ԱՆՎԵՐՋ ՇՐՋԱԴԱՐՁ. ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ՎԱԶՔՈՒՂԻ

Ազնիւ եղէք. մինչեւ ե՞րբ իսկապէս երջանիկ կը դառնաք նոր վերարկու մը, պայուսակ մը, ինքնաշարժ մը առնելէ կամ նոյնիսկ աշխատավարձի բարձրացումէ կամ յաջողութենէ մը վերջ:

Եթէ այս տեսակի առարկաները կամ իրադարձութիւնները երկարաժամկէտ ազդեցութիւն ունենան մեր բարեկեցութեան վրայ, մեր երջանկութիւնը անընդհատ կը համալրուի եւ մեր ելակէտային երջանկութեան մակարդակը կայուն կը բարձրանայ, չէ՞: Ցաւօք, այդպէս չէ:

Երջանկութեան ձգտումով յաճախ կը յայտնուինք շրջադարձի մը մէջ, որ յայտնի է որպէս «հետոնիք» վազքուղի: Հակառակ դրական իրադարձութիւններու կամ ցանկալի ունեցուածքի ձեռքբերման, մեր երջանկութեան մակարդակը ժամանակի ընթացքին հակուած է վերադառնալ սկզբնական կէտին:

Մարդիկ հակուած են յարմարելու ինչպէս դրական, այնպէս ալ բացասական կեանքի իրադարձութիւններուն: Սա յաճախ կը յանգեցնէ երջանկութեան մեր նախկին մակարդակի վերադարձի: Իր «Հաստատակամ սէր» (1997թ.) վէպին մէջ Իըն Մաքիվըն այս երեւոյթը հակիրճ կերպով արտայայտած է ըստ հետեւեալի. «Մարդիկ յաճախ կը նշեն, թէ արտասովորը որքան արագ սովորական կը դառնայ… Մենք շատ յարմարուող արարածներ ենք: Կանխատեսելին, ըստ սահմանման, կը դառնայ նախապատմութիւն, աւելի լաւ է գործ ունենալ պատահականի կամ անսպասելիի հետ»:

Երջանկութեան մրցավազքի մը մէջ ենք բոլորս։ Միշտ աւելին կ՚ուզենք կեանքի մէջ: Աւելի շատ նիւթականի տիրանալ, աւելի մեծ տուն, աւելի լաւ յարաբերութիւններ ունենալ… բայց ծիծաղելի է, որ երբ ստանանք մեր ուզած «իրը», որոշ ժամանակ երջանիկ կ՚ըլլանք, յետոյ կը վերադառնանք նոյն զգացողութեան: Այսպէսով, կարծէք անընդհատ կը վազենք, բայց ոչ մէկ տեղ կը հասնինք:

Երջանկութեան վազքուղին սովորականութեան մասին է՝ մարդու հոգեբանութեան ամենահիմնական յատկանիշներէն մէկը: Ենթադրենք. դուք ստացած էք նոր հեռաձայն մը, որ երկար ժամանակ կը փափաքէիք ունենալ։ Սկիզբին շատ ուրախ կ՚ըլլաք, գրեթէ ամէն ինչ կը լուսանկարէք, խաղեր կամ այլ բաներ կը ներբեռնէք, բայց քանի մը շաբաթ անց այդ նոր հեռաձայնը կը սկսի թուիլ որպէս հին հեռաձայն մը։ Դուք այլեւս վարժուած էք անոր եւ նորութիւն մը կը փնտռէք: Միշտ աւելին ուզելով կամ որոնելով ի վերջոյ ամէն ինչ բնականոն կամ սովորական կը դառնայ։

Այս հայեցակարգը կը յայտնուի կեանքի գրեթէ բոլոր ոլորտներու մէջ. յարաբերութիւններ, աշխատանք, նիւթական շահ, նոյնիսկ անձնական զարգացում… Մենք միշտ կը փնտռենք յաջորդ քայլը եւ երբ կը հասնինք փափաքելիին, կ՚ըսենք՝ «այսքա՞ն»: Երբեք գոհ չենք ըլլար, այդ իսկ պատճառով սա կը կոչուի «վազքուղի», քանի որ միշտ կը շարունակենք նոյն տեղը ետ ու յառաջ երթալ:

Ենթադրենք, որ ձեր աշխատավարձը բարձրացած է: Սկիզբին ձեր աչքերը կը փայլին եւ կը սկսիք ապագայի մասին ծրագիրներ կազմել: Կը կարծէք, թէ հիմա աւելի հանգիստ կ՚ապահովէք ձեր ապրուստը։ Բայց քանի մը ամիստ վերջ կը թուի, թէ բարձրացումը այդպէս ալ տեղի չէ ունեցած, որովհետեւ ձեր ծախսերը նոյնպէս աճած են։ Այսինքն՝ սկզբնական երջանկութիւնը կարճ տեւեց ու դարձեալ յայտնուեցաք նոյն դժգոհութեան մէջ, քանի որ աւելի շատ գումար կը վաստկիք, հետեւաբար հակուած էք աւելի շատ ծախսել եւ այս շրջադարձը երբեք չի վերջանար:

Սա կը վերաբերի նաեւ սիրոյն։ Երբ առաջին անգամ սիրահարուիք, աշխարհը վարդագոյն կը թուի: Այդ մարդու հետ ամէն ինչ այնքան բերկրալի կը թուի ձեզի, ուրախութենէն կը թռչկոտիք՝ հաղորդագրութիւններով, հանդիպումներով, փոքրիկ անակնկալներով: Սակայն ժամանակի ընթացքին այդ յարաբերութիւնները կը վերածուին առօրեայի։ Այն բաները, որոնք սկիզբին ձեզ կ՚ուրախացնէին, յետոյ սովորական կը դառնան, իսկ որոշ ժամանակ անց այդ բերկրանքը կը փոխարինուի միապաղաղութեամբ։ Եւ այդ «վազքուղին» դարձեալ կը սկսի գործել…

Վերջերս ընկերներէս մէկը նշեց. «Ընկերուհիիս հետ սկիզբին ամէն ինչ հիանալի էր, բայց քանի մը ամիս յետոյ կարծես սովորութիւն դարձաւ: Նոյնիսկ իրեն հետ սուրճ խմելը այժմ սովորական կը թուի»։ Սա լաւագոյն օրինակներէն մին է յարաբերութիւններու մէջ երջանկութեան վազքուղիի:

Էապէս այդ վազքուղիէն ամբողջութեամբ ազատուիլը դժուար է, քանի որ սա մարդկային բնոյթ է: Միշտ աւելին ցանկալը իրականութեան մէջ գրգռիչ է յաջողութեան մը հասնելու ճանապարհին: Բայց կարելի է աւելի երախտագէտ ըլլալ, գնահատել այն, ինչ որ ունինք եւ անընդհատ փորձել ուրախանալ։ Ամէն պահը վայելելը կրնայ նուազեցնել այդ վազքուղիի յոգնեցուցիչ հեւքը։ Այլ խօսքով, օգտակար է գնահատել այն, ինչ որ ունինք եւ կեդրոնանալ մեր ունեցածով երջանիկ ըլլալու վրայ՝ անընդհատ նոր նպատակներ հետապնդելու փոխարէն:

Ամփոփ խօսքով՝ երջանկութեան վազքուղին իրավիճակ մըն է, որ բոլորս կը ներառէ: Քանի որ մենք աւելին կ՚ուզենք, մենք կը վարժուինք աւելիին եւ դժգոհութիւնը կը շարունակուի։ Բայց այս իրավիճակը ճանչնալը եւ երբեմն կանգ առնելը, շնչելը եւ մեր ունեցածը վայելելը կրնայ օգնել մեզի աւելի երջանիկ եւ աւելի հանգիստ զգալու համար: Այսպէսով, վազքուղիի վրայ վազելու փոխարէն, երբեմն կանգ առնենք եւ վայելենք տեսարանը։

Կեանքը մրցավազք չէ, երբեմն բաւական է միայն գոյութիւն ունենալը:

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2024