ՅԱԿՈԲ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ. ՄՌԱՅԼ, ԱՆՀԵՐՔԵԼԻ, ԲԱՅՑ՝ ՀՈՂԵՂԷՆ ԵՒ ՅՈՒՍԱՏՈՒ
Ուղիղ տասը տարի առաջ՝ 2013 թուականին Հայաստանի մէջ մահացաւ մեր ժամանակներու հայ լաւագոյն արուեստագէտներէն Յակոբ Յակոբեան: Ան 90 տարեկան էր՝ վաստկած էր արուեստագէտին տրուող բոլոր կոչումները, ունեցած էր ճանաչում, փառք, գնահատանք, մեծարում եւ մահացաւ իր սիրելի հայրենիքին մէջ, ուր սփիւռքէն եկած էր ապրելու տակաւին 39 տարեկանին: Մահացաւ իր արուեստանոցին մէջ. վայր մը, ուր ստեղծագործած էր յիսուն եւ աւելի տարիներ՝ ստեղծելով յակոբեանական արուեստը, որ, Հայաստանի մէջ արարուած ըլլալով՝ համաշխարհային ժառանգութեան մաս դարձած է… Իր արուեստանոցին դուռը միշտ բաց էր, ան սիրուած էր շատերու կողմէ եւ միշտ ունէր այցելուներ, որոնք վարպետին խօսքը լսելու համար կը բանային այդ դուռը…
Այս տարի Յակոբ Յակոբեանի 100-ամեակն է, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ բացուած է անոր «Հոգու հայելի» խորագրով ցուցահանդէսը: Աշխատանքները ներկայացնելէն զատ այս ցուցահանդէսը յարգանքի տուրք է մեծ նկարիչին, որ մինչեւ իր կեանքի վերջը անդաւաճան մնաց կերպարուեստին, մտաւորականի կերպարին եւ իր հայրենիքին ու ժողովուրդին:
Իր արուեստով Յակոբ Յակոբեան ստեղծած է Հայաստանի ինքնատիպ պատկերը. անոր ձեռագիրը անհնար է շփոթել մէկ ուրիշ արուեստագէտի ձեռագրին հետ: Յակոբ Յակոբեան վառ գոյներ չէ գործածած իր նկարչութեան մէջ, միշտ նկարած է գորշ, հողագոյն, խամրած կարմիր կամ չոր դեղին գոյներով: Այդ երանգներո՛վ ան զգացած է մարդը եւ իր շրջապատը:
Հիմա, երբ կը նայինք մեր իրականութեան, կը տեսնենք, որ ժամանակ առ ժամանակ, երբ ամէն ինչ գորշ եւ մռայլ գոյներու մէջ կ՚ըլլայ, մեր առջեւ կը պատկերանայ Յակոբ Յակոբեանի ստեղծած ա՛յդ Հայաստանին պատկերը: Բայց միեւնոյն ժամանակ, Յակոբ Յակոբեանի նկարներու ամուր, կտրուկ եւ վճռական տեսարանները, նկարներուն մէջ հազիւ երեւցող խարշամած կարմիրն ու խարտեաշը կարծես յոյսի կաթիլներ ըլլան համատարած խոժոռի մէջ:
Առիթով մը ես Յակոբ Յակոբեանին հարցուցած եմ, թէ ինչո՞ւ ան կը նկարէ անգոյն պատկերներ եւ մռայլ երեւոյթներ, վարպետը պատասխանած է, որ կարմիր, կապոյտ, կանաչ եւ միւս վառ գոյներով անկեղծ չի կրնար արտայայտել իր զգացածը, ուստի երկու-երեք գոյներով միայն աւելի բնական ու հանգիստ կը զգայ իր զգացողութիւնները փոխանցելուն մէջ: Ան կը պատասխանէր, որ ատոնք են իր գոյները եւ մարդիկ կ՚ընդունին ատիկա: Եւ իրապէս, անոր նկարչութիւնը տարիներու ընթացքին ընդունուած, փառաբանուած եղած է: Տեսակէտներ կային, որ այդ գոյները նկարիչը Հայաստան բերած է իր ծննդավայր Եգիպտոսէն, ուր բարկ արեւին տակ բնութիւնը խամրած գոյներ կը ստանար, ուր անծայրածիր տափաստաններ ու փոշոտ բացաստաններ կան… Ամէն պարագայի, փաստ է, որ մինչեւ այդպիսի գոյներով նկարչութիւն ստեղծելը՝ Հայաստանի մէջ ոչ ոք ունեցած է նման գունային մտածողութիւն: Մինչեւ Յակոբ Յակոբեանի արուեստը, օտարներ Հայաստանը գիտէին Մարտիրոս Սարեանի վառ ու ջերմ գոյներուն միջոցով, եւ հայաստանցիներն ալ իրենց հայրենիքի գեղարուեստական պատկերը ճանչցած են սարեանական տեսարաններով: Բայց եկաւ Յակոբ Յակոբեանը եւ իր թափանցիկ ու հատու կերպարներով կերտեց հայկական իրականութեան մէկ այլ դէմք: Այդ դէմքը որքան ալ մելամաղձոտ է, բայց եւ այնպէս, իրական է ու անհերքելի: Առիթով մը ան նաեւ ըսած է. «Հայաստանը անվերջ նիւթ է նկարչի մը համար. ամէն մէկը իր գոյնը կը վերցնէ: Ես վառ գոյներու նկարիչ չեմ»:
Հայաստանի սահմաններէն դուրս Յակոբ Յակոբեան նոյնպէս ճանչցուած էր: Ճանչցուած էր ինչպէս իր հայրենիք Եգիպտոսի, այնպէս ալ՝ ուրիշ երկիրներու մէջ, ուր մշտապէս բացուած են անոր ցուցահանդէսները: Մինչ Հայաստան հայրենադարձուիլը՝ նկարիչը արդէն անուանի արուեստագէտ էր, որուն աշխատանքներէն քանի մը հատը տեղ գտած էին Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիայի գեղարուեստի թանգարաններուն մէջ: Նոյնիսկ Եգիպտոսի մէջ, ուր ան ունեցած է լաւ մանկութիւն, կրկին յուսահատ մարդիկ, թշուառ կենցաղ եւ լքուած եւ ամայի վայրեր նկարած է: Ի՞նչն էր արդեօք ատոր պատճառը, մի գուցէ ծնողքին եւ հայրենակիցներուն պատմած պատմութիւնները իր ազդեցութիւնը ձգած են մանկական ներաշխարհին վրայ, որ յետոյ դարձած են գեղարուեստական նկարներ… Բոլոր վայրերը, ուր ապրած է Յակոբ Յակոբեան, եղած են հայերու ճակատագրերը խտացնող քաղաքներ եւ ամէն տեղ ան լսած է անցեալէն եկող վիշտի ձայները:
Իր դպրոցական կրթութիւնը նկարիչը ստացած է Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ, ուր զանազան երկիրներէ հայեր միատեղած էին իրենց ընդհանուր անցեալը:
Երբ 1960-ականներուն հայրենադարձած է Հայաստան, հակառակ որ Հայաստանի համար բարենպաստ ժամանակներ էին, նկարիչը տեսած է տրտմութիւն, միայնութիւն… մարդու ներանձնական կսկիծը, մորմոքը անտարբեր չեն ձգած անոր ստեղծագործ ոգին եւ ան արտայայտած է արուեստի միջոցով: Մինչ Հայաստան գալը, Յակոբ Յակոբեան իր տասը լաւագոյն գործերը արդէն ղրկած էր Հայաստանի Ազգային պատկերասրահ եւ այդ գործերով ալ նախ մասնագէտներ ճանչցած են զինք, յետոյ՝ արուեստասէրը ծանօթացած է իր տաղանդաւոր հայրենակցին:
Հինգ տարի բնակած է Կիւմրի, այնուհետեւ՝ մինչեւ կեանքին վերջը՝ Երեւան:
Հայաստանի բացայայտումը Յակոբ Յակոբեան սկսած է Կիւմրիէն. Կիւմրին այդ տարիներուն լուռ, հանդարտ քաղաք մըն էր՝ անցեալի բեռով եւ խորհրդային համակարգի ծանր ազդեցութեամբ: Այդ պայմաններուն ենթարկուած էին նաեւ բազմաթիւ հայրենադարձներ, որոնք 1940-ականներէն սկսեալ կը բնակէին այդ քաղաքին մէջ: Յակոբ Յակոբեան ճիշդ է՝ չէ կրած հայրենադաձներու զրկանքները, սակայն միշտ կը զգար դուրսէն եկածի համար համակարգին հանդէպ օտարութիւն մը, որ շօշափելի էր: Ան Եւրոպա երթալու բազում առիթներ ունեցած է, սակայն նախընտրած է մնալ հայրենիքի մէջ, ուր ալ երջանիկ էր, որ կ՚ապրէր արուեստով, ազատ ստեղծագործական կեանքով, ունէր լաւ ընտանիք, նուիրուած եւ գնահատող ընկերներ եւ ամենակարեւորը՝ իր արուեստը արժեւորող արուեստասէր:
Յակոբ Յակոբեանի յոբելենական ցուցահանդէսին մեծ աջակցութիւն բերած է ընտանիքը՝ դուստրը՝ Նորա Յակոբեան եւ այրին՝ Մարի Յակոբեան:
Սիրելի կինը միշտ տեղ գտած է իր նկարներուն մէջ: Ան իր կինը պատկերած է կանացի զանազան իրավիճակներու մէջ: Մեծապէս գնահատելով ամուսինին արուեստը՝ Մարի Յակոբեան մշտապէս քաջալերած է անոր: Եւ օր մըն ալ ինք փորձած է նկարել: Յակոբ Յակոբեան կ՚ըսէր, որ երբ իր կինը օր մը փափաք յայտնած է նկարել, ինք միայն ուրախացած եւ վրձին մը տուած է անոր: Եւ զարմանալիօրէն տեսած է, որ կինը շատ լաւ կը նկարէ: Ապշած է, հիացած է, յետոյ ուրիշներ ալ ըսած են, որ նկարիչին կինը շատ լաւ կը գծէ, նոյնիսկ աւելի լաւ՝ քան ինք՝ Յակոբ Յակոբեան: Այդ հանգամանքէն նկարիչը ո՛չ թէ նեղուած, այլ՝ հպարտացած է: Ըսած է. «Ի՜նչ կ՚ըլլայ, շատ մարդիկ ինձմէ լաւ կը նկարեն, միայն կինս չէ»: Նոյնիսկ ամուսինի մահէն ետք Մարի Յակոբեան չէ դադրած ապրիլ անոր արուեստով, կազմակերպած է յետմահու ցուցահանդէսներ, ընտանիքը օժանդակած է հրատարակել վարպետի յօդուածներու եւ հարցազրոյցներու երկհատորեակը՝ «Ուրախութեան եւ տխրութեան խօսքեր» խորագրով: Իր արուեստն ալ կարծես նոյն բնաբանով ստեղծուած արուեստ է՝ ուրախութիւնը կը յաջորդէ տխրութեան, ճերմակը սեւին եւ իր նկարներուն ուշադիր նայողը անոնց մէջ կը տեսնէ յուսադրող եւ սրտապնդող ըսելիքը, առանց որու անհնար է կեանքը:
Մահէն անմիջապէս ետք Յակոբ Յակոբեան իր «Սիրոյ պարտէզ» շարքին համար յետմահու արժանացած է Հայաստանի նախագահի մրցանակին:
ՔԱՆԴԱԿՆԵՐԸ
Շուրջ քառասուն տարի աշխատելով վրձինով եւ կտաւով, անցեալ դարու 80-ական թուականներուն Յակոբ Յակոբեան դիմած է քանդակի ժանրին եւ ինքզինք դրսեւորած է նաեւ արձանագործութեան մէջ: Ան սկսած է մետաղեայ իրեր, գործիքներ, ուրիշ լրացումներ, կտորներ իրար փակցնել եւ ստանալ իւրայատուկ արձաններ: Նկարած է նաեւ իր ստեղծած այդ քանդակները, որոնք նոյնպէս կը ցուցադրուին 100-ամեակի ցուցահանդէսին:
Յակոբ Յակոբեան մետաղեայ այդ արձանները կը նկատէր ապրող եւ շնչող էակներ: Հարազատները կը պատմեն, թէ կարծես գտած էր նոր խաղալիքներ, որոնցմով կը խաղար, կ՚ուրախանար, նոր ձեւեր կու տար անոնց: Քաջալերած են նաեւ արձանագործ ընկերները, ըսելով, որ այդ ժանրին մէջ ան նոյնպէս զանազանուող ձեռագիր ունի:
Յակոբ Յակոբեանի ցուցահանդէսը տակաւին բաց է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ: Յատկանշական է, որ ցուցահանդէսի ազդագրին վրայ կայ անոր նշանաւոր նկարներէն մէկը, որուն մէջ մարդը կը խնամէ բոյսը, կեանք կու տայ նորածիլ բոյսին, իսկ շուրջը ամայութիւն է: Մարդը մերկ է, ան նոյնիսկ հագուստ չունի, բայց կը հաւատայ նոր կեանքին: Մեծ արուեստագէտները մարգարէներ են. կարծես արցախցիի այսօրուայ կերպարը ըլլայ այդ նկարին մէջ. իրենց հայրենիքէն փախած բազում արցախցիներ այժմ կը փայփայեն կեանքի ծիլերը, հաւատալով, որ ամայութիւնը օր մը պիտի լեցուի կեանքի գոյներով…
ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑՆԵՐԷՆ
- «Երբ հասանք Կիւմրի եւ ինքնաշարժին մեջ նստած մեր նոր բնակարանը կը տանէին մեզ, աչքերս բացած, ըսենք՝ չորս աչք դարձած՝ կը նայէի, թէ Կիւմրի քաղաքին մէջ որեւէ նկարելու բան կա՞ր ինծի համար: Առաջին հանդիպած փոփոխութիւնը այն էր, որ ես տեսնէի՝ նոր միջավայրը ինծի յատուկ պիտի ըլլա՞յ, պիտի մերուի՞մ, եւ տեսայ տուֆակերտ, հին, սեւ Կիւմրին: Քարքարոտ այդ տուները, որ տեսայ, ըսի՝ ուրեմն ես այստեղ նկարելու բան ունիմ: Առաջին օրնիսկ, Կիւմրիի մէջ, գացի նստայ փողոցի վրայ տեղ մը եւ սկսայ նկարել: Անմիջապէս շուրջս մարդիկ հաւաքուեցան, տեսողութիւնս գրեթէ փակելու չափ, անոնց համար տարօրինակ էր, որ մէկը նստած կը նկարէ: Կ՚ուզեմ ըսել, որ առաջին պահուն, որ ոտքս դրի Հայաստան, զիս հարց մը կը յուզէր՝ գոյութիւն ունի՞ այն նկարը ինծի համար, որ պիտի նկարեմ, եւ արդէն բոլորովին նշանակութիւն չունի՝ մե՞ծ արուեստանոց կ՚ըլլայ, կա՞յ արուեստանոց, տունին մէկ անկի՞ւնն է, կարեւորը այդ նկարը գտնելն է:
«Անշուշտ, շատ կը փափաքէի Երեւան ապրիլ, նախ եւ առաջ հոն պաշտելի վարպետ Սարեանն էր, որովհետեւ Նկարիչներու միութիւնը Երեւան էր, մայրաքաղաք է, ընկերներ կային՝ Մինասը, նշանաւոր նկարիչ Կալենցը, հայ նկարիչներ, կ՚ուզէի անոնց հետ ըլլալ, անոնց մօտ ըլլալ: Դժբախտաբար, հինգ տարի սպասեցի, երեւի կը տնտղէին, կը մտածէին: Օր մըն ալ Գերագոյն խորհուրդի երեսփոխան ընտրեցին, թէ ի՞նչ կապ ունէի այդ Գերագոյն խորհուրդին հետ, չեմ գիտեր, երեւի առաջին քայլն էր, որ իրենք կ՚ընէին՝ ինծի Երեւան բերելու համար, բնակարան ալ տուին ի վերջոյ: Յատուկ բողոքելու պատճառ չեմ ունեցած, որովհետեւ առաջին օրէն սկսած եմ նկարել, յետոյ սկսայ շրջաններ երթալ Նկարիչներու միութեան խումբերուն հետ, շրջիկ արուեստանոցներ էին, այդպիսի հասկացողութիւն կար, եւ սկսայ աւելի շատ շփուիլ Հայաստանի բնութեան հետ: Կ՚երազէի՝ ինչպէս Սարեանը Հայաստանը նկարած է, ես ալ կարողանայի Հայաստանը նկարել: Այդպէս սկսաւ իմ կեանքս: Եգիպտոսի մէջ գրեթէ առիթ չէ եղած բնանկար նկարելու, քիչ մը վտանգաւոր էր՝ նախապաշարումներ… Եթէ ոեւէ մէկը փողոցը նկարեր կամ, մանաւանդ՝ օտարական, ան անմիջապէս կ՚ընկալուէր իբրեւ մէկը, որ լրտես է կամ հետախոյզ, այսպիսի բան մը: Բայց չզարմանաս, որ Հայաստանի մէջ ալ այդպէս եղած է, եթէ մարդ մը կ՚երթար տեղ մը նկարելու, մարդիկ տեսակ մը կասկածանքով կը մօտենային: Հետաքրքրական բան էր, երբ կը հարցնէին ինչի՞ համար կը նկարես, կ՚ըսէի հաճոյքիս համար, չէին ընկալեր, ես ալ չէի գտներ պատասխան մը, որմէ ետք զիս հանգիստ ձգէին»:
- «Ինծի համար նկարչութեան առաջին նիւթը մարդն է, մարդու կերպարն է, յետոյ՝ բնանկարը այդ մարդուն քով: Ես մարդ կը նկարէի, մարդուն բնորոշ տեսակ կը սիրէի նկարել: Ատիկա բացատրելը բաւական բարդ է, բայց կարելի է բացատրել. խե՛ղճ մարդը, մարդու խե՛ղճ տեսակը կ՚ազդէ վրաս, ոչ թէ առողջ, չաղ, այլ նիհար, խեղճացա՛ծ մարդու կերպարը զիս կը յուզէ, ինչո՞ւ է այդպէս, չեմ գիտեր: Կը կարծեմ՝ ես ալ խեղճ էի»:
- «Մինչեւ 40 տարիքս ապրած եմ արտասահմանի մէջ, ամենամեծ երազը, որ ունեցած եմ կեանքիս մէջ, հայրենիք գտնելն էր, Հայաստան գալն էր, չգիտնալով անգամ, որ Խորհրդային Հայաստան ըսուածը ի՛նչ է: Ես երազած եմ գալ հայրենիք եւ եկած եմ: Այսօր, այսքան տարի ապրելով երկրիս մէջ, կը տեսնեմ, որ կարծես հիմա լեզու, հայրենիք, պատմութիւն իրենց իմաստը կորսնցուցած են, այսինքն՝ յենարան չեն ապրելու համար, մարդը շատ դիւրութեամբ լեզուն կը փոխէ, շատ դիւրութեամբ երկիրը կը փոխէ, չես կրնար ըսել՝ ինչո՞ւ կը ձգես քու երկիրդ, ինչո՞ւ կը փոխես լեզուդ, անունդ… Ամէն մարդ ազատ է ապրելու՝ ինչպէս որ ինք կը փափաքի: Դժբախտաբար, ես այսպէս չէի կրնար մտածել 40, 50 տարի առաջ, բայց հիմա կը տեսնեմ՝ եթէ երկրին մէջ օրէնսդիր մարմինը կը յայտարարէ, որ օրէնքները չեն գործեր, եթէ գործադիր մարմինը կը յայտարարէ, որ փտածութիւն կայ երկրին մէջ, միւս կողմէն ոչ ոք կը դատուի, չտեսանք օր մը մարդասպան մը կամ յանցագործ մը բռնուի կամ դատուի, բնականաբար, նկարիչը ի՞նչ կարող է ընել: Նկարիչը ընդամէնը կը նկարէ, ուրիշ բան չի գիտեր ընել»:
*
ՅԱԿՈԲ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՎԵՐՋԻՆ ԳՐՈՒԹԻՒՆԸ
Եթէ կայ բան մը, որ ես ամբողջ հոգիով կը փափաքէի ունենալ՝ պետութիւն մըն է, որ աշխարհի ամբողջ հայութեան համար դառնար մագնիս մը, ձգողական ուժ մը, ամբողջ հայութեան համար ուժ մը, որ դէպի հայրենիք քաշէր դարերու ընթացքին կուտակուած ուժը, եռանդը, միտքը, երազը: Իր շուրջ հաւաքէր հայրենի հողին վրայ. այն ատեն մենք պիտի ունենայինք գեղեցիկ, առողջ, ուժեղ եւ ուրախ երկիր մը՝ մեր հայրենիքը, ուր ոչ միայն հայերը երջանիկ պիտի ապրէին, այլ օտարներն ալ պիտի ձգտէին դէպի մեր գեղեցիկ երկիրը՝ ուրախանալու, սորվելու եւ օգտուելու:
«Մշակոյթի բարձրագոյն արտայայտութիւնը պետութիւնն է: Մշակոյթը միշտ ազգային է… Իւրաքանչիւր մարդու ներսը առկայ «պետը» իր ես-ի գերադրական աստիճանն է: Ըլլալ «պետ» իր անձի, ընտանիքի, սերունդի, իր զբաղմունքի, ստեղծագործութեան, պահուածքի… Ըլլալ պիտանի… Եւ բոլոր «ես-պետեր»ու հանրագումարը վիթխարի ուժ է՝ հայրենիքի, ազգայինի, տեսակի պաշտպանութիւնը…:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան