ՇԱՒԱՐՇ ՄԻՍԱՔԵԱՆԻ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆՆԵՐԷՆ՝ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ՄԷՋԲԵՐՈՒՄՆԵՐ
Հայ գիրի ու մշակոյթի նուիրեալ վաստակաշատ խմբագիր Շաւարշ Միսաքեանի խմբագրականները կը կարդացուին՝ պատմական յօդուածներու նման: Անոր հրապարակագրական ինքնահաստատումը կը սկսի 1908 թուականին, երբ Զապէլ Եսայեանի, Գեղամ Բարսեղեանի եւ Վահրամ Թաթուլի հետ կը ձեռնարկէ Պոլսոյ «Ազդակ» շաբաթաթերթի հրատարակութեան։ Արեւմտահայոց մամուլի եւ հրապարակագրութեան մէջ երկար ճանապարհ անցած մտաւորականը մասնաւորապէս աշխատակցած է «Դրօշակ»ին, «Ռազմիկ»ին եւ «Ազատամարտ»ին, Կարնոյ «Յառաջ»ին։ Բայց 1925 թուականին, Փարիզի մէջ իր հիմնած «Յառաջ» օրաթերթը եղած է այն գլխաւոր հարթակը, որուն վրայ ազգային, քաղաքական, հասարակական հարցերով նիւթեր ու խմբագրականներ հրապարակած է:
Շաւարշ Միսաքեանի «Յառաջ»ի մէջ զանազան տարիներու ընթացքին լոյս տեսած՝ այսօր մեր ներկայացուցած երեք խմբագրականները (ջնջին յապաւումներով) նուիրուած են հայ հոգեւորական դասու երեք նշանաւոր անուններու:
ԳԱՐԵԳԻՆ ԲԱՆԱՍԷՐ
Եւ կամ վարդապետ գիտութեանց։
Ուրիշ որեւէ տիտղոս այնքան հարազատօրէն պիտի չպատշաճէր Գարեգին Արք. Յովսէփեանին, որուն յոբելեանը կը նշուի Փարիզի մէջ՝ նախաձեռնութեամբ Կիլիկեան Ընդհ. Միութեան։
Արդարեւ, իր բազմամեայ եւ բազմակողմանի գործունէութեան վրայ ամենէն շատ կը տիրապետէ այս արժանիքը. տքնաջան աշխատաւոր հայկական մշակոյթի։ Ուրեմն վաստակաւոր գիտութեանց։
Աբեղայութեան շրջանէն մինչեւ կաթողիկոսութիւն, երիտասարդութենէն մինչեւ խոր ծերութիւն՝ յոբելեարը չընկրկեցաւ այս ճամբէն՝ հակառակ անհնարին դժուարութեանց։
Պատկառելի դէզ մը կը կազմեն իր պրպտումները, ուսումնասիրութիւնները, սեւագրութիւններն ու հրատարակութիւնները՝ հայերէն, ռուսերէն եւ գերմաներէն։
Իր գլխաւոր մասնագիտութիւնը պիտի մնայ հայկական մանրանկարչութեան եւ մատենագրական արուեստի գիտական փաստացի ուսումնասիրութիւնը՝ թանկագին գիւտերով։
Հարկ է զինք անձամբ տեսնել իր աշխատանոցին մէջ՝ չափելու համար իր պաշտամունքին խորութիւնը այդ գետնին վրայ։
Ալեփառ ծերունին բառին բուն իմաստով կ՚ապրի, կը վերանայ, երբ լուսաբանութիւններ կը հաղորդէ այցելուին՝ իրարու ետեւէ քակելով, սեղանին կամ տախտակամածին վրայ փռելով շարք-շարք թղթածրարներ։ Խնամքով դասաւորուած նկարներ, ձեռագիրներ, սեւագրութիւններ կամ փաստաթուղթեր։
Հարցում մը հեռուէն-մօտէն եւ լուսաբանութիւնները իրարու կը յաջորդեն։
Անբաւական համարելով բերանացի բացատրութիւնը՝ տեղէն կ՚ելլէ, կը բանայ այսինչ դարակը կամ ծրարը եւ վերլուծումներ կը կատարէ թերթ առ թերթ, տող առ տող։
Դարաւոր թռչնագիր մը, աղօտ պատկեր մը, վանքի մը, վանականի մը ուրուագիծը, մոռցուած դպիրի մը ձեռագիրը կ՚երիտասարդացնեն զինքը։ Փայլ կու տան իր աչքերուն, նաեւ մտքին եւ շարժուձեւերուն։
Այդ պահուն, իսկապէս կը հաւատաս, թէ իր իտէալն է Անթիլիասը դարձնել հայկական մշակոյթի կեդրոն մը կարելի ճոխութեամբ եւ արդիական կատարելութիւններով։
Եւ անձկութեամբ կը մաղթես, որ թէեւ «լի ամօք», ամբողջապէս նուիրուի այդ ծրագրի իրականացման՝ ուրիշներուն ձգելով թեմական-վարչական տաղտուկները։
Բարեբախտաբար, իր շուրջը չեն պակսիր պիտանի տարրեր, երիտասարդ վարդապետներ եւ եպիսկոպոսներ, ինչպէս ազգ. ժողովներ, այդ հոգերը ստանձնելու համար։ Մանաւանդ որ, Սուրիա-Լիբանան բազմահայ թեմը շատոնց ունի իր կազմական կանոնագիրը՝ հիմնուած Պոլսոյ ազգային սահմանադրութեան վրայ։
Այն ատեն, կարգ մը թիւրիմացութիւններ ալ ինքնին պիտի փարատէին՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը հայկական արտասահմանի համար դարձնելով իրապէս կեդրոնաձիգ բեւեռ մը։
Գարեգին Կաթողիկոսի անկեղծ բարեկամները սրտանց շնորհաւորելով իր մշակոյթի ճակատին վրայ բազմարդիւն վաստակը, կը մաղթեն, թէ աւելի պայծառանայ մթնոլորտը՝ ապահովելու համար իր հիմնական ծրագրին յաջողութիւնը։
Բոլորն ալ հասարակ դպրեվանքէ մը աւելին կը սպասեն Անթիլիասէն։ Աւելի լոյս եւ աւելի հարազատ, ինքնուրոյն գիծ։
(…)
Անթիլիասին կ՚իյնայ (…) դառնալ ազատ եւ կենդանի վառարան մը տարագիր բազմութեանց մշակոյթին համար՝ ինչպէս Վենետիկն ու Վիեննան։
Կաթողիկոս-իշխանաւորը չէ, որ պատմութեան պիտի անցնի, այլ վաստակաւոր մշակը, Գարեգին բանասէր, վարդապետ գիտութեանց եւ վարպետ-լուսաւորիչ հայկական մանրանկարչութեան։
24 յունիս 1952
ՓԻԼԻՍՈՓԱՅ ՎԱՆԱԿԱՆԸ
Շատ բան գրուեցաւ Դուրեան Պատրիարքի մասին, անոր քահանայութեան յիսնամեայ յոբելեանին առթիւ։
Գրի առնուեցան երկարապատում կենսագրականներ, գովասանական տաղեր, ուղերձներ։ Նոյնիսկ ոտանաւորներ։ Իրարու ետեւէ շարուեցան ձուլածոյ, գոց եղած բառեր ու բացատրութիւններ, որոնք տող կը լեցնեն, բայց բան չեն ապացուցաներ։
Հարկ է ճշդել որ, ամէն բանէ առաջ փիլիսոփայ մըն էր հանգուցեալ Պատրիարքը։ Բանաստեղծ, մատենագիր, դաստիարակ, բայց ոչ հանրային-քաղաքական կեանքի մարդ, ինչպէս սահմանուած էին ըլլալու պատրիարքները։ Գիտուն մը, որ կը սիրէր խորասուզուիլ մատենադարանի մը խորը, անդադար պրպտել, սերտել ու խոկալ։ Եւ ատով իսկ, դատապարտուած ամլութեան, գոնէ բաղդատելով իր արժանիքին կամ ուրիշներու հետ։
Պարապ տեղը չէր որ, տարիներ առաջ, Պոլսոյ մէջ, իր երեսին նետեցին «քանքարաթաքոյց»ը։ Եղիշէ արք. փափկութեամբ կը բողոքէր այս ակնարկին դէմ, յոբելեանի տօնակատարութեան առթիւ, չափազանցեալ համեստութեան շարժուձեւ մը փորձելով։
Իբրեւ փիլիսոփայ, սկեպտիկ մըն էր կրօնական տեսակէտով ալ։ Բանաստեղծ, գիտնական եւ յետոյ շաբաթապահ Տիրան Չրաքեանը, անբա՜խտ Ինտրան, իր վերջին տարիներուն, բաւականաչափ ուղղափառ չէր գտներ Դուրեան եպիսկոպոսը, Պէրպէրեան վարժարանի դասերուն ատեն…
Եւ շատերու միտքէն կ՚անցնէր թէ՝ արդեօք տասն անգամ աւելի արդիւնաւոր պիտի չըլլա՞ր հանգուցեալ Պատրիարքը եթէ իր գլխուն վրայ ունենար աշխարհական գլխարկ մը, փոխանակ վեղարի։
Ամէն պարագայի մէջ, կը թուի թէ «Եկեղեցւոյ հայր»ը կամ Պատրիարքը աւելի քիչ տեղ պիտի բռնէ պատմութեան մէջ, քան փիլիսոփայ-դաստիարակը, բանաստեղծը, կամ բանասէր-գիտունը։
Իսկական վանականն էր Դուրեան արքեպիսկոպոս, կամ ճեմարանականը։ Այն միստիկ շունչը որ կայ իր վրայ, աւելի կամ պակաս վարակած է նաեւ իր կարգ մը աշակերտները։ Հեղգ եւ մելամաղձիկ, ան իր շրջապատին կը ներշնչէր կրաւորականութիւն ամէն բանի հանդէպ։ Նոյնիսկ հանրային կեանքի ժխորին մէջ։ Կարծես կապ չունէր առօրեայ անցուդարձին հետ, կամ չունէր հաւատք իր դերին վրայ։
Այս գիծը մասնաւորապէս երեւան ելաւ իր պատրիարքութեան շրջանին, թէ՛ Երուսաղէմի եւ թէ մանաւանդ Պոլսոյ մէջ։ Առաջինը՝ ըլլալով վանական պաշտօն, աւելի կը յարմարէր իր խառնուածքին, քան երկրորդը, որ կը պահանջէր կորով եւ գործօն դեր։ Վարելու եւ կազմակերպելու կարողութիւն։
Միւս կողմէ, բանաստեղծ էր, բայց ոչ Խրիմեան։ Ինչպէս որ գիտուն էր, բայց ոչ Օրմանեան (իբրեւ քաղաքական ազդակ)։ Կեանքի բոլոր ասպարէզներուն մէջ, փիլիսոփան եւ անյագ ընթերցողը կը տիրապետէին իր վրայ եւ կը ջլատէին որեւէ թռիչք, աշխոյժ կամ տարականոն գիծ։ Արմաշէն Պոլիս եւ Պոլիսէն Երուսաղէմ հաշուելով իր ամենէն հասուն շրջանը՝ մատենադարանն է որ կը պտտի, կը ծփայ, կը ծաւալի իր բոլորտիքը եւ ոչ թէ աշխարհը, կեանքը, գործը։
Այս նկատողութիւնները չեն կրնար նսեմացնել բուն Դուրեանը, մտքի մարդը, որ կրնար ասպարէզ կարդալ միջազգային իմացականութիւններու։ Մտքի մարդը, այնքան խորաթափանց, բազմակնճիռ եւ ներհուն, բայց միանգամայն մատչելի նոյնիսկ դպրոցական սերունդին։
Արդարեւ, հանգուցեալը ոչ միայն երգեր ու գիրքեր է գրած, աւելի շատ գրած քան տպած այլեւ սերունդ կրթած։ Թերեւս վերջինն էր մեր գրաբարի մասնագէտներուն, որոնք անհետացան իրարու ետեւէ։ Հեղինակութիւն մը լեզուի եւ պատմութեան, բանասիրութեան եւ մատենագրութեան։
Դուրեան Պատրիարք, իր յոբելեանին առթիւ, չուզեց տէր ըլլալ իր մեծագոյն տիտղոսին, մտքի մարդուն, եւ բաւական համարեց միայն քահանայական կոչումը, քրիստոնէական խոնարհամտութեամբ։
Այս ալ, ինքնին, փիլիսոփայութի՞ւն մըն է, որ սակայն չի կրնար արգիլել մեզ՝ Դուրեանի մահը ողբալու, ամէն բանէ առաջ, իբրեւ մտքի մարդ։ Իբրեւ բանաստեղծ, մատենագիր եւ դաստիարակ։ Եւ իբրեւ իմացականութիւն մը որ կրնար ճառագայթել շատ աւելի բարձր հորիզոնի մը վրայ։
Իր կորուստով կը բացուի լայն պարապ մը մեր մտաւոր անդաստանին մէջ, ուր այնքան սակաւաթիւ են իրական ուժերը, արժէքները, իսկ այնքան բազմաթիւ եւ բազմազան՝ միջակութիւնները։ Շատոնց է որ, այս ասպարէզին մէջ ալ, իրարու ետեւէ կը մաշին, կը նօսրանան եւ կ՚իյնան մեծ դէմքերը, հեղինակութիւնները, կաղնիները, մէջտեղ ձգելով թուփեր եւ մացառներ։ Յաճախ փուշ եւ տատասկ։
4 մայիս 1930
ԹՈՐԳՈՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Բազում տեսակէտներէ ուշագրաւ դէմք մըն էր Թորգոմ Արք. Գուշակեան՝ Երուսաղէմի պատրիարքը։ Նախ իբրեւ կղերական, յետոյ իբրեւ հաւատաւոր մշակ մը դպրութեանց։
Հանգուցեալը մէկն էր Օրմանեան արք.ի առաջին տասը ձեռնասուններէն, որոնք հրապարակ նետուեցան 1895-96-ի ջարդերէն անմիջապէս վերջը, հիմնական դաստիարակութիւն մը ստանալէ ետք։
Որքան գիտենք, ինք աւելի շատ Դուրեան արք.ի ներշնչումներով տոգորուած էր եւ երկար ատեն մնաց վանքին մէջ, պրպտելու եւ սերտելու համար, առաջնորդական պաշտօն ստանձնելէ առաջ։ Աւելի հասուն տարիքին մէջ ալ, միշտ կ՚ոգեկոչէր Դուրեանը, թէեւ չունէր անոր ո՛չ նուրբ խառնուածքը, ոչ ալ իմաստասիրական խորութիւնը։
Երիտասարդութեան շրջանին, աւելի ազատամիտ կ՚երեւար քան աւելի վերջը, մանաւանդ Եգիպտոսի առաջնորդութեան եւ Երուսաղէմի պատրիարքութեան շրջանին, երբ արդէն դարձած էր «իշխան եկեղեցւոյ»։
Այս եզրակացութեան յանգելու համար, կը բաւէ բաղդատել իր «Խրիմեան Հայրիկը» եւ, օրինակ, «Սիոն»ի խմբագրականները եւ ուրիշ արտայայտութիւններ։ Տեսակ մը դարձ՝ դէպի պահպանողականութիւն, եթէ ոչ դէպի կղերապետութիւն։
Արդեօք ասո՞ր համար է որ իր ձեռնադրած վարդապետներն ալ, գոնէ անոնք որ ծանօթ են մեզի, կը փայլին տեսակ մը կրօնամոլութեամբ, ամէն լոյս եւ ամէն վաստակ վերագրելով Աստուծոյ եւ եկեղեցւոյ։
Կղերապետական այս գիծը բացորոշ կ՚երեւար նաեւ Աստուածաշունչի 1500-ամեակի տօնակատարութեան առթիւ, իր յայտնած գաղափարներով, բանավէճերով եւ հրատարակած «Յուշարձան»ով։
Երէկ ստացանք «Սիոն»ի վերջին թիւը (1939 Փետրուար), ուր իր խմբագրականը -թերեւս վերջինը- նոյն ոգին կը մատնէ «Ազգապահպանման խնդրին առթիւ»։
Հատուած մը, պատահաբար.
«Այս սկզբունքը իբրեւ կեդրոնական կէտ անգամ մը ընդունելէ, այսինքն իբրեւ կրօնական կամ եկեղեցական հասարակութիւն միայն ապրիլ կարենալնիս հասկնալէ վերջ, դժուար չըլլար ճշդել գործին կազմակերպական մանրամասնութիւնները, ի նկատի ունենալով ազգային ոգիին պահպանութեան եւ բարգաւաճման պահանջը եւ տեղական պետական օրէնքներու ըստ կարելւոյն պատշաճելու հարկը»։
Կրնայինք աւելի պերճախօս օրինակներ յիշել, բայց մեր նպատակը չէ բանավէճ յարուցանել դագաղի մը առջեւ, այլ երեւան հանել գիծ մը որ կը տիրապետէր Թորգոմ արք.ի գործունէութեան վերջին շրջանին վրայ։
Այստեղ մեր նիւթէն դուրս կը մնայ հանգուցեալին առաջնորդական եւ վարչական գործունէութեան քննութիւնը։ Կը բաւէ ըսել որ, եթէ այնքան բուռն վէճեր ծագեցան Եգիպտոսի առաջնորդութեան շրջանին, մէկ պատճառն ալ դարձեալ Թորգոմ արք.ի կղերամտութիւնն էր։ Եւ կամ փառասիրութիւնը։ Ամէն պարագայի մէջ, արդար պիտի չըլլար բոլոր մեղքերը բեռնաւորել իր ընդդիմադիրներուն վրայ։
Բարեբախտաբար, երկար չտեւեցին այդ վէճերը, եւ անցեալ տարի, երբ առաջնորդը Եգիպտոս կ՚այցելէր այս անգամ իբրեւ պատրիարք, իր շուրջն ստեղծուեցաւ համերաշխութեան մթնոլորտ մը։ Այն աստիճան որ, «Սիոն»ի նոյն խմբագրականին մէջ հանգուցեալ պատրիարքը հետեւեալ յորդորը կը կարդայ. «Եգիպտահայութիւնը կրնայ այս մասին օրինակ հանդիսանալ ամբողջ Սփիւռքին»։
Վերջին տարիներու ընթացքին Թորգոմ արք. տեսակ մը փոխանորդն էր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան։ Էջմիածին իր միջոցաւ կը հաղորդէր զանազան հրահանգներ, եւ Երուսաղէմի պատրիարքը անոնց գործադրութեան կը հսկէր տառապէս։ Եւ «Սիոն»ի մէջ ալ, յաճախ կը ջանար պարտկել կամ չքմեղացնել ըմբոստացուցիչ իրողութիւններ, փոխանակ արտայայտելու կամ լսելի դարձնելու ազատ արտասահմանի մտածումները։
Միջանկեալ ըսենք որ Թորգոմ արք. առանձին չէ այս մեղքին մէջ։ Տարբե՞ր դիրք բռնած է եւ կը բռնէ արտասահմանի բարձրաստիճան կղերը, նոյն կացութեան հանդէպ։ (…)
Ողբացեալ պատրիարքը եղաւ նաեւ հաւատաւոր մշակ մը դպրութեանց, իր պրպտումներով, ուսումնասիրութիւններով, ինքնագիր եւ թարգմանածոյ արտադրութիւններով, որոնց մէջ առաջին տեղը կը բռնէ «Խրիմեան Հայրիկ»ը։ Բանաստեղծութիւններ ալ կը փորձէր եւ մանաւանդ կը թարգմանէր. բայց ատոնք շատ բան չեն աւելցներ իր գրական բերքին վրայ։
Իբրեւ պատրիարք, եւ մանաւանդ յաջորդելով Դուրեան արք.ի, ինք ալ ուզեց դառնալ մղիչ ուժ մը՝ հայկական մշակոյթի զարգացման։ Իր առաջին գործն եղաւ «Դուրեան Մատենադարան»ին հրատարակութիւնը, եւ կը կարծենք թէ աւելին պիտի կրնար ընել, եթէ վանքը ծանրաբեռնուած չըլլար խոշոր պարտքով մը, իսկ ինքն ալ ուզէր աւելի լայն մտածել, գոնէ այնքան որքան Արմաշի մէջ։
Պատրիարքին հետ, մտքի մարդ մը, վաստակաւոր մըն է որ կը թաղուի Երուսաղէմի մէջ, այնպիսի ատեն մը երբ այնքան սակաւաթիւ են «ընտրեալները»։
14 փետրուար 1939
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 12/02/2024