ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ԽԱՆԳԱՐՈՒԱԾ (DIPLOMACY DISRUPTED)
Անցեալ Դեկտեմբերին, նախագահութեան համար բանավէճի մը ընթացքին հանրապետական թեկնածուներու միջեւ, Թէտ Քրուզ դատապարտեց Սուրիոյ մէջ իշխանութեան փոփոխութեան Ամերիկայի պահանջատիրական քաղաքականութիւնը։ Եթէ Ուաշինկթըն տապալէր Պեշար Էսատը, ինքնակոչ Իսլամական Պետութիւնը «պիտի գրաւէր Սուրիան, վատթարացնելով Միացեալ Նահանգներու ազգային ապահովութեան շահերը»։ Քրուզ թելադրեց այլ ծրագիր մը. «Փոխանակ որդեգրելու Վուտրօ Ուիլսընի ժողովրդավարութիւնը ջատագովող քաղաքականութիւնը, հալածելու ենք մեր թշնամիները, կործանելով ISIS-ը, փոխանակ թոյլատրելու անոր գրաւելու նոր երկիրներ»։
Ամերիկացիները յաճախ կը սխալին պետութեան հանդէպ իրենց անտարբերութեամբ (կամ՝ տգիտութեամբ)։ Բայց եւ այնպէս, նսեմացնելով հանդերձ Ամերիկայի նախագահ Ուիլսընի դար մը առաջուան քաղաքականութիւնը, անիկա տակաւին կրնայ յաջողութեան կէտեր արձանագրել ընտրապայքարի մը ընթացքին։
Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք, Ուիլսըն ջատագովեց շահադիտական ժողովրդավարական դրամատիրական քաղաքականութեան մը որդեգրումը։ Անոր արտաքին քաղաքականութիւնը յուսախաբութեամբ աւարտեցաւ, իր մտքի յղացումը եղող Ազգերու Լիկայի ձախողութեամբ։ Այսուհանդերձ, Նիւ Եորքի առեւտրական կեդրոնի երկու աշտարակներու ահաբեկումին (Սեպտեմբեր 11, 2001) յաջորդող շրջանը, ինչպէս ապացուցանեց, թէ ուիլսընեան գաղափարականը տակաւին կենդանի է։
Մեզի կտակուած նմանօրինակ գաղափարներ խոր-հըրդածութեան նիւթ դարձած են անգլիացի դիւանագէտ-պատմաբան Տէյվիտ Միլնէի, «Worldmaking: The Art and Science of American Diplomacy» (2015, 624 pp.) հատորին մէջ։
Միացեալ Նահանգներու աշխարհավարութիւնը ցարդ կը տնօրինուէր անոր գերընտիր ղեկավարներու եւ դիւանագէտներու ակադեմական հայեացքներով։ Ներկայիս, կեդրոնախոյս դիւանագիտութիւն մը ստեղծուած է, տնտեսական բարեփոխութիւններու, համաշխարհային ընդարձակուող գործառնութեանց, բարեսիրական հաստատութեանց եւ ոճրային քարթելներու իբրեւ հետեւանք։ Պաշտօնատարներ ու քաղաքագէտներ այլեւս հակակշիռ չունին տեղեկութեանց վրայ։ Ջատագովական (advocacy) կազմակերպութիւններ, խորհրդատու ընկերութիւններ (counseling firms), մարդասիրական (բարեգործական) հիմնարկներ կը կատարեն դիւանագիտական շատ մը պաշտօններ։ Այլ խօսքով, քանի մը խորհրդատուներու, ղեկավարներու համոզումներն ու գաղափարները, կամ՝ նախընտրութիւնները, հիմնականօրէն պիտի չորոշեն ամերիկեան դիւանագիտութեան արտաքին քաղաքականութեան ընթացքը, այնքան խորապէս որքան անցեալ դարա-շըրջանին։
Դիւանագիտութիւնը թեւակոխած է անցեալի աւանդական սահմանափակումները, դառնալով աւելի ճկուն, հնարամիտ ու ժողովրդավար։ Այլախոհներու համար կարելիութիւն դարձած է ընտրեալներու մեծ ծրագիրները ականահարել (վիժեցնել)։ Պաշտօնական դիւանագէտները յարմարելու են այս նոր աշխարհի իրականութեան, եթէ կ՚ուզեն ազդեցիկ դառնալ։
Արուեստագէտներ ու գիտնականներ
Աշխարհավարութիւնը (Worldmaking) սկսած է 1949-ին, երբ բանավէճի մը ընթացքին, այն գլխաւոր հարցին շուրջ թէ Միացեալ Նահանգներ պէ՞տք է զարգացնէր ջրածնային ռումբը, հակազդելու համար Խորհրդային Միութեան կողմէ աթոմական հնարքի մը պայթումին։ Պետական Քարտուղարութեան վարիչ տնօրէնը՝ Ճորճ Քենըն դէմ արտայայտուած է, առաջնորդուած պատութեան, գրականութեան ու բարոյականութեան սկզբունքներէ։ Իր օգնականը՝ Paul Nitze հակաճառած է, հիմնուելով «գիտական ու ռազմավարական հաւասարակշռութեան» վրայ։ Այս վերջնոյն տեսակէտը որգեգրուած է։
Վերոյիշեալ լուսաբանութիւններէ մեկնելով, Միլնէ երկու խմբաւորումներու կը դասաւորէ արտաքին քաղաքականութեան մեկնաբանները. «արուեստագէտները» ու «գիտնականները»։ Առաջին խմբակին մաս կը կազմեն Մահան, Լիփման, Քենըն, Քիսինճըր եւ Օպամա, որոնց հետեւութիւնները գլխաւորապէս հիմնը-ւած են գրականութեան, փիլիսոփայութեան ու պատմութեան վրայ։ Անոնք զգուշաւոր են բարդ կացութեանց առջեւ։ Չեն ուզեր վերացական տեսութեանց վրայ հիմնուիլ, ու վերապահ են իրենց զօրութեանց աստիճանին հանդէպ։ Կը նախընտրեն աշխարհը դիմաւորել ինչպէս որ է։
«Գիտնականները», որոնց գլխաւոր ներկայացուցիչներն են Ուիլսըն, Նիցէ ու Փոլ Վուլֆովից, տեսաբաններ են, որոնք կը նախընտրեն վերլուծել հիմնական օրինակներ, քան՝ մարդկային երեւոյթներ, եւ հակամէտ են վերաշինելու (վերափոխելու) աշխարհը։
Վերեւ բնորոշուած իտէալապաշտներու խումբը կը ներշնչուի Ուիլսընի կորովի ու բարոյամէտ միջազգայնականութենէն։ Իսկ իրապաշտները կը նախընտրեն իրենց ուժը առաւելագոյնի բարձրացնել անիշխանական աշխարհի մը մէջ։ Այսուհանդերձ, Միլնէ կ՚ընդունի, թէ վերոյիշեալ երկու մտածողութիւններն ալ բացարձակ չեն, քանի որ պատմական կապակցութիւնները, մարդկային բնութիւնը, եւ անհատներու յարափոփոխ միտումները (propensity) ի դերեւ կը հանեն դիւանագէտներուն ճիգերը՝ դիրքորոշուելու համար, որդեգրելով վերոյիշեալ մէկ կամ միւս խմբաւորումին տեսաբանութիւնը։
Վուլֆովից, որ պաշտպանութեան փոխ-նախարար էր Ճորճ Պուշի իշխանութեան ժամանակ, հաւաքական պաշտպանութեան կողմնակից չէր։ 2011, Սեպտեմբեր 9-ի ահաբեկչութենէն ետք, անիկա մղեց Միացեալ Նահանգները արշաւելու Իրաքի վրայ, Սատտամ Հիւսէյինը տապալելով ստեղծելու համար Ամերիկայի դաշնակից նոր երկիր մը։ Ինչպէս որ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք, Միացեալ Նահանգներ յաջողած էր մնայուն ժողովրդավարական երկիրներ ստեղծել Գերմանիոյ ու Ճաբոնի մէջ, այնպէս ալ կարելի էր ռամկավարական ջահ մը վառել Իրաքի մէջ։
Նախագահ Օպամա, երկար վերլուծումներով, կը մերժէ Վուլֆովիցի ու Պուշի ժամանակաշրջանի պահպանողականներու (neoconservatives) հայեացքները, տարազելով ամերիկեան զօրութեան աւելի զուսպ տեսակէտ մը։ Արդարեւ, 2006-ին անիկա յայտարարեց, թէ «պիտի հետեւի քաղաքականութեան մը աւելի իրատես քննարկման, հիմնուած շօշափելի տուեալներու վրայ, ու շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու շահերէն առաջնորդուած։ Մեր հաւատքին եւ սկզբունքներուն մէջ համեստ ու չափաւոր գտնուելով, կրնայինք յաղթահարել չարը»։ Այլ խօսքով, տրամաբանութիւնը եւ սկզբունքը պիտի յաղթահարէին կիրքին, գաղափարբանութեան (ideology) ու քաղաքականութեան։ Այնուհետեւ, անիկա քննարդատուեցաւ, քանի իրեն կը պակսէր կամքը՝ օգտագործելու ամերիկեան զօրութիւնը։ Այսուհանդերձ, անոր կարողութիւնը՝ հաւասարակշռելու հակազդեցութիւնները, անհրաժեշտ է հասկնալու համար 21-րդ դարու աշխարհը։ Սակայն, կանուխ է յայտնելու, թէ նման կեցուածք մը որքա՞ն կարելի է յաջողութիւն մը նկատել արտաքին քաղաքականութեան մէջ։
Ապակեդրոնացեալ դիւանագիտութիւն
Միլնէի խնդրոյ առարկայ հատորը, որուն ակնարկեցինք այս յօդուածին սկիզբը, գլխաւորաբար աւելի կը կեդրոնանայ ամերիկեան ազգային ապահովութեան հարցերուն վրայ, քան՝ գործադրութեան։ Անիկա կը զբաղի իրաւ, պարկեշտ տեղեկագրութեամբ, ընթացիկ դէպքերու քննարկումով ու քաղաքականութեան գործադրումով։
Աշխարհի դիւանագիտական գործունէութեանց մեծ մասը կը ծաւալի մայրաքաղաքներէն դուրս, ու կ՚անցնի բարձր պաշտօնատարներու գաղտնի հանդիպումներէն անդին, երբ ուրիշներ եւս կ՚ունենան իրենց ազդեցութիւնը։
Նոր դիւանագիտութիւն մը զարգացումի մէջ է, մանաւանդ երբ համաշխարհային մարտահրաւէրները կը զգենուն բարդ ու բազմազան գոյավիճակ մը։ Միջկառավարական շփումները ինքնին բաւարար չեն արգիլելու տեղեկութեանց, դրամագլուխի ու չէզոք դերակատարներու թափանցումը այնպիսի վայրեր, որոնք վերապահուած են, դիւանագէտներու ու քաղաքագէտներու։
Արդի դիւանագիտութիւնը կ՚իրականանայ նաեւ ոչպետական դերակատարներով, ինչպէս՝ դրամագլուխի կամ հասոյթի ներդրում կատարողներով, նուիրատուներով, ոչ-հասութափեր (nonprofit) հաստատութեանց ներկայացուցիչներով։ Անցեալին, դիւանագէտները, ու գաղտնի սպասարկութեանց կամ տեղեկատուութեանց վերլուծողները ամենէն կարեւոր աղբիւրներն էին, առեւտուրի գործառնութեանց կամ միջպետական պայքարներու ընթացքին։ Ներկայիս, ՄըքՔինսիի նման խորհրդատու կազմակերպութիւն մը, որ աշխարհով մէկ 100-է աւելի գրասենեակներ, շուրջ 11 հազար հետազօտողներ ու բազմալեզու խորհրդատուներ ունի, կը հայթայթէ տեղեկութիւններ ու կը կատարէ նախատեսութիւններ, որոնք նախապէս կը կատարուէին միայն պետական պաշտօնեաներու կողմէ։ Ու ՄըքՔինսին միակը չէ. կը գործեն նաեւ Քոհէն Սթրեթֆըրտի նման այլ ընկերութիւններ, որոնք կը հայթայթեն տեղեկութիւններ թրքական բանակի շարժումներուն մասին Մուսուլի մէջ, կամ՝ աւստրալիական նաւատորմիղին՝ Հարաւային Չինաստանի ծովային շրջանին մէջ։ Աշխուժօրէն կը գործեն նաեւ Մարդու Իրաւանց եւ Amnesty International կազմակերպութիւնները, որոնք կը լարեն հանրային կարծիքը, ու ճնշում կը բանեցնեն կառավարութեանց վրայ։ Մոռնալու չէ երբեք նաեւ բազմազգեան հզօր առեւտրական տուներու վայելած ազդեցութիւնները։ Շնորհիւ այլազան հաղորդակցութեանց ձեւերու զարգացման, ու վերոյիշեալ «միջնորդներ»ու, -անհատ թէ սպասարկող գրասենեակ,- ծառայութեանց, միջպետական դժուարութիւնները կրնան հարթուիլ, կամ՝ հասկացողութեան յանգիլ. օրինակ՝ Իրանի հետ հիւլէական համաձայնութիւնը։ Վերեւ մատնանշուած Միլնէի դիտարկումները (observations) օգտագործուեցան, երբ խորհրդակցութիւններ կ՚ընթանային, մշակելու համար ամերիկեան պետականութեան զօրութիւնը։
Այսուհանդերձ, անհանդարտ ու բարդ աշխարհի մը բազմաբնոյթ զարգացումներուն հակազդելու համար, կարիքը պիտի զգացուի նոր արժեչափերու։
ՔԵՄԸՐՈՆ ՄՈՒՆԹԸՐՔ
(*) Cameron Munter նախագահն ու գործադիր տնօրէնը եղած է EastWest Institute-ի։ Ատենին անիկա Միացեալ Նահանգներու դեսպանն էր Սերպիոյ (2007-09) ու Փաքիստանի (2010-12) մօտ։
Ազատ թարգմ.՝ Սարգիս Յ. Մինասեան
(“Foreign Affairs” պարբերաթերթի Մարտ-Ապրիլ 2016, թիւ 2, էջ 156161)
«Նոր Օր»