ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՀԱՅՈՒ ՍԵՓԱԿԱՆ ԽԱՉԸ (ՏՕՆ ՎԱՐԱԳԱՅ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԻ)
Վաղը Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի նշէ Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնը: Այսու, մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն՝ լուսահոգի Կորիւն Արքեպիսկոպոս Պապեանի այս տօնին առիթով գրած քարոզը:
Ամէն տարի այս օրերուն, Հայոց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ սրբազան կամարներու տակ կ՚ոգեկոչենք, օրուան յատուկ հոգեզմայլ շարականներով եւ աստուածաշնչական պատշաճ ընթերցումներով մեր Եկեղեցիի տօնացոյցի մէջ Խաչի խորհուրդին նուիրուած տօներէն Վարագայ Սրբոյ Խաչի տօնը:
Արդարեւ, տարուան ընթացքին երեք տարբեր առիթներով Հայոց Եկեղեցիի զաւակներս կը միացնենք՝ ի խորոց սրտի, հաւատքով եւ յոյսով արտասանուող մեր աղօթքներն ու հոգեպարար շարականները քրիստոնէական եկեղեցիներու մեծ ընտանիքին, նախ մտասեւեռելու Խաչի խորհուրդի վրայ եւ ապա Խաչեալէն ստանալու անոր պատգամները մեր հանապազորդեայ կեանքը իմաստաւորելու համար, որպէսզի սպառազինուած անոր հոգեւոր զէնքերով մենք եւս կարողանանք հաստատակամ քայլել հայոց պատմութեան Խաչի արիւնոտ ճանապարհով:
Հակիրճ անդրադառնալով այդ տօներուն, ժամանակագրական կարգով նշենք, որ Ընդհանրական Եկեղեցիին հետ նախ կը տօնենք Գիւտ Խաչի՝ Կոստանդին կայսեր մօր՝ Հեղինէի միջոցով Գողգոթայի աղբիւսներու մէջէն Քրիստոսի իրական խաչափայտի 327-ին գտնուելու յիշատակը, ապա կը փառաբանենք Երուսաղէմի երկնակամարի վրայ՝ Գողգոթայի բարձունքէն մինչեւ Ձիթենեաց լեռ, Սրբոյ Խաչի Երեւման հրաշալի դէպքը, եւ վերջապէս Խաչվերացի տօնի առիթով կը պանծացնենք քրիստոնէական աշխարհի սրբազնագոյն մասունքի՝ Քրիստոսի խաչի 328-ին գերութենէն ազատագրումը եւ դարձեալ յաղթականօրէն Երուսաղէմ տարուելու պատմական մեծ եղելութիւնը:
Սակայն այս երեք տարբեր առիթներով կատարուող խաչի տօներէն անկախ, մեր եկեղեցին կը նշէ նաեւ Վարագայ Սրբոյ Խաչի տօնը, որ իր մէջ խտացուցած կրօնական եւ ազգային կրկնակ իմաստներով ունի զուտ հայկական նկարագիր, եւ անոր ոգեկոչումը կ՚առաջնորդէ մեզ այսօր մեր ժողովուրդի պատմութեան ամենէն տագնապալից շրջաններէն մէկը՝ Է. դարու կէսը, երբ Հայաստան աշխարհը արդէն վերջնականօրէն ինկած էր արաբներու լուծի տակ: Բայց կարենալ աւելի լաւ ըմբռնելու համար այս տօնի կարեւորութիւնը, անհրաժեշտ է նախ հոգիի աչքերով փոխադրուիլ այն սրբավայրը՝ Վարագ լերան կողերուն, ուրտեղէն ծնունդ առած է հայի սեփական խաչի այս տօնը:
Մեր քերթողահայրը՝ Մովսէս Խորենացին կը պատմէ, որ երբ Գայիանէն եւ իր ընկերուհիները Հռոմէական կայսրութեան սահմաններուն մէջ քրիստոնեաներու դէմ մղուող հալածանքէն խոյս տալով եկան Հայաստան, անոնցմէ Հռիփսիմէ կոյսը ունէր իր վիզէն կախուած Քրիստոսի իրական խաչափայտէն մասունք մը, որ թրջուած էր Յիսուսի Խաչի վրայ թափուած փրկարար արեամբ:
Իրենց ուղեւորութեան ընթացքին, երբ այս կոյսերը կը գտնուէին Վանի մօտակայ շրջանին եւ կը պատրաստուէին՝ մեկնիլ Հայաստանի մայրաքաղաքը՝ Վաղարշապատ, Հռիփսիմէն հանելով իր վիզէն այդ մասունքը պահեց այն լերան գագաթին տեղ մը, որպէսզի իրենց հասնելիք չարիքի մը պարագային այդ մասունքը եւս չվտանգուէր: Երկու քահանաներ, որ կը ճգնէին այդ լերան քարայրներուն մէջ, յանձն առին անոր պահպանութեան պարտականութիւնը:
Ինչպէս հայոց քրիստոնէութեան դարձի պատմութենէն ծանօթ է մեզի, մայրաքաղաքին մէջ՝ Հայոց Տրդատ արքայի օրով, այդ կոյսերուն կը սպասէին եղերական պատահարներ, որոնք պատճառ հանդիսացան, որ անոնք, ամուր կառչած իրենց քրիստոնէական հաւատքին, ի վերջոյ կնքեն իրենց կեանքը նահատակի լուսապսակներով: Յատկանշելի է, որ անոնց աճիւնները մինչեւ այսօր պահպանուած են Հռիփսիմէի եւ Գայիանէի անուան նուիրուած եկեղեցիներուն՝ Վաղարշապատի մէջ: Միաժամանակ, երբ այդ քահանաները եւս վախճանեցան, Հռիփսիմէի աւանդ թողած մասունքի վայրը եւս մոռացութեան մատնուեցաւ եւ անհետ կորաւ:
Այսուհանդերձ՝ Վանայ շրջանի ժողովուրդի յիշողութեան մէջ անջնջելիօրէն վառ մնաց այն գիտակցութիւնը, թէ Վարագայ լերան վրայ, անծանօթ վայրի մէջ կը գտնուէր Քրիստոսի իսկական խաչափայտէն, կենարար մասնիկ մը: Ահա թէ ինչո՛ւ այս խաչի մասունքի սիրով այրող, անդիմադրելի հրապոյրով տեսլահար հոգիներու համար Վարագայ լեռը սերունդներ շարունակ դարձաւ երկիւղած պաշտամունքի առանձնարան եւ աղօթավայր: Ժամանակի ընթացքին այնտեղ շինուեցան ճգնաւորներու համար խրճիթներ, կառուցուեցան մատուռներ ու եկեղեցի, ուր սրբակրօն ու հաւատաւոր հայ մենակեացներ ու վանականներ դարեր շարունակ ճգնեցան տիւ ու գիշեր, աղօթեցին եւ խոկացին՝ իրենց անթարթ աչքերը Խաչի խորհուրդին սեւեռած:
Անոնք վկաները հանդիսանալով հայ ժողովուրդի զաւակներու կրած բազում վիշտերու ու տառապանքներու, Խաչէն ճառագայթող լոյսերու տեսիլքով, տեսան Հայաստան աշխարհի երկինքէն հայոց լեռներու վրայ իջնող անպարտելի զօրութիւնը՝ Խաչեալին: Իրենց հոգիի աչքերով տեսան՝ հայ կեանքի խաւարման գիշերէն յետոյ, հոգիներու մութ հորիզոններու վրայ բացուող յոյսի առաւօտը: Մեր Փրկչի հրաշափառ Յարութեան այգաբացի շողերու մէջէն ողջունեցին ճշմարտութեան, բարութեան եւ արդարութեան յաղթանակի արեւածագը՝ հայրենի լեռներու կատարին: Անոնք ապրեցան հաւատքով եւ գործեցին հայ ժողովուրդի լուսապայծառ ապագան կերտելու անխախտ վճռակամութեամբ եւ ի պահանջել հարկին՝ խաչը ուսին, իմացեալ մահով բարձրացան Գողգոթա, այն խոր համոզումով, որ Խաչէն անդին չկայ մահ, այլ՝ «յարութիւն եւ առաւել կեանք»:
Ահա նոյն այդ հաւատքին ամուր փարած երկու հայ մենակեացներ՝ Թոդիկ եւ Յովէլ, տարիներ առաջ հրաժարելով աշխարհէն՝ բարձրացած էին Վարագայ լեռ, շատ հաւանաբար հրապուրուած այդ լերան գրկին մէջ պահուած սրբազան գաղտնիքէն, որ դարեր շարունակ անյայտ մնալէ յետոյ, անկասկած երջանիկ օր մը պիտի յայտնուէր՝ որպէս իմանալի լոյս՝ այն հոգիներուն, որոնք Խաչեալին հասնելու տենչանքով կ՚որոնէին Քրիստոսի իրական խաչափայտի այդ մասունքը՝ տարիներ շարունակ:
Գիշեր մը, երբ Թոդիկ ճգնաւոր եւ իր աշակերտը՝ Յովէլ կրկին Բարձրեալի առաջ ծունկի եկած կ՚աղօթէին, հրաշալի տեսիլք մը իր լուսափայլ խորհուրդը պարզեց անոր աչքերու առաջ ու լեցուց անոնց հոգիները երկնային այցելութեամբ…: Այնտեղ՝ Վարագայ լերան կատարին, ուր սեպաձեւ ժայռերը կարծէք կը հասնէին երկինքի աստղերուն, տասներկու լուսեղէն սիւներու վրայ բարձրացող հոյատեսիլ տաճար մը կանգնած էր եւ անոր մէջտեղը կ՚երեւէր լուսասփիւռ խաչ մը: Քիչ յետոյ ճառագայթող Ս. Նշանը Խաչը կը փոխադրէ ցած՝ Վարագայ վանքի եկեղեցիի խորանի վրայ: Տարիներ շարունակ աստուածային այս յայտնութեան ակնկալութեամբ աղօթող ու տագնապող հայ ճգնաւորներու միտքերը կը պայծառանան եւ անմիջապէս կ՚անդրադառնան, թէ վերջապէս Աստուած լսած է իրենց պաղատագին աղօթքները, անթիւ գիշերներու հսկումներով առ Աստուած մատուցած իրենց թախանձագին խնդրանքը կատարուած էր:
Ուստի, փութով կ՚իջնեն իրենց ճգնարաններէն ցած եւ կը մտնեն եկեղեցի, ուր, ո՜վ հրաշք, իրապէս ալ կը գտնեն խաչափայտի մասունքը խորանի վրայ՝ ճիշդ այնտեղ, ուր լուսեղէն Խաչը հանգչած էր:
Երկրպագելէ յետոյ այդ Ս. Նշանին, փառաբանելով զԱստուած, անոնք դուրս կու գան եկեղեցիէն, այլոց եւս տեղեակ պահելու այս ցնծալից եղելութեան մասին: Հրաշալի այս լուրը, աստուածային յայտնութեան այս աւետիսը կը հասնի Վան քաղաք եւ յաջորդող տասներկու օրերու ընթացքին ժողովուրդը խումբ առ խումբ բարձրանալով Վարագայ լեռ, այնտեղ ականատես կ՚ըլլան տասներկու սիւներով զարդարուած տեսիլքին եւ երկիւղածութեամբ կը խոնարհին սուրբ մասունքի առջեւ: Այս հրաշալի դէպքի արձագանգը շուտով կը տարածուի Վասպուրական նահանգի սահմաններէն այն կողմ, առիթ ընծայելով համաժողովրդային աննախընթաց ոգեւորութեան եւ կրօնական ջերմեռանդութեան: Մօտիկ ու հեռաւոր գիւղերէն՝ շէներէն, աւաններէն ու քաղաքներէն՝ հոգեւորական եւ աշխարհական, մեծահանդէս թափօրով ուխտի կու գան:
Վերջապէս օրուայ Հայոց Կաթողիկոս Ներսէս Գ. Շինող՝ ընկերակցութեամբ երկրի սպարապետ՝ Վարդ Ռշտունիի, իր շքախումբով կու գայ դէպքի վայրը՝ Վարագայ վանք եւ անձամբ ստուգելէ յետոյ եղելութեան մանրամասնութիւնները, կը հաստատէ խաչափայտի մասունքի վաւերականութիւնը: Այդ առիթով կը կազմակերպուի յատուկ եկեղեցական հանդիսութիւն եւ հայրապետական իշխանութեամբ կը տնօրինուի, որ յետ այնորիկ, ամէն տարի մասնաւոր շուքով նշեն Սուրբ Նշանի երեւման այդ օրը:
Լերան վրայ՝ նոյն վայրին մէջ, ուր Թոդիկ եւ Յովէլ ճգնաւորները տեսած էին տասներկու լուսեղէն սիւները, կը կառուցեն գեղեցիկ եկեղեցի մը. իսկ նոյն եկեղեցին, որու մէջ պահպանուած էր Սուրբ Նշանի մասունքը, կ՚ընդարձակեն եւ կը վերածեն փառաւոր տաճարի մը: Ներսէս Կաթողիկոս այս հրաշալի դէպքէն ներշնչուած՝ կը յօրինէ մեզի ծանօթ «Նշանաւ ամենայաղթ Խաչիւդ Քո Քրիստոս» սքանչելի շարականը, որ իր այնքան տպաւորիչ բառերով եւ եղանակով, որպէս Խաչի խորհուրդի զօրութեան, յաղթութեան եւ փառաբանութեան նուիրուած ներբող ու ցնծերգ, կ՚երգուի մինչեւ այսօր՝ մեր Եկեղեցւոյ մէջ:
Սրբոյ Վարագայ Խաչի երեւման այս դէպքը տեղի ունեցած է 660-ին՝ եւ դարեր շարունակ մեր Եկեղեցին, թէ՛ հայրենիքի մէջ եւ թէ՛ ի սփիւռս աշխարհի, անխափան կերպով կատարած է այդ տօնը սեպտեմբերի 25-էն հոկտեմբերի 1-ի միջեւ զուգադիպող կիրակի օրը:
Իր ամփոփ գիծերու մէջ ահա ա՛յս է Վարագայ Խաչի տօնի կրօնական ենթահողը: Սակայն, երբ փորձենք այս հրաշապատում դէպքը քննել եւ արժէքաւորել եօթներորդ դարու կէսին Հայաստանի մէջ տիրող քաղաքական ծանր կացութեան եւ կրօնական դժուարին պայմաններու շրջագիծի մէջ, շատ աւելի հասկնալի կը դառնայ մեզի համար, թէ ինչո՛ւ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ իւրայատուկ տեղ գրաւած է այն եւ անոր ընծայուած է բացառիկ կարեւորութիւն:
641-ին ի տես իր ժողովուրդի զաւակներու գլխին եկած ահաւոր չարիքի եւ ազգային աղէտի, Դուինի Վեհարանին մէջ կը վախճանի ալեհեր եւ վշտաբեկ Եզր Կաթողիկոսը: Հայ իշխաններու եւ եպիսկոպոսներու ստիպումով հակառակ իր կամքին, շուտով կաթողիկոսական աթոռ կը բարձրանայ Ներսէս Գ. Իշխանցին, որպէս ժամանակի կարողագոյն այն անձը, որ պիտի գար ամենայն քաջութեամբ եւ իմաստութեամբ հովուելու Հայոց Եկեղեցիի հօտը եւ տէր ու պաշտպան կանգնելու անոր կարեվէր զաւակներուն:
Յատկանշելի է, որ Ներսէսը բարձրացած էր հայրապետական գահ այն օրերուն, երբ նոյնինքն քաղաքամայր Դուինի մէջ տակաւին չէր չորցած արիւնը հայ նահատակներու, եւ կը շարունակուէր բարձրանալ ծուխը՝ թալանուած, հրկիզուած եւ աւերակուած քաղաքէն, ուրկէ նոր մեկնած էին Հայաստանի վրայ արշաւած արաբները՝ տասներկու հազար հոգի կոտորելէ եւ երեսունհինգ հազար գերիներ իրենց հետ վերցնելէ յետոյ:
Ներսէս Կաթողիկոսը՝ գործակցութեամբ հայոց սպարապետ Թէոդորոս Ռշտունիի, առանց վհատելու, անմիջապէս լծուած էր երկրի ու ժողովուրդի արիւնոտ վէրքերը դարմանելու գործին: Ան իր առաջին նուիրական պարտականութիւնը կը համարէ արաբներու կողմէ Դուինի մէջ սպաննուած եւ տակաւին քաղաքին եւ դաշտերուն մէջ ցան ու ցրիւ անթաղ մնացած հազարաւոր նահատակներու մարմինները հաւաքել տալ եւ զանոնք արժանացնել պատշաճ կրօնական արարողութեան եւ հաւաքական թաղման, եւ ապա անոնց աճիւններու վրայ կառուցել վկայարան-տաճար մը, Սուրբ Սարգիս անունով:
643-ին, Թէոդորոս Ռշտունիի արաբական նոր արշաւանքներու դէմ մղած քաջարի կռիւներու շնորհիւ եւ անոնց վրայ տարած յաղթանակներէն յետոյ, Հայաստանը ապրեցաւ խաղաղութեան տասնամեայ շրջան մը, որու ընթացքին Ներսէս Կաթողիկոս կարողացաւ ազատօրէն նուիրուիլ շինարարական եւ բարեկարգչական բեղուն գործունէութեան:
Ան իր անխոնջ ճիգերով վերականգնեց քանդուած կամ այրուած սրբարանները, կառուցեց ամբողջութեամբ նոր եկեղեցիներ եւ վանքեր, ինչպէս Խոր Վիրապի եկեղեցին, Սուրբ Սարգիսի տաճարը, որու համար մեր ժողովուրդը արդարօրէն տուաւ անոր Շինող (շինարար) մակդիրը:
Սակայն անոր անունը անմահացած է մեր Եկեղեցիի եւ ճարտարապետութեան պատմութեան մէջ, անցած ու գալիք դարերու դիմաց, անոր Վաղարշապատի մէջ շինել տուած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի անուան նուիրուած, բայց առ հասարակ «Զուարթնոց» անունով ծանօթ Մայր Տաճարով, որ հայ ժողովուրդի քրիստոնէական ժայռարմատ հաւատքի, աստուածատենչ հոգիի եւ երկնասլաց մտքի հզօր խոյանքի գեղեցկագոյն արտայայտութիւններէն մէկն է:
Այսուհանդերձ, Ներսէսի կաթողիկոսութեան երկրորդ տասնամեակը եղաւ փոթորկայոյզ եւ տագնապալից շրջան մը: Այս անգամ Հայաստանը վերածուեցաւ Բիւզանդական կայսրութեան եւ արաբներու միջեւ կռուախնձորի. նորանոր դժուարութիւններու պատճառով դարձաւ քաղաքական իրերամերժ հոսանքներու, բախումներու, վերիվայրումներու, ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ մղուող պայքարներու եւ մնայուն պատերազմներու արիւնոտ թատերաբեմ: Մէկ կողմէ հարաւի անապատներէն խորշակներու նման դուրս խուժած վաչկատուն արաբներու գործած աւերածութիւնները, իսկ միւս կողմէ Հայաստանի մէջ գտնուող բիւզանդական բանակներու ի գործ դրած դաւանական-կրօնական հալածանքները անելի մատնած էին Հայաստանի հոգեւոր իշխանութիւնն ու քաղաքական ղեկավարութիւնը:
Ո՛չ կարելի էր վստահիլ քրիստոնեայ կայսերապաշտ Բիւզանդիոնի խարդախ եւ հայակուլ քաղաքականութեան եւ ո՛չ ալ ամբողջութեամբ հաշտուիլ արաբներու բիրտ լուծը ընդունելու գաղափարի հետ: Պահ մը, այնպէս կը թուէր, թէ Հայաստանն ու Հայոց Եկեղեցին հասած էին հոգեկան եւ ֆիզիքական կորստեան դուռը:
Եւ ահա 660-ին՝ նոյն այն տարին, երբ արաբները կը յաջողէին պարտադրել իրենց իշխանութիւնը Հայաստանի վրայ, կը պատահէր Վարագայ Խաչի հրաշալի երեւման դէպքը:
Իրապէս հրաշալի յայտնութիւն մը, որ կու գար ամէն հայու սիրտը լեցնելու մեծ հրճուանքով եւ խոր հաւատքով, եւ որու մէջ՝ Հայոց Հայրապետի եւ հայկական բանակի սպարապետի հետ, ողջ հայութիւնը արդարօրէն կը տեսնէր Քրիստոսի սրբազան Խաչափայտի մասունքէն ճառագայթող յոյս մը, աստուածային պատգամ մը, որ կը յայտնուէր Խաչեալի Փրկագործական Խորհուրդի միջով:
Արդարեւ, ինչպէ՞ս կարելի է ըմբռնել Փրկագործութեան Խորհուրդը առանց մեր նայուածքները սեւեռելու Գողգոթայի Խաչէն անդին, Խաչեալ Քրիստոսի դատարկ գերեզմանի, հրաշափառ Յարութեան իրողութեան վրայ: Ինչպէ՞ս կարելի է կարդալ Խաչի խորհուրդը, առանց մեր միտքն ու հոգին բանալու՝ անխառն սիրոյ, նուիրումի եւ յոյսի, անագորոյն Մահուան վրայ տարուած յաղթանակի եւ փառապանծ Յարութեան խորհրդանիշ՝ Աստուածորդւոյն լոյս պատգամներուն:
Արդարեւ, խաչի խորհուրդէն կը ճառագայթեն յաւիտենականութեան կնիքը իրենց վրայ կրող աստուածային պատգամներ, որոնց աւելի քան երբեք այս օրերուն կարօտն ու պահանջքը ունի իր գոյութեան իմաստն ու ապրելու նպատակը կորսնցուցած, իր ձեռակերտ կուռքերը ատելով պաշտող, հաճոյասէր ու նիւթապաշտ մեր արդի հասարակութիւնը:
Սակայն, մեր հայրերը հաստատելով Վարագայ Սուրբ Խաչի Երեւման՝ հայուն սեփական խաչի տօնը, նախ իրենք վերստին զրահուեցան Խաչեալ եւ Յարուցեալ Փրկչի կենսատու հաւատքով. վերստին պայծառացան աստուածատենչ մատեաններէն աւետուող անվախճան ուրախութեամբ եւ երկնային իմաստութեամբ: Այնուհետեւ, վերածեցին խաչի նշանը ամէնօրեայ իրենց կեանքը ոռոգող, սնուցանող եւ պահպանող՝ անսահման սիրոյ, անսահման հաւատքի, անխորտակ կամքի եւ անսպառ ուժի աղբիւր:
Մեր սրբազան հայրերը ուսուցին մեզի, թէ մեր անհատական կեանքին մէջ պէտք չէ վախնալ մարդկանց մեր հանդէպ ցուցաբերած նախանձէն, ատելութենէն եւ չարիքներէն: Անոնք՝ անցնելով ընդ հուր եւ ընդ սուր, կտակեցին գալիք դարերուն եւ բոլոր հայորդիներուս՝ մեր հաւաքական կեանքին մէջ պէտք չէ յուսահատիլ եւ ընկճուիլ մեր նուիրական առաքելութեան ճամբու վրայ անխուսափելիօրէն մեզի սպասող՝ յաճախ մեր ճակատներն ու սիրտերը արիւնող փուշէ պսակներէ եւ թունաւոր նետերէ:
Վերջապէս, պէտք չէ վախնալ պայքարէ, ցաւէ, տառապանքէ ու մանաւանդ մարմնաւոր մահէ, որովհետեւ մեր Տիրոջ անժամանցելի պատգամն է. «Մի՛ վախեցէք նրանցից, որ մարմինն են սպանում, բայց հոգին սպանել չեն կրնար» (Մտ 10.28), որովհետեւ Գողգոթայի խաչելութենէն եւ խաւար գիշերէն յետոյ է, որ միայն կը բացուի Յարութեան լուսապայծառ եւ վարդահեղեղ առաւօտը:
Այո՛, միայն այն ազգերը իրաւունք ունին ապրելու եւ յաւերժանալու, որոնք գիտեն քայլել Խաչի ճանապարհով՝ հասնելու անմահութեան (Կորիւն Արք. Պապեան, «Հոգեմատեան. բանաստեղծութիւններ, հոգեւոր խորհրդածութիւններ, Հայ Եկեղեցւոյ լուսապսակ սուրբեր», տպուած Անթիլիաս, 2018, էջ 154-163):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ
Ընկերամշակութային
- 12/03/2024