«ԱՅԲ» ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԸ ԿԸ ԴԻՄԷ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ
Նիւեորքահայութեան առիթը տրուեցաւ ներկայ գտնուելու եւ տարօրինակ ձեռնարկի մը ականատեսը ըլլալու փորձառութիւնը ունենալու: Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) նախաձեռնութեամբ, Նիւ Եորքի ֆրանսական «Ալիանս» կաճառի սրահին մէջ կազմակերպուեցաւ հանդիպում մը, որու ընթացքին հակիրճ կերպով ներկայ հասարակութեան հրամցուեցաւ Հայաստանի «Այբ» կրթական հիմնարկին կատարած աշխատանքներուն մասին զեկուցում մը:
Նախ ըսենք, որ այս հիմնարկը պետական հաստատութիւն մը չէ, այլ նախաձեռնութիւնը ութ տեսլապաշտ հայորդիներու, որոնք մտահոգ Հայաստանի կրթութեան մակարդակէն ու աստիճանական անկումէն, ծրագրած են բարելաւել կրթական համակարգը, հիմնելով բարձրորակ ուսումնարաններ Հայաստանի ու Արցախի զանազան շրջաններու մէջ, մտատիպար ունենալվ արեւմտեան աշխարհի ու Ամերիկայի կրթական ծրագրերն ու դասաւանդութեանց յայտագրերը: Անշուշտ յանդուգն նախաձեռնութիւն մըն է այս, որուն յաջողութեան համար յանձնառու կ՚ըլլան նուիրեալ հայորդիները: Ութ յաջողած դէմքեր են անոնք՝ տնտեսագիտութեան ու այլ բնագաւառներու մէջ, որոնք աշխարհի զանազան շրջաններէն այդ երեկոյ հաւաքուած էին հոն, նոյն սրահին մէջ նպատակ ունենալով ներկայացնել հիմնարկին առաջադրութիւնները եւ դիմել ամերիկահայութեան նիւթական օժանդակութեան:
ՀԲԸՄ-ը յանձնառու դառնալով այս կրթական ծրագրին, ձեռք երկարած է անոնց: ՀԲԸՄ-ը՝ դեռ մինչեւ քսանամեակ մը առաջ, հաւատալով իր հիմնադիրներու տեսլականին եւ ապա միութեան իրերայաջորդ նախագահներու հայ դպրոցին նկատմամբ ունեցած խոր հաւատքին, ամէնուրեք բարձրացուցած էր իր վարժարանները: Ամէն ցամաքամասի վրայ ՀԲԸՄ-ը բացած էր կրթական իր հաստատութիւնները: Եւ, դժբախտաբար, այսօր, նոր ձեւ եւ որակ ստացած սփիւռքի մէջ, միութիւնը մէկ առ մէկ սկսած է փակել զանոնք, սկսելով Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութենէն: Ու այս ժամանակաշրջանին, երբ մեր արեւմտահայ լեզուն ու բարքերը սկսած են կորսուիլ, երբ արդէն աւանդական սփիւռքի գաղութները սկսած են ամայանալ իրենց հայութենէն ու տարտղնուիլ, երբ համակարգիչը սկսած է աւեր գործել ազգային մեր ըմբռնումներուն հանդէպ ու դեռ կազմուիլ սկսած են նոր համայնքներ: Եւ ի դէմ այս բոլորին, ի՞նչ տրամաբանութեամբ մենք կը ջանանք փակել կրթական մեր վարժարանները, մանաւանդ ՀԲԸՄ-ի պարագային, որ բարեբախտաբար տնտեսապէս կը մնայ հայ կեանքին մէջ միա՛կ հաստատուն կազմակերպութիւնը:
Բայց զարմանալի կը թուի երբ ՀԲԸՄ-ը զօրակցութիւն կը յայտնէ հայրենի, այլապէս օգտակար, «Այբ» կրթական հիմնարկին: Նախախնամութիւնը Բարեգործականը հաստատեց Հայ Սփիւռքի մէջ մօտ 110 տարիներ առաջ, հասնելու որքա՛ն այդ օրերու սովահար հայրենի ազգաբնակչութեան, նոյնքա՛ն առաւել գաղթահայութեան բիւր կարիքներուն: Հայաստանի կառավարութիւնն ու Կրթական նախարարութեան պարտականութիւնն է առաւելաբար հոգ տանիլ մեր հայրենիքին կրթական մակարդակի բարելաւումին: Խորհրդային օրերուն, հպարտութեամբ կ՚արձանագրէինք մեր վարժարաններուն ու Բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն յարատեւ մակարդակը, գրեթէ ամէն բնագաւառէ ներս: Հայաստանի երրորդ հանրապետութեամբ զգալի անկում մը արձանագրեց մեր կրթական ոլորտը: Ու ասոր պատասխանատու են անցնող քսանհինգ տարիներուն իշխանութեան եկած բոլոր քաղաքական պատասխանատուները: Ու ասոր որպէս արդիւնք, հայրենասէր, կրթանուէր այս ափ մը ազգայինները թելադրուած այդ տխուր պատկերէն ծնունդ կու տան «Այբ»ին:
Ուրախ ենք տեսնելու, որ Բարեգործականի այսօրուան ղեկավարութիւնը գլխաւորութեամբ իր նախագահին՝ Պերճ Սեդրակեանին, երկար ընդմիջումէ ետք, դարձեալ իր մտասեւեռումը սկսած է դարձնել կրթական գործը, յատկապէս Հայաստանի մէջ: Մենք վստահ ենք, որ այդ ղեկավարութիւնը տարիներու դաւալքին հետ երբ դառնան աւելի հասուն, պիտի վերադառնան միութեան կրթական աւանդութիւններուն ու դարձեալ իրենց ծրագրերուն կեդրոնացումը պիտի դարձնեն հայ դպրոցը, այս անգամ Սփիւռքի տարածքին: Որովհետեւ պիտի գիտակցին, որ կարելի չէ անտէր թողուլ հայ մանուկն ու պատանին, որոնք շուտով պիտի դառնան վաղուան մեր նոր սերունդը: Այս հեռանկարով ալ միութեան ներկայ ղեկավարութեան մէջ ունինք կրթանուէր, ազգային հարցերով մտահոգ երիտասարդ յաջողած սերունդ մը, որոնցմէ ոմանք լաւապէս դաստիարակուած են ազգային շունչով:
Ու այդ երիտասարդներէն է անկասկած Սարգիս Ճէպէճեանը, որ կատարեց օրուան հանդիսութեան բացումը, շնորհակալութիւն յայտնելով կատարուած գործին նկատմամբ «Այբ»ի պատասխանատուներուն սքանչելի գործը եւ կոչ ըրաւ մասնակից դառնալու անոր ընդարձակման գործին:
Հիմնարկի Հոգաբարձութեան խորհուրդին կողմէ հանդէս եկաւ Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Արամեան, որուն կրթական ծրագիրն է, որ կը կիրարկուի այսօր Երեւանի եւ Դիլիջանի վարժարաններէն ներս: Մինչեւ 2019 թուականի աւարտը նախատեսուած է ունենալ տասներեք նոր դպրոցներ Հայաստանի եւ Արցախի տարածքին: Ան տեսալսողական իր ներկայացումով համոզիչ կերպով տուաւ որքան կրթական ծրագիրը, նոյնքա՛ն եւ անոր ազգային դաստիարակութեան ուսուցումը, ունենալու համար հայաշունչ նոր սերունդ մը ապագայի համար: Պատրաստուած նոր դէմքեր Սփիւռքի հայկական վարժարաններ գործուղղելու հետագայ ծրագիրը եւս բանախօս Տէր Հայրը ներկայացուց, մանաւանդ երբ արդէն հայերէն լեզուի ուսուցման լուրջ խնդիրներ այսօր ակնյայտ կերպով սկսած են երեւան գալ գրեթէ իւրաքանչիւր հայ համայնքէն ներս:
Խօսք առաւ նաեւ Արամ Բաքչանեան այլ ծրագրերու մասին, որոնք կը նախատեսուին յառաջիկայ տարիներու համար: Զգալի է այս ափ մը ազգայիններուն ունեցած լրջութիւնը այս գործին նկատմամբ:
Նշմարելի է, որ այս բոլոր ապագայի յայտագրերուն հիմք կը կազմեն Արեւմուտքի եւ Ամերիկայի համալսարաններու եւ գոլէճներու դասաւանդութեանց ծրագրերը: Հայաստան մի՛շտ մնալով ռուսական քաղաքական տարածաշրջանին մէջ, երբ արեւմտամէտ նոր սերունդ մը ծնունդ կ՚առնէ, ինչպէ՞ս Ռուսաստան պիտի դիմաւորէ զանոնք: Եւ կամ, երբ «Այբ»ի վարժարաններէն շրջանաւարտներ իրենց բարձրագոյն ուսումը ուզեն շարունակել Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի կամ Անգլիոյ մէջ, եւ ուզեն վերադառնալ Հայաստան եւ չկարենան համապատասխան գործ ունենալ, եւ որոշեն մնալ Եւրոպա կամ Ամերիկա: Ձեւով մը պատրաստած պիտի ըլլանք երիտասարդ «ուղեղ»ներ օտարին համար... եւ անպայմանօրէն պիտի չակնկալենք, որ անոնք օգտակար կրնան ըլլալ հայութեան, անոնցմէ քիչեր՝ թերեւս: Այս հարցերուն համար պատասխաններ որոնելու են մեր սիրելի ութ կրթանուէր գիտնական ազգայինները:
Սակայն, այս ամբողջ բարձրաձայն մտածումներէն անդին, կը մնայ շնորհաւորել այս ծրագիրը: Մաղթել անկոտրում հաւատք իրենց գործին նկատմամբ:
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ