ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ԼԵԶՈՒՆ
Մարդիկ իրենց շրջապատին հետ հաղորդակցելու համար կ՚օգտագործեն շարք մը խորհրդանշաններ, որոնք կ՚անուանենք լեզու: Մինչ մարդիկ կը շփուին լեզուով, միւս կենդանի էակները ունին հաղորդակցութեան աւելի պարզ միջոցներ: Կարելի է ըսել, որ անոնք ալ կ՚օգտագործեն իրենց բնաւորութեան յատուկ լեզու մը։ Մարդոց պարագային լեզուն բաւական մանրամասն ու աւելի բարդ է, իսկ այլ կենդանի էակներու հետ կը հաղորդակցին համեմատաբար աւելի պարզ ձեւով: Իսկ այն բաները, որոնք մենք կ՚անուանենք անշունչ, որեւէ բան չե՞ն ըսեր։ Մեզ կը հետաքրքրէ, թէ արդեօք ամէն ինչի համար համաձայնութի՞ւն պէտք է գոյութիւն ունենայ: Ինչո՞ւ հաղորդակցութիւնը յատուկ ըլլայ միայն կենդանի էակներուն:
Ամէն ինչ կազմուած է մասերէ։ Կեանքը փոքր կտորներէ կազմուած մեծ ամբողջութիւն մըն է: Տիեզերքը՝ այսինքն գոյութեան սահմանները, ունի կազմաւորում մը: Թէեւ տիեզերքը իր սահմանման իմաստով օրկանիզմ մը չէ, սակայն պէտք է հաշուի առնել, որ ան ունի կազմակերպուած տարրեր եւ որոշ գործառոյթ։ Մենք կրնանք մասերէ կազմուած տիեզերքը համեմատել մարդու հետ, որ կը համապատասխանէ օրկանիզմ սահմանման։ Որպէս այս ամբողջութեան անդամ՝ մարդն ալ ամբողջութիւն մըն է։ Անհատը գործարաններէ, երակներէ, մկաններէ կազմուած օրկանիզմ մըն է՝ աստղահոյլերը կազմող աստղերուն նման։
Արդարեւ, մարդ արարածը ամբողջութիւն մըն է եւ, իր կարգին, ձեւաւորեց մարդկութիւնը: Իսկ մարդկութիւնը ինչպէ՞ս դարձաւ ամբողջութիւն մը։ Այս հարցման պատասխանն է լեզուն, որ կ՚օգտագործենք ամէն պահու, ամէն հասկացողութեան եւ աշխատանքի մէջ։ Այս հանգամանքը մարդ ըլլալու առանձնայատկութիւն մըն է: Լեզուն համախմբում մըն է։ Հասարակաց խորհրդանշաններու շուրջ համաձայնութիւնը ստեղծած է միասնկանութիւն, որ կ՚ապահովէ լեզուն: Միասնականութիւնը համընդհանուր շարժառիթ է, որ ունի նաեւ բնազդային երեւոյթ: Միասնականութեան արտայայտութիւն մըն է նաեւ սէրը: Կարելի է ըսել, որ տիեզերքի լեզուն միասնականութիւնն է, իսկ աւելի վիպապաշտականօրէն եթէ արտայայտուինք՝ սէրը։ Տիեզերքի լեզուն սէրն է։ Սէրը միութիւնն է: Համաձայնիլն ու հաշտուիլը կը պահանջէ մարդկային, ինչպէս նաեւ համընդհանուր ջանք, քանի որ ան կը գտնուի աւելի մեծ ամբողջութեան ներքեւ: Ա՛լ աւելի վիպապաշտական մեկնաբանութեան մէջ մենք կրնանք նոյնիսկ ըսել, որ միասնութիւնը կը նպաստէ գոյատեւման: Այս միասնութեան շնորհիւ է, որ բնութեան դաժան պայմաններու մէջ գոյատեւել փորձող մարդ արարածը կը վերածուի սպառնալիքներու դէմ պայքարող հրէշի մը։ Միասնութիւնը կը խորհրդանշէ նաեւ միաւորուիլ՝ որպէս նիւթի մը խիտ ձեւը:
Մեր ըսածը, ի հարկէ, մեծ արձագանգ չի յառաջացներ տիեզերքի մէջ։ Կը քնանանք, ոտքի կը կանգնինք, կը ձանձրանանք, կը զայրանանք, կը մտահոգուինք, կը նախանձինք, կը վախնանք, կ՚ըմբոստանանք… Քունը, երազի ընթացքին մեր տեսածները, իրականութեան մէջ, առանց կեանքը ապրելու չ՚իրականանար։ Երբ կ՚անդրադառնանք, թէ մեր ապրածները պէտք է իմաստ մը ունենան, կեանքի հանդէպ մեր հայեացքը կը վերաձեւաւորուի եւ տիեզերքը կը սկսի խօսիլ մեզի հետ։ Եթէ տիեզերքին հարցում մը ուղղենք, ան անպայման պատասխանել կը ջանայ մեր հարցման։ Սկիզբին պատահականութիւն թուացող դէպքով մը կը փորձէ քու ուշադրութիւնդ գրաւել։ Թէեւ դուն առաջին հերթին չես անդրադառնար այդ արձագանգին, սակայն երբ արթննաս, կը տեսնես այդ պատահականութիւններու կրկնութիւնը տարբեր ձեւերով եւ այդ կէտին կը սկսի հաղորդակցութիւնը մարդու եւ տիեզերքի միջեւ։ Պատահականութիւններն ալ կը կազմեն ամբողջութիւն, քանի մարդ արարածը առանձին, դատարկութեան մէջ չի կրնար հանդիպիլ անոնց։ Տիեզերքի լեզուն միասնականութիւնն է, տիեզերքը ամբողջութիւն մըն է եւ այս բոլորը իրականութիւն կը դառնան յատկապէս սէրով…
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ