ԲԱԶՄԱԲՆՈՅԹ ԾՐԱԳՐԵՐ
Երէկ յետմիջօրէին, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանը, «Մարալ» երգի-պարի համոյթի գեղարուեստական ղեկավար ու գլխաւոր պարուսոյց Կարպիս Չափքանը եւ համոյթի սիւներէն Սարեմ Քիւլէկէչ-Շէշէթեանը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին հիւրերը մեզի տեղեկութիւններ փոխանցեցին Էսաեան սանուց միութեան եւ «Մարալ» համոյթի կողմէ մշակուած բազմաբնոյթ ծրագրերու մասին։ Այսպէս, յառաջիկայ շրջանին անոնք պիտի իրականացնեն նոր ձեռնարկներ, որոնք ուղղուած պիտի ըլլան թէ՛ մեր մշակութասէր հասարակութեան եւ թէ մանաւանդ երիտասարդութեան։
Մարիամ Տրամէրեան յայտնեց, թէ Էսաեան սանուց միութեան մէջ յառաջիկայ շաբաթավերջին բանախօսութիւնով մը հանդէս պիտի գայ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան։ Այս վերջինը պիտի բանախօսէ զուտ իր մասնագիտութեան վերաբերեալ նիւթի մը շուրջ՝ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի մասին։ Ծանօթ է, որ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցին անցեալ տարի Ս. Գրիգոր Նարեկացին հռչակած էր «Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ»։ Այս շարժառիթով ծրագրուած է սոյն ձեռնարկը։
Հարկ է նշել, որ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ» հռչակման ժամանակ Զէքիեան Գերապայծառին կողմէ ներկայացուած էին գիտական հիմնաւորումները՝ Վատիկանի պատկան մարմիններուն, համապատասխան ընթացակարգով։ Այդ հռչակումէն վերջ, անցեալ աշնան Զէքիեան Գերապայծառ Երեւանի մէջ, Մատենադարանի երդիքին տակ հանդէս եկած էր բանախօսութիւնով մը։ Հիմա ուրեմն նոյն նիւթին շուրջ ան նոր բանախօսութիւնով մը հանդէս կու գայ քաղաքիս մէջ։
Երէկուան զրոյցին ընթացքին մեր հիւրերը անդրադարձան նաեւ երկրորդ կարեւոր ծրագրի մը։ Այսպէս, «Մարալ» համոյթը կը պատրաստուի կազմակերպել միջվարժարանային պարի մրցոյթ մը։ Միջնակարգերու մակարդակին համար նախատեսուած ձեռնարկ մըն է այս մէկը։ Համայնքային տասներեք վարժարաններ արդէն պատրաստակամութիւն յայտնած են մասնակցելու այս նախագծին, որ կեանքի պիտի կոչուի Մայիս ամսուան մէջ։ Երկու հանգրուաններով պիտի իրականացուի մրցոյթը։ Առաջին փուլին մասնակից բոլոր խումբերը պիտի ներկայացնեն ժողովրդական պար մը։ Աւարտական փուլին անցնելէ առաջ պիտի կատարուի զտում մը եւ երեք խումբեր հնարաւորութիւն պիտի ունենան անցնելու աւարտական հանգրուանին։ Միեւնոյն ժամանակ, այդ նոյն աւարտական հանգրուանի ընթացքին մասնակից խումբերը պիտի ներկայացնեն նաեւ ազատ պար մը։ Մրցոյթի առաջին հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ Էսաեան սանուց միութեան մէջ, իսկ աւարտականը՝ տարբեր երդիքի մը տակ, որ տակաւին պիտի յստականայ։ Եզրափակիչ հանգրուանի առանձնայատկութիւններէն մին ալ պիտի ըլլայ այն, որ աւարտականի փուլի բարձրացած խումբերը վերջին ներկայացումներուն առթիւ հնարաւորութիւն պիտի ունենան հանդէս գալու «Մարալ» համոյթի տարազներով։ Եզրափակիչ փուլին զուգահեռ տեղի պիտի ունենայ մրցանակաբաշխման հանդիսութիւնը։ Կազմակերպիչները կ՚աշխատին նաեւ դատակազմ մը ձեւաւորելու նպատակով։ Հիւրերը շեշտեցին, որ հայկական պարը միշտ ալ կ՚ոգեւորէ մեր երիտասարդութիւնը, իբր այդ իրենք հետամուտ են պարի վերաբերեալ ծրագրերու միջոցաւ խանդավառել մեր երիտասարդութիւնը եւ զայն հաղորդ դարձնել մեր մշակոյթին։
Միւս կողմէ, վերջին օրերուն համայնքային շրջանակներէն ներս արդէն հետզհետէ աւելի լայն արձագանգ կը գտնէ, որ «Մարալ»ի նախաձեռնութեամբ յառաջիկայ գարնան Իսթանպուլի մէջ ելոյթ մը պիտի ունենայ Հայաստանի Պարի պետական անսամպլը։ Այս ծրագիրը այժմէն արդէն արտակարգօրէն խանդավառած է մեր մշակութասէր հասարակութիւնը։ Արդարեւ, վերջին անգամ շուրջ տասն տարի առաջ Հայաստանի Պարի պետական անսամպլը հանդէս եկած էր Իսթանպուլի մէջ։
Այս կապակցութեամբ Կարպիս Չափքան մեզի տեղեկացուց, թէ վաղը քանի մը օրուան համար պիտի մեկնի Երեւան, ուր պիտի յստականան կազմակերպչական վերջին մանրամասնութիւնները։ Այդ շփումներէն վերջ Կարպիս Չափքան յառաջիկայ շաբթուան երկրորդ կէսին պիտի վերադառնայ քաղաքս եւ նոյն օրերուն «Մարալ»ի կողմէ աւելի ամբողջական ու վերջնական տեղեկութիւններ պիտի տրամադրուին մեր գեղարուեստասէր հասարակութեան։