«ՅՈՅՍԻ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆ» ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ՁՕՆՈՒԱԾ ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ ՇՐՋԱԳԾՈՎ
Երեւանի «Չայքովսքի» երաժշտական միջնակարգ մասնագիտական դպրոցի սաները նուագեցին «Նուիրէ կեանք» հիմնադրամի շահառու երախաներուն համար։ Արամ Խաչատուրեանին ձօնուած միջազգային փառատօնի շրջանակներէն ներս, մեծանուն երգահանի Երեւանի տուն-թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ այս համերգը, որ անուանուած էր «Յոյսի երաժշտութիւն»։ Յայտագրին շրջագծով հատուածներ հնչեցին Արամ Խաչատուրեանի մանկական ալպոմներէն։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի երիտասարդական նուագախումբի գեղարուստական ղեկավար Սէրկէյ Սմբատեան լրջօրէն կարեւորեց նման համերգի մը իրականացումը։ Ըստ իրեն, «Նուիրէ կեանք» հիմնադրամին հետ իրենք արդէն ունին երկար համագործակցութեան անցեալ մը, շատ նախագծեր իրականացուցած են, սակայն այս համերգը սովորական ձեռնարկ մը չի համարուիր։ Արամ Խաչատուրեանի ձօնուած փառատօնի շրջանակներէն ներս իրականացուած է այս համերգը, շատ կարեւոր է, որ Հայաստանի մէջ կայ նման փառատօն մը ու կայ նման հիմնադրամ մը, որ մտահոգ է երախաներու ապագայով, ճատակագրով։