«ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ»Ի ՀԻՒՐԵՐԸ
Երեւանի մէջ կազմակերպուելիք «Ոսկէ ծիրան» միջազգային 12-րդ շարժանկարի փառատօնի բացման մնացած է շատ քիչ ժամանակ։ Մինչ հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը հետզհետէ կը կեդրոնանայ այս կարեւոր ձեռնարկին վրայ, նախընթաց օր, Երեւանի մէջ մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին փառատօնի հիմնադիր-նախագահ Յարութիւն Խաչատրեան եւ այլ պատասխանատուներ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, մամլոյ ասուլիսի ընթացքին տեղեկացուեցաւ, թէ այս տարուան «Ոսկէ ծիրան»ի հիւրերուն շարքին պիտի գտնուին երկու յայտնի դերասանուհիներ՝ Օրնելլա Մութի եւ Նասթասիա Քինսքի։
Ինչպէս ծանօթ է, 2004 թուականին հիմնուած «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժանկարի փառատօնը Երեւանի մէջ կազմակերպուած ամենամեծ մշակութային իրադարձութիւններէն մին է։