ՍԽԱԼՆԵՐ ԵՒ ՆԵՐՇՆՉԱՆՔ

Անց­նող շա­բա­թը, շատ մը այլ կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու կար­գին Հա­յաս­տա­նի մէջ նշա­նա­ւո­րուե­ցաւ նաեւ հա­յե­րէ կազ­մուած ա­մե­նան­շա­նա­ւոր ե­րաժշ­տա­կան խում­բի՝ աշ­խար­հահռ­չակ System of a Down-ի հա­մեր­գով Ե­րե­ւա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ: Հա­զա­րա­ւոր ե­րի­տա­սարդ­ներ անձ­րե­ւին տակ ե­րեք ժա­մէ ա­ւե­լի ունկնդ­րե­ցին վե­րա­կազ­մա­ւո­րեալ խում­բին ե­լոյ­թին: Ծա­նօթ է, որ 1994 թուա­կա­նին Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ ստեղ­ծուած խում­բը շրջան մը՝ 2006 թուա­կա­նին ա­նո­րոշ ժա­մա­նա­կով լու­ծուած էր ինչ-ինչ տա­րա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու պատ­ճա­ռով, բայց ա­հա­ւա­սիկ խում­բի ան­դամ­նե­րը ա­նակն­կալ մա­տու­ցե­ցին ի­րենց երկր­պա­գու­նե­րուն եւ վե­րա­միա­ւո­րուե­ցան 2011 թուա­կա­նին։ Խում­բի բո­լոր ան­դամ­նե­րը հա­յեր են։ Թե­րեւս խում­բի ան­դամ­նե­րու հայ ըլ­լա­լը նաեւ նպաս­տած է խում­բի մի­ջեւ ջերմ եւ ըն­կե­րա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հաս­տատ­մա­ն: Ա­նոնք բո­լո­րը ծնած են հայ ըն­տա­նիք­նե­րու մէջ։ System of a Down-ի ո­րոշ եր­գեր կը պա­րու­նա­կեն հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­կան եր­գե­րու տար­րեր։ Խում­բը շատ կարճ ժա­մա­նա­կի մէջ մեծ համ­բաւ ձեռք բե­րած է։ Ա­նոնք նոյ­նիսկ գե­րա­զան­ցած են տա­րա­ծքաշր­ջա­նի ա­մե­նա­յայտ­նի խում­բե­րուն: Ի­րենց ու­նե­ցած հինգ ալ­պոմ­նե­րու եւ բազ­մա­թիւ հա­մերգ­նե­րու մի­ջո­ցաւ խում­բը նուա­ճած է ժա­մա­նա­կա­կից ռաք աշ­խար­հը: Ար­դէն յայ­տա­րա­րած են, որ կը պատ­րաս­տեն վե­ցե­րորդ ալ­պո­մը: Այդ մա­սին խում­բի ան­դամ­նե­րը ան­գամ մը եւս հաս­տա­տե­ցին Հա­յաս­տա­նի մէջ՝ երկր­պա­գու­նե­րու հետ հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ, նոր ալ­պո­մի մա­սին ա­նոնց հար­ցում­նե­րուն ի պա­տաս­խան:

Խում­բի եր­գիչ­նե­րէն Սերժ Թան­գեան Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կի հա­մեր­գէն եր­կու օր յե­տոյ՝ 25 Ապ­րի­լին «Թու­մօ» կեդ­րո­նին մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ ե­րաժշ­տա­կան մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ժո­ղո­վի մը՝ ըլ­լա­լով այդ հա­մա­ժո­ղո­վի հիմ­նա­կան բա­նա­խօս-մաս­նա­կից­նե­րէն մէ­կը եւ իր ներ­կա­յու­թեամբ սրա­հին մէջ հա­ւա­քե­լով հա­րիւ­րա­ւոր մար­դիկ: Նշենք, որ շատ մար­դիկ ալ ցան­կու­թիւն ու­նէին, բայց չկրցան մաս­նակ­ցիլ հա­մա­ժո­ղո­վին, քա­նի որ մաս­նա­կից­նե­րու հա­մար դահ­լի­ճին մէջ տեղ չկար: Հա­մա­ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­ցան նաեւ ե­րաժշ­տա­հան Տիգ­րան Ման­սու­րեան, դաշ­նա­կա­հար, ճազի վար­պետ Տիգ­րան Հա­մա­սեան, երգ­չու­հի, հե­ղի­նա­կա­յին եր­գե­րու կա­տա­րող Լի­լիթ Պի­պո­յեան եւ ե­րի­տա­սարդ ե­րաժշ­տա­հան Ար­թուր Ա­ւա­նէ­սով, ո­րոնք ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցան ե­րաժշ­տու­թեան մի­ջո­ցով հա­յու ինք­նու­թեան բա­ցա­յայտ­ման հար­ցե­րու շուրջ: Նշուած ե­րա­ժիշտ­նե­րը տար­բեր ժան­րե­րու մէջ ստեղ­ծա­գոր­ծող ա­րուես­տա­գէտ­ներ են, բայց զա­նոնք միա­ւո­րած է ընդ­հա­նուր յայ­տա­րար մը՝ ա­նոնք հինգն ալ ի­րենց գոր­ծու­նէու­թեան ո­րե­ւէ մէկ շրջա­նին ան­պայ­ման անդ­րա­դար­ձած են հայ­կա­կան հո­գե­ւոր եւ ժո­ղովր­դա­կան ե­րաժշ­տու­թեա­ն եւ ու­նին այդ ժան­րի մէջ յօ­րի­նած ե­րաժշ­տա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ: Ե­րաժշ­տա­կան հա­մա­ժո­ղո­վին հա­ւա­քուած էր Հա­յաս­տա­նի եւ Սփիւռ­քի՝ այդ օ­րե­րուն Ե­րե­ւա­նի մէջ գտնուող ողջ ե­րաժշտա­սէր ընտ­րա­խա­ւը, ո­րոնք ե­րեք ժամ ունկնդ­րե­ցին բա­նա­խօս­նե­րու զրոյ­ցին, այ­նու­հե­տեւ հար­ցում­ներ ուղ­ղե­ցին եւ ստա­ցան հե­տաքրք­րա­կան պա­տաս­խան­ներ: Բա­նա­խօս­նե­րը բո­լորն ալ այն կար­ծի­քը ու­նէին, թէ հայ ե­րաժշ­տու­թիւ­նը ան­բա­ժան է հա­յու ինք­նու­թե­նէն, եւ ե­թէ հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեան մէջ տխուր կամ մե­լա­մաղ­ձոտ ե­րանգ­ներ կան, ա­պա այդ մէ­կը հա­յու ապ­րած կեան­քէն եւ ու­նե­ցած ճա­կա­տա­գի­րէն կու գայ։ Այս մա­սին երգ­չու­հի Լի­լիթ Պի­պո­յեան նշեց, թէ պէտք չէ ամչ­նալ այդ մե­լա­մաղ­ձո­տու­թե­նէն եւ պէտք է մի­ջոց­ներ գտնել նոր ձե­ւե­րով տա­րա­ծե­լու եւ աշ­խար­հին ներ­կա­յաց­նե­լու հայ ե­րաժշ­տու­թիւ­նը: Ան դառ­նա­լով Սերժ Թան­գեա­նին, ը­սաւ, որ ի տար­բե­րու­թիւն շատ հայ ե­րա­ժիշտ­նե­րու եր­գե­րէն, Սեր­ժի եր­գե­րը մե­լա­մաղ­ձոտ չեն, ա­ւե­լի կեն­սու­նակ են ու ճեղ­քող-յա­ռաջ ըն­թա­ցող: Իր կար­գին, Սերժ Թան­գեան ը­սաւ, որ ինքն ալ, իբ­րեւ ե­րա­ժիշտ, հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թե­նէն սնուած է, եւ իր մէջ ալ կայ հա­յոց ան­ցեա­լը: Պա­տա­հա­կան չէ, որ իր շատ մը եր­գե­րուն մէջ Սերժ Թան­գեան հայ­կա­կան տար­րեր կի­րա­ռած է:

Հա­մա­ժո­ղո­վի տե­ւո­ղու­թեան հնչե­ցին նաեւ ե­րաժշ­տա­կան կա­տա­րում­ներ:

​Նոյն օ­րը՝ 25 Ապ­րի­լին «Թու­մօ» կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այլ մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ժո­ղով մը՝ Ճար­տա­րա­գէտ ա­ռաջ­նորդ­նե­րու հա­մա­ժո­ղով, ո­րուն հրա­ւի­րուած էին աշ­խար­հի ըն­կե­րա­յին ձեռ­նար­կա­տի­րու­թիւն­նե­րու, ինչ­պէս՝ Google, Issuu ե­ւայլն, ղե­կա­վար­ներ կամ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ: Այդ հա­մա­ժո­ղո­վին հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցան մաս­նակ­ցիլ եւ աս­պա­րէ­զի յա­ռա­ջա­տար­նե­րուն հետ շփուիլ նաեւ հա­յաս­տա­նաբ­նակ մաս­նա­գէտ­նե­րը եւ, առ­հա­սա­րակ, բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք կը հե­տաքրք­րուին, թէ ինչ­պէս ար­հես­տա­գի­տու­թեան ժա­մա­նա­կա­կից մի­ջոց­նե­րը այ­սօր կը կա­ռա­վա­րեն աշ­խար­հի յա­ռա­ջըն­թա­ցը՝ հա­ւա­սար մրցե­լով կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րու եւ այլ ո­րո­շիչ ու­ժե­րու հետ:

Ի ու­րա­խու­թիւն Ար­հես­տա­գի­տա­կան ճար­տա­րա­գի­տու­թեան հայ մաս­նա­գէտ­նե­րու, հարկ է նշել, որ այդ աս­պա­րէ­զը հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ թե­րեւս միակ աս­պա­րէզն էր, ուր հա­մախմ­բուած են աշ­խար­հով մէկ ցրուած հայ մաս­նա­գէտ­նե­րը: Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ա­նոնց միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը, տար­բեր ծրագ­րե­րու ա­րագ ար­ձա­գան­գե­լը, Հա­յաս­տա­նի մէջ զա­նա­զան գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լե­լը եւ մի­մեանց օգ­նե­լը այս միաս­նա­կա­նու­թեան վկա­յու­թիւնն են:

Հայ մաս­նա­գէտ­նե­րու հա­մախմ­բուե­լուն կը նպաս­տէ նաեւ «Յով­նա­նեա­ն» հիմ­նադ­րա­մի կող­մէ Նիւ Եոր­քի մէջ ղե­կա­վա­րուող HIVE ծրագ­րի ստեղ­ծած առ­ցանց հար­թա­կը։ Այս հար­թա­կին մէջ հա­մախմբուած են եւ կը շա­րու­նա­կեն հա­մա-խըմ­բուիլ հայ լա­ւա­գոյն ծրագ­րա­ւո­րող­նե­րը, նո­րա­րար ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու հիմ­նա­դիր­նե­րը, ար­հես­տա­գի­տա­կան ճար­տա­րա­գի­տու­թեան մաս­նա­գէտ­նե­րը: Ա­նոնք բո­լո­րը կը մտա­ծեն Հա­յաս­տա­նի հա­մար բան մը ը­նե­լու մա­սին եւ տար­բեր ծրագ­րեր կը կա­պեն Հա­յաս­տա­նի հետ: HIVE-ը հար­թակ մըն է, որ սկսնակ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու հա­մար ա­ռիթ­ներ կը ստեղ­ծէ՝ ներդ­րու­մա­յին ծրագ­րեր կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ Հա­յաս­տա­նի մէջ, կը տրա­մադ­րէ ո­րո­շա­կի օ­ժան­դա­կու­թիւն եւ կ՚ա­ջակ­ցի գա­ղա­փա­րի ի­րա­կա­նաց­մա­ն:

«Թու­մօ»ի ար­տա­սահ­մա­նեան եր­կիր­նե­րէ ե­կած հայ եւ օ­տար մաս­նա­գէտ­նե­րը մաս­նակ­ցե­ցան հա­մա­ժո­ղո­վին՝ փո­խան­ցե­լով ի­րենց փոր­ձը եւ հե­տաքրք­րա­կան ման­րա­մաս­ներ պատ­մե­ցին ի­րենց ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու մա­սին: Ճար­տա­րա­գի­տու­թեան եւ ա­րուես­տի հա­մադ­րու­մը «Թու­մօ» կեդ­րո­նի սկզբունք­նե­րէն մէկն է։ Իբր այդ ալ նոյն օ­րը կեդ­րո­նին մէջ եր­կու մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ժո­ղով­ներ գու­մա­րուե­ցան զոյգ ուղ­ղու­թիւն­նե­րով:

Հա­յաս­տա­նի մէջ հա­ւա­քուած յա­ռա­ջա­տար ճար­տա­րա­գէտ­նե­րուն ունկնդ­րե­լու հա­մար սրա­հին մէջ ներ­կայ էին հա­յաս­տա­նեան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­ներ, ու­սա­նող­ներ, ա­շա­կերտ­ներ: Զա­նոնք գրա­ւած էր մի­ջազ­գա­յին համ­բաւ ու­նե­ցող ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ եւ շտա­պած էին ար­ձա­նագ­րուիլ խիստ սա­հա­ման­փակ մաս­նա­կից­նե­րէ կազ­մուած ժո­ղո­վին: Մաս­նա­կից­նե­րը տե­ղեակ էին, թէ բո­լոր այդ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը կը թե­լադ­րեն նոր գա­ղա­փար­ներ, չեն վախ­նար ցոյց տալ այն սխալ­նե­րը, ո­րոնց վրայ կա­ռու­ցած են ի­րենց յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը եւ, ա­մե­նա­կա­րե­ւո­րը՝ ա­նոնք այն հա­զուա­գիւտ մաս­նա­գէտ­ներն են, ո­րոնք կը կա­րո­ղա­նան ներշն­չել դի­մա­ցի­նը՝ կեան­քը ա­ւե­լի լա­ւը դարձ­նե­լու ա­ռու­մով:

Մարք Ցու­կեր­պեր­քի, Սթիվ Ճոպ­սի, Սթիւ Վոզ­նեա­քի եւ Ար­հես­տա­գի­տա­կան ճար­տա­րա­գի­տու­թեան նախ­կին ու ներ­կայ յա­ռա­ջա­տար­նե­րու ա­նուն­նե­րու կող­քին այ­սօր կը հնչեն նաեւ հա­յե­րու ա­նուն­ներ, ո­րոնք նոյն­պէս ի­րենց գլխա­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը ու­նե­ցած են, եւ կը շա­րու­նա­կեն ու­նե­նալ, ժա­մա­նա­կա­կից առ­ցանց աշ­խար­հի ստեղծ­ման գոր­ծին մէջ: Ա­նոնց­մէ եր­կու­քը՝ Reddit նշա­նա­ւոր ըն­կե­րա­յին ցան­ցի հա­մա­հիմ­նա­դիր, այ­սօր՝ գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Ա­լեք­սիս Օ­հա­նեանն ու Twitter-ի նախ­կին փոխ-­նա­խա­գահ, «Թու­մօ»ի խոր­հուր­դի ան­դամ Րաֆ­ֆի Գրի­գո­րեա­ն Ճար­տա­րա­գէտ­նե­րու հա­մա­ժո­ղո­վի եր­կու մաս­նա­կից սփիւռ­քա­հա­յերն էին։ Ա­նոնք գոր­ծակ­ցե­լով հա­մաշ­խար­հա­յին հսկա­նե­րուն հետ, վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ստեղ­ծած են կա­պը ի­րենց հայ­րե­նի­քի հետ եւ, անհ­րա­ժեշ­տու­թեան պա­րա­գա­յին նաեւ ի­րենց գոր­ծըն­կեր­նե­րուն ցոյց կու տան Հա­յաս­տա­նին տե­ղը: Հա­յաս­տա­նեան հա­մա­ժո­ղո­վին ե­կած էին Google-ի ճար­տա­րա­գի­տա­կան խում­բի ղե­կա­վա­րը, Faccbook-ի ճար­տա­րա­գէտ­նե­րէն մին, Twitter-ի նախ­կին ճար­տա­րա­գի­տա­կան տնօ­րէ­նը, թուա­յին հրա­տա­րա­կու­թեան Issuu հար­թա­կի փոխ­-նա­խա­գա­հը, Prezi online հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան գոր­ծի­քի ճար­տա­րա­գի­տա­կան բաժ­նի ղե­կա­վա­րը, ա­մե­րի­կեան Urban Airship նշա­նա­ւոր սկսնակ­նե­րու հար­թա­կի ա­ւագ խորհր­դա­տուն, Grammarly online խմբագ­րա­կան ըն­կե­րու­թեան մէկ տնօ­րէ­նը:

Վեր­ջին տաս­նա­մեա­կի ըն­թաց­քին աշ­խար­հը փո­խած նշուած ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը «Թու­մօ» կեդ­րո­նին մէջ օ­րուան մը ըն­թաց­քին, եր­կար ժա­մեր տրա­մադ­րե­լով, վա­րե­ցին աշ­խա­տա­րան­ներ (workshop), ու­նե­ցան դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ եւ ան­հա­տա­կան կա­մա­ւո­րու­թեան ժա­մեր: Նշուած խո­շոր ըն­կե­րա­յին ձեռ­նար­կա­տէ­րե­րը բո­լորն ալ յա­ջո­ղու­թեան հա­սած են շատ ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քին։ Օ­րի­նակ՝ հա­յազ­գի Ա­լեք­սիս Օ­հա­նեա­ն ք­սա­նե­րեք տա­րե­կա­նին ար­դէն յա­ջո­ղած էր ստեղ­ծել եւ վա­ճա­ռել Reddit-ը, իսկ այ­սօր ընդգր­կուած է ցան­ցի կա­ռա­վար­ման մէջ: Զա­նա­զան գի­տա­ժո­ղով­նե­րու ըն­թաց­քին այս ան­ձե­րու ե­լոյթ­նե­րէն յե­տոյ հա­զա­րա­ւոր մար­դիկ սկսած են հա­ւա­տալ ի­րենց ե­րա­զանք­նե­րուն ու մտա­ծել կա­րե­ւոր քայ­լե­րու մա­սին, ո­րոնք փո­փո­խու­թիւն կը բե­րեն:

Գիտ­նա­կան­նե­րը Հա­յաս­տա­նէն հե­ռա­ցան այն յոյ­սով, որ ներշն­չում ուն­ցան հայ մաս­նա­գէտ­նե­րու վրայ, եւ փո­փո­խուող աշ­խար­հի այ­սօ­րուան ի­րա­կա­նու­թեան մէջ Հա­յաս­տա­նը կրնայ կեր­տել իր նոր ճա­կա­տա­գի­րը՝ ե­րի­տա­սարդ մաս­նա­գէտ­նե­րը քա­ջա­լե­րե­լով եւ պար­գե­ւատ­րե­լով խի­զախ­նե­րը:

Իսկ ճար­տա­րա­գի­տու­թիւ­նը թե­րեւս այն աս­պա­րէզ­նե­րէն է, ուր խի­զա­խի­լը մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նի։ Պէտք է յա­ռաջ նե­տուիս եւ եր­բեք չես գի­տեր, թէ ինչ բան կը սպա­սէ քե­զի: Բայց ե­թէ ու­նիս կամք, գի­տե­լիք եւ նո­րա­րար միտք, կեան­քը փո­խե­լու ձգտում, ա­պա ան­պայ­ման միշտ կը գտնուին ա­ջա­կից­ներ եւ դուն կը յա­ռա­ջա­նաս։ Այս միտ­քով հա­մո­զուած էին հա­մա­ժո­ղո­վի բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը: Ա­նոնք խոս­տա­ցան պա­հել կա­պը ի­րենց ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու եւ հա­յաս­տա­նեան նո­րա­րար ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու հետ, մա­նա­ւանդ, երբ ար­ձա­նագ­րե­ցին, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ կայ բա­ւա­րար հե­տաքրք­րու­թիւն եւ նե­րուժ՝ ժա­մա­նա­կա­կից թուա­յին գոր­ծիք­նե­րու հան­դէպ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 30, 2015