«ԿՏՈՐ ՄԸ ԿՏԱԿ» ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՂՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Երեւանի մէջ վերջին օրերուն բացուեցաւ «Կտոր մը կրակ» խորագրեալ ցուցահանդէս մը, որ կազմակերպուած է Հայաստանի Երիտասարդական հիմնադրամի եւ Երեւանի Գեղարուեստի պետական ակադեմիոյ ուսանողական խորհուրդի համատեղ նախաձեռնութեամբ։ Հայաստանի Նը-կարիչներու միութեան երդիքին տակ բացուած այս ցուցահանդէսը համատեղած է երիտասարդ արուեստագէտներու ստեղծագործութիւնները։ Ձեռնարկի հանդիսաւոր բացման մասնակցութիւն բերին Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։
Յովիկ Աբրահամեան ցուցահանդէսի բացման ընթացքին ծանօթացաւ Երեւանի Գեղարուեստի պետական ակադեմիոյ գեղանկարի, կրաֆիքի, քանդակի բաժիններու ուսանողներու աշխատանքներուն։ Այս ցուցահանդէսը միեւնոյն ժամանակ մրցոյթի մը բնոյթը ունի մասնակիցներուն համար։ Յովիկ Աբրահամեան բարձր գնահատեց այս ցուցահանդէսին շրջագծով ներկայացուած երիտասարդ արուեստագէտներու աշխատանքները եւ մասնագիտական հմտութիւնները։ Ողջունելով այսպիսի ծրագրի մը իրականացումը՝ վարչապետը շեշտեց, որ կառավարութիւնը երիտասարդներու կողքին է ու պիտի շարունակէ աջակցիլ տաղանդաւոր երիտասարդներու կրթութեան ապահովման եւ մասնագիտական զարգացման։
Իր կարգին, Երեւանի Գեղարուեստի պետական ակադեմիոյ վերատեսուչ Արամ Իսաբէկեան շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետին՝ երիտասարդ ստեղծագործողներու կողքին ըլլալու, անոնց աջակցելու, զանոնք խրախուսելու, ինչպէս նաեւ Երեւանի Գեղարուեստի պետական ակադեմիոյ դահլիճի վերակառուցման համար ցուցաբերուած աջակցութեան կապակցութեամբ։
Իր կարգին, Հայաստանի Երիտասարդական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի համակարգող Կարէն Աւագեանն ալ նշեց, թէ տարեկան այս ցուցահանդէսը առանձնայատուկ տեղ մը ունի երիտասարդական ձեռնարկներու շրջագծով եւ արդէն արհեստավարժ բնոյթ մը կը կրէ։ Կարէն Աւագեան ընդգծեց, որ նման ձեռնարկները հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն բացայայտելու, ինչպէս նաեւ աւելի ճանաչելի դարձնելու տաղանդաւոր երիտասարդ ստեղծագործողները։