«ԿԱՐՕՏ»Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ
Բանկալթիի «Galeri Birzamanlar»ի երդիքին տակ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հետաքրքրական ձեռնարկ մը։ Այսպէս, ցուցադրուեցաւ «Կարօտ» ժապաւէնը, որ կը պատմէ հայր եւ որդի Օննիկ եւ Արա Տինքճեաններու ոդիսականը։ Անոնց Տիարպագըրէն դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ճանապարհորդութեան վերաբերեալ այս ժապաւէնի ցուցադրութեան յաջորդեց ասուլիս մը։ «Birzamanlar» հրատարակչութեան տնօրէն Օսման Քէօքէր այս առթիւ զրուցեց «Կարօտ» ժապաւէնի բեմադրիչներուն՝ Օնուր Կիւնայի եւ Պուրճու Եըլտըզի հետ։
Ձեռնարկի մասնակիցները վառ տպաւորութիւններ ունեցան թէ՛ ցուցադրուած ժապաւէնին եւ թէ այդ կապակցութեամբ բեմադրիչներուն կողմէ կատարուած խորհրդածութիւններուն լոյսին տակ։