ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՆԵՐԱՌԵԼ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Փիլիսոփայութիւնը կը կողմնորոշէ մարդու աշխարհահայեացքը եւ իւրաքանչիւր տնտեսական ու ընկերային համակարգ, իրականութեան մէջ, հիմնուած է անոր վրայ։ Փիլիսոփայութիւնը մարդկային ամենավառ գաղափարներու արտադրանքներէն մին է։ Փիլիսոփայութիւնը կը զարգանայ իմաստութեամբ։ Արդարեւ, իմաստասիրութիւնն ու կրթութիւնը պէտք է փոխկապակցուած ըլլան, որովհետեւ իմաստուն միտքը կը թրծուի կրթութեամբ։

Փիլիսոփայութեան եւ կրթութեան հասարակաց կէտն է մարդը։ Փիլիսոփայական շարժումները մեծ ազդեցութիւն կ՚ունենան կրթութեան վրայ, իսկ համակարգ մը ստեղծելու ժամանակ փիլիսոփայութիւնը կ՚օգտագործուի՝ նպատակներն ու սկզբունքները որոշելու պարագային։ Մարդը միշտ կրթութեան կարիքը զգացած է եւ կրթութեան զանազան ձեւեր յառաջացած են ժամանակի պայմաններուն համապատասխան։ Այնպէս որ, կրթութեան այդ ձեւերը նպատակ ունէին անհատը դաստիարակել երբեմն որպէս քաղաքացի՝ կախեալ իշխանութենէ, իսկ երբեմն՝ որպէս ազատ մարդ, որ դէմ է իշխանութեան։ Կրթութեան ձեւերը ուսումնասիրելով կարելի է աւելի յստակ տեսնել այդ փոփոխականութիւնը։

Մարդը արտադրող է եւ որպէսզի արտադրունակութեան ուժը յաջողի, պէտք է աւելի թրծուի կրթութեան միջոցաւ։ Կրթութիւնը նախ կը յայտնաբերէ մարդու ստեղծագործական ընդունակութիւնները, այնուհետեւ կը նպաստէ անոնց զարգացման։ Ահաւասիկ, սա մարդոց եւ անասուններու միջեւ ամենակարեւոր տարբերութիւնն է։ Անասունները ի ծնէ կ՚ունենան այդ ընդունակութիւնները օգտագործելու բնազդը, մինչդեռ մարդկային կարողութիւնները ժամանակի ընթացքին եւ փորձառութեամբ կը ստացուին։ Մարդիկ կրթութեան կարիքն ունին այդ ընդունակութիւնները յայտնաբերելու եւ զարգացնելու համար։ Կրթութեան շնորհիւ մարդիկ կը կարողանան օգտագործել իրենց բնական կարողութիւնները եւ կրթութիւն ստանալով կը դառնան ազատ էակներ՝ այսպէսով ազատօրէն օգտագործել զանոնք։

Թէեւ այս մասին գոյութիւն ունին այլազան մեկնաբանութիւններ, սակայն պարզ է, թէ կրթութիւնը կը հետապնդէ երկու նպատակ. առաջինը՝ ձեւաւորել տուեալ հասարակութեան ընկերամշակութային կառուցուածքը, իսկ երկրորդը՝ այս մշակոյթը փոխանցել սերունդէ սերունդ։ Կրթութիւնը լաւագոյն միջոցն է բարոյական եւ թեքնիք արժէքներու յաջորդ սերունդներու փոխանցման գործին մէջ գիտելիքներն ու հմտութիւնները զարգացնելու։ Հետեւաբար, կրթութիւնը կարելի է դիտարկել՝ որպէս կրթական փաստերու, երեւոյթներու, մշակութային յարաբերութիւններու եւ սկզբունքներու կիրառման մեթոտներու ուսումնասիրում։

Պետութիւն մը, ի հարկէ, կրնայ եւ պէտք է քննադատուի իր կառոյցներու կողմէ մարդու իրաւունքներու խախտման պարագային, սակայն անընդհատ եւ անխաթար պէտք է ապահովէ բարոյական կրթութիւնը, մարդու իրաւունքներու ուսուցումը։ Հասարակութիւններու անդամներու ամենամեծ ակնկալիքը սորվիլն է։ Գիտակից քաղաքացին կրնայ բարին զանազանել չարէն։ Դաստիարակուած քաղաքացին ոչ մէկուն բեռը կ՚ըլլայ։ Ան կը դիտարկէ, կը հետազօտէ, լաւը կը պահանջէ։ Դաստիարակուիլը, որ կը սկսի ընտանիքէն ներս եւ դպրոցով կը դառնայ համակարգուած, առաւել արդիւնաւէտ կը դառնայ փիլիսոփայութեամբ։ Սա հիմնականին մէջ նորը սորվելու եւ անոր մասին մտածելու եռանդն է։ Պէտք է հասկնալ, թէ ի՛նչ թաքնուած է իրադարձութիւններու եւ ներկայացուած փաստերու ետին։ Փիլիսոփայութիւնը տրամաբանականօրէն եւ որոնումներու մէջ ապրիլն է, այլ ոչ թէ ասէկօսէներու կամ անհիմն լսումներու վրայ հիմնուիլը։

Փիլիսոփայութիւնը կը մնայ ցմահ եւ կրնայ աւելի շատ ներգրաւուիլ այժմու կրթութեան համակարգերուն մէջ։ Գիտելիքի նախապատճառը փնտռող գիտութիւնը կը նպաստէ քննադատական մտածողութեան, ինչ որ կը տանի մաքուր գիտելիքի։ Կրթութեան համակարգին մէջ կը բացակայի բարոյական ուսուցումը։ Կ՚ըսուի, թէ պէտք է հասցուին ստեղծագործ մարդիկ, սակայն ոչինչ կը կատարուի մարդոց բարոյական հմտութիւնները բարելաւելու համար։ Բարոյական կրթութիւնը ճանապարհ մըն է, որ անպայման, անխտիր պէտք է անցնին բոլորը։ Հիմնական կրթութիւնը պէտք չէ առաջնահերթօրէն կեդրոնանայ մասնագիտական ուսուցման վրայ։ Ոչ միայն համալսարանական, այլեւ մասնագիտական կրթութիւնը պէտք է ջամբուի մարդասիրական կրթութենէ յետոյ։

Այսօր անհրաժեշտ է ինչպէս կրթութեան համակարգին, այնպէս ալ ուսուցիչներու վերապատրաստման գործընթացին մէջ էական փոփոխութիւններ։ Երեխաները պէտք է սորվին մտածել դատելով եւ գիտելիքի հիման վրայ, որպէսզի ըլլան ինքնաբաւ ու նպաստեն հաւաքական զարգացման։ Առաջին հերթին երեխաները պէտք է սորվին մերժել ատելութիւնը, անբարոյ հռետորաբանութիւնն ու վարքը, խտրականութիւնը… Անոնց պէտք է սորվեցնել հանդուրժողականութիւնը, համբերութիւնը, յարգանքը եւ ամենակարեւորը՝ սէրը։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Մարտ 4, 2024