ՄՈՒՇԵՂ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՍԵՐՈԲԵԱՆ (1869-1951)
Կը շարունակենք ներկայացնել Մուշեղ Եպիսկոպոս Սերոբեանի արգասիքէն հատուածներ:
Մուշեղ Սրբազանի կենսագրութիւնը ներկայացուցած ժամանակ, անդրադարձ կատարեցինք, որ ան եղած է նաեւ Ատանայի թեմի առաջնորդ: Իր առաջնորդութեան տարիներուն է, որ տեղի ունեցած են Ատանայի դէպքերը 1909-ին: Այդ օրերուն ան Գահիրէ գտնուած է հանգանակութիւններ հաւաքելու եւ օժանդակութիւններ գտնելու Ատանայի կրթական կեանքը բարելաւելու համար:
***
Մուշեղ Սրբազան նաեւ եղած է Արաբկիրի առաջնորդ: Այդ շրջանին Թուղթ մը (նամակ) գրած է հաւատացեալներուն, որ 1901-ին (բ. տպագրութիւն), Կոստանդնուպոլսոյ մէջ տպուած է գրքոյկի տեսքով, սա խորագիրով. «Թուղթ հովուական. ուղղուած Արաբկիրու վիճակի եկեղեցիներուն ու ժողովուրդին»:
Գրքոյկին սկիզբը կայ սրբազանին խօսքը՝ ուղղուած արաբկիրցիներուն.
• Ձեզ, ո՛վ Արաբկիրի քաղաքի ու գիւղերու ժողովուրդ, Ձեզ կը նուիրեմ այս քանի մը համառօտ տողերը, զոր իմ հովուական պաշտօնս թելադրեց ինձ գրել: Ջանացի հաւատարմօրէն նկարել հոս ձեր պատկերը, որ երկու դէմք ունի, մին այն, զոր ունիք այսօր, իսկ միւսը զոր ունենալ յանձնարարեցի Ձեզ։ Եթէ իմ խօսքերս ու խորհուրդներս ունենան իրենց օգտակարութիւնն ու արդիւնքը, վարձատրուած պիտի ըլլամ պաշտօնիս մէջ, ու դուք պիտի ունենաք Քրիստոնեայ հոգիներու փառքը:
Կ՚աղօթեմ Ձեզ ամենուդ համար, եւ Տիրոջը օրհնութիւնը կը հայցեմ Ձեր վրայ, իմ բոլոր հոգիովս ու սրտովս:
18 մայիս 1900
(«Թուղթ հովուական», Կ. Պոլիս 1901, էջ 3):
Գրքոյկը տասն գլուխներու բաժնուած է:
Բ. գլուխին մէջ հեղինակը անդրադառնալով պարտքի ու իրաւուքնի մասին, կը գրէ.
• Պարտք եւ իրաւունք լրումն են ու հիմը ընկերական օրէնքին, որ մարդկային կեանքի շրջանակը կը գծէ: Անհատներու փոխադարձ յարաբերութիւնները, ընտանիքներու համերաշխութիւնը, գիւղերու եւ քաղաքներու մէկմէկու հետ ունեցած առընչութիւնները, առեւտրական ձեռնարկութիւնները կապուած են այս սկզբունքին, ուրկէ դուրս նոյն իսկ աշխարհի կարգաւորութիւնը պիտի խանգարուէր: Օրինակի համար, կը տեսնենք վաճառականներ՝ որոնք նոյն իսկ ամենէն բանուկ առետուրներու ատեն կը կորսնցնեն իրենց դրամագլխի հաւասարակշռութիւնը, եւ արհեստաւորներ՝ որոնք չեն յաջողիր բնաւ: Մենք առանց լրջօրէն մտածելու այս եղածներուն արդիւնքին ու պատճառներուն վրայ, բախտին կամ դիպուածին կը վերագրենք զանոնք, ու ինքզինքնիս գոհացուցած կը կարծեն:
Այս չէ, սակայն, մեր պարականութիւնը:
Ուղղամիտ խորհրդածութիւն մը մեր գործերուն ու մեր յարաբերութիւններուն վրայ, խնդրին մութ կնճիռը պիտի քակէ, եւ պիտի համոզէ մեզի, թէ այդ կռիւներուն, այդ վրդովանքին, այդ ատելութեան, եւ այդ ձախողուածներուն միակ պատճառն է այն, որ մենք կատարելապէս չենք կրցած հասկնալ պարտքի եւ իրաւունքի վարդապետութիւնը ու մեզի անծանօթ մնացեր է քրիստոնէական ընկերաբանութեան հիմը կազմող աւետարանական սա հատուածը. «ամէն ինչ որ կուզէք որ մարդիկ ընեն ձեզի, դուք ալ այնպէս ըրէք անոնց» (Մտթ. Է 12): Մենէ ո՞ր անմիտը պիտի հանդուրժէր երբ ուրիշ մը իր իրաւունքն յափշտակէր. ո՞վ պիտի ուզէր որ ուիրշը գար իր տունին խաղաղութիւնը վրդովելու. ո՞վ պիտի համբերէր, երբ ուրիշ մը իր պատիւը գողնար իրմէն: Բայց մենք այդ ամէնը կ՚ընենք, ու կընենք թերեւս անզգալաբար («Թուղթ հովուական», Կ. Պոլիս 1901, էջ 8-9):
Գ. գլուխին մէջ Սերոբեան կը խօսի ընտանիքի մասին.
• Տունը օթեւան մըն է, ուր էրիկն ու կնիկը իրենց ամուսնութիւնով կը կազմեն արգասաւորութեան բոյնը, նման թռչուններուն, արտադրելու համար զաւակներ, որոնք իրենց անունն ու արիւնը պիտի կրեն: Տունին հիմնադիրներն եղող հայրն ու մայրը՝ իրենց կողքին՝ օր մը տեղի պիտի տան իրենց զաւակներուն անոնց թողլով նիւթական ու բարոյական ժառանգութիւն մը:
…Ընտանիքի կոչումն է սերընդագործելով հաւատացեալ անբիծ հոգիներ պատրաստել Աստուծոյ համար, եւ պարկեշտ ու առաքինի քաղաքացիներ՝ երկրին համար:
Մեր ընտանիքները լաւ չեն ծառայած իրենց կոչումին, վիժած ու ապականուած սերունդներ տալով աշխարհի: Որովհետեւ ո՛չ միայն օտարականութեան զանցառութիւնը տիրապետեր է մեր բարքերուն, այլ եւ շատ անգամ ամուսնութիւններ կնքուած են ո՛չ թէ սիրոյ ու փոխադարձ հաւանութեան սկզբունքին վրայ հիմնուելով, այլ մանաւանդ շահու եւ արտաքին գեղեցկութեան մը սուտ հրապոյրին վրայ: Սէրը հաշիւ չի ճանչնար բնաւ. մահուան չափ զօրաւոր է անիկա: Երբ հաշիւին հանգոյցը քակուի ու դրամն սպառի, ի սկզբան ցոյց տրուած առերեւոյթ սէրն ալ կը դադրի իր գոյութեան իրաւունքէն. Նմանապէս երբ դէմքի գեղեցկութիւնը խորշոմի, մինչեւ այն ատեն վարագուրուած սրտի աղտոտութիւններն կը սկսին երեւան գալ, եւ ցոյց տալ թէ առանց սիրոյ ամուսնութիւն մը դժոխքի հիմնարկութիւն մըն է լոկ: Ո՞վ պիտի երաշխաւորէ քեզի դրամին յաւիտենականութիւնը քու հաշուական ամուսնութեանդ համար, եւ կամ ո՞վ պիտի երաշխաւորէ քեզի, թէ միշտ «դէմքը սրտին հայելին է»: Ամուսնութեան առաջին պայմանն է փնտռել ո՛չ թէ արտաքին այլ սրտի ու հոգիի գեղեցկութիւնը, փնտռել ամուսնացողներուն տարիքի, դիրքի ու խառնուածքի յարմարութիւնները, եւ պահանջել փոխադարձ սէր ու համակրութիւն: Կանխահաս ամուսնութիւնները, եւ առանց տղուն կամ աղջկան հաւանութեան օրհնուած պսակները տանջանքի ու թշուառութեան թելերով շղթայ մը կը հիւսեն, ծանր ու անտանելի, եւ այնու կը դառնացնեն կեանքը իր բովանդակ տեւողութեան մէջ: Սխալ ընտրուած կամ չափազանց տգեղ կինը պատուհասն է իր էրկան, եւ չափազանց գեղեցիկ կինը տգեղ էրկան մը փորձութիւնը կ՚ըլլայ: Ուստի ձեր պարտականութիւնն է, ո՛վ հայրեր ու մայրեր, ձեր զաւակները առաջնորդել բարեբաստիկ ամուսնութիւնն պատրաստելու ճամբուն, յարգելով միշտ՝ աղջկան ու տղուն մէջ՝ իր ամուսինն ընտրելու ազատ իրաւունքը:
Տունին մէջ միեւնոյն կոչումն ունին էրիկն ու կնիկը, միայն այդ կոչման ծառայելու եղանակը կը տարբերի երկուքին համար: Էրիկը դուրսի մարդն է, իսկ կինը ներսի, մին աշխատութեան մարդն է, միւսը՝ սիրոյն, մին ուժի մարդն է, միւսը գգուանքի, վերջապէս մին տառապանքի մարդն է, միւսը՝ մխիթարութեան: եւ ամուսնութիւնը խորհուրդ մըն է անոր համար, որ գիտէ այս խառնուրդով ներդաշնակ ու ամբողջական միութիւն մը կազմել («Թուղթ հովուական», Կ. Պոլիս 1901, էջ 14, 15-16):
Ե. գլուխին մէջ դպրոցի մասին խօսելով, հեղինակը կը գրէ.
• Դպրոցը տաճար մըն է լոյսի ու կրթութեան, ուր քահանայի պաշտօնը կը կատարեն դասատուներ կամ վարժապետներ: Երկրորդ ընտանիք մըն է դպրոցը, առաջինէն մեծ ու նուիրական, ուրկէ ամբողջ ժողովուրդի մը, քաղաքի մը, թաղի մը, կամ գիւղի մը մարդկութիւնը պիտի ծնի: Դպրոց չտեսնող տղան, կը նմանի հում աղիւսին, որ դեռ չէ՛ թրծուած բրուտներու փուռին մէջ, եւ հետեւաբար չի կրնար գործածուիլ գեղեցիկ, մեծ ու հաստատուն շէնքերու: Պէտք կա՞յ արդեօք ներբողներ հիւսել դպրոցին ու անոր մատուցած ծառայութիւններուն համար: «Դաստիարակութիւնն է որ մարդը մարդ կը շինէ», կըսէ Ժիւլ Սիմոն, ահա դպրոցին ներբողը («Թուղթ հովուական», Կ. Պոլիս 1901, էջ 27-28):
Զ. գլուխին մէջ Սերոբեան Սրբազան կը խօսի հաւատքի մասին.
• Հաւատքը հոգիին գիտակից կամ անգիտակից եռանդն է, որ կատարելապէս մարդս կը հպատակեցնէ Աստուածային պատուիրաններուն, եւ կը ձգտի իր տարտամ յուզումներէն դուրս ինքզինքը ապահովել գերագոյն զօրութեան մը հովանաւորութիւնով. կամ ինչպէս կ՚ըսէ Առաքեալը. «Հաւատքը յուսացուած բաներուն հաստատութիւնը, եւ չերեւցած բաներուն ապացոյցն է» (Եբր. ԺԱ. 1): Մարդ՝ իր ամբողջ բանականութեան լոյսէն ողողուած ատեն անգամ, յոյսերու եւ բաղձանքներու խառնուրդ մը պիտի ըլլայ միշտ. որովհետեւ աշխարհային կեանքին անկատարելութիւնը, գիտութիւններուն յաւիտենական մանկութիւնը, մեր ուժերուն տկարութիւնը, կատարելապէս տրամադիր ըրած են մեզ, մեր ուժէն, մեր գիտութենէն, մեր խելքէն ու մեր կեանքէն վեր փնտռելու աւելի կատարեալը, եւ աւելի իմաստունը, որ կը տնօրինէ՝ աշխարհի բարիքին համար, եւ ահա այս պատճառաւ «Հաւատքը յաւիտեան պիտի մնայ» (Սիրաք. Խ. 12): Իմ եղբայրներս, ո՞վ պիտի պատմէ մեզի, կեանքի հակասական երեւոյթներուն մէջ՝ մարդուս վախճանին ու Աստուծոյ արդարութեանն ու ողորմութեան վրայ, եթէ ո՛չ, հաւատքը. ո՞վ պիտի մխիթարէ ցաւած սիրտն ու բզքտուած հոգին, ո՞վ պիտի հսկէ մեր մահուան անկողինին վրայ, ո՞վ պիտի ցուցնէ գերեզմանին անցքը, եթէ ո՛չ, հաւատքը. ո՞վ պիտի լուսաւորէ մեր գաղափարը ունեցած յոյսերնուս մասին, ո՞վ պիտի բանայ մեր առջեւ անծանօթին ճամբան, ո՞վ պիտի քակէ մեր հոգիներուն կապանքը, ո՞վ ուժ պիտի տայ մեր թուլցած ոտքերուն, ո՞վ սրտերնիս պիտի մաքրէ, ո՞վ պիտի առաջնորդէ մեզ Յիսուսին, եթէ ո՛չ, հաւատքը: Աստուծոյ կատարելութիւնն ու սրբութիւնը հաւատքով միայն կու գան կը հասնին մեզի, եւ զմեզ կը թելադրեն իրեն նմանելու. «Կատարեալ եղիք, ինչպէս որ ձեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է» (Մտթ. Ե. 48). եւ թէ «Սուրբ եղիք, կ՚ըսէ Աստուած, ինչու որ ես սուրբ եմ» (Ղեւտ. ԺԹ. 2) («Թուղթ հովուական», Կ. Պոլիս 1901, էջ 34-35):
Է. գլուխին մէջ եկեղեցւոյ մասին կ՚անդրադառնայ, գրելով.
• Եկեղեցին ի՛նչ ձեւի մէջ ալ նկատուի, ըլլայ անձնական, ըլլայ ընտանեկան, ըլլայ հասարակական կամ ժողովրդական, երկու մասերէ կը բաղկանայ: Այդ մասերէն մին է վարդապետականը, ու միւսը՝ գործնական բարեպաշտութիւնը: Տոհմային մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ վարդապետական մասը հաստատուն կը մնայ, նոյն ու նման ամէնուրեք, հիմնուած աւետարանական հաւատալիքներու վրայ, որոնց հարկաւոր լուսաբանութիւնը կը տրուին տոհմային ու տիեզերական կոչուած ժողովներով: Մեր առաքելական Ս. Եկեղեցին ունեցաւ երեք տիեզերական ժողովներու (Նիկիոյ, Եփեսոսի, Կ. Պոլսոյ) վճիռները, ու տոհմային ժողովներու շարունակականութիւնը, ներքին ծիսական բարենորոգումներու համար: Տիեզերական ժողովներու աւելին կրնար մեր եկեղեցին ալ հեռացնել աւետարանական ոգիէն, ինչպէս հեռացուց միւս եկեղեցիները, իրենց քմահաճ տնօրինութիւններով: Ուրեմն մասնաւոր քաղաքներու եկեղեցիները կազմող հայ հաւատացեալները իրարմէ կրնան տարբերիլ միմիայն իրենց բարեպաշտութեան, ողորմասիրութեան, աղօթասիրութեան ու կրօնասիրութեան աստիճանով («Թուղթ հովուական», Կ. Պոլիս 1901, էջ 41):
Ը. գլուխին մէջ հանգիստի, կիրակի օրուան մասին խօսելով, գլուխի աւարտին հետեւեալ պատուէրը կու տայ.
• Էրիկնե՛ր, ճանչցէ՛ք կիւրակէին արժէքը, ու ըստ այնմ օգտակար ըրէք զայն ձեզի համար. կինե՛ր, յարգեցէք կիւրակէն, ու ձեր բարեպաշտութեան բոլոր ուժով յատկացուցէք զայն ձեր ընտանիքներուն բարոյական ու հոգեկան դաստիարակութեան. ծերե՛ր, սրբեցէ՛ք կիւրակէն, ու ձեր կեանքի փորձառութիւնով խրախոյս տուէք երիտասարդութեան, որ ձեզի մօտենալու ճամբուն մէջ կը գտնուի: Ու ամենքիդ, աւելի Տիրոջը շնորհքին արժանացած, պիտի կրնաք հանդարտ խղճով գոհանալու.
«Բաւական է, Տէր, որ քու առջեւդ շնորհ գտայ» («Թուղթ հովուական», Կ. Պոլիս 1901, էջ 51):
Վերջին, Ժ. գլուխին մէջ Մուշեղ Սրբազան կ՚անդրադառնայ պանդխտութեան գացողներուն, որոնք իրենց ընտանիքները պահելու համար, ստիպուած մեկնած են այլ երկիրներ՝ աշխատելու: Պանդխտութեան երթալու պատճառներուն գրգիռներուն մասին խօսելէ ետք, իր գրութիւնը կը վերջացնէ հետեւեալ խրատը տալով պանդխտութեան մեկնողներուն.
• Մի՛ ուշանաք ձեր պանդխտութեան մէջ, իմ եղբայրներս, ու ստէպ ստէպ դարձէք դէպի ձեր քաղաքը, ձեր գիւղերը, ուր ընտանեկան կարօտն ու սէրը ձեզի կը սպասէ: Եթէ ձեռքերնիդ լեցուն գաք, պիտի ընդունին ձեզ ձեր զաւակները, եթէ ձեռնունայն գաք, նորէն պիտի ընդունին ձեզ սիրով, բաւական է որ ձեր պատիւովն ու ձեր առողջութիւնովը դառնաք: Ով որ առողջ է ու պատուաւոր, անիկա անօթի չի մնար երբեք. քիչ մը կուշտ, քիչ մը անօթի կեանքը՝ պարկեշտութեան մէջ՝ շատ աւելի քաղցր է քան յղփացած ու անպարկեշտ կեանքը: Ասոր փորձը ունիք դուք ձեր անձին վրայ. հիմա որ կը շահիք ու կը ծախսէք, բայց տակաւին սրտի հանգստութիւնը չունիք, ճանչցէք ձեր պարտականութիւնները ու դարձէք ձեր զաւակներուն, ձեր ընտանիքներուն մօտ, ուրախութիւնով, երջանկութիւնով ու քրիստոնէական օրհնութիւնով լեցուն սիրտ մը պիտի ունենաք: Եթէ յգնած ու քրտնած գաք կոխելու ձեր հայրենի տուներուն սեմը, սրտի ի՜նչ յուզումներ, ուրախութեան ի՜նչ արցունքներ չպիտի թափէք, մեռնելէ առաջ ձեր սիրելիները գտած ըլլալնուդ համար: Ձեր հոգեկան այդ յուզումները ձեր աղօթքը պիտի ըլլան, գոհունակութեան ու երախտագիտական աղօթքը դէպի Աստուած, պիտի մոռնաք՝ ձեր գիրկընդխառնումին մէջ՝ պանդխտութեան երկարաձիգ ու քաշքշուած տառապանքը, յոգնածութիւնը, նեղութիւնները ձեր տարաշխարհիկ օրերուն, ու պիտի ըսէք.
«Բաւական է, Տէր, որ քու առջեւդ շնորհ գտայ» («Թուղթ հովուական», Կ. Պոլիս 1901, էջ 58-59):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024