ՀԻՆԳ ՏԱՐԻ ՎԵՐՋ «ԺԻԶԵԼ» ԵՐԵՒԱՆԻ ՕՓԵՐԱՅԻ ԲԵՄԻՆ ՎՐԱՅ

Ե­րե­ւա­նի Օ­փե­րա­յի եր­դի­քին տակ հինգ տա­րուան ընդ­մի­ջու­մէ մը վերջ նա­խըն­թաց ե­րե­կո­յեան վերս­տին բե­մադ­րուե­ցաւ «Ժի­զել» պա­լէն, որ ֆրան­սա­ցի ա­րուես­տա­գէտ Ա­տոլֆ Ա­տա­նի հան­րա­յայտ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւնն է։ Հա­յաս­տա­նի ժո­ղովր­դա­կան ա­րուես­տա­գէտ Վի­լեն Գալս­տեա­նի ջան­քե­րով վե­րա­կանգ­նուած է այս ներ­կա­յա­ցու­մը։ Լրագ­րող­նե­րու հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին Գալս­տեան ը­սաւ, թէ շուրջ քսանհինգ տա­րի «Ժի­զել» գտնուած է հայ­կա­կան բե­մի վրայ։ Զգեստ­նե­րը, բե­մա­յար­դար­ման ա­ռար­կա­նե­րը բա­ւա­կան մա­շած էին այդ ըն­թաց­քին։ Հե­տե­ւա­բար, Վի­լեն Գալս­տեան փա­փա­քած է, որ «Ժի­զել» վերս­տին իր տե­ղը գտնէ հայ­կա­կան բե­մին վրայ։

Հինգ տա­րուան ընդ­հա­տու­մէ մը վերջ գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րը ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեամբ հե­տե­ւե­ցան «Ժի­զել»ի ներ­կա­յաց­ման։ Բե­մա­յար­դար­ման ա­ռար­կա­նե­րէն սկսեալ մին­չեւ տա­րազ­նե­րը՝ ա­մէն ինչ ար­դէն նո­րո­գուած է։ Ամ­բողջ խումբն ալ եր­ջա­նիկ ու բարձր տրա­մադ­րու­թեամբ աշ­խա­տած է ներ­կա­յա­ցում­նե­րուն պատ­րաս­տուե­լու հա­մար, ա­ռանց տա­րա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու։

Ներ­կա­յաց­ման ծրագ­րին ներգ­րա­ւուած են թատ­րո­նի յա­ռա­ջա­տար ա­րուես­տա­գէտ­ներ Ժագ­լին Սար­խո­շեան, Սիւ­զի Փի­րու­մեան, Ռու­բէն Մու­րա­տեան, Սե­ւակ Ա­ւե­տի­սեան ե­ւ այլք։ Պա­լէի ներ­կա­յաց­ման բե­մադ­րիչն է դար­ձեալ վաս­տա­կա­ւոր ա­րուես­տա­գէտ մը՝ Կա­րէն Դուր­գա­րեան։

«Ժի­զել»ի ներ­կա­յա­ցու­մը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ բնո­րո­շեց Ե­րե­ւա­նի Օ­փե­րա­յի 82-րդ թա­տե­րաշր­ջա­նի եզ­րա­փա­կու­մը։

Հինգշաբթի, Յուլիս 30, 2015