ՃՆՇՈՒՄ
Գրաքննութեան ճնշող
Պարտադրող
Պետական մեքենային տակ կքող
Աղաւաղուած - աղճատուած
Մամուլին նման
Հիմա այդքան
Այլափոխուած եմ եւ մամլուած
Մարդկային անվերջ ճնշումներէն
Եւ անհեթեթ օրերու ելեւէջներէն
Որ այլեւս անհաւատս կը հաւատամ
Որ ամէն ինչ ճնշման տակ է
Իսկ ամենէն արագ կործանուողն
Իրարու ետեւէ փլչողը
Domino-ի քարերուն նման
Այն է որ կը գտնուի
Բացարձակ ազատութեան
Հաճելի թուող
Դաժան եւ հզօր
Նոյնիսկ Բասկալեան միաւորներու
Չենթարկուող
Ճնշման ներքոյ
Ձայնի պատը պատռող jet-երու նման
Խելացնոր սլացք
Հասնելու - նուաճելու
Ճնշման - ազատ անկման
Ակունքները նիւթակերտ
Ստեղծելու
Ճնշողի եւ ճնշուողի միջեւ
Նոր տարածութիւն մը
Ժամանակակից նոր կայսրութիւն մը
Ճնշումներէն դէպի դուրս ցցուած
Լեռներու նման
Շեշտուած սրածայր նոր օրէնքներով
Ես տակաւին չկայացած չկերտուած
Բանաստեղծս
Բառերով հիւսուած պատեանով մը
Կը դիմակալեմ
Ճնշման անբնական դաշտերը
Ուր բառերը կը փշրուին
Նոր հակազդեցութիւն
Նոր խորութիւն
Եւ նոր դիմադրականութիւն
Ստանալու
Լաւագոյն բանաստեղծութիւնները
Հայրենիքները
Ճնշման տակ կ՚արարուին
Եւ անճնշում կը շնչեն
Գոյարշաւին մաս կը կազմեն
Ժամանակին ընդառաջ
Յաւերժանալու
ՅԱԿՈԲ ՆԱԼՊԱՆՏ ՏԼՏԼԵԱՆ
Հալէպ, 10 Յուլիս 2011