Մարդն Ու Երաժշտութիւնը
Երաժշտութիւնը շփման համամարդկային լեզու է: Դժուար է պատկերացնել մարդու կեանքը առանց երաժշտութեան, քանի որ ան կ՚արտայայտէ մարդկային ամենավեհ զգացումներն ու ամենանուրբ ապրումները: Ան կը ձեւաւորէ մարդուն ներաշխարհը, ճաշակը, կ՚օգնէ` ճիշդ գնահատելու իրադարձութիւնները:
Մարդու հոգեվիճակի, ինչպէս նաեւ առողջութեան եւ երաժշտութեան փոխներգործման հարցերը փիլիսոփաներու ուշադրութեան արժանացած են քաղաքակրթութեան հնագոյն այնպիսի կեդրոններու մէջ, ինչպիսիք էին` Հին Յունաստանը, Եգիպտոսը, Հռոմը, Չինաստանը եւ այլն: Տակաւին Ե. դարուն Քոնֆիչիուս իր կանոնական ուսումնասիրութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Կը ցանկա՞ք կատարելագործուիլ: Մանրակրկիտ ուսումնասիրեցէք երաժշտութիւն: Երաժշտութիւնը մեզի կը նկարագրէ եւ կը պատկերէ երկնքի ու երկրի միութիւնը»:
Ըստ հին յունական առասպելի մը, Օրփէոսի երգը հրաշքներ կը գործէր այնտեղ, ուր չէին օգներ նետն ու սուրը, ուժն ու արիութիւնը:
Ինչպէս կը գրէ Մոսկուայի Աւանդական բժշկութեան եւ երաժշտաթերափիի հիմնարկի տնօրէն, Ռուսաստանի Բժշկական գիտութիւններու ակադեմիոյ ակադեմիկոս, Աւանդական բժշկութեան միջազգային միութեան նախագահ Սէրկէյ Շուշարջեան, յոյն փիլիսոփաներ Պիւթակորասի, Արիստոտէլի եւ Պղատոնի կարծիքով, երաժշտութիւնը կը հաւասարակշռէ ամբողջ տիեզերքի համամասնութիւնն ու ներդաշնակութիւնը: Արիստոտէլ երաժշտութիւնը կը համարէր ինչպէս հիւանդութիւններու բուժման, այնպէս ալ հոգիի սրբագործման` քաթարսիսի լաւագոյն միջոց:
Մարդ-երաժշտութիւն յարաբերութիւնը իր մշտական արտայայտութիւնը գտած է նաեւ հայ գիտնական փիլիսոփաներու աշխատութիւններուն մէջ: Տակաւին ԺԳ. դարուն հայ խոշորագոյն մտածող Յովհաննէս Երզնկացին (Պլուզ) իր «Մեկնութիւն քերականին» աշխատութեան մէջ կը գրէ, որ երաժշտական արուեստը իր մէջ կը միացնէ հոգեւորը եւ նիւթականը: Հետաքրքրական է այն փաստը, որ ինչպէս Յովհաննէս Երզնկացին, այնպէս ալ միջնադարեան շարք մը հայ գիտնականներ, փորձնական ճանապարհով յանգած են այն եզրակացութեան, որ երաժշտութիւնը մարդու ֆիզիքականի եւ հոգեւոր-իմացականի վրայ ունի ներգործման հսկայական հնարաւորութիւններ։
ԺԵ. դարու ֆլամանտացի հռչակաւոր երաժիշտ, արուեստի տեսաբան եւ փիլիսոփայ Եոհան Տինկտորիսն իր «Երաժշտութեան ներգործութեան ընդհանրացումներ» աշխատութեան մէջ կը գրէ մարդու հոգեւոր աշխարհի եւ ֆիզիքականի վրայ երաժշտութեան ունեցած քսան ազդեցութիւններու մասին: Որոնցմէ են` ա) հաճելի է Աստուծոյ, բ) կը զարդարէ Աստուծոյ փառաբանութիւնը, գ) կը ցրուէ տխրութիւնը, դ) կը մեղմէ դաժանութիւնը, է) կը հեռացնէ սատանան, զ) կը բուժէ հիւանդները, է) կը ծնի մեծ սէր, ը) կ՚երջանկացնէ մարդիկը եւ այլն: Մարդու հոգեյուզական վիճակի վրայ երաժշտութեան ազդեցութեան մասին բաւականին պատկերաւոր ըսած է ռուս հանճարեղ բանաստեղծ Ա. Ս. Պուշկին իր «Քարէ հիւրը» ստեղծագործութեան մէջ. «Կեանքի հաճոյքներէն վստահաբար երաժշտութիւնը կը զիջի միայն սիրոյն. սակայն սէրն ալ մեղեդի է»:
Երաժշտութիւնը որպէս բուժման միջոց կու գայ հարիւրամեակներու խորքէն` սկսած տակաւին հին եւ չինական բժշկութենէն: Ինչպէս կը վկայէ Հին Կտակարանը «Երբ չար ոգին կ՚իջնէր Սաւուղի վրայ, Դաւիթը կ՚առնէր քնարը եւ կը նուագէր իր ձեռքով, կը հանգստացնէր Սաւուղը: Սաւուղը կը հանգստանար, եւ չար ոգին անկէ կը հեռանար»:
Պատահական չէ, որ հին յոյներու արուեստները հովանաւորող Ապողոնի որդին` Էսկուլապ կը հովանաւորէր բժշկութիւնը, իսկ հին հռոմէացիներու աստուածուհին՝ Միներուան հաւասարապէս կը հովանաւորէր թէ՛ երաժիշտները եւ թէ բժիշկները:
ԺԲ. դարու նշանաւոր բժշկապետ Մխիթար Հերացի կը գրէ. «Զուարճացուր հիւանդը խաղերով եւ կատակներով, ամէն կերպ ուրախութիւն պատճառէ անոր: Թող հնարաւորին չափ շատ լսէ գուսանները, լարերու ձայնը եւ դուրեկան մեղեդիներ»:
Կը համարուի, որ եկեղեցւոյ զանգերը հեշտութեամբ կը քշեն դիւային ուժերը եւ խորհրդաւոր կապ կը ստեղծեն սրբազան ուժերու ու մարդկային հոգիներու միջեւ: Յենլով երաժշտութեան միջոցով հիւանդութիւններու բուժման աւանդական մեթոտներու վրայ, ներկայիս բժշկագիտութեան մէջ իր ուրոյն տեղը գտած է երաժշտադարմանումը, որ հոգեդարմանական միջոց է` պայմանաւորուած երաժշտութեան բուժիչ ներգործութեամբ մարդու հոգեբանական վիճակի վրայ:
Երաժշտական դարմանումի գիտականօրէն հիմնաւորուած առաջին ուսումնական ծրագրերը իրականացուած են Լոնտոնի մէջ, 1961 թուականին, իսկ տասնհինգ տարի անց այստեղ հիմնադրուած է երաժշտական դարմանումի մեծ կեդրոն: Գերմանացիք երաժշտադարմանումի իրենց նոյնատիպ աշխատանքներուն սկսան 1978 թուականին` Աախենի երաժշտական գոլէճին մէջ: Աւելի ուշ` մեկնելով գրանցուած հիանալի արդիւնքներէն, համալսարանի բժշկական բաժանմունքուին մէջ հիմնադրուեցաւ երաժշտական դարմանումի հիմնարկ: Հետագային Եւրոպայի շարք մը այլ երկիրներու մէջ իրականացուեցան երաժշտական դարմանումի ուսումնական նմանատիպ ծրագրեր, որոնք բաւականին յաջողութեամբ կը կիրառուին առ այսօր:
Երաժշտական դարմանումի կիրառումը մեծ տարածում գտած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու, Աւստրալիոյ, Ճաբոնի, Նոր Զելանտայի, Հարաւային Ամերիկայի եւ շարք մը այլ երկիրներու մէջ:
Հայրենական եւ արտասահմանեան երաժշտադարմանողներու կողմէ կատարուած են բազմապիսի հետազօտութիւններ, որոնք կը փաստեն այն մասին, որ երաժշտութիւնը կրնայ ազդել մեր էութեան վրայ, ինչպէս դրական, կենարար, ոգեւորող եւ վեհացնող, այնպէս ալ` բացասական, մեր հոգեվիճակը քայքայող եւ նոյնիսկ` մահուան հասցնող: Ապացուցուած է երաժշտութեան բարերար ազդեցութիւնը նէյրոէնդոկրին համակարգի գործառոյթներու վրայ, եւ յատկապէս արեան մէջ գտնուող` յուզական բոլոր հակազդեցութիւնները կարգաւորող հորմոններու վրայ: Երաժշտութեան նկատմամբ եղած վերաբերմունքով կը բնորոշուի նաեւ մարդու ներքին բարոյական արժեհամակարգը: Այս առումով շատ կարեւոր է ունկնդրուող երաժշտութեան ճիշդ ընտրութիւնը:
Մարդկային օրկանիզմի վրայ երաժշտութեան ազդեցութեան երկարատեւ ուսումնասիրութիւններու արդիւնքին գիտնականներու կողմէ հաստատուած է.
1.- «Ծանր մետալ» (հեւի մեթըլ) երաժշտութեան հնչիւններէն կը դադարին աճիլ բոյսերը:
2.- Սուր, ճչացող, բարձր յաճախականութեամբ հնչող ձայները ընդունակ են մակարդել օրկանական սպիտակուցները: Համերգի ընթացքին հում հաւկիթը երեք ժամ հզօր բարձրախօսի մօտ պահելէ յետոյ պարզուեցաւ, որ ան ամբողջապէս մակարդուել` «եփած» է:
3.- Ձուկը կը սոսկայ լուսային վառ ազդեցութիւններով ուղեկցուող ռոք երաժշտութեան ազդեցութեամբ:
4.- Մի քանի ժամ տիսքոթէքի մէջ գտնուելէ յետոյ դեռահասը կը յայտնուի ամենատիպիկ հիփնոսի վիճակի ներքեւ: Իսկ սա կը նշանակէ, որ այս վիճակի մէջ գտնուող անձը դիւրութեամբ կարելի է ուղղորդել որոշակի գործողութիւններու:
Հիմա խօսինք մարդու ֆիզիքական եւ հոգեմտաւոր վիճակներու վրայ դասական երաժշտութեան ներգործութեան մասին: Երբ գիտնականներ անցեալ դարու կէսերէն սկսեալ լրջօրէն ուսումնասիրեցին դասական երաժշտութեան ազդեցութիւնը մարդու ներաշխարհի վրայ, զարմանալի արդիւնքներ գրանցեցին: Փաստուեցաւ, որ գրեթէ առանց բացառութեան, հիւանդ մարդիկ լսելով դասական երաժշտութիւն սովորականէն շատ աւելի արագ կ՚ապաքինին: Ընդհանուր առմամբ կարելի է ըսել, որ դասական երաժշտութիւնը խիստ դրական ներգործութիւն կ՚ունենայ մարդկային օրկանիզմի կենսագործունէութեան վրայ` բարելաւելով ուղեղի աշխատանքը, նպաստելով նիւթափոխանակութեան, զարգացնելով յիշողութիւնը, կարգաւորելով սրտանօթային համակարգի աշխատանքը, ազատելով գլխացաւէն եւ այլն: Ապացուցուած է, որ Մոցարթի երաժշտութիւնը կ՚արագացնէ տեղեկատուութեան իւրացումն ու մշակումը, էականօրէն կ՚աշխուժացնէ ուղեղին աշխատանքը: Պեթհովէնի, Լիսթի, Կրիկի ստեղծագործութիւնները հեշտութեամբ կը բուժեն գլխացաւերը, կը կարգաւորեն շնչառական համակարգը, կ՚արագացնեն նիւթափոխանակութիւնը: Հայտընի, Վիվալտիի, Քորելլիի գործերը կը կարգաւորեն արեան շրջանառութիւնը, կը նպաստեն սրտի կշռուաթաւոր աշխատանքին, կը պարգեւեն երջանկութեան զգացողութիւն` դուրս բերելով ընկճուածութեան վիճակներէն:
Հարկ է նշել, որ մարդու ֆիզիքական եւ հոգեկան վիճակներու վրայ բացի դասական երաժշտութենէն, խիստ դրական ազդեցութիւն ունի նաեւ ազգային զուլալ աղբիւրներէն եկող ժողովրդական երաժշտութիւնը, որ իր մէջ կ՚ամբողջացնէ ազգային, ժառանգական, ցեղային, մենթալ եւ կարեւորագոյն շարք մը այլ յատկանիշներ:
Ի հարկէ, խօսելով դասական կամ ազգային-ժողովրդական երաժշտութեան մասին, որպէս բուժիչ խիստ ներգործօն միջոց, պէտք է նկատի ունենալ, որ ան խիստ անհատական է եւ կախուած է մարդու հոգեմտաւոր առանձնայատկութիւններէն, հետեւաբար նոյն երաժշտական ստեղծագործութեան ազդեցութիւնը տարբեր մարդոց վրայ կ՚ըլլայ տարբեր:
ԱՐՄԷՆ ՃԵՆՏԵՐԵՃԵԱՆ