Ե՞ՐԲ ԿԸ ՄԵԾՆԱՅ ՄԱՐԴ

Ե՞րբ կը մեծնայ մարդ.

Եթէ ան կարենայ ըսել «սա ալ կ՚անցնի»։

Եթէ ​​ան այլեւս չի սգար իր մանկութիւնը։

Եթէ ան հասկցած է, որ կարեւորը ճանապարհը չէ, այլ իր ուղեկիցը։

Եթէ աւելի շատ կը հանդուրժէ, աւելի յոգնած կը զգայ։

Եթէ ան նախկինի նման չի զարմանար դէմ յանդիման մնացածներուն։

Եթէ ան չի կարողանար հաշուել խաբէութիւնները, իր սրտաճմլիկները, դանակահարուած վէրքերը։

Եթէ ան աւելի շատ կը լռէ, բայց աւելի շատ խօսի իր ներքին ձայնով։

Եթէ ան քիչ թէ շատ փակած է իր հաշիւները եւ սկսած է ինքն իրեն սիրել այնպէս, ինչպէս որ է։

Եթէ իր փառամոլութիւնները, երազանքները պակսած են եւ այս վիճակը զինք չի տխրեցներ, բայց միեւնոյն ժամանակ զինք կը մղէ ըսել «սա կեանքն է»:

Եթէ ան ըսէ եւ ընդունի, որ նոյնիսկ անսպասելին կրնայ տեղի ունենալ։

Եթէ անոր սիրելիները գերեզմաններ ունին՝ կա՛մ սրտին, կամ գերեզմանատուներու մէջ։

Ան կրնայ այս բոլորին չանդրադառնալ, բայց ան մեծցած է:

Մարդու ճակատագիրն է մեծնալը, կեանքի փուլ մը… Մարդը կրնայ չհասուննալ, բայց կը մեծնայ ինչպէս Տարուին ըսած է. «Յարմարուողը կը գոյատեւէ»։ Մարդ կը մշակէ որոշ առանձնայատկութիւններ՝ ապրելու համար: Ան ձեռք կը բերէ տոկունութիւն, երեխան կը կորսնցնէ իր միամտութիւնը, կը դառնայ անզգամ. ահաւասիկ սա կը կոչուի «կեանքի փորձառութիւն»:

Ֆրոյտ ունի վերլուծութիւն մը. «Մարդիկ աստիճանաբար կը սորվին չհաւատալ, չվստահիլ, չսիրել եւ ըլլալ քրոնիք թերահաւատ: Երբ սա տեղի ունենայ, ցաւօք, արդէն ուշ է: Ահա սա է, որ մարդիկ կ՚անուանեն «փորձառութիւն»: Ով որ խզած է իր կապը իր սրտի հետ, կը կոչուի «փորձառու»:

Մեծնալ կը նշանակէ ապրիլ անվերջանալի ու տհաճ պարտականութիւններու աշտարակով… Նոյնիսկ աւելի շատ նկատել, աւելի քիչ լալ... եւ պայքարիլ «եթէ միայն»ի ուրուականներու հետ... Յետոյ փորձել մոռնալ... Մեծնալ կը նշանակէ ձեւացնել, թէ կը մոռնաս, նոյնիսկ եթէ չմոռնաս...

Առանց մեծնալու ապրելու տարբերակ, այնուամենայնիւ, չկայ։ Կարելի չէ ապրիլ միշտ կախուած ըլլալով մէկ ուրիշէն, օգտագործելով ուրիշը գոյատեւելու համար, առանց որեւէ պատասխանատուութիւն ստանձնելու, առանց որեւէ ցաւի, առանց որեւէ գին վճարելու, առանց մաքառելու։

Իւրաքանչիւր մարդ կը ծնի կախուածութեան կամ ազատութեան, հնազանդելու կամ ինքնուղղորդման հակումներով, քանի որ ծննդեան իրադարձութիւնը կը ներկայացնէ ամբողջական կախուածութեան վիճակէն անցում դէպի կեանք մը, որ կը պահանջէ ըլլալ առանձին եւ պատասխանատուութիւն ստանձնել սեփական արարքներու համար։

Ոչ ոք կը փափաքի մեծնալ, բացի մանկութենէն։ Մարդոց մեծամասնութեան համար մեծնալը փափաքելի չէ, սա բան մըն է, որ տեղի կ՚ունենայ... Բայց մեծնալն ու այս իրականութեան հետ ապրիլ կարողանալը...

Իմ կարծիքով՝ մարդ կը մեծնայ այն պահուն, երբ կը հասկնայ երազանքներու եւ իրականութեան տարբերութիւնը։

Կան երեխաներ, որոնք իրենց հանգամանքներու բերումով կեանքին շուտ կ՚առերեսուին եւ աւելի շուտ կը մեծնան։ Սակայն, ընդհանուր առմամբ, կարելի է ըսել, որ երեխան միշտ երեխայ է, իսկ մանկութիւնը երազային աշխարհին մէջ ապրիլն է։

«Մարդու մանկութիւնը կ՚աւարտի, երբ կը հասկնայ, որ իր խնդիրները պատմելը եւ լուծում գտնելը նոյն բանը չեն», ըսած է Սեզար Փավես...

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2024