ԽԵՑԵԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԸ

Քէօթա­հիան նշա­նա­ւոր է ո՛չ միայն Կո­մի­տա­սի ծննդա­վայր ըլ­լա­լու փաս­տով, այ­լեւ ծա­նօթ է որ­պէս հայ­կա­կան յա­խճա­պա­կիի ար­տադ­րու­թեան միջ­նա­դա­րեան կեդ­րոն: Միջ­նա­դա­րուն Քէօթա­հիա­յի մէջ յա­ռա­ջա­ցած էր աշ­խոյժ եւ հա­րուստ հայ­կա­կան հա­մայնք մը, ո­րուն մէջ զար­գա­ցած էր յախ­ճա­պա­կեայ սա­լիկ­ներ պատ­րաս­տե­լու ար­հես­տը, ձե­ւա­ւո­րուած է Քէօթա­հիա­յի հայ­կա­կան սա­լիկ­նե­րու դպրո­ցը։ Այ­սօր Վե­նե­տի­կի, Ե­րու­սա­ղէ­մի եւ հայ­կա­կան հետ­քեր կրող այլ քա­ղաք­նե­րու նշա­նա­ւոր թան­գա­րան­նե­րու եւ հայ­կա­կան կեդ­րոն­նե­րու մէջ կա­րե­լի է տես­նել Քէօթա­հիա­յի յախ­ճա­պա­կիի նմոյշ­ներ:

Վաղ քէօթա­հիա­կան հայ­կա­կան սա­լիկ­նե­րը երկ­գոյն ե­ղած են՝ ճեր­մակ եւ կա­պոյտ, եւ միայն 17-րդ դա­րուն հայ վար­պետ­նե­րը սկսած են գոր­ծա­ծել դե­ղին, կա­նաչ եւ նշա­նա­ւոր հայ­կա­կան կար­միր (tomato-red color armenian) գոյ­նե­րը։

Այ­սօր աշ­խար­հի մէջ միայն մէկ ըն­տա­նիք կայ (Ե­րու­սա­ղե­մի մէջ), որ Քէօթա­հիա­յի ար­հես­տա­գոր­ծու­թեան ա­ւան­դոյթ­նե­րու հի­ման վրայ պահ­պա­նած է հայ­կա­կան հնա­գոյն խե­ցե­գոր­ծա­կան ա­րուես­տը: Հա­յաս­տա­նի Կիւմ­րի քա­ղա­քը կրնայ դառ­նալ այդ ա­ւան­դոյթ­նե­րը կրող երկ­րորդ կեդ­րո­նը` աշ­խար­հի մէջ։

Կիւմ­րիի խե­ցե­գոր­ծա­կան ար­հես­տա­նոց-դպրո­ցի տնօ­րէն Ար­փիկ Պա­պեան պզտիկ տա­րի­քէն ե­րա­զած է նկա­րիչ դառ­նա­լու մա­սին, սա­կայն ընտ­րած է լե­զու­նե­րու աս­պա­րէ­զը: Ա­մուս­նա­նա­լով նկա­րի­չի հետ՝ ան իր մէջ վե­րագ­տած է նկար­չու­թեան հան­դէպ սէ­րը եւ սկսած է զբա­ղիլ նկա­րա­զար­դում­նե­րով: Ար­փիկ Պա­պեա­նը տաս­նե­րեք տա­րի ա­ռաջ գտած է Հա­յաս­տա­նի մօտ Ի­տա­լիոյ պատ­ուա­կալ հիւ­պա­տոս Ան­թո­նիօ Մոն­թալ­տօ եւ միա­սին ո­րո­շած են ու­սում­նա­սի­րել եւ վե­րա­կանգ­նել Քէօթա­հիա­յի խե­ցե­գոր­ծու­թեան ա­ւան­դոյթ­նե­րը: Այ­սօր ա­նոնք վստահ են, որ Կիւմ­րին պի­տի դառ­նայ աշ­խար­հի մէջ երկ­րորդ կեդ­րո­նը, ուր կը հռչա­կուի հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան խե­ցե­գոր­ծու­թիւ­նը: Ար­հես­տա­նո­ցի աշ­խա­տող­նե­րը կիւմ­րե­ցի ե­րի­տա­սարդ­ներ են, ո­րոնք դպրո­ցի մէջ ու­սա­նե­լէ ետք ան­ցած են իբ­րեւ աշ­խա­տա­կից­ներ եւ այ­սօր բարձր աշ­խա­տա­վար­ձով կը զբա­ղին խե­ցե­գոր­ծու­թեամբ: Ա­նոնք կ՚ու­սում­նա­սի­րեն եւ կը վե­րա­կանգ­նեն հայ­կա­կան նախ­շե­րը՝ նոր շունչ տա­լով հայ­կա­կան սա­լի­կա­գոր­ծու­թեա­ն:

ԿԻՒՐ­ՃԻԵ­ՒԵԱՆ ԿԵԴ­ՐՈՆ

Հա­յաս­տա­նի մօտ Ի­տա­լիոյ պա­տուա­կալ հիւ­պա­տո­սի ծրագ­րե­րէն մէկն ալ Կիւմ­րիի «Վիլ­լա Կար­ս» պան­դոկ-մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նի մէջ Կիւր­ճիե­ւեան կեդ­րոն ստեղ­ծելն է:

Աշ­խար­հահռ­չակ հա­յազ­գի խորհր­դա­պաշտ ի­մաս­տա­սէր Կիւր­ճիեւ ծնած է 1866 թուա­կա­նին, Ա­ղեք­սանդ­րա­պոլ (այժմ Կիւմ­րի)։ Ան որ­դին էր յոյն գու­սան ուս­տա Ա­տա­շի եւ կիւմ­րե­ցի հա­յու­հի Թաւ­րիզ Բագ­րա­տու­նիի:

Կիւր­ճիեւ նախ­նա­կան ու­սում ստա­ցած է իր ծննդա­վայ­րի դպրո­ցին մէջ։ Հե­տա­գա­յին, ծնող­քին ու­ղեկ­ցու­թեամբ Կարս փո­խադ­րուե­լով կրթու­թիւ­նը շա­րու­նա­կած է տեղ­ւոյն վար­ժա­րա­նին մէջ: Կարս քա­ղա­քի մէջ իւ­րա­ցու­ցած է տե­ղա­ցի բնա­կիչ­նե­րու լե­զու­նե­րը, սա­հու­նօ­րէն խօ­սե­լով՝ ռու­սե­րէն, յու­նա­րէն, թրքե­րէն ու հա­յե­րէն: 1924 թուա­կա­նէն սկսեալ բա­զում ճամ­բոր­դու­թիւն­ներ կա­տա­րած է Եւ­րո­պա, Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ ու Գա­նա­տա «Մար­դու ներ­դաշ­նակ զար­գա­ցու­մի հաս­տա­տու­թիւ­ն» ա­նուան տակ հաս­տա­տե­լով հիմ­նարկ­ներ, ո­րոնք ցարդ աշ­խու­ժու­թեամբ կը շա­րու­նա­կեն գոր­ծել: Աշ­խար­հի մէջ տա­րուէ տա­րի կ­­՚ա­ւել­նայ Կիւր­ճիե­ւի հե­տե­ւորդ­նե­րուն թի­ւը, եւ ա­նոր կիւմ­րե­ցի ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը նկա­տի առ­նե­լով, Կիւմ­րիի մէջ հիմ­նուած է Կիւր­ճիեան կեդ­րոն-սրահ: Ար­դէն պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­ներ կան Կիւր­ճիե­ւի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ու­սում­նա­սի­րող զա­նա­զան կեդ­րոն­նե­րու հետ` Կիւմ­րիի սրա­հին մէջ հա­մա­տեղ գի­տա­ժո­ղով­ներ, քննար­կում­ներ կազ­մա­կեր­պե­լու ուղ­ղու­թեամբ: Հիւ­պա­տո­սի հա­մո­զումն է, որ այս մէ­կը կրնայ լրա­ցու­ցիչ զբօ­սաշր­ջա­յին գրաւ­չու­թիւն դառ­նալ Կիւմ­րիի հա­մար:

ԻՏԱԼԱՑԻ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏ ԱՆԹՈՆԻՕ ՄՈՆԹԱԼՏՕ ԻՆՔԶԻՆՔ ԿԸ ԶԳԱՅ ԿԻՒՄՐԵՑԻ

Օ­րերս ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ Հա­յաս­տա­նի երկ­րորդ մայ­րա­քա­ղա­քը նկա­տուող Կիւմ­րիի մէջ ներ­կայ ե­ղաւ ու­շագ­րաւ ձեռ­նարկ-ցու­ցա­հան­դէ­սի մը, որ կազ­մա­կեր­պած էր Հա­յաս­տա­նի մօտ Ի­տա­լիոյ պա­տուա­կալ հիւ­պա­տոս, Կիւմ­րիի բնա­կիչ Ան­թո­նիօ Մոն­թալ­տօ: Ձեռ­նար­կը ա­ռիթ ե­ղաւ, որ­պէս­զի մօ­տէն ծա­նօ­թա­-նա­նք եւ զրու­ցենք շատ հե­տաքրք­րա­կան անձ­նա­ւո­րու­թեան մը հետ, որ ի­տա­լա­ցի դի­ւա­նա­գէտ մըն է: Ան սի­րով ըն­դու­նեց մայ­րա­քա­ղա­քէն ժա­մա­նած հիւ­րե­րը՝ բա­նա­լով իր հաս­տա­տու­թեան դռնե­րը ու պատ­մեց իր ծա­ւա­լած ու­շագ­րաւ գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին:

 Ար­դէն քսան­վեց տա­րիէ ի վեր՝ ի­տա­լա­ցի բժիշկ Ան­թո­նիօ Մոն­թալ­տօ կը բնա­կի Կիւմ­րի: Հա­յաս­տան ե­կած է 1989 թուա­կա­նին՝ մար­դա­սի­րա­կան ծրագ­րի մը ծի­րէն ներս իբ­րեւ բժիշկ օգ­նե­լու երկ­րա­շար­ժէն տու­ժած շրջան­նե­րու բնա­կիչ­նե­րուն եւ ատ­կէ ետք չէ վե­րա­դար­ձած Ի­տա­լիա: Ան սկսած է զա­նա­զան ծրագ­րեր ի­րա­կա­նաց­նել ա­ղէ­տի գօ­տիէն ներս` փոր­ձե­լով ինքն ալ իր օգ­նու­թեան մի­ջո­ցաւ ա­ջակ­ցիլ, որ­պէս­զի մար­դիկ հնա­րա­ւո­րինս ա­րագ վե­րա­կանգ­նին: 2001 թուա­կա­նին Մոն­թալ­տօ նշա­նա­կուած է Հա­յաս­տա­նի մօտ Ի­տա­լիոյ պատ­ուա­կալ հիւ­պա­տոս եւ իր մար­դա­սի­րա­կան աշ­խա­տան­քին զու­գա­հեռ սկսած է նաեւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան աշ­խա­տան­քի:

 Այ­սօր Հա­յաս­տա­նի մօտ Ի­տա­լիոյ պա­տուա­կալ հիւ­պա­տո­սու­թիւ­նը կը գտնուի Կիւմ­րիի հին շէն­քե­րէն մէ­կուն մէջ, զոր գնած է Մոն­թալ­տօ եւ զայն դար­ձու­ցած՝ հիւ­րա­տուն, մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն, ուր կը գոր­ծէ «Կիւր­ճիե­ւեան» սրա­հը եւ ուր, շէն­քի մէկ հա­տուա­ծին վրայ միա­ժա­մա­նակ կը գտնուի իր բնա­կա­րա­նը: Կա­ռոյ­ցը կը կո­չուի «Վիլ­լա Կար­ս», որ նա­խե­ւա­ռաջ պան­դոկ է Կիւմ­րի այ­ցե­լող զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու եւ հիւ­րե­րու հա­մար: Հին Կիւմ­րիի ճար­տա­րա­պե­տա­կան շուն­չը եւ գոյ­նե­րը կրող կա­ռոյ­ցին մէջ Ան­թոնիօ Մոն­թալ­տօ միայն պզտիկ նո­րո­գում­ներ կա­տա­րած է, զայն պա­հած է նոյն ձե­ւով, ինչ­պէս ե­ղած է ան­ցեալ դա­րաս­կիզ­բին, երբ կա­ռու­ցուած է շէն­քը: Ան նպա­տակ ու­նի Կար­սի հնա­տիպ շէն­քե­րէն մէ­կը կրկին դարձ­նել պան­դոկ, այս ան­գամ ա­նուա­նե­լով` «Վիլ­լա Կիւմ­րի»: Այս մէ­կը Հա­յաս­տա­նի եւ Թուր­քիոյ հետ երկ­խօ­սու­թեան իր ծրագ­րե­րուն մէջ է:

Ի­տա­լիոյ պա­տուա­կալ հիւ­պա­տո­սի ջան­քե­րով Սպի­տակ քա­ղա­քին մէջ տաս­նըեր­կու տա­րի գոր­ծած է խե­ցե­գոր­ծու­թեան դպրո­ցը, որ ան­ցեալ տա­րի տե­ղա­փո­խուած է Կիւմ­րի։ Այս դպրո­ցի ստեղ­ծած հա­ւա­քա­ծո­յի ցու­ցա­հան­դէսն էր՝ Կիւմ­րիի Աս­լա­մա­զեան քոյ­րե­րու պատ­կե­րաս­րա­հին մէջ, որ ա­ռիթ դար­ձաւ ծա­նօ­թա­նա­լու Ան­թո­նիօ Մոն­թալ­տո­յին:

Կիւմ­րիի Խե­ցե­գոր­ծու­թեան դպրոց-ար­հես­տա­նո­ցի տնօ­րէ­նու­հի եւ խե­ցե­գոր­ծու­թեան ու­սուց­չու­հի Ար­փիկ Պա­պեա­նի ջան­քե­րով Քիւ­թա­հիա­յի եւ Իզ­նի­քի խե­ցե­գոր­ծա­կան ա­ւան­դոյթ­նե­րու հի­ման վրայ ստեղ­ծուած է խե­ցե­ղէն ի­րե­րու` սա­փոր­նե­րու, ծաղ­կա­ման­նե­րու, կու­ժե­րու, լապ­տեր­նե­րու, պտղա­ման­նե­րու, սրճա­ման­նե­րու եւ այլ կեն­ցա­ղա­յին ի­րե­րու բա­ցա­ռիկ հա­ւա­քա­ծոյ: Ճիշդ է` այդ հա­ւա­քա­ծոն կը պատ­կա­նի Ան­թո­նիօ Մոն­թալ­տո­յին, բայց շու­տով, յա­ջոր­դիւ ստեղ­ծուե­լիք նմա­նա­տիպ աշ­խա­տանք­նե­րը կը ներ­կա­յա­ցուին Եւ­րո­պա­յի մէջ: Այդ նպա­տա­կով Ան­թո­նիօ Մոն­թալ­տօ եւ իր գոր­ծըն­կեր ու ա­ջա­կից, ֆրան­սա­հայ ձեռ­նար­կա­տէր Մա­նուկ Մա­նուէլ Փա­մուկ­ճեան, 2015 թուա­կա­նի Յու­նի­սին, հիմ­նած են «Կիւմ­րիի ըն­կեր­նե­ր» հիմ­նադ­րա­մը, ո­ր կը զբա­ղի Կիւմ­րին պատ­մամ­շա­կու­թա­յին կեդ­րոն դարձ­նե­լու հա­մար, եւ Կիւմ­րիի մէջ պատ­րաս­տուած ձե­ռա­գործ աշ­խա­տանք­նե­րը Եւ­րո­պա­յի մէջ վա­ճառ­քի հա­նե­լով, ինչ որ կը նպաս­տէ Կիւմ­րիի տնտե­սա­կան զար­գաց­մա­ն: Ար­դէն պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն ձեռք բե­րուած է, 2016 թուա­կա­նի Մարտ-Ապ­րիլ ա­միս­նե­րուն վար­ձել Լիո­նի ա­մե­նա­մեծ ցու­ցա-ս­ըրահ­նե­րէն մէ­կը եւ հոն ցու­ցադ­րել ու վա­ճա­ռել Կիւմ­րիի մէջ ար­տադ­րուած խե­ցե­ղէ­նը:

Ան­թո­նիօ Մոն­թալ­տօ կը խօ­սի հա­յե­րէն, ինք­զինք կը զգայ լիար­ժէք կիւմ­րե­ցի, կը հասկ­նայ նաեւ Կիւմ­րիի բար­բա­ռը, բայց երբ ծան­րա­բեռ­նուած է եւ յոգ­նած, կը նա­խընտ­րէ իր մայ­րե­նին՝ ի­տա­լե­րէ­նը եւ ի­տա­լե­րէ­նէ հա­յե­րէն թարգ­մա­նու­թեան մէջ օգ­նու­թեան կը հաս­նի ի­տա­լե­րէ­նի թարգ­մա­նիչ, Մոն­թալ­տո­յի զա­նա­զան ծրագ­րե­րու ա­ջա­կից Լու­սի­նէ Ղա­զա­րեան:

-Պա­րոն հիւ­պա­տոս, ի՞ն­չ բան Ձեզ բե­րած է Կիւմ­րի, զոր շատ սի­րած էք եւ ուր հաս­տա­տուած էք ար­դէն քսան­վեց տա­րիէ ի վեր եւ այդ  քսա-ն­ըվեց տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ի՞նչ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու մա­սին կրնաք խօ­սիլ:

-Զիս Կիւմ­րի բե­րած է երկ­րա­շար­ժը։ Հոս հա­սած եմ 1989 թուա­կա­նի գար­նան եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի հետ ապ­րած եմ ատ­կէ ետք Հա­յաս­տա­նին հա­սած դժուար տա­րի­նե­րը՝ ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան ճգնա­ժա­մը, ան­կա­խու­թեան շրջա­նը, պա­տե­րազ­մը, Խորհր­դա­յին Միու­թեան փլու­զու­մը... Սկզբնա­կան շրջա­նին մենք կ՚աշ­խա­տէինք մար­դա­սի­րա­կան ծրագ­րե­րու վրայ, բայց այդ ծրագ­րե­րը եր­կա­րա­ժամ­կէտ ար­դիւնք չեն կրնար տալ, ա­նոնք կար­ծես շտապ օգ­նու­թեան պէս են եւ պզտիկ խնդիր­ներ միայն կրնան լու­ծել: Մար­դիկ, ո­րոնք սո­վոր են նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թեան ծրագ­րե­րու, այդ ծրագ­րե­րու ա­ւար­տէն ետք ան­մի­ջա­պէս խու­ճա­պի կը մատ­նուին ու կը մտա­ծեն երկ­րէն հե­ռա­նա­լու մա­սին: Ե­թէ վի­ճա­կագ­րու­թիւն մը ի­րա­կա­նաց­նենք վեր­ջին տա­րի­նե­րուն հե­ռա­ցած­նե­րու ա­ռու­մով, ա­պա ա­նոնց մէջ շատ են նիւ­թա­կան օգ­նու­թեան ծրագ­րե­րով ապ­րած մար­դիկ, ո­րոնք այդ օգ­նու­թե­նէն ետք շուա­րած են, թէ ինչ ը­նեն: Այդ պատ­ճա­ռաւ ես մտա­ծե­ցի, որ պէտք է մար­դոց հա­մար ստեղ­ծել տնտե­սա­կան հիմ­քեր, կա­յուն աշ­խա­տա­տե­ղի­ներ: Այն, ինչ որ կ՚ը­նեն կա­ռա­վա­րու­թիւնն ու տե­ղա­կան մար­մին­նե­րը, բա­ւա­րար չէ: Մենք՝ Հա­յաս­տա­նի մէջ գտնուող ար­տա­սահ­ման­ցի­ներս ալ մեր պար­տա­կա­նու­թիւ­նը ու­նինք, մա­նա­ւանդ կրնանք գոր­ծել զբօ­սաշր­ջու­թեան աս­պա­րէ­զին մէջ:

-Ին­չո՞ւ ընտ­րե­ցիք Կիւմ­րին, եւ ի՞նչ կը նշա­նա­կէ Կիւմ­րին Ձե­զի հա­մար:

-Կիւմ­րին ընտ­րե­ցի իր պատ­մա­կան եւ մշա­կու­թա­յին ան­ցեա­լին հա­մար: Ան գե­ղե­ցիկ քա­ղաք մըն է, բայց ցա­ւօք, երկ­րա­շար­ժը քան­դած է քա­ղա­քը, մար­դիկ զո­հուած են եւ ատ­կէ ետք շատ չէ ե­ղած զար­գա­ցու­մը: Ար­տա­գաղթ ե­ղած է քա­ղա­քէն եւ տա­կա­ւին կը շա­րու­նակուի: Քա­ղա­քը մեծ նե­րուժ ու­նի մշա­կու­թա­յին զար­գաց­ման հա­մար: Ան շատ նման է իմ ծննդա­վայր՝ Փա­լեր­մո­յին: Ե­թէ ծա­նօթ էք Փա­լեր­մո­յին, ա­նոր կեդ­րո­նը հնա­գոյն քա­ղա­քի մշա­կու­թա­յին հետ­քը կը կրէ: Փա­լեր­մոն ծնած է մնա­լու իբ­րեւ քա­ղաք, Կիւմ­րին ալ ծնած է քա­ղաք ըլ­լա­լու հա­մար: Երկ­րորդ պատ­ճա­ռը, որ ես ընտ­րե­ցի Կիւմ­րին, քա­ղա­քի դիրքն է. ան մօտ է սահ­մա­նին եւ իր աշ­խար­հագ­րա­կան դիր­քի պատ­ճա­ռաւ կրնայ դառ­նալ կեդ­րոն` եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու երկ­խօ­սու­թեան հա­մար, օգ­նե­լով, որ հա­յերն ու թուր­քե­րը բա­ցուին սիր­տե­րով եւ միտ­քե­րով: Խա­ղա­ղու­թեան հա­մար ստեղ­ծուե­լիք հիմքն ալ կա­րե­ւոր է քա­ղա­քի զար­գաց­ման հա­մար: Մենք քա­ղա­քա­կա­նու­թեամբ չենք զբա­ղիր, բայց մշա­կոյ­թով մեծ գործ կրնանք ը­նել խա­ղա­ղու­թիւն հաս­տա­տե­լու գոր­ծին մէջ:

Քիչ են քա­ղաք այ­ցե­լող զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րը: Մենք ցոյց պի­տի տանք քա­ղա­քին գե­ղեց­կու­թիւ­նը, մա­նա­ւանդ հին ան­ցեա­լը: Բայց միայն զբօ­սաշր­ջու­թիւ­նը բա­ւա­րար չէ: Պէտք է քա­ղա­քին մէջ մար­դոց մնա­լու հա­մար պայ­ման­ներ ստեղ­ծել, պէտք է պա­հել կիւմ­րե­ցի ըն­տա­նի­քը, ըն­տա­նի­քի կո­րի­զը: Ե­թէ տան տղա­մար­դը հե­ռա­նայ եւ ար­տագ­նայ աշ­խա­տան­քի մեկ­նի, ա­պա ըն­տա­նի­քը կը տկա­րա­նայ: Իբր այդ ալ այս­տեղ ար­տադ­րու­թիւն­ներ պի­տի հիմ­նենք: Բա­ցի խե­ցե­գոր­ծու­թեան դպրո­ցէն, շու­տով գոր­գա­գոր­ծու­թեան դպրոց կը հիմ­նենք: Ե­թէ մար­դը աշ­խա­տանք եւ զբա­ղում չու­նի՝ ա­նոր ի­րա­ւունքն է հե­ռա­նալ: Մենք այդ մէ­կը շատ լաւ գի­տենք:

-Քա­նի՞ աշ­խա­տա­տե­ղի ստեղ­ծած էք Կիւմ­րիի մէջ:

-Ես չեմ կրնան խօ­սիլ շատ թի­ւով աշ­խա­տա­տե­ղիի մա­սին, բայց կրնամ խօ­սիլ ար­ժա­նա­պա­տիւ աշ­խա­տա­վար­ձով աշ­խա­տա­տե­ղի­նե­րու մա­սին, զորս ստեղ­ծած եմ: Նպա­տա­կը ոչ թէ աշ­խա­տանք տալն է շատ մար­դոց, ո­րոնք միայն օ­րուան հա­ցի խնդիր կը լու­ծեն այդ դրա­մով, նպա­տակն է թէ­կուզ քիչ թի­ւով մար­դոց տալ աշ­խա­տանք, բայց այդ աշ­խա­տան­քը նպաս­տէ ա­նոնց զար­գաց­մա­ն, ար­ժա­նա­պա­տիւ կեանք վա­րե­լուն: Ար­դէն շուրջ ութ-տա­սը հո­գի խե­ցե­գոր­ծա­կան դպրո­ցի մէջ կ՚աշ­խա­տին, շուրջ այդ­քան ալ «Վիլ­լա Կար­ս­»ի աշ­խա­տող­ներն են, մին­չեւ տարուան վերջ դպրո­ցի մէջ աշ­խա­տող­նե­րու թի­ւը քսա­նի կը հաս­նի: Կը կազ­մա­կեր­պենք նաեւ կրթու­թիւն, որ­պէս­զի կիւմ­րե­ցի ե­րա­խա­նե­րը կամ մե­ծե­րը գան, ար­հեստ ու հմտու­թիւն ձեռք բե­րեն եւ հե­տա­գա­յին կա­րո­ղա­նան դրամ շա­հիլ:

-Ի՞նչ տա­րա­ծում կրնայ ու­նե­նալ Կիւմ­րիի խե­ցե­ղէ­նը` աշ­խար­հի մէջ եւ ին­չո՞ւ սկսաք խե­ցե­գոր­ծու­թեան, ի՞նչ է այդ ար­հեստ-ա­րուես­տը Ձե­զի հա­մար:

-Խե­ցե­գոր­ծու­թիւ­նը իմ նա­խընտ­րու­թիւնն է, ես շատ կը սի­րեմ ար­հես­տի այդ ճիւ­ղը, որ մեր ու­սուց­չու­հիի ջան­քե­րով ա­րուես­տի վե­րա­ծուած է: Կիւմ­րին կրնայ դառ­նալ Քէօ­թա­հիա­յի եւ Իզ­նի­քի խե­ցե­գոր­ծու­թեան ա­ւան­դոյթ­նե­րը պա­հող երկ­րորդ քա­ղա­քը՝ աշ­խար­հի մէջ: 16-րդ դա­րէ ի վեր աշ­խար­հի վրայ հռչա­կ վա­յե­լած Քէօ­թա­հիա­յի խե­ցե­գոր­ծու­թեան ա­ւան­դոյթ­նե­րը որ­քան գի­տեմ աշ­խար­հի մէջ միայն մէկ ըն­տա­նիք պա­հած է, եւ այդ մէ­կը Պա­լեան ըն­տա­նիքն է Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ: Կիւմ­րին կրնայ դառ­նալ երկ­րորդ կեդ­ րո­նը: Մեր գոր­ծըն­կեր­նե­րու հետ ու­սում­նա­սի­րու­թեան սկսած ենք եւ­րո­պա­կան շու­կա­յէ ներս` թէ ինչ­պէս տնտե­սա­պէս կրնանք ներ­կա­յաց­նել դուր­սը հայ­կա­կան խե­ցե­ղէ­նը` աշ­խար­հի մէջ: Յու­սամ այդ մէ­կը ի­րա­կա­նու­թիւն կը դառ­նայ: Հե­տա­գա­յին կը մտա­ծենք նաեւ Ար­ցա­խի եւ այլ վայ­րե­րու ձե­ռա­գործ աշ­խա­տանք­նե­րը եւս տա­նիլ: Ա­մէն ինչ պի­տի ը­նենք` մար­դոց կա­յուն աշ­խա­տանք ա­պա­հո­վե­լու հա­մար:

-Պա­րոն հիւ­պա­տոս, ը­սիք, որ ա­մե­նադ­ժուար ժա­մա­նակ­նե­րը յաղ­թա­հա­րած էք Հա­յաս­տա­նի մէջ: Ի՞ն­չ բան կրնայ ստի­պել, որ­պէս­զի դուք հե­ռա­նաք Հա­յաս­տա­նէն:

-Չեմ ը­սեր, թէ դժուա­րու­թիւն­ներ չեն ե­ղած: Դըժ-ւա­րու­թիւն­ներ ե­ղած են եւ պի­տի ըլ­լան: Բայց այն­քան ա­տեն, որ ես գործ ու­նիմ ազ­նիւ ու վստա­հե­լի հա­յե­րու հետ, ո­րոնց հետ կրնամ մէկ ընդ­հա­նուր գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւն յա­ռաջ տա­նիլ, ո­չինչ կրնայ ստի­պել զիս հե­ռա­նալ Հա­յաս­տա­նէն:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2015