ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՏՕՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնը, որ իբրեւ տէրունի տօն, կը նշուի Քրիստոսի յարութեան 40-րդ օրուան հանդիպող Հինգշաբթին:
«Համբարձում» կը նշանակէ բարձրացում: Համբարձումը յարուցեալ Յիսուսի մարմնով երկինք բարձրանալու եւ Հօր աջ կողմը նստելու յիշատակն է: Այս տօնը կ՚եզրափակէ Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան եւ աւետարանական պատմութեան շրջանը:
Համբարձման դէպքը նկարագրուած է Նոր Կտակարանին մէջ (Մարկ. ԺԶ 19-20, Ղուկ. ԻԴ 50-53, Գործք Ա 9-11): Ս. Յարութեան մեծ եւ հրաշափառ դէպքէն յետոյ անցած էին քառասուն օրեր, որոնց ընթացքին յարուցեալ Տէրը խորհրդաւոր կերպով, բայց միշտ մարդկային կերպարանքով բազմիցս երեւեցաւ վշտաբեկ եւ յուսահատ իր աշակերտներուն՝ զանոնք վերահաստատելով իրենց առաքելական կոչման եւ հաւատքի մէջ: Յարուցեալ Քրիստոս այդ 40 օրերու ընթացքին շարունակեց քարոզել՝ երեւելով իր աշակերտներուն: Իր հանդիպումներու ժամանակ Ան միշտ կը խօսէր երկնքի արքայութեան մասին, կը յուսադրէր, կը քաջալերէր եւ կը մխիթարէր, որպէսզի Իր՝ երկինք երթալուն պատճառով չտրտմին: Տէր Յիսուս անոնց մէջ սերմանեց նաեւ համբերութիւն եւ արիութիւն. համբերութիւն` յոյսով սպասելու զԱյն` նախապէս տուած խոստումին իրագործման, եւ արիութիւն` ընդդէմ գալիք փորձութիւններու, որպէսզի կարողանան աներկիւղ քարոզել Աւետարանը:
Հին ատեն Համբարձումի տօնակատարութիւնները կը սկսէին Չորեքշաբթի: Կիները այդ օրը կը կոչէին Ծաղկամօր Կիրակի: Ծաղկամայրը, ըստ աւանդութեան, քրիստոնեայ Վարվառ կոյսն է, որ կռապաշտ հօրմէն փախուստ տալով կ՚ապաստանի Աշտարակի մօտ գտնուող Արայի լեռը: Հայրը կը հետապնդէ աղջիկը, զայն կը գտնէ քարանձաւին մէջ եւ կը սպաննէ: Մահանալէն առաջ աղջիկը կը խնդրէ Աստուծմէ, որ ծաղիկի եւ կարմրուկ հիւանդութիւններ ունեցող մանուկները բժշկուին. այդպէս ալ կ՚ըլլայ, եւ այդ քարանձաւը կը դառնայ ուխտատեղի: Քարանձաւի պատերէն մնայուն կերպով ջուր կը հոսի. ժողովուրդը կը հաւատայ, որ անոնք Վարվառէ կոյսին արցունքներն են:
Համբարձումին նաեւ կը կատարուի վիճակահանութիւն եւ ծաղկահաւաք: Ջուրով լեցուն կուժի կամ ամանի մէջ կը տեղադրուին ծաղիկներ եւ ներկայ աղջիկներուն պատկանող իրեր: Դեռատի աղջիկ մը ճերմակ զգեստ կը հանգնի, կը վերցնէ կուժը եւ կը շրջի տան մէջ. կուժէն դուրս բերուած առաջին առարկային տիրոջ մօտալուտ ամուսնութիւնը կը նախատեսուի: Ապա իւրաքանչիւր իրի հետ կ՚ընտրուի վիճակահանութեան տոմս մը, ուր գրուած խրատը կամ նախատեսութիւնը ուղղուած կ՚ըլլայ առարկային տիրոջ:
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ