեցան, որովհետեւ այդ հայերէն անոնք, որոնք Եւրոպայի մէջ հեռացած էին իրենց կրօնքէն, վերադառնալով իրենց մօտ՝ տուն, կը դառնան աւելի հայ, քան տեղացիները եւ դարձեալ կը սկսին անիծել Լեւոն պապին՝ որպէս արեւելեան եւ արեւմտեան եկեղեցիներու միասնութեան խախտման գլխաւոր մեղաւորներէն մէկը՝ միաժամանակ յանդիմանելով անոր բոլոր յաջորդները եւ թշնամաբար վերաբերելով հռոմէական եկեղեցւոյ ուսմունքին՝ որպէս ուսմունքի մը, որ միանգամայն կը հակասէ իրենց եկեղեցիի ըմբռնումներուն։ Գլխաւոր միջոցը, որուն օգնութեամբ Հռոմի մէջ կը փորձեն թափանցել հայոց հաւատքի մէջ եւ ճեղքել զայն, այն է, որ հայ հոգեւորականներէն երդում կը վերցնեն, որպէսզի անոնք գինիին ջուր չխառնեն, սակայն, հակառակ Հռոմի բոլոր ջանքերուն՝ վերջինս երբեք չկարողացաւ հասնիլ այն բանին, որ բոլոր հայ հոգեւորականները ջուրին խառնումը կատարեն կամաւոր՝ առանց որեւէ երդման։
Սակայն, եթէ ճիշտը ըսենք, հայերը եւ արեւելեան միւս քրիստոնեաները հաւատարիմ են իրենց կրօնքին, շնորհիւ իրենց ստացած դաստիարակութեան, քանի անոնք ի վիճակի չեն խելամիտ ձեւով բացատրել, թէ ինչո՞ւ իրենք զիրենք քրիստոնեայ կը նկատեն:
Հայերը մանուկ տարիքէն կը սորվին Քրիստոս ըսել, խաչակնքել եւ պահք պահել եւ կը շարունակեն այդպէս վարուիլ արդէն հասուն տարիքին՝ այն ամուր հաւատքով, որ միայն ծիսականութեան նման ճիշդ պահպանութեան մէջ կը կայանայ քրիստոնէութեան ողջ էութիւնը։
Բաց աստի, անոնք իրենց բացարձակ պարտաւորութիւնը կը նկատեն եկեղեցի երթալ, երբ կը գտնուին իրենց հայրենի երկրին մէջ կամ այն վայրեր, ուր կը դաւանին իրենց կրօնքը։ Անոնց պահքերը շատ երկարատեւ են, յաճախակի եւ ծանր։
Անոնք պահքի ժամանակ ձեռնպահ կը մնան միսէն, հաւկիթէն, իւղէն, կաթէն եւ պանիրէն եւ օրուան մէջ միայն մէկ անգամ կ՚ուտեն՝ մայրամուտին:
Երեւանէն տասներկու փարսախ դէպի արեւելք կ՚երեւի հռչակաւոր լեռը, որուն վերաբերեալ բոլորը համաձայն են այն հարցին մէջ, որ այստեղ նստաւ Նոյեան տապանը, թէեւ ոչ ոք կարող է որեւէ լուրջ փաստարկ բերել՝ ապացուցել փորձելու համար այն, ինչ անոնք կը պնդեն: Երբ օդը մշուշոտ է, այս լեռը տեսանելի չէ երկու մղոնէն աւելի հեռաւորութենէն, որքան ալ այն բարձր ու մեծ է։
Ես հակուած եմ կարծելու, որ ես տեսած եմ շատ աւելի բարձրը, եթէ չեմ սխալիր՝ Կովկասի այն մասը, ուրկէ ես անցայ՝ ճամբորդելով Սեւ ծովէն դէպի Ախալցխա։
Թուրքերը այս լեռը կը կոչեն Աղրըտաղ, բարձր կամ Մասիս սար, սակայն հայերը եւ պարսիկները զայն կը կոչեն նոյն անունով՝ Մասիս։ Այս բառը հայերու մօտ կը ծագի Մաս կամ Մեղէկ որդիէն Արամի, որմէ, ինչպէս իրենք կ՚ըսեն, կու գայ իրենց թէ՛ ծագումը, թէ՛ անուանումը (Armenias)։
Պարսիկներու մօտ Մասիս բառը կը ծագի «ազիզ» բառէն, որ իրենց լեզուով կը նշանակէ «սիրելի» կամ «քնքշօրէն սիրուած», եւ անոնք, լերան անուանումը ստուգաբանելով՝ կ՚ըսեն, որ այն այսպէս կոչուած է Աստուծոյ ընտրութեան համար, որով այն կրած է երջանիկ տապանը, որ փրկեց մարդկային ցեղը։
Ասոնք բռնազբօսիկ ստուգաբանութիւններ են, ինչպէս որ կարող են ըլլալ ուրիշներ եւս, ինչպէս որ կրնանք համարել նաեւ զանգերու զնգոցի պատմութիւնը։ Այս լեռը պարսկերէն գիրքերուն մէջ կը կոչուի եւս երկու ուրիշ անուններով՝ Կոու-Նոուշ կամ Նոյեան սար եւ Սահաթ-Թոպպուզ կամ Երջանիկ բլուր։
Սուրբ Գիրքը, սակայն, զատ անուն չի տար։ Այն միայն կ՚ըսէ, որ տապանը նստաւ Արարատ լեյան վրայ, որ Հայաստանի մէջ է: Ասոնք յոյն եւ լատին հեղինակներուն քով յայտնի այն լեռներն են, որոնք զանոնք կը նկատեն մասը Տաւրոսեան լեռնաշղթայի եւ կը կոչեն Ճորտիան, Քորտեան, Կորտուենեան, Քորտիան, Քուրտի եւ Քորտուք անուններով։ Ամէն մէկ հեղինակ բառը կը փոխէ ըստ իր սեփական լեզուի արտաբերման։
Համաձայն հայկական աւանդութեան՝ տապանը մինչեւ հիմա Մասիսի գագաթին է։
Ատկէ զատ, անոնք կ՚աւելցնեն, որ ոչ ոք կրնայ բարձրանալ այն տեղը, ուր կը հանգչի տապանը։ Ըսուածին անոնք խորապէս կը հաւատան հրաշքի նկատմամբ այն հաւատով, որ անոնք կ՚ըսեն, թէ պատահեցաւ Էջմիածնի Յակոբ անունով վանականին հետ, որ յետագային դարձաւ Մծբինի եպիսկոպոս։ Անոնք կը պատմեն, որ այս հոգեւորականը, տարուած այն կարծիքով, որ ասիկա այն լեռն է, որուն վրայ նստաւ տապանը ջրհեղեղէն յետոյ, կ՚որոշէ հասնիլ գագաթին կամ մեռնիլ լեռը բարձրանալու փորձի ժամանակ։ Երբ ան անցած էր ճանապարհին՝ կէսը, ալ ի վիճակի չէր յառաջանալ, քանի որ, երբ ան կը մագլցէր ամբողջ օրը, քնացած ժամանակ հրաշքով ան ետ կը տարուէր այն տեղը, ուրկէ սկսած էր յառաջ շարժուիլ առաւօտեան։ Այսպէս շարունակուեցաւ երկար ժամանակ, սակայն վերջապէս Աստուած ունկնդրեց վանականի աղօթքները, ուզեց բաւարարել անոր իղձը որոշ չափով եւ առաքեց հրեշտակը տապանի մասունքով՝ յորդորելով անոր այլեւս ի զուր չտանջուիլ նման ծանր զբաղումով, քանի որ մահկանացուներուն արգիլուած է բարձրանալ այդ լերան գագաթը:
Ասիկա պատմութիւն է, որ անոնք կը պատմեն եւ որուն հետ կապուած ես երկու դիտողութիւն կ՚ընեմ։ Առաջինը՝ այս պատմութիւնը չի կապուիր հին հեղինակներու՝ Յովսէփիոսի, Պերոսոսի, Դամասկացիի վկայութիւններուն հետ, որոնք կը հաղորդեն, թէ տապանի մնացորդները տեսանելի եղած են եւ որ մարդիկ վերցուցին այն ձիւթէն, որով տապանը պատուած էր, որպէս հիւանդութիւններու հակաթոյն։ Երկրորդ՝ գագաթի անմատչելի ըլլալուն մէջ որեւէ հրաշք չկայ, որովհետեւ լեռը եւ դէպի գագաթ ճանապարհը կէսէն ամբողջապէս պատուած են յաւերժական եւ երբեք չհալող ձիւնով, եւ տարուան բոլոր եղանակներուն զայն իրմէ կը ներկայացնէ ձիւնային սարսափելի զանգուած մը:
Լերան լանջին՝ քրիստոնէական գիւղի մը մէջ կայ մենաստան մը, որ կ՚անուանուի Առաքել վանք, որ կը նշանակէ Առաքեալներու վանք։ Հայերը մեծ յարգանքով կը վերաբերուին այդ տեղին, քանի որ կը հաւատան, թէ նոյն այդտեղ ապրած է Նոյը ջրհեղեղէն յետոյ եւ կատարած առաջին զոհաբերութիւնը։ Կ՚ըսեն, որ այդտեղ գտնուած են Անդրէաս եւ Մատթէոս առաքեալներուն մասունքները, նաեւ այդ աւետարանիչի գլուխը կը գտնուի վանքի եկեղեցին։
Հայերը տակաւին շատ հրաշալի բաներ կը պատմեն այս վայրին մասին եւ զայն կը համարեն իրենց սուրբ երկիրը:
ՄԻՒՌՈՆԻ ՄԱՍԻՆ
Արեւելեան քրիստոնեաներու մեծ մասը կը կարծէ, որ միւռոնը բուժիչ իւղ է հոգեւոր բոլոր հիւանդութիւններու դէմ եւ կայ քրիստոնէական ամբողջական ուսմունք, որ կը հաստատէ, թէ հոգեւոր վերածնութեան եւ մեղքերու թողութեան շնորհը կը հաղորդուի այդ իւղով, որուն համար, օրինակ, մկրտութեան ժամանակ գլխաւորապէս անհրաժեշտ է օգտագործել այդ իւղը եւ ոչ թէ ջուրը…
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան