ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՆՀՆԱՐԻՆՈՒԹԻՒՆԸ

Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները ժողովրդավարութեան անհնարինութեան մասին։

Չորրորդ՝ ժամանակակից ժողովրդավարութիւններու մէջ քաղաքական ուժերու իշխանութիւնը արդիւնաւէտօրէն սահմանափակուած չէ: Քաղաքական ուժերը իրենց իշխանութիւնը կրնան օգտագործել ո՛չ թէ ի շահ ժողովուրդի, այլ հակառակը՝ ի վնաս անոնց։ Հայէք եւ Պուքանան այն երկու մտածողներն են, որոնք կը պաշտպանեն այս հանգամանքը՝ ունենալով շատ հիմնաւորուած փաստարկներ: Երկու մտածողներն ալ կը նշեն, թէ ժամանակակից ժողովրդավարութիւնները անսահմանափակ են եւ արդիւնքին ժողովուրդի ազատութիւնը կը նեղնայ քաղաքական վարչակազմերու կողմէ։

Այլեւս կարելի չէ անտեսել մտածող մարդոց մօտ ժողովրդավարութեան նկատմամբ վստահութեան աստիճանական կորուստը։ «Ժողովրդավարութիւն» կախարդական բառը այնքան հզօր դարձած է, որ ժողովրդավարութենէ առաջ կառավարութեան վրայ դրուած սահմանափակումները այլեւս չեն գործեր եւ սա հետզհետէ աւելի աչքառու կը դառնայ: Երբեմն ժողովրդավարութեան անուան տակ յառաջ քշուած պահանջները այնքան վտանգաւոր կ՚ըլլան, որ իւրաքանչիւր ողջամիտ, զգօն քաղաքացի կ՚արձագանգէ ժողովրդավարութեան դէմ, ինչ որ իրական վտանգն է։ Սակայն ժամանակի ընթացքին սկզբնական իմաստին աւելցուած ենթաիմաստները այնքան լայն դարձած են, որ այժմ կը վտանգեն ժողովրդավարութեան հանդէպ վստահութիւնը:

Ժողովրդավարութիւնը կատարեալ քաղաքական վարչակարգ մը չէ, ինչպէս կը կարծեն եւ կը փառաբանեն շատեր: Ցաւօք, ժողովրդավարութիւն բառը նոյնիսկ գիտական ​​գրականութեան մէջ ճշգրիտ իմաստով չ՚օգտագործուիր ներկայիս։ Ժողովրդավարութիւնը, որպէս հասկացութիւն, միշտ ենթարկուած է իմաստի փոփոխութեան, նաեւ ապականման եւ մեկնաբանութեան ուռճացման։ Ուստի, իւրաքանչիւր անհատ, որ կը խօսի եւ կը գրէ ժողովրդավարութեան մասին, նախ պէտք է մտածէ ժողովրդավարութեան բուն իմաստին մասին։

Ըստ ֆրանսացի քաղաքագէտ Ալեքսիս տը Թոքեւիլի, «ժողովրդավարութիւն» եւ «ժողովրդավարական պետութիւն» սահմանումներու օգտագործման պակաս կայ, որովհետեւ դեռ այս բառերը յստակ չեն սահմանուած եւ անոնց իմաստները չեն համաձայնեցուած։ Մարդիկ կը շարունակեն ապրիլ այս երկիմաստութեան վրայ եւ այդ քննարկումները կը շահին ամբոխավարներ եւ բռնակալներ:

Ժողովրդավարութիւնը վերածուած է համակարգի մը, որ կը ներկայացնէ փոքրամասնութեան մը անսահմանափակ իշխանութիւնը։ Եթէ սա ճիշդ է, ապա մեզի անհրաժեշտ է սահմանում մը՝ արտայայտելու համար ժողովրդավարութեան իրական եւ իտէալական իմաստը։ Եթէ ժողովրդավարութիւնը եւ սահմանափակ կառավարումը հաշտուող համակարգեր չեն, մենք պէտք է նոր բառ մը գտնենք (որ ժամանակին կը նշանակէր սահմանափակ ժողովրդավարութիւն): Մեծամասնութիւնը «արխէին»ներ (յունարէն՝ կառավարող) են, որոնք պէտք է կառավարուին օրէնքի մշտական կանոններով, այլ ոչ թէ ժամանակաւոր եւ ամենօրեայ հրամանագրերով (Ճոն Լոքի խօսքերով): Տեմարշի կամ սահմանափակ պետական համա​​կարգի պարագային գերագոյն իշխանութիւնը ժողովուրդի կարծիքն է, այլ ոչ թէ ժողովուրդի կամքը։

Մեծամասնութեան կամքը կրնայ ճնշել այլ մարդոց վրայ։ Պէտք է կանխել մեծամասնութեան կողմէ իշխանութեան չարաշահումը։ Քաղաքականութեան մէջ մեծամասնութեան իշխանութիւնը հիմնաւորելը բարոյապէս չ՚արդարացներ ժողովրդավարութիւնը։ Փոքրամասնութեան կողմէ մեծամասնութեան կառավարումը բռնակալութիւն է։ Մեծամասնութեան կողմէ փոքրամասնութեան կառավարումը նոյնպէս բռնակալութիւն է։ Երկու պարագային ալ կը գործէ «դուք կ՚ընէք այն, ինչ որ մենք կ՚ուզենք, ոչ թէ ինչպէս դուք կ՚ուզէք» կանոնը։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

•վերջ

Երկուշաբթի, Յունիս 5, 2023