ՄԻՋԻՆՔԻ ԵՒ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՑ ՀԱՅՈՑ ՏՕՆԱՇԱՐԸ ԿԵԱՆՔԻ ԵՒ ԱՊՐԵԼՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇՆԵՐ
Վաղը Միջինք է. շատ մը հայկական միջավայրերու մէջ Միջինքը կը նշեն սպասումով եւ ճոխութեամբ, ուստի սիրելի տօն դարձած է հայերուս համար:
Տնտեսի կիրակիին յաջորդող չորեքշաբթի օր կը նշուի Միջինքը. զայն, ինչպէս ծանօթ է՝ եկեղեցական տօն չէ, ամրագրուած չէ եկեղեցական տօնացոյցին մէջ, սակայն հայոց աւանդական կենցաղին մէջ շատ տարածուած ըլլալուն համար ունեցած է գեղեցիկ ծիսաշար:
Միջինքին յաջորդող շաբաթ օր Հայ Եկեղեցին կը նշէ Քառասուն մանկանց յիշատակի տօնը, որ իր կարգին նոյնպէս մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէր անցեալին: Միջինքի եւ Քառասուն մանկանց յիշատակի օրերը մօտ ըլլալու պատճառով հայոց մէջ Միջինքի եւ Քառասուն մանկանց յիշատակին նուիրուած շատ սովորութիւններ միահիւսուած եւ կազմած են տօնաշար մը: Հայոց զանազան գաւառներու մէջ յաճախ ատոնք ունեցած են նոյն անուանումը՝ «Միջունք» կամ «Քառսուն մանուկ», «Քառասուն ճրագ», «Լիճք» եւ այլն:
Հայրենի ազգագրագէտ, պատմաբան Յասմիկ Աբրահամեան ուշագրաւ ուսումնասիրութիւն մը կատարած է՝ նուիրուած Միջինքին եւ Սեբաստիայի Քառասնից մանկանց տօնին՝ քննելով զանոնք հայոց ժողովրդական եւ եկեղեցական տօնացոյցերու ընդմէջէն:
Ըստ այդ ուսումնասիրութեան՝ այս տօները հայոց տօնական համակարգի ձմեռ-գարուն անցումային շրջանի տօնաշարի մաս կը կազմեն եւ կը խորհրդանշեն մահ եւ վերածնունդ, նոր կեանքի սկիզբ: Ուսումնասիրելով Քառասնից մանկանց վարքագրութիւնն ու անոնց տօնի ծիսաշարը՝ ազգագրագէտը կը նկատէ, որ եկեղեցական տօնացոյցին մէջ այս սուրբերուն նուիրուած տօնը տեղադրուած է Մեծ պահքի միջին հատուածի մէջ, որ ձմեռ-մահ, գարուն-կեանք եղանակային սահմանափուլի շրջանն է:
Սեբաստիոյ Քառասուն մանկունքը՝ ընդհանրական եկեղեցւոյ պատկանող սուրբերը, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ գերագոյն վկաներն են՝ քրիստոնէական հաւատքի բագինին, որոնք Լիկիանոս կայսեր օրօք ծառայած են Սեբաստիոյ կայսերական գունդին մէջ եւ քրիստոնէական հաւատքը չուրանալու համար ձմրանը նետուած են սառած լիճը եւ նահատակուած՝ չգայթակղուելով մօտակայ տաք բաղնիք երթալէն: Անոնց նշխարները կ՚ամփոփուին Սեբաստիոյ մէջ, ուր յետագային կը կառուցուի «Քառասուն մանկունք» քառասուն գմբէթներով տաճարը, որ կանգուն կը մնայ մինչեւ Լենկթիմուրի արշաւանքը: Քառասնից մանկանց պատմութիւնը կը յորդորէ կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն մէջ անգամ հաւատարիմ մնալ Քրիստոսի հաւատքին, յաղթահարել գայթակղութիւնները՝ երկնային պսակին արժանանալու համար: Ահաւասիկ, Քառասուն մանկուքի վարքագրութիւնը ուսումնասիրելով՝ Յասմիկ Աբրահամեան օգտակար դրուագներ մէջտեղ հանած է՝ Միջինքի եւ Քառասուն Սուրբ Մանկանց յիշատակութեան օրուան առընթեր: Յասմիկ Աբրահամեանի ուսումնասիրութենէն քաղելով կու տանք ուշագրաւ մանրամասներ՝ այս շաբթուայ ընթացքին նշուող այս երկու յատկանշական օրերու մասին:
Ազգագրագէտը իր կատարած ուսումնասիրութեան մէջ կը նկատէ, որ Միջինքի ծիսահամալիրին մէջ ձմեռ-գարուն անցումը արտացոլուած է նաեւ Մեծ պահքի ժողովրդական օրացոյցի դեր կատարող ծիսական կերպարի՝ Ակլատիզի փետուրներուն մէջ. այդ փետուրներէն առաջին երկուքը աւանդաբար եղած են ճերմակ՝ խորհրդանշած են ձիւնը, երկուքը եղած են խատուտիկ, որ նշանակած է ձիւնհալ, երեքը՝ սեւ, որոնք Լուսաւորչի, Ծաղկազարդի եւ Չարչարանաց շաբաթներունը եղած են:
Աւանդութեան համաձայն, Միջինքին կտրած են գալիք կիրակի պոկուելիք Ակլատիզի հերթական փետուրին կէսը, որով ցոյց տուած են, որ պահքը կիսուած է:
Եղանակային անցումի խորհուրդը արտացոլուած է նաեւ ժողովրդական ասոյթներու մէջ՝ «Մըջինք՝ կրակը փչինք» եւ «Մշնացը՝ միջինքին», որ կը նշանակէ, թէ Միջինքէն յետոյ օրերը կ՚երկարին եւ իրիկունները ճրագ վառելու կարիք չկայ: Ազգագրագէտը կը հաստատէ, որ հայոց մէջ Միջինքը կատարած է նաեւ տնտեսական տարուայ օրացոյցի դեր: Այդ օրը երկրագործը գացած է արտերը ստուգելու՝ գալիք բերքի յաջողութեան սպասումով: Որոշ բոյսեր Միջինքի շաբթուայ մէջ ցանած են այն ակնկալիքով, որ ատոնք «քառասուն տերեւով» ըլլան: Ան կը յիշեցնէ Վանի մէջ եղած հետեւեալ սովորոյթը. ընտանիքին ամուրի անդամը արեւածագէն առաջ գացած է ձիւնէն չմաքրուած ցորենի կանաչող արտ՝ աւետելու գարնան գալուստը. «Աշխարհին լոյս տալու եկողը թող քեզ ալ լիութիւն տայ»:
Ազգագրական աղբիւրները Միջինքի հետ կապուած զանազան օրեր կը նշեն՝ չորեքշաբթի, հինգշաբթի եւ այլն: Այդ աղբիւրները կը վկայեն նաեւ, որ Միջինքի տօնակատարութիւնը տեւած է քանի մը օր. չորեքշաբթի կամ հինգշաբթի թխած են հացը (գաթան), երեկոյեան Լիճքի ու Քառասնից մանկանց յիշատակի ծէսը կատարած են, իսկ յաջորդ օրը Լիճքի ջուրը բաժնած են համայնքի անդամներուն, տօնական հացը կտրած են, այցելած են իրարու եւ այլն:
Միջինքի ծիսահամալիրին մէջ եղած են ակնկալուող բարիքը կանխատեսելուն ուղղուած ծէսեր: Այդ գործառոյթը կատարած է նաեւ տօնական ճաշացանկը, որը բաղկացած էր գուշակութեան նպատակով պատրաստուող պասուց բաղադրութեամբ հացերէ (խորօ-գիլէի, պրտոն, հարեգիլ, չորակ), հատիկաւոր ուտեստէ: Որոշ բնակավայրերու մէջ Միջինքի բաղարջը թխած են Քառասնից մանկանց տօնի օրը՝ Լիճքի ջուրով, ինչը նոյնպէս խօսուն վկայութիւն է քննարկուող տօներու՝ ընդհանուր ծիսաշար ունենալու մասին: Ազգագրագէտը կը նշէ, որ ատիկա գաթային խառնելը պտղաբերութեան խորհուրդ ունի: Միջինքի բաղարջէն բաժին հանած են ընտանիքի անդամներուն, անասուններուն, հողին եւ այլն: Թխած են տարեց կիները, տանտիկինները:
Նոր Պայազետի մէջ Միջինքի հաց-գաթայի՝ միջնաբլիթի խմորը հունցած են տղամարդիկ՝ ոտքերով: Գուշակութեան համար մէջը դրուած է ուլունք, մատանի, արծաթեայ դրամ եւ այլն: Արճակի մէջ միջնաբլիթի մէջ դրուած է նաեւ մէկ այլ փոքրիկ իր (կոճակ, ուլունք), որ խելք խորհրդանշած է: Նախընտրած են գտնել դովլաթը, քան՝ խելքը: Ըստ պուլանըխցիներու՝ հացը կտրելու ժամանակ գուշակութեան նշանը դանակի տակ իյնալու պարագային դովլաթը պատկանած է ընտանիքի բոլոր անդամներուն:
Սղերդի մէջ նշանը կորսուելու կամ կտրելու ժամանակ գետնին իյնալու պարագային հաւատացած են, թէ այդ տարին անյաջող պիտի ըլլայ: Որու բաժինէն նշանը դուրս ելած է, այդ տարի ընտանիքի բարեկեցութիւնը անոր հետ կապած են:
Միջնաբլիթէն դուրս եկած արծաթեայ դրամը զայն գտնողին մնացած է: Մեծ յաջողութիւն սեպուած է, եթէ վիճակը հարսնցուին բաժին հասած է:
Միջինքի հացը աւանդոյթի համաձայն կտրած է տունին մեծը, նոյն օրը՝ երեկոյեան, կիրակի կամ հինգշաբթի՝ երեկոյեան ժամերգութենէն յետոյ: Որոշ բնակավայրերու մէջ գուշակութիւն կատարած են քիւֆթա կոչուող անժուր (պասուց) ուտեստով:
Հին երեւանցիները նոյն նպատակով կուտապ՝ լոբով եւ սիսեռով կարկանդակ թխած են, մալեւցիները՝ մեղրով կուտապ:
Միջինքին եփած են նաեւ այլ կերակուրներ՝ սիսեռով ու թահինով կոլոլակ, որը մատուցած են չամիչով եւ չոր պտուղներով պատրաստուած չամչարակի (խոշապ) հետ, աղցուց քլուր (աղուհացի քիւֆթա), որը այդ օրուայ յատուկ ճաշը եղած է: Քիւֆթայի արտաքինը ձաւարով եւ հողկիթով եղած է, իսկ միջուկը՝ ոսպով ու սիսեռով:
Ընդունուած էր Միջինքի ուտեստէն բաժին հանել դրկիցներուն, կարիքաւորներուն, հարազատներուն, ինչ որ մատաղ, զոհաբերութիւն կը յիշեցնէ:
Մասնագէտը կը հաստատէ, որ ուտեստի համալիրը եւ ատոր հետ կապուած սովորոյթները նոյնպէս վկայութիւնն են Միջինքի՝ գարնան գալուստը ազդարարող տօն ըլլալու:
ԼԻՃՔ
Քառասնից մանկանց տօնի ժողովրդական սովորոյթներէն է Լիճքը: Ըստ Յասմիկ Աբրահամեանի ուսումնասիրութեան, ջուրով եւ ձէթով լի կոնքի մէջ մինչեւ լոյս քառասուն պատրոյգ վառուած է, որ կոչուած է Լիճք: Ջուրը առաւօտեան բաժնուած է համայնքի տուներուն, որոնք զայն խառնած են Միջինքի գաթային, անով նաեւ ցօղած են մարմինին հիւանդ մասերը:
Այդ ծիսակարգը կատարուած է Միջինքի չորեքշաբթիէն Քառասնից մանկանց տօնի միջակայքին որեւէ օր՝ տունին մէջ կամ եկեղեցին:
Ազգագրագէտը կը նկատէ, որ Մեծ պահքի երկրորդ կէսին ծիսական իւղ կամ ձէթ կը գործածուի ոչ միայն Լիճքի ժամանակ, այլեւ Աւագ հինգշաբթի՝ կարագի օրհնութեան կարգով: Եւ ան, զուգահեռներ տանելով Լիճքի, Մկրտութեան եւ Աստուածայայտնութեան ծիսակարգերու միջեւ, կը մատնանշէ ճիշդ նոյն ծէսի՝ ջուրին մէջ իւղ լեցնելու երեւոյթը:
Ատոր մէջ առկայ է նոր կեանքի եւ բեղմնաւորման խորհուրդը: Եթէ մկրտութիւնը կը խորհրդանշէ մարդու հոգեւոր ծնունդը, Աստուածայայտնութիւնը՝ Քրիստոսի Ծնունդը, ապա Լիճքը՝ բնութեան վերազարթօնքը եւ մարդկային սերունդի շարունակութիւնը: Այն, որ Լիճքի համար քահանան ձէթ կը հաւաքէ, ազգագրագէտը ատոր մէջ կը տեսնէ համայնական մատաղ, զոհաբերութիւն կատարելը եւ համայնքի մասնակցութեան խորհրդանշումը՝ բնութեան պտղաւորման ծէսին:
Յասմիկ Աբրահամեան կը նկարագրէ այս տօնաշարի ծէսերէն՝ Ծնրադրութիւնը: Քառասուն անգամ քառասուն (1600) ծնրադրումը ընդունուած եղած է ամէնուր: Շիրակի մէջ ծէսը կոչուած է Քառասուն մանուկ կատարում:
Ինչպէս Լիճքը, այնպէս ալ Ծնրադրումը եղած են զանազան օրերու: Եղած է թէ՛ Միջինքին՝ չորեքշաբթի, թէ՛ Քառասուն մանկանց տօնին նախորդող ուրբաթ եւ այլն: Այդ արարողութեան մասնակցած են երիտասարդ հարսներն ու աղջիկները, հազուադէպ՝ նաեւ տղաները, երեխաները: Քանի մը տասնեակ օրիորդներ երեկոյեան համախմբուած են մէկու մը, յաճախ նշանուած ընկերուհիի տանը՝ տանելով հրուշակ (հալվայ), գաթա, խածաղ (աղանձած կամ բոհրած ցորեն) եւ մանրադրամ: Աղջիկներէն ամենափորձառուն յայտարարած է ծնրադրման սկիզբը: 1600 անգամ ծունկի գալու հաշիւը պահած են պակլայով, համրիչով եւ այլ կերպ:
Ընթացքին խումբով արտասանած են.
«Քառսուն մանուկը՝ լճին,
Թագն ու պսակը՝ ճտին,
Ինչ որ տուիր բաղնեպանին,
Անոր կէսն ալ ինձի տուր»:
Այս քառատողը գրեթէ նոյնութեամբ կրկնուած է ամէնուր: Ատոր բովանդակութիւնը կը յուշէ, որ աղջիկները բախտաւորութիւն խնդրած են: Աւարտին խմբուած են ընթրիքի սեղանին շուրջ եւ սրախօսելով գիշերը անցուցած մինչեւ լոյս: Առաւօտեան աղջիկները իրարու գլուխ լուացած են ապա, ի յիշատակ Քառասնից մանկանց խեղդուելուն, ճաշած են եւ իւրաքանչիւրը տանտիրոջմէն նուէր մը ստանալով՝ գացած են եկեղեցի: Ամբողջ օրը «կիրակի բռնած են» այսինքն՝ գործ չեն ըրած:
Միջինք-Քառասուն մանկունք տօնական շրջանը ունեցած է ժողովրդական տօներուն բնորոշ հիմնական բաղադրիչները՝ ուխտագնացութիւն, ամուսնաընտանեկան ծիսակարգ, ննջեցեալներու յիշատակման սովորոյթներ, ուտեստ:
Տակաւին 20-րդ դարասկիզբին նշանուածներու ընտանիքներուն միջեւ ընծայափոխութիւններ կատարուած են: Միջնափայը կամ ափսէն բաղկացած եղած է հիմնականը հատիկեղէն ուտեստէ, իւղով եւ քաղցրեղէնով պատրասուած հրուշակէ, գաթայէ, գինիէ: Նշանուած աղջիկներուն աղանձ նուիրած են, որը, ըստ ազգագրագէտ Վարդ Բդոյեանի, իբրեւ սերմ, սեռական կախարդութեան նշանակութիւն ունեցած է:
Ընծայափոխութենէն զատ, Միջինքի օրը կատարուած է նաեւ նշանուած զոյգի ամրութիւնը ապահովող մէկ այլ կարեւոր քայլ. հարսնացուի տունէն փեսացուի մատանին ղրկած են նշանադրութենէն յետոյ հանդիպող մեծ տօներուն, այդ կարգին՝ Միջինքին:
Ինչպէս իւրաքանչիւր տօնի, Միջինք-Քառասուն մանկունք տօնական շրջանը նոյնպէս աւարտած է ննջեցեալներու յիշատակման սովորոյթներով՝ այցելութիւն գերեզմաններ, գերեզմանօրհնէք, ննջեցեալներու հոգիի հանգստութեան համար տրուող ողորմութիւն:
ՏՕՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆ ՄԱՆՈՒԿ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
Յայտնի է, որ Քառսուն մանուկ տօնը տօն է այդ անունը կրող եկեղեցիներուն:
Սեբաստիոյ մէջ այս սուրբերու նկատմամբ հաւատքը այնքան մեծ եղած է, որ իւրաքանչիւր սեբաստացի ինքզինք կիսով չափ մահտեսի նկատած է, նոյնիսկ առանց Երուսաղէմ երթալու:
Առհասարակ Քառասուն մանկանց յիշատակը, մանաւանդ Սեբաստիայի մէջ, ընդհանրացուած եղած է մեռելոց օրուան հետ, աւելին՝ համարուած է մեծ մեռելոց: Յիշատակի կարգը կատարուած է Քառասուն Մանկունք եկեղեցիի աւերակներու շուրջ, ուր եղած է նաեւ հայկական գերեզմաննոց: Քառասուն մանկանց յիշատակի վառ ըլլալու վկայութիւնն է նաեւ անոնց անունը կրող եկեղեցիներու ու վանքերու առկայութիւնը՝ Սեբաստիա քաղաքի, Խարբերդի, Տերսիմի գաւառի, Կարինի մէջ եւ այլն:
Հայաստանի մէջ այս անուամբ վանք կայ Դսեղ գիւղի հարեւանութեամբ եւ Օշականի մօտ. Օշականի եկեղեցին առաւել յայտնի է որպէս Մանկանոց Սբ. Սիոն:
Սակայն ուշագրաւ է, որ Քառասնից մանկանց տօնին պատարագ պատուիրելու վերաբերեալ նուիրատուական բնոյթի արձանագրութիւնները սփռուած են ներկայիս Հայաստանի՝ սուրբերու անուններով օծուած եկեղեցիներու վիմագրերուն մէջ: Այս հանգամանքը ազգագրագէտը կը բացատրէ, որ Քառասնից մանկանց տօնը Մեծ պահքի ժամանակ է, որ տարուան ընթացքին ապաշխարութեան ամենամեծ շրջանն է: Ուստի տրամաբանական է, որ մեղքերու թողութիւն եւ հոգիի փրկութիւն հայցող անձը պատարագ պատուիրէր նահատակ սուրբերու տօնին:
ՏԱՊԼԱՅ-ՄԻՋԻՆՔԻ ԲԱՂԱՐՋ
ԲԱՂԱԴՐԻՉՆԵՐ՝
3 գաւաթ ալիւր,
Կէս գաւաթ շաքարաւազ,
2 թէյի դգալ թթխմոր,
2 ճաշի դգալ ձէթ,
3 ճաշի դգալ մեղր,
Կէս գաւաթ չամիչ,
Կէս գաւաթ ընկոյզ,
Ջուր։
ՊԱՏՐԱՍՏՄԱՆ ԵՂԱՆԱԿԸ՝
Խառնել ալիւրը, շաքարաւազը, թթխմորը, ձէթն ու ջուրը եւ հունցել խմորը: Թողնել, որ հանգչի: Պատրաստել կլոր կամ հաւկթաձեւ հաց, մէջը Միջինքի նշանը դնել, վրան քսել ջուր, ապա անոր մէջ խրել մանրացուած ընկոյզն ու չամիչը եւ թխել: Փուռէն հանելէ յետոյ վրան մեղր քսել:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան