«ՄԱՐԱԼ»Ի ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԶՕՐԱԿՈՉԸ
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի պարի համոյթը իրերայաջորդ փորձերով կը պատրաստուի յառաջիկայ Ապրիլի 28-ին՝ Հայաստանի Պարի պետական անսամպլին հետ նախատեսուած համատեղ ելոյթին։ Հարպիյէի մէջ, Իսթանպուլի Համագումարներու միջազգային կեդրոնի երդիքին տակ տեղի պիտի ունենայ այս եզակի ձեռնարկը, որուն համար գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան եւ իր սաները կը պատրաստուին մեծ եռանդով։ Օրուան յայտագրին մէջ ընդգրկուած է քսան պար։ Այս պարերուն տասնչորսը պիտի ներկայացուին Հայաստանի Պարի պետական անսամպլին կողմէ, իսկ մնացեալ վեց հատը՝ «Մարալ»ի։ Թէեւ յայտագրի գերակշիռ բաժնին պատասխանատուութիւնը պիտի վիճակի հիւրերուն, սակայն «Մարալ»ի ընտանիքը քաջ կը գիտակցի այս ձեռնարկի կարեւորութեան։ Հայաստանի Պարի պետական անսամպլին հետ նոյն բեմը բաժնելը թէ՛ մեծ պատիւ մը եւ թէ միեւնոյն ժամանակ եզակի հնարաւորութիւն մըն է «Մարալ»ին տեսակէտէ։ Արդարեւ, նման մակարդակի մը վրայ ուժերը չափելու հնարաւորութիւնը մեծապէս կը խանդավառէ «Մարալ»ի ընտանիքը։ Կարպիս Չափքանի հսկողութեան ներքեւ բոլոր մարալցիները անսպառ եռանդով մը կ՚աշխատին ու կը գիտակցին, թէ սոյն ձեռնարկին ընթացքին արձանագրուելիք յաջողութիւնը արդէն նոր հարթութեան մը վրայ կրնայ դնել «Մարալ»ի ընդհանուր գործունէութիւնը։
Էսաեան սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցած շաբաթավերջի հերթական փորձէն վերջ Կարպիս Չափքան մեզի յայտնեց, որ բազմակողմանի աշխատանք մը կը տանին թէ՛ կազմակերպչական եւ թէ գեղարուեստական ուղղութիւններով։ Մեր համայնքի յայտնի բարերարներէն Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլին հովանաւորութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկը անգնահատելի եւ ողջունելի կարելիութիւն մըն է իսթանպուլահայ գեղարուեստասէրներուն տեսակէտէ։ «Մարալ»ի ընտանիքը ջանք չի խնայեր, որպէսզի այս ձեռնարկին վրայ դրուած յոյսերը արդարանան լիուլի։ Թէ՛ կազմակերպչական առումով կատարեալ եւ թէ գեղարուեստական առումով ծափահարելի արդիւնքի մը հասնելու համար զօրակոչի մէջ է «Մարալ»ի ընտանիքը։