ԿԱՂԱՆԴԸ, ԿԵՍԱՐԱՑԻՆ ԵՒ ԱՅԼ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ…

Կաղանդի օրեր են: Նոր տարին շուտով իր իրաւունքներու մէջ կը մտնէ եւ յոյսով կը լեցնէ բոլոր սպասող սիրտերն ու հոգիները: Աւանդական Կաղանդը միշտ սիրելի է. կառչելով մեր նախնեանց աւանդութիւններուն եւ մեծերու խորհուրդներուն՝ աւելի գօտեպնդուած կը զգանք նոր օրերուն ընդառաջ: Հայերս աւանդապաշտ ժողովուրդներէն ենք, իսկ մեր աւանդութիւնները մեր հարստութիւնը կը սեպուին: Կաղանդին առընչուող նախնեաց ամէն բան սիրելի է, առաւել մեծ նշանակութիւն կը ստանայ, երբ օրերը սմքած եւ վհատ կը թուին: Համատարած բարոյալքումի այս ժամանակներուն կը սորվինք փորձառուներէն, ուժ կ՚առնենք մեծերէն եւ մեր աւանդութիւնները ամուր պահելու կը ջանանք:

***

Հինէն ի վեր Կաղանդին կ՚առընչուի Սուրբ Բարսեղ Կեսարացիի տօնը, որուն մասնայատուկ նշանակութիւն կու տային մանաւանդ կեսարացի հայերը:

Կեսարիոյ յուշամատեանի մը մէջ կը կարդանք, որ դեկտեմբերի 31-ի գիշերը աղքատիկ տղաք, հաւաքուելով՝ խումբ առ խումբ հարուստներու տուները կը շրջէին, կամ աւետիս կը պտտէին՝ մաղթելով «Նոր տարի եւ բարի Կաղանդ»: Տղաք, օգտուելով տուներուն հողէ եւ քարէ շինուած եւ տանիքներներուն կղմինտր չըլլալէն, կը շրջէին տուներու վրայ եւ չուանի մը ծայրը փոքրիկ զամբիւղ մը անցնելով տունին մէջ կը կախէին, ամէնքը միաբերան երգ մը կանչելով: Տան մեծը օրուան պտուղները եւ այլ բաներ զամբիւղը լեցնելէ վերջ՝ տղաք վեր կը քաշէին զայն, միեւնոյն արարողութիւնը երթալ կատարելու համար քովի տուներուն: Կարգով կը շրջէին եւ բարիքներով լեցուն զամբիւղներ կը ժողվէին: Ընդհանրապէս շատ բնակավայրերու մէջ եղած է այս սովորոյթը, բայց այդ մէկը առաւելապէս տարածուած էր մանաւանդ կեսարացիներու մէջ:

Պատմագիրները, կեսարական այս սովորութիւնը նկատի առնելով, կը գրեն, թէ յոյներն ալ ունին այս հին սովորութիւնը, սակայն անոնք միշտ եւ ամէնուրեք նոյն երգը երգած են, մինչդեռ հայ մանկանց տարեգլխու նախերգանքն ու անոր արարողութիւնը ըստ տեղւոյն եւ պարագային առաւել կամ նուազ կը տարբերի:

ԲՈԿԵՂԸ ԵՒ ԿԱՂԱՆԴԸ

Այսօր Թուրքիոյ, ինչպէս նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու մէջ նախաճաշի համար թխուող բոկեղը (սիմիթ) նոյնպէս հայոց մէջ Կաղանդին առընչուող հաց մը եղած է: Բոկեղը Կաղանդի առթիւ սեղանին կը դնէին՝ չոր պտուղներու, ցորենէ եփուած ճաշերու, անուշեղէնի հետ:

Կաղանդի օրուան առաջին գիշերը, Կեսարիոյ մէջ հին ատեն սենեակին մէկ անկիւնը կլոր սեղանի մը կամ ափսէի մը վրայ, ճաշէն ետք կը սկսէին շարել ամէն տեսակ պտուղներ ու մեծ պնակներով արմտիք: Ասոնց վրայ կը դնէին 4-5 հատ կլոր բոկեղներ: Պտուղներուն մէջտեղը յատկապէս եկեղեցիէն բերուած մեծ մեղրամոմ կը վառէին: Յետոյ, պառկելէ առաջ տունին մէջ եղողներէն ամէն մէկը սեղանին վրայ կը դնէր իրեն պատկանած առարկայ մը, ինչպէս մատանի, կոճակ, մատնոց, բանալի եւ առաւօտուն ելլելով կը վազէին նայելու համար, թէ արդեօք իրենց դրած առարկան տեղափոխուե՞ր կամ շարժե՞ր է դրուած տեղէն: Անոնք կը հաւատային, թէ գիշերանց հրեշտակը անցնելով, անոնց դպած էր: Եւ որուն դրած առարկային դպած էր հրեշտակը (կամ տունէն չարաճճի մէկը), չափազանց բախտաւոր էր եւ եթէ ամուրի աղջիկ էր, անպատճառ բախտը պիտի բացուէր:

Կեսարացիք նաեւ այնպէս կը հաւատային, թէ այդ գիշերը ժամ մը կայ, ուր աղբիւրներու ակէն փոխանակ ջուր վազելու, ոսկի կը վազէ, ուստի առաւօտ ըլլալէն քանի մը ժամ առաջ, տնեցիներէն կատարեալ երիտասարդ մը, ջուրի սափորը ուսին, եւ սեղանի վրայի բոկեղներէն մէկը առնելով աղբիւր կը դիմէր (շրջակայ գիւղերու մէջ աղջիկներն ալ աղբիւր կ՚երթային): Սափորը լեցուած ատեն, բոկեղը աղբիւրին ծորակին անցընելով կ՚ըսէր. «Առ բոկեղը, տուր ջուրը», եւ կը սպասէր, որ ամանը ամբողջովին լեցուէր, մէկ կողմէն աղօթելով. «Դուն առատ կը հոսիս, մեզի ալ բախտ բանաս», եւ միւս կողմէն ջանալով, որ բոկեղը յափշտակել չտայ, որովհետեւ ուրիշներ խումբով կը սպասէին հոն: Եթէ յաջողէր՝ լաւ, այդ ազատած բոկեղը կը բերէին տուն, պատէն կը կախէին եւ մինչեւ յաջորդ տարուան Կաղանդը կը մնար այդպէս: Երբեմն մեծ կռիւներ կը պատահէին բոկեղը յափշտակել չտալու համար: Եւ այդ պարագային դժբախտութիւն մըն էր տունին համար եւ մեծ ամօթ՝ աղբիւր գացողին:

Կեսարացի նշանաւոր բանասէր, մատենագէտ, բանահաւաք Տրդատ Եպիսկոպոս Պալեան իր գրութիւններուն մէջ կը պատմէ, թէ շրջակայ գիւղերուն մէջ Կաղանդի սեղանին վրայ ընտանիքի ամբողջ անդամներէն իւրաքանչիւրը մէկ-մէկ մոմ կը վառէր, եւ տան մէջ գտնուող տարէց կինը գաղտնի կերպով իւրաքանչիւրին վառած մոմէն անոնց պատին վրայ պատկերացած շուքերուն ուշադրութեամբ կը նայէր: Շուքին մէջ որուն որ գլուխը կ՚երեւէր, ատիկա նոյն տարուան մէջ շատ մը յաջողութիւններ տեսնելու հաւանականութիւն ունէր, իսկ անոր որ գլուխը շուքին մէջ որեւէ կերպով մը չէր երեւեր, անիկա նոյն տարեշրջանին մէջ վնասներու պիտի ենթարկուէր:

Նոյն Կեսարիոյ յիշատակարանէն կը տեղեկանանք, որ Անդր-Արգէոսեան շրջանին մէջ, ուր կեանքը աւելի պարզ եւ բարքերը աւելի նահապետական էին, աւելի պարզութիւն եւ միաժամանակ գեղեցկութիւն կար Կաղանդի սովորութիւններուն մէջ:

Էվէրէկ գիւղաքաղաքի կողքը Չոմախլու պզտիկ գիւղին մամիկը, ըստ սովորականին, արշալոյսին ոտքի էր, եւ երիցս խաչակնքելէ ետքը, առանց մէկու մը խօսելու, նախ կը կաղանդէր անասունները, այդ օրը բացառաբար երկու անգամ ջրելով զանոնք: Յետոյ ուղղակի կը փութար գետ, ափով ալիւր-պուլղուր կու տար ջուրը եւ քթին տակէն ուղերձ մը մրմնջելով կը դառնար տուն, կ՚արթնցնէր տնեցիները եւ կ՚ողջունէր զանոնք. «Իշխանաւոր Նոր տարի եւ բարի Կաղանդ» ըսելով: Տնեցիք, մեծ ու փոքր, կը համբուրէին մամիկին ձեռքը եւ եկեղեցիէն վերջ իւրաքանչիւրը մամիկէն կը ստանար իր կաղանդչէքը, որ կ՚ըլլար չամիչ, թուզ, փշատ, շաքար, պաստեղ, քէթէ, ռուփով թարխանայ, բոլորն ալ՝ առատ-առատ:

Տնեցիներու շնորհաւորութիւններէն ետք, այլր մարդիկ ամբողջութեամբ աջ-համբոյրի կ՚երթային օրուան քահանային, վարժապետին եւ գիւղապետերուն:

Էվէրէկի մէջ գրեթէ նոյնն էր սովորութիւնը: Դեկտեմբերի 31-ի իրիկունը անոնք պտուղի սեղան մը կը շտկէին եւ Կաղանդի առաւօտուն ծերուկ մամիկը հաց կը տանէր աղբիւրը եւ դուռը կը ձգէր, որպէսզի ջուրը կաղնտէ: Այս հացը ուրիշ մէկը կ՚առնէր եւ անասուններուն կու տար եւ այսպիսով կը կաղնտէր զանոնք:

Բոլոր գաւառին մէջ այն համոզումը ունէին, թէ այդ օրը եկեղեցի գացողը ամբողջ տարին ամէն օր եկեղեցի կ՚երթայ, ուստի Կաղանդի առտուն ամէնքն ալ կը շտապէին եկեղեցի երթալու: Նոյնպէս զարմանալի իրողութիւն մըն էր, որ կեսարացիք եւ մօտակայ գիւղերու բնակիչները կը հաւատային, թէ Կաղանդին կաղամախիները՝ գետեզրեայ բարտիները, իրարու ողջոյն կու տային:

Էվէրէկցիք Կաղանդի շնորհաւորութեան համար «Բարսեղ Հայրապետ բարեխօս ընա» արտայայտութիւնը կը գործածէին:

Այս ժողովրդական սովորոյթը ամրագրուած է նաեւ մեր եկեղեցական տօնացոյցին մէջ: Բարսեղ Կեսարացի Հայրապետի տօնը մեր եկեղեցին կը նշէ երկու անգամ՝ մէկ տասներկու Վարդապետներու տօնին հետ եւ մէկ ալ՝ յունուարի 1-ի մերձակայ շաբաթ օրը:

Բարսեղ Հայրապետը իր եղբայր Գրիգոր Նիւսացին եւ իրենց ընկեր Գրիգոր Նազիանզացին ծանօթ են «Կապադովկիական Հայրեր» ընդհանրական անունով եւ իրենց սրբութեամբ եւ մատենագրական մեծ վաստակով իբրեւ աստուածաբան մեծ մատենագիրներ եւ ուղղափառութեան ախոյեաններ Աթանասի եւ Կիւրեղ Աղեքսանտրացիի հետ արեւելեան եկեղեցիներու փառքը կը կազմեն: Անոնք թէ՛ Արեւելեան եւ թէ Արեւմտեան եկեղեցիներու համար հաւասարապէս մեծ վարդապետներ են: Բարսեղ Կեսարացիին կը վերագրուի պատկերակալի յայտնագործումը եւ իր անունը կրող պատարագի կազմումը։ Հեղինակ է մեկնութիւններու, դաւանաբանական գործերու, ճառերու, ներբողներու, քարոզներու, զրոյցներու ու նամակներու (մեզի հասած է 360-էն աւելի նամակ)։

Բարսեղ Կեսարացին ծնած է 330 թուականին՝ Կեսարիա, հինէն յայտնի քրիստոնէական եւ պատուական ընտանիքի մը մէջ: Իր սկզբնական ուսումը ստացած է նախ Կեսարիա եւ ապա՝ Պոլիս: Իր ուսումը վերոնշեալ ընկերներուն հետ, կը կատարելագործէ Աթէնք: Բարձրագոյն ուսում ստանալէ յետոյ կը վերադառնայ հայրենիք եւ ինքզինք կը նուիրէ վանական կեանքին: Որոշ շրջան այցելելով Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի վանական շրջանները եւ Սուրբ Երկրի սրբավայրերը, 358 թուականին վերջնականապէս կը հաստատուի Կեսարիայի Նիքսարի շրջակայքը, որպէս մենակեաց: Ան սարկաւագ ձեռնադրուած է Անտիոքի Մելիտոս պատրիարքէն: Գրիգոր Նազիանզացիի հետ ձեռնամուխ եղած է Պոնտոսի եւ Կապադովկիայի գաւառներուն մէջ առաքելական քարոզչութեան: Ընդառաջ երթալով իր քաղաքի եպիսկոպոս Եվսեբիոսի կոչին՝ 364 թուականին ան կը ձգէ իր ճգնարանը՝ Արիոսականներու դէմ պայքարին մէջ իր մետրապոլիտին օգնական ըլլալու համար:

370 թուականին, երբ կը վախճանի Եվսեբիոս Կեսարացին՝ անոր իբրեւ Կեսարիայի արքեպիսկոպոս կը յաջորդէ Բարսեղը եւ արդիւնաւոր գործունէութիւն կը ծաւալէ: Անոր մասին բոլոր վկայութիւնները կ՚ըսեն, թէ պերճախօս քարոզիչ, հմուտ հոգեւորական, խստաբիբ բարեկարգիչ եւ խստակենցաղ գործիչ էր: Ան, Սուրբ Աթանասի նման, շատ պայքարներ ունեցաւ ո՛չ միայն հերետիկոսներու եւ արիոսական, կամ ուրացող կայսրերու, այլ նաեւ մինչեւ իսկ Հռոմի, Աղեքսանդրիայի եւ Հայոց աթոռներուն հետ: Բարսեղ Կեսարացին բացառիկ կազմակերպչական յատկութիւններով օժտուած էր եւ իր այդ ջիղի շնորհիւ գրեթէ ինքը եղաւ արեւելեան վանական կեանքի հիմնադիրը, ուր տակաւին տեսականօրէն կը կիրառեն Բարսեղեան կարգերը եւ կանոնները:

Վանքերէն զատ աղքատներու եւ հիւանդներու համար բազմաթիւ բարեգործական հաստատութիւններ, երեխաներու համար դպրոցներ եւ որբանոցներ հիմնած է:

Իր հարուստ մատենագրութենէն նշանաւոր է Սուրբ Պատարագը, որմէ շատ տարրեր կը պարունակէ մեր պատարագը, «Վեցօրէք»ը, որ վեցօրեայ ստեղծագործութեան վերաբերեալ է եւ բաղկացած է ինը ճառերէ: Իր գրեթէ բոլոր գործերը, ոսկեդարէն սկսած թարգմանուած են հայերէն:

Հայ եկեղեցին միշտ սերտ յարաբերութիւններու մէջ եղած է Կապադովկիայի Աթոռի հետ, մանաւանդ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի օրերէն: Եւ Կեսարիան ալ, նշանաւոր ըլլալով իբրեւ հայաքաղաք, հոն ապրող հայերը կրած են բոլոր ազդեցութիւնները՝ իրենց սովորոյթներուն, առօրեայ եւ կրօնական արարողութիւններէն անպակաս եղած է Բարսեղ Կեսարացիի կերպարը, որոնցմէ մէկն ալ Կաղանդի առթիւ իր անունով տրուած մաղթանքներն էին հայոց մէջ:

ԿԱՂԱՆԴԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ

Գեղէն վեր, վախկոտութիւնը կը փախի բլուրներէն, անոնց կողերը կը լայննան ու կը հաստնան, ու անոնց գագաթի կոկիկ խորացումները կը բեկբեկին զարտուղի սլացքներէ:

Անոնք փէշերնին իրարու նետած, իրարու թեւ ինկած՝ կը քալեն, բաժնուած իրարմէ սեւ-սեւ գիծերով։ Այդ հեղեղատներուն խորը կ՚ապրին գետին բոլոր ջուրերը:

Անոնցմէ շատեր հիմա երկաթէ խողովակներուն գերութեանը տակ ստիպուած են հեռանալ ձորերուն հրապոյրներէն, գալու համար գեղ, աղտոտ քարերուն, աղտոտ լաթերուն վրայ պղտորելու իրենց արծաթ մաքրութիւնը։

Խնայուած են սակայն քանի մը աչքեր: -Աւետումին աղբիւրը, ուր կ՚երթայ գիւղացին լուալու իր հունտը, իր մաքիին պտուկները: Չմօտեցուող խորշերու մէջ նոր հարսեր իրենց արգանդը կը թրջեն անոր պաղուկ ջուրերէն:

Խնայուած է Վիճակին Աղբիւրը, գեղին շատ մօտ, ուր կը վազեն աղջիկները ծաղիկներ փետտելու, բախտ կարդալու, կաթ ու կարագ ուտելու։

Խնայուած է Կաղանդին Աղբիւրն ալ, ջուրերուն ամենէն հպարտը ու ամենէն բարբարոսը։

Ան ճիշդ բլուրին մէջքին կը բանայ իր աչքը, շրջապատուած ժայռերու եւ անթափանց մացառներու զրահէն։ Քանի՜-քանի անգամներ գիւղացին կրակ է նետած հոդ՝ մէջտեղ հանելու համար այդ վայրենի աղբիւրին մարմինը։ Սակայն աներեւոյթ ձեռք մը բոցին լեզուները կարմիր փունջերու պէս իրար է կապած, յատակի կանանչին վրայ թափած, մեռցուցած է զանոնք:

Մամուռներուն տակէն ջուրի անհամար թելեր իրենց անկողինը կը փորեն, աւազի հատիկներ կը գլորեն, պզտիկ դողեր կու տան եզերքի քնացող ծաղիկներուն ու կ՚երթան վար, իրարու միանալու քարէ գուռի մը մէջ։

Ու գուռէն ջուրը կ՚իյնայ միշտ վերապահ, միշտ խրտչող ալիքներով։

Լաւ համբաւ չունի այդ աղբիւրը։ Գեղէն հեռու, լերան շուքէն շարունակ ընկճուած, քիչ անգամ արեւ գրկելուն, ան չէ ճանչցած ուխտով աղջիկներուն սարսուռը, չէ գինովցած անոնց համով-համով երգերէն, չէ պագած հողէն ելած սունկի պէս ծիծերուն մանրիկ բերանները, մոմերուն ոսկին, խունկերուն բամպակը չեն կամարած անոր վրայ։ Ու բոլոր ոտքէ հեռու տեղերուն չար անունը փակած է իր ճակտին։ Հոն արծիւներ կը մեռնին ու գազաններ կը ծնին։

***

Աւանդութիւնը անոր կը կապէ սակայն հրաշքի յիշատակներ ու զարհուրելի մահեր։

Անոր բերնէն չես գիտեր որքան առաջ, բայց տարիին լուսնալիք իրիկունը ոսկի վազած է։ Դարձեալ տարիին լուսնալիք գիշեր, անոր ճամբուն վրայ գեղացի քաջերու կարմիր ոսկորներ տեսնուած են։

Ու այս ամէնը պատմուած կցկտուր բառերով, թերի պատկերներով, սարսափի խելայեղ հաճոյքի անցումներով պատած է լեզուէ լեզու։ Մաշած դիւցազնութիւններ, խեղդուած երջանկութիւններ իրարու յաջորդած են Կաղանդի հեքիաթներու մէջ։

Աղբիւրը միշտ երիտասարդ, միշտ վայրենի ու այլամերժ, կը մնայ սակայն միշտ ալ կենդանի ժողովուրդի հոգիին մէջ: Անոր կը հակին բոլոր խենթ երեւակայութիւնները, որոնք ոսկիին փառքը կը հեգեն իրենք իրենց:

***

Բոլոր ցիրուցան դրուագներէն հատ մը սակայն կը պատմուի տակաւին ամէն տարի Կաղանդի սեղանին շուրջը, մանաւանդ մասնակի շահեկանութեամբ մը, երբ դուրսը ձիւնն ու հովը իրարու հետ կը պլլուին։

Երիտասարդ տղայ մըն է աւանդութեան հերոսը:

Հեքիաթը տարտամ է անոր անձին շուրջը, չի գիտեր անոր անունը, աչքերուն գոյնը, բան չ՚ըսեր անոր հասակին ու լաթերուն վրայ։ Բայց աչքի ինկող կողմնակցութեամբ մը կու տայ անոր շատ մանր դիտուած նշանած մը՝ պերճ բառեր ունի աղջկան աչքերուն, մազերուն ու ֆիտանի պէս երկայն հասակին վրայ:

Կ՚ուշանայ պզտիկ մանրամասնութեանը մէջ անոր շնորհներուն. կը փայլեցնէ անոր մատները սուղ մատնիներով անոր մազերուն վրայ եռանկիւն համայիլը՝ ասոր պզտիկ ոսկիներուն պճլտուն երաժշտութիւնն անգամ նոթելով։

Հեքիաթը կ՚անցնի վար, կ՚առնէ անոր ուսերուն մարմարը, կը կաղապարէ անոր ջուխտակ ստինքները, ձիւն կը տեղայ երկու ծիծերուն հովիտին մէջ, ու կաթէ շինուած երկինքի մը պէս պատկերելէ վերջ անոր ծոցը՝ կը տխրի մէկէն, այդ երկինքին վրայ ոսկիէ մանեակի մը մահիկը աղերսելով։

Հեքիաթը քիչ-քիչ չարաճճի կը դառնայ։ Տօնին (Ծնունդ) կալերուն պարը կը բանայ մեր աչքին, աղջիկները գոյնզգոյն ծաղիկներու պէս կը փռէ ձիւնապատ կալերուն վրայ, զանոնք կը թռցնէ իրենց լաթերուն ծիածանին մէջ, իրենց ոսկիներուն լուսնկային մէջ:

Ու հեքիաթը կը ծիծաղի աղքատ երիտասարդին վրայ, որուն նշանածը ոչ ոսկի ունի, ոչ ալ Տօնի շրջազգեստ։ Դիւային է հեքիաթը, երբ երիտասարդին մտքին առջեւ կը պարզէ աղբիւրին հրաշքը, փարչերով ոսկին…

Ո՛չ մէկ բառ ձիւնին վրայ, որ ուրիշ պատմութիւններու նայելով ան տարին սկսի Ս. Յակոբէն դանդաղ, դանդաղ երերալէն, կը գոցէ քիչ օրուան մէջ տանիքներուն առուները, փողոցները ճերմակով կը պատնէ, բլուրներուն վրայ ծառերը կը թաղէ։ Ու հեքիաթը չար հեգնութիւնով մը Կաղանդ իրիկունով երիտասարդը փոխանակ մեռելտուն խթումի, շարականի ղրկելու, ճամբայ կը հանէ դէպի բլուրները, ուսին տուած փարչ մը, կէս գիշերուան ոսկիին սպասցնելու:

***

Կաղանդը կը ծնի։ Աղջիկները իրենց ոսկիները կախած՝ պուպուկ լաթերով ժամ կ՚երթան, ժամէն կը շտկին ազգականի տուներ, ձեռք պագնելու, պարգեւ դիզելու համար։ Կը պտտի անոսկի նշանածն ալ անօրինակ երիտասարդին, որ չէ դարձած աղբիւրէն:

Հեքիաթը հոս ոչինչ կ՚ըսէ տղուն վրայ, մինակ կը յիշէ Կաղանդի աղբիւրին մօտ ձիւնին մէջ խրուած փարչ մը, չուխայի մը սեւը, վարտիքի մը կապոյտը, գզգզուած ու ծուէն-ծուէն տարուած հովերէն:

Ու քանի մը ահարկու բառեր ունի, կարմրած ձիւնին վրայ, կարմիր ոսկրի կտորներ իրարմէ յափշտակելու զբաղած արծիւներու մասին, լայն-լայն կը բանայ անոնց թեւերուն կոր եռանկիւնը ու անոնց մագիլներուն խաչը արիւնոտ ձիւնին վրայ:

Հեքիաթը չի մոռնար նաեւ հեռաւոր, վայրագ ոգի մըն ալ աւելցնել պատկերին վրայ, ձիւնին մէջ կոկոզած գազաններուն եղերգութիւնը, որ հովին հետ ճիտ ճիտի կ՚երթայ հեռուները մեռնելու։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2024