ԱՆՑԵԱԼԸ ԱՆՑԵԱԼԻՆ…
Ակնթարթի մը արագութեամբ վերջացաւ տարի մը եւս։ Ահաւասիկ ճամբաբաժան մը, ահաւասիկ հաշուեյարդարի ժամանակը։ Նոր տարին դարձեալ կը դիմաւորենք անցեալ տարիներու նեղութիւններէն, դժուարութիւններէն ձերբազատուելու յոյսով, ցնծութեամբ, ակնկալութիւններով։ Ամէնուրեք կը լսենք նոյն բարեմաղթանքը։ Կ՚ուզենք, որ ներկայ տարին անմիջապէս վերջանայ եւ անգամ մըն ալ չգայ։ Անպայմա՛ն պիտի երթայ, բոլորս գիտենք այս բանը, ամէն ինչ վերջ մը ունի, սակայն գիտենք նաեւ, որ անցեալ տարիներու նեղութիւնները միշտ աւանդուած են յաջորդներուն։ Այնուամենայնիւ, մարդկութիւնը չի խուսափիր միշտ լաւը յուսալէ, բարին ակնկալելէ։
2020-ը արար աշխարհի համար եղաւ աղէտարար, դժբախտութիւններով ու դառնութիւններով լի տարի մը։ Քորոնաժահրի համաճարակը, անկայուն տնտեսական իրավիճակը, սահմանափակումները մարդիկը դարձուցին ինքնակղզիացած ու անորոշութեան մէջ թաղուած։ Իրօք 2020 թուականը պատմականօրէն ծանր տարի մը եղած էր նաեւ հայութեան համար. Արցախի երկրորդ պատերազմը, հազարաւոր զոհերը, Հայաստանի մատնուած անկայուն վիճակը, անհետ կորսուածներու, ռազմագերիներու եւ պատանդներու անյայտ ճակատագիրը…
2021 թուականը տարբեր չէր նախորդ տարիէն։ Քորոնաժահրի համաճարակի ալիքը շարունակեց լափել բազում անմեղներ, պատերազմի տառապանքը, զոհուածներու, կորուստներու ցաւը այլեւս անկարելի դարձուցին ապրիլ առաջուան՝ անհոգ թուացող կեանքը։ Երբ մեր հոգիները խռոված են այս բոլորով, շրջապատուած ենք տարտամ վիճակի մարդոցմով, այլեւս անկարելի կը թուի երազել, յուսալ եւ «նոր»ին սպասել։
*
Մինչ ոմանք կը տխրին իրենց կեանքէն անցած եւս 365 օրերու համար, ոմանք ալ կը սպասեն 2022 թուականը՝ իրենց ցանկութիւններու եւ ծրագրերու իրականացման ակնկալութեամբ։ Բազմաթիւներ կեանքէն ակնկալիքներ ունին, կը կարծեն, թէ արժանի են լաւագոյնին։ Բայց արդեօք երբեք հարցուցա՞ծ են, թէ անոնք ի՛նչ կու տան կեանքին։ Նոյնիսկ երբ շուկայ երթանք, տուփ մը կաթի համար գին կը վճարենք, սակայն կը սպասենք մեր փափաքածներու մեզ «անվճար» մատուցիլը։ Կեանքին ոչինչ տալով բան մը ստանալու ակնկալութիւնը անարդարութիւն չէ՞։
Անցած է տարի մը եւս, յայտնի չէ, թէ ո՛վ, որքա՛ն ժամանակ ունի այս աշխարհին վրայ, բայց տարի մը եւս պակսած է մեր բոլորի կեանքէն։ Ի՞նչ ապրեցանք, ի՞նչ զգացինք, ի՞նչ ըրինք, ի՞նչ ըսինք, ո՞ր հանգրուանին հասանք… Կ՚արժէի՞ն անոնք… Ի՞նչ մնաց մեր մտքին մէջ, ի՞նչ ըրած ենք, ի՞նչ չենք ըրած։ Որքա՞ն զայրացած ենք, ծիծաղած կամ հաճոյք զգալով փակած ենք մեր աչքերը եւ ըսած՝ «ահաւասիկ խաղաղութիւն»։ Որքա՞ն վայելած ենք հաճելի խօսակցութիւններ։ Քանի՞ հոգի եկած ու գացած է մեր կեանքէն այս տարի։ Քանի՞ անգամ գրկած ենք մեր սիրելիները, կարօտա՞ծ ենք ոեւէ մէկը կամ ոեւէ մէկուն ըսա՞ծ ենք, որ կը սիրենք զայն։ Որո՞ւ բարկացանք կամ մենք ո՞վ բարկացուցինք, ո՞վ ուրախացուցած ենք եւ ո՞վ ուրախացած է մեր ներկայութեամբ։ Ե՞րբ առանձին մնացած ենք, ե՞րբ «լսեցինք» մենք մեզ…
Հիմա 2021 է տակաւին, ի հարկէ, աշխարհի վրայ շատ բան լաւ ընթացք չունի, սակայն կրկին մտածենք, թէ այսօր ի՞նչ մնացած է մեր մտքին մէջ, ի՞նչ կ՚ուզէինք ընել, ի՞նչ բան կը պակսի։ Կեանք կոչուած խաղը կրնայ վերջանալ որեւէ պահուն եւ վարագոյրները կրնան փակուիլ մեր երեսին։ Բոլորս կը փափաքինք, որ նոր տարին իր հետ նորութիւններ բերէ։ Սակայն, կամայ թէ ակամայ երբեմն կառչած կը մնանք անցեալէն։ Ինչո՞ւ, որո՞ւ համար։ Միայն այն պատճառով, որ մենք կ՚իյնանք ագահութեան ծուղակին, որմէ ազատելու միակ ճամբան ինքնաքննադատութիւնն է։
Բան մը, որու դէմ կը պայքարին շատ մարդիկ, ներառեալ նուաստս, անցեալը «ետին թողելն» է։ Կը կարծենք, թէ անցեալի իրադարձութիւններն ու զգացումները կրկնութիւն պիտի չունենան։ Մարդը մշտական կարօտ կը զգայ անցեալի նկատմամբ՝ մտածելով, որ չի կրնար հինին նման լաւ զգալ եւ իր կեանքին նոր ընդգրկուած մարդոց հետ չի կրնար լաւ ապրումներ ունենալ։
Եթէ անընդհատ կը խորհինք բանի մը մասին, որ աւարտած կը կարծենք, առիթ կը փնտռենք անոր մասին խօսելու համար, ապա վստահաբար աւարտած չէ։ «Անցեալը ետին թողել» երբեք չի նշանակեր ընդհանրապէս մոռնալ անցեալը։ Մարդիկ լուծում կը փնտռեն եւ կը փափաքին նոր բաներ ներգրաւել իրենց կեանքին, նոր ուղիներ կ՚որոնեն այս բոլորը ընելու համար՝ չխզուելով անցեալէն, քանի որ անցեալը կը ձեւաւորէ մեր ներկան ու ապագան։
Երբեմն կը կարծենք, թէ անցեալը մեր ետին թողած ենք եւ կրնանք նոր էջ մը բանալ։ Չեմ կարծեր, թէ կեանքի մէջ նոր էջ մը բանալ կարելի է, որովհետեւ երբ լեցուն էջ մը շրջենք, ետեւի մասը գրուածին հետքը կ՚երեւի։ Մենք ինչպէս որ վիրակապը հանելու ժամանակ կ՚երկմտինք, վերապահ կը գտնուինք, պատրաստ չենք զգար յանկարծ քաշելու զայն, այնպէս ալ կը շարունակենք անցեալին փարած մնալ տարբեր ձեւերով։ Այսպէսով մենք կը խուսափինք ցաւէն։ Բայց իրականութեան մէջ վայրկենական ու ահռելի ցաւէն կը թաքնուինք ու միայն ժամանակի ընթացքին տանելի կը դարձնենք զայն։
Կ՚ենթադրեմ, որ անցեալը մեր ետին թողելը կը նշանակէ հանգիստ ըլլալ զայն յիշելով, շփուիլ անոր հետ, չխնայել քաղցր ժպիտը, իսկ յետոյ թոյլ տալ, որ անցեալը նահանջէ մեր մտքի անկիւնը, ներքուստ ուժ գտնել անոր ժամանակ առ ժամանակ այցելելու, ողջունելու զայն ժպիտով, ապա շարունակել առօրեան։
*
Այն ինչ, որ մենք ապրած ենք՝ դրական թէ բացասական, կը մնայ մեր ետին։ 2021 թուականի մեր կորուստներն ու ձեռքբերումները հաւանաբար ազդեն մեր ամբողջ կեանքին վրայ։ Այնուամենայնիւ, կայ հանգամանք մը, որ կը պահպանէ իր մշտականութիւնը. շատեր դաս պիտի չքաղեն իրենց սխալներէն։ Անոնք պիտի շարունակեն կրկնել այդ սխալները յամառօրէն, անդադար… Անհրաժեշտ է իրադարձութիւնները դիտել մեծ պատուհաններէն։ Այսինքն՝ սորվիլ ու դասեր քաղել մեր փորձառութենէն, որ հիմք պիտի հանդիսանայ ապագայ ձեռքբերումներու համար։ Պէտք է տեսնել ու հասկնալ այս մարդկային կէտերը։ Եթէ տարին դիտարկենք որպէս մեքանիք իրադարձութիւն՝ Երկրի եւ Արեւի միջեւ, ի հարկէ, ոգեւորութեամբ, խանդավառութեամբ, յոյսով տօնելու ոչինչ կը գտնենք։ Բայց եւ այնպէս, եթէ փորձենք տարին դարձնել նոր կեանքի մը սկիզբի խորհրդանիշ, ապա տօնելու շատ բան կը գտնենք։ Յոյսն ու նոր ձգտումները կարեւոր կէտեր են, որոնք մարդոց կը յիշեցնեն «մարդկայնութեան» մասին։
Անցեալ տարիները բոլորին շատ բան սորվեցուցին։ Ամենէն կարեւորը՝ իմ հաշւոյս, սորված եմ շնորհակալութիւն յայտնել անցած բոլոր տարիներուն, քանի որ անոնք զիս մղեցին զգալ, թէ դեռ շատ բան ունիմ սորվելիք։ Սխալներուս եւ թերութիւններուս անդրադառնալով հասկցայ, թէ նոյնիսկ ամենադաժան ձմրան աւարտին գարունը գրկաբաց կը սպասէր ինծի։ Սորվեցայ համբերատար ըլլալու եւ սպասելու արժէքը։
Պահ մը մեկուսացայ, նահանջեցի, պարփակուեցայ իմ պատեանի մէջ։ Շրջապատէն հեռանալով փորձեցի ներթափանցել ներաշխարհս։ Երկար ժամանակ չէի կրնար մտերիմներուս մօտ մնալ։ Կը կարծէի, թէ «կապուած» ըլլալը աւելի առողջ է՝ քան «կախուածութիւնը»։ Փորձեցի նուիրուիլ աշխատանքի մը կամ նպատակի մը եւ երբեք չանտեսեցի միւս դերերս։ Բայց այնպիսի դերեր կը խաղայի, որ դժուարութեամբ կը վերագտնէի իմ իրական եսը։ Այս կէտին վրայ յոյսը փարոս մը եղաւ՝ տեսնելու համար անտեսանելին։ Յոյսը փափաքիլն է, ցանկութիւնները կատարելու նոր ուղիներ գտնելը եւ այդ ճանապարհէն «չշեղիլը»։ Այս իսկ պատճառով շատ կարեւոր է լիայոյս ըլլալ կեանքի դժուարութիւններուն դիմակայելու, անբարենպաստ պայմաններու բարելաւման եւ երազանքներու իրականացման համար։
Մարդ կը տարբերի միւս բոլոր արարածներէն՝ յուսալու ընդունակութեամբ։ Երբ մարդը կը հրաժարի նոր բան փնտռելէ, այդ ժամանակ կ՚իյնայ միապաղաղ աշխարհի մութ լաբիւրինթոսներուն մէջ։
Եկէք բոլորս գնահատենք անցեալ տարուայ ապրումները, ուսումնասիրենք մեր ապրելակերպը։ Այն ինչ որ կը նկատէք, պարզապէս բարձրաձայնեցէք ինքնըստինքեան։ Սա շատ կարեւոր զարգացում մը կ՚ըլլայ։ Բոլորս անպայման թերութիւններ ունինք։ Կարեւորն է մեր թերութիւններու գիտակցիլ ու ջանալ զանոնք վերացնել։ Չդադրինք յուսալէ, քանի որ յոյսը մեզ կ՚առաջնորդէ թօթափել անցեալի տառապանքը, ձախողումները, պարտութիւնները։
Շնորհաւոր Ամանոր…
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ