Կարճ Տեւողութեամբ Ժապաւէններու Մրցում` Հայաստանի Եւ Սփիւռքի Երիտասարդներուն Համար

Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կին ա­ռի­թով Ե­րե­ւա­նի Թատ­րո­նի եւ շար­ժա­պատ­կե­րի պե­տա­կան հիմ­նար­կը եւ Հա­մազ­գա­յին հայ կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին միու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պած են «Հայ­րե­րի հող» խո­րագ­րով կարճ տե­ւո­ղու­թեամբ ժա­պա­ւէն­նե­րու մրցում մը, ո­րուն հա­մար կա­րե­լի է դի­մում ներ­կա­յաց­նել մին­չեւ Ապ­րի­լի 25-ը:

Այս մրցու­մին նպա­տակն է խթա­նել ժա­մա­նա­կա­կից հայ ֆիլ­մա­րուես­տը, ա­ջակ­ցիլ ե­րի­տա­սարդ բե­մա­գիր­նե­րուն եւ բե­մադ­րիչ­նե­րուն: Հա­յաս­տա­նի եւ Սփիւռ­քի 18-28 տա­րե­կան հե­ղի­նակ­նե­րը պէտք է ներ­կա­յաց­նեն նա­խա­պէս չհրա­պա­րա­կուած աշ­խա­տանք­ներ:

Ա­ռա­ջին հանգ­րուա­նին դա­տա­կազ­մը պի­տի ընտ­րէ լա­ւա­գոյն 7 բե­մագ­րու­թիւն­նե­րը: Այ­նու­հե­տեւ հե­ղի­նակ­նե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րին պի­տի տրուի 350 հա­զար դրամ` Թատ­րո­նի եւ շար­ժա­պատ­կե­րի հիմ­նար­կին թեք­նիկ ա­ջակ­ցու­թեամբ 7-10 վայր­կեան տե­ւող ժա­պա­ւէն­ներ նկա­րա­հա­նե­լու հա­մար:

Ըստ դա­տա­կազ­մի ան­դամ Դա­ւիթ Մու­րա­դեա­նի, «Հայ­րե­րի հող» խո­րագ­րով ժա­պա­ւէն­նե­րուն հա­մար ժան­րա­յին սահ­մա­նա­փա­կում չկայ, միակ չա­փա­նի­շը՝ գե­ղա­րուես­տա­կան ար­ժէքն ու տա­ղանդն է:

«Քսան­հինգ տա­րին ար­ժե­ւո­րե­լու, ան­կախ հայ­րե­նիք ու­նե­նա­լու, գե­ղա­րուես­տա­կան ըն­կա­լու­մը ար­տա­ցո­լե­լու ա­ռի­թը պի­տի տանք ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն՝ մեր մտքին մէջ ու­նե­նա­լով այն հա­մո­զու­մը, թէ կը յա­ջո­ղինք նոր ա­նուն­ներ բա­ցա­յայ­տել՝ ա­ռիթ տա­լու ա­նոնց ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու եւ ին­չո՛ւ չէ նաեւ հե­տա­գա­յին շատ ա­ւե­լի լուրջ գոր­ծեր ներ­կա­յաց­նե­լու եւ ի­րենց վա­ւե­րա­կան հետ­քը ձգե­լու հայ շար­ժա­պատ­կե­րին վրայ», ը­սած է  Հա­մազ­գա­յին հայ կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին հիմ­նադ­րա­մի նա­խա­գահ Լի­լիթ Գալս­տեան:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 4, 2016