Աւանդական ուղղագրութեան մէջ «է» եւ «ե» տառերուն տարբերականութեան գլխապտոյտ պատճառող վիճակը ներկայիս
Աւանդական ուղղագրութեան մէջ «է» եւ «ե» տառերուն տարբերականութեան գլխապտոյտ պատճառող վիճակը ներկայիս։ Նիւթը շատ շօշափելի եւ մասնաւոր ըլլալով, կրնայ պատահիլ, որ խօսքս դժուար պատկերացնէք, այդ պատճառով ալ բանալի բառերու էջ մը պատրաստած եմ ու կը բաժնեմ ձեզի հետ։ Մենք այսօր աւանդական ուղղագրութեան մասին կը խօսինք։ Ճիշդ է որ աշխարհաբարի կազմաւորման ատեն գրաբարի ուղղագրութիւնը վերաձեւաւորուեցաւ նոր գրական լեզուի տարբերակներուն՝ արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի համար։ Պէտք է ըսել, որ արեւմտահայ քերականները, ինչպէս 19-րդ դարուն, այդպէս ալ 20-րդ դարուն, գոնէ մինչեւ 50-ական թուականները իրենց բարոյական մեծութեամբ կրցան որոշ չափով համակարգուած վիճակի մէջ պահել աւանդական ուղղագրութեան գլխաւոր օրինաչափութիւնը։ Բայց վերջերս, մօտ քսան տարիէ ի վեր մարդիկ այնքան միջամտութիւններ կ՚ընեն, որ ոչ թէ երկաձեւութիւններ, այլ բազմաձեւութիւններ ստեղծուած են միեւնոյն տառի գրութեան տարբեր պարագաներու մէջ։ Եւ բոլորն ալ պատճառաբանուած են հնչիւնական, բառակազմական եւ քերականական օրինաչափութիւններով։ Ահաւասիկ ես «է» եւ «ե» տառերու այդ պարագան պիտի ներկայացնեմ առանց անդրադառնալու «է»ի բառասկիզբի եւ բառավերջի անշփոթելի պարագաներուն եւ «է»ի՝ միւս ձայնաւորներու համատեղ գործածութեան։ Հետեւաբար «է» տառը ո՞ւր կը հանդիպի բառի փակ դիրքին մէջ եւ ո՞ւր անշփոթելի է։
Մեր փոքրիկներուն համար անշփոթելի է «ել» եւ «իլ» խումբի բայերու անցեալ անկատար ժամանակներու վերջաւորութիւններուն մէջ՝ «կը գրէի, կը գրէիր, կը գրէր», եւ հոս «է»ն «ե»ին կը հակադրուի ներկայ եւ անցեալ կատարեալ ժամանակներու հետ անցեալ անկատարի ունեցած իմաստային հակադրութեամբ եւ աշակերտներուն համար շօշափելի կը դառնայ եւ անոնք չեն շփոթիր։
Երկրորդ - Յոգնակի երկրորդ դէմք, ներկայ ժամանակի բայաձեւերուն մէջ «ք» վերջաւորութենէն առաջ «է»ով կը գրուի եւ անշփոթելի է։ Ոչ-բայական բառերու մէջ «է»ն կը հանդիպի միայն մէկ բաղաձայնով վերջացող բառերու շեշտակիր դիրքին մէջ։ Նախաշեշտ դիրքերուն մէջ շատ քիչ կը պատահի եւ բոլորն ալ բացատրելի են։ Շեշտակիր են շեշտափոխութեան ժամանակ, այսինքն բառի ածանցումի եւ բարդումի ատեն «է»ն կը վերածուի «ի»ի, օրինակ՝ գէտ-գիտուն, մինչդեռ «ե»ը տոկուն ձայնաւոր է, չի հնչիւնափոխուիր։ «Ի» փոփոխութեան ոլորտը կ՚ընդգրկէ քանի մը տասնեակ բառեր եւ եթէ անոնցմով կազմուած բարդութիւնները եւ ածանցումներն ալ նկատի առնենք, այդ թիւը կը հասնի քանի մը հարիւրներու. օրինակ՝ «ապաւէն-ապաւինիլ», «կէս-կիսատ», եւ այլն։ Բառակազմութեան դասերուն աշակերտները շատ դիւրութեամբ պիտի ճանչնան այս արմատը՝ հնչիւնափոխութեան խաղին մէջ մտնելով, եւ պիտի վարժուին այդ բառերու արմատները «է»ով գրելու։ Անոնք այդ արմատներուն կը հանդիպին նաեւ բարդ բառերուն մէջ իբրեւ վերջին բաղադրիչ եւ դարձեալ դիւրութեամբ պիտի ճանչնան այդ արմատները եւ պիտի կողմնորոշուին։ «Է»ի հնչիւնափոխութիւնը ապրող երեւոյթ է եւ աշակերտը «է»ին գրային արժէքը չի շփոթեր «ե»ին հետ։ «Է»ի հնչիւնական այս կանոնը քանի մը պարագաներու որոշ խախտումներ ունի. օրինակ՝ «գէշ-գէշութիւն», եւ կան այսպէս տասնեակ մը բառեր։ Նման զարտուղութիւններու աւելի շատ արեւմտահայերէնի մէջ կը հանդիպինք, որոնք բառիմաստային առանձնայատկութիւններ կը ցուցաբերեն. օրինակ՝ «տնօրէն-տնօրինութիւն-տնօրէնութիւն»։ «Է»ն նաեւ անփոփոխ կը մնայ կցական բարդութիւններու մէջ. օրինակ՝ «մէջ-մէջտեղ, կէս-կէսկատար»։
Տարբերականութեան խնդիրներ կը ծագին միայն այն բառերու պարագային որոնք «է», «ե» տառափոխութեան կ՚ենթարկուին։ Ատիկա գրաբարէն եկած հնչիւնափոխական երեւոյթ է, բայց որովհետեւ արդի հայերէնին մէջ «է» եւ «ե» գիրերու հնչիւնային արժէքները նոյնացած են, այլեւս կարելի չէ խօսիլ հնչիւնափոխութեան մասին, այլ սոսկ՝ տառափոխութեան։ Եւ այսպիսի տասնեակ մը բառեր կան որոնք - ինչպէս ըսի - գրաբարէն փոխանցուած են եւ բաւական բարդ վիճակ մը կը ստեղծեն այսօրուան աւանդական ուղղագրութեան մէջ, որովհետեւ տարբեր քերականներ տարբեր մօտեցումներով կը ներկայացնեն այս պարագան։
«Է» եւ «ե» հնչիւնափոխութիւնը գրաբարի մէջ գործող օրինաչափութիւն է գլխաւորաբար հոլովական, մասամբ նաեւ բառակազմական մակարդակներու վրայ. օրինակ՝ գրաբարի մէջ «պատճէն» բառը «է»ով կը գրուի, բայց հոլովումի մէջ՝ կ՚ըլլայ «պատճենից» եւ «է»ն «ե»ի կը վերածուի։ Աշխարհաբարը մերժեց հոլովական համակարգի «է» եւ «ե» տառափոխութիւնը. օրինակ՝ «պարտէզ-պարտէզի-պարտէզով», բայց բարդութեան մէջ եթէ բառը կ՚ենթարկուի «է»-«ե» տառափոխութեան, այն ատեն կը պահենք «ե»ը։
Կարգ մը հեղինակներ ուրիշ բան կ՚առաջարկեն։ Ոմանք կ՚ըսեն՝ քանի արմատը «է» է, բոլոր բարդութիւններու մէջ ալ «է» պէտք է ըլլայ. օրինակ՝ «գմբէթ-գմբէթաւոր»։ Ուրիշներ հակառակը կ՚ըսեն՝ «գմբէթ-գմբեթաւոր»։
Վերջացնելու համար ըսեմ, որ եթէ աւանդական ուղղագրութիւնը յստակ կերպարանք ստանայ, այսինքն մեր ածուն մենք մեր մէջ մաքրենք, այն ատեն կարելի կ՚ըլլայ խօսիլ երկու ուղղագրութիւններու մերձեցման մասին։ Սակայն դժբախտաբար չկայ այնպիսի մարմին մը, որ կարողանայ համակարգել մեր դպրոցական, կրթական, լեզուական, ուղղագրական հարցերը։ Ըսեմ նաեւ, որ աւանդական ուղղագրութեան մէջ կան շատ օրէնքներ, որոնք պէտք է պահպանուին, բայց կան նաեւ բաներ ալ, որոնք պէտք է վերադասաւորուին եւ վերստին համակարգուին։
ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
«Նոր Յառաջ»
Փարիզ