ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ ԴՊՐՈՑԷՆ ԴՈՒՐՍ…
Արեւմտահայ ազգային, կրթական գործիչ, գրող, Շահնազար Քէօթահեանի «Մանուկները դպրոցէն դուրս կամ ծնողները ինչպէս դաստիարակելու են իրենց զաւակները (Մանկական կեանքէ առնուած զուարճալիքներով)» խորագրով գիրքը (որուն անդրադարձած էինք օրերս), հետաքրքրութիւն յառաջացուցած էր մանուկներու դաստիարակութեան, զարգմացան հարցերու հետեւող շատ մը ընթերցողներու մօտ: Մանուկներուն վերաբերող գրութիւնները, մանաւանդ՝ փորձառութեամբ պատրաստուած եւ ուսումնասիրուած, միշտ ալ ուշադրութեան կ՚արժանանան: Մանուկները հասարակութեան ամենախոցելի խաւն են, անոնց շատ զգուշութեամբ եւ մանաւանդ՝ համբերութեամբ վերաբերիլը ամենամեծ պարտականութիւնն է ծնողքի եւ մանուկներու խնամքը ստանձնած անձերու:
1934 թուականին Աթէնքի մէջ հրատարակուած այդ գիրքէն կրկին կու տանք բաժիններ:
ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՏԱՆՔ
«Նայէ, մայրիկ, ի՜նչ գեղեցիկ ձեռագործ մը շինեցի: Տե՛ս, թէ լաւ չե՞մ աշխատած»:
Այսպէս կ՚ըսէր սիրուն աղջնակ մը իր մօրը՝ ցոյց տալով կտոր մը, որուն վրայ գոյնզգոյն ծաղիկներ ասեղնագործած էր: Փոքրիկը, բնականաբար, կը սպասէր, որ մայրիկը անմիջապէս պատասխանէր իրեն, առնէր ձեռագործը, հիանար անոր վրայ եւ քաջալերէր իր ժրաջան աղջիկը: Սակայն հակառակը պատահեցաւ: Մայրը, որ դրացի կնոջ մը հետ խօսակցութեան բռնուած էր, երբեք կարեւորութիւն չտուաւ իր զաւկին խօսքերուն, թերեւս չլսեց ալ, եւ շարունակեց իր «շատ կարեւոր» խօսակցութիւնը: Փոքրիկը քանիցս կրկնեց իր խնդրանքը եւ վերջապէս յաջողեցաւ մօրը ուշադրութիւնը իր վրայ հրաւիրել: Մայրը, սակայն, փոխանակ մի քանի անուշ բառերով շնորհաւորելու կամ խրախուսելու իր աղջնակը՝ սաստիկ յանդիմանեց զայն, իր խօսակցութիւնը ընդհատած ըլլալուն համար, պոռաց անոր երեսն ի վար եւ ձեռագործը առնելով պատուհանէն դուրս նետեց: Ուշադրութեամբ դիտեցի փոքրիկ աղջկան շարժումները, նշմարեցի այն յուսախաբութեան եւ վիրաւորանքի զգացումները, որոնք յայտնապէս նկարուած էին իր մանկական դէմքին վրայ: Մի քանի վայրկեան վերջ, երբ մայրը առանձին մնաց եւ ուզեց իր աղջկան հետ խօսիլ, տեսաւ, թէ ան քաշուած անկիւն մը լուռ ու անձայն կու լար: Վիրաւորուած էին փոքրիկ աղջկան զգացումները եւ իւրայատուկ արժանապատուութիւնը:
Այս շատ աննշան միջադէպին մէջ հոգեբանական եւ մանկավարժական խիստ կարեւոր կէտ մը կայ, որ կ՚արժէր ծնողներու եւ չափահասներու լուրջ ուշադրութեան յանձնել:
Մանուկները առհասարակ ուրիշներու ըրածները, խօսածները եւ զանազան շարժումները դիտել եւ լսել կը սիրեն. մեծ հետաքրքրութեամբ եւ աշխուժով կը հետեւին բոլոր անոնց, որոնք գեղեցիկ եւ զարմանազան առարկաներ կը շինեն, ինքնաշարժ կամ կառք կը վարեն, կը նկարեն, կ՚երգեն, կը նուագեն, թատերական ներկայացումներու կը մասնակցին եւ այլն: Սակայն մանուկներուն խանդավառութիւնն ու եռանդը հոս կանգ չ՚առներ: Անոնք ոչ միայն կ՚ուզեն ուրիշներու ըրածները կամ ըսածները ըմբոշխնել, այլ նաեւ կը փափաքին միեւնոյն բաները իրենք ալ կրկնել: Անոնք կ՚ուզեն բան մը շինել, բան մը արտադրել, եւ որքան ալ ծիծաղելի ըլլան անոնք իրենց այս ջանքերուն մէջ, կ՚ուզեն որեւէ կերպով նմանիլ եւ նմանեցնել ուրիշներուն ըրածները:
Մանուկները քայլ մը աւելի առաջ երթալով կ՚ուզեն, որ իրենց ըրածներուն, արտադրած գործերուն, խօսածներուն ուրիշներն ալ ուրախակից ըլլան: Կը փափաքին, որ իրենց ընկերները կամ ծնողները տեսնեն, թէ իրենք բան մը ըրած են կամ կ՚ընեն, եւ այս կերպով կը ջանան ուրիշներու ալ ուշադրութիւնը հրաւիրել իրենց գործերուն վրայ եւ մեծերուն կամ խաղընկերներուն գովասանքին եւ քաջալերական խօսքերուն արժանանալ:
Այս զգացումը այնքան զօրաւոր է մանուկներուն մէջ, որ երբ անոնք աննկատ կ՚առնուին չափահասներու կողմէ, քանի մը փաղաքշական կամ սիրագեղ խօսքերով չեն քաջալերուիր իրենց գործերը, արտադրութիւնները, որքան ալ ճղճիմ եւ աննշան ըլլան անոնք, այլ ընդհակառակը կը յանդիմանուին ու կը պատժուին, չափազանց կը վշտանան, կը յուսալքուին եւ կը զգացուին, իրենց խանդն ու եռանդը կը մարի, այն ինքնաստեղծ եւ ձեռներէց ոգին, որը ծնունդ պիտի տար աւելի մեծ գործերու եւ իրենց նկարագրին ու արտադրական կորովին հիմերը պիտի դնէր, կը բթանայ, կը տկարանայ եւ թերեւս վնասաբեր ուղղութիւն մը կ՚ընդգրկէ:
Եթէ կը փափաքինք, որ մեր զաւակները լաւագոյն կերպով պատրաստուին վաղուայ կեանքի պայքարին համար, ըլլան ինքնատիպ, ձեռներէց, ստեղծագործող եւ անկախ գաղափարներու տէր անհատներ, այժմէն քաջալերելու ենք զիրենք իրենց աննշան եւ սակայն մեծ կարելիութիւններով լեցուն գործերուն մէջ, դրուատելու ենք եւ փառաբանելու ենք զանոնք իրենց դէպի բարին, գեղեցիկը, ճշմարիտը առած դողդոջուն քայլերուն եւ թռիչքներուն մէջ, որպէսզի անոնք ուժ առնեն, արագացնեն իրենց վերասլաց արշաւանքը, ընդարձակեն իրենց մտաւոր, բարոյական եւ հոգեկան հորիզոնը եւ պատրաստուին մեր ժողովուրդին օգտակար, հանճարեղ եւ բազմակողմանի ընդունակութիւններով օժտուած առաջնորդները ըլլալու:
Մանուկներուն երեւակայութիւնը միշտ գործունէութեան մէջ է: Անոնց ձեռքերն ու միւս զգայարանները անընդհատ բան մը ծրագրելու կամ բան մը ընելու ետեւէ են, անոնք մեզ՝ չափահասներուս կու գան հարցումներով այս կամ այն առարկային կամ առօրեայ դէպքերու շուրջ, կու գան մեզ իրենց ինքնահնար պատմութիւններով, երգերով, պուպրիկներով եւ ուրիշ խաղալիքներով, մեզմէ գովաբանութիւն, հիացում եւ քաջալերութիւն կ՚ակնկալեն, կ՚ուզեն, որ մենք իրենց հարցումներուն բացատրութիւններ տանք, լսենք իրենց երգերը, պատմութիւնները, արտասանութիւնները եւ մանաւանդ ձեռքերնիս առնենք իրենց յօրինած խաղալիքները եւ շնորհաւորենք զիրենք այս յաջողութեանց համար: Այսօրինակ պարագաներու մէջ շատ մը ծնողներ սովորութիւն ունին չեխելու կամ յանդիմանելու իրենց զաւակները եւ բնաւ կարեւորութիւն չտալ անոնց խօսքերուն եւ խնդրանքներուն:
Այս կերպով երկու տեսակ չարիք գործած կ՚ըլլանք. նախ մանուկներու արժանապատուութիւնը, զգացումները եւ «ես»ը կը վիրաւորենք, երկրորդ՝ անոնց մէջ նոր արմատներ արձակող ձեռներէցութեան, ինքնօգնութեան եւ ինքնաստեղծ ոգին կը մեռցնենք կամ կը ջլատենք:
Այս կրկնակ պատճառները նկատի ունենալով, ծնողներ պարտին զգուշանալ փոքրիկ մանուկները յանդիմանելէ կամ չեխելէ՝ անոնց հարցումներուն կամ ամենափոքր խնդրանքին համար, եւ ամէն կարելի միջոցներով ջանալու են քաջալերել անոնց ամենափոքր յաջողութիւնները, եւ այս կերպով առաջնորդել զիրենք ուղիղ եւ դրական ճամբով, որպէսզի անոնք առաւել եւս զարգանան եւ յառաջդիմեն: Յանդիմանութիւն, ծեծ եւ անտարբերութիւն հակառակ արդիւնք պիտի տան:
Չմոռնանք, որ մանուկներու զգացումները, երեւակայութիւնը եւ ապրած աշխարհը տարբեր են մերիններէն, չենք կրնար ակնկալել, որ անոնք մեզի պէս խորհին, մեզի պէս գործեն եւ հասկնան մեր ցաւերը եւ դժուարութիւնները, եւ ըստ այնմ վարուին մեզի հետ: Մինչեւ որոշ շրջան մը պարտաւոր ենք վարուիլ անոնց հետ մանուկներու պէս, գոհացնելու ենք անոնց բաղձանքներն եւ հետաքրքրութիւնը եւ այսպէսով առաջնորդել զիրենք բնական ճամբով:
Կարեւորութիւն տանք մեր զաւակներուն գործերուն, խօսքերուն, հարցումներուն, չվիրաւորենք զանոնք, այլ ամէն կերպով քաջալերենք զիրենք իրենց ձեռք բերած յաջողութեանց համար:
Այս ընելով երբեք պիտի չզղջանք:
Ի՞ՆՉ ԸՆԵՆՔ ՋՂԱՅՆՈՏ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ
Ջղայնոտութիւնը գրեթէ հասարակ երեւոյթ մըն է տարէց անձերու կեանքին մէջ: Օրեր, ժամեր, պահեր կան, երբ ծնողներ մասնաւոր կերպով դիւրագրգիռ եւ ջղայնոտ կը դառնան: Այս երեւոյթը վերագրելի է անշուշտ մասամբ ֆիզիքական տկարութեան եւ մասամբ ալ ուրիշ պատահական դէպքերու: Այս պարագան ծանօթ ըլլալով մեզ՝ չափահասներուս, շատ անգամ կարող կ՚ըլլանք մենք զմեզ զսպել, կառավարել, նոյնիսկ ծածկել մեր ջղայնոտ բնաւորութիւնը եւ խուսափիլ անհաճոյ դէպքերէ եւ ծայրայեղութիւններէ:
Սակայն, երբ խնդիրը կը դառնայ մանուկին շուրջ, երբեմն կ՚անգիտանանք, թէ միեւնոյն հիմնական պատճառներն են որ ծնունդ կու տան անոր ջղայնոտ եւ դիւրագրգիռ բնաւորութեան, կը մոռնանք մենք զմեզ, կը բարկանանք, կը յանդիմանենք կամ կը ծեծենք խեղճ փոքրիկը, որուն միակ յանցանքն է ինքզինքը մեզի պէս չկարենալ զսպելը, իր ֆիզիքական տկարութիւնը շատ պարզ բնական եւ պարզ ձեւով արտայայտելը եւ առանց աղմկալից գանգատներու մեզ հասկցնելը, թէ սխալ եւ անբնականոն բան մը կ՚անցնի կը դառնայ իր էութեան մէջ:
Մայրերու եւ հայրերու համար զաւակները կառավարելու հարցը կենսական նշանակութիւն ունի: Խնդիրը աւելի կը բարդանայ, երբ գործերնին ջղայնոտ եւ ֆիզիքապէս տկար մանուկներու հետ է, այդ պարագային ծնողներուն կը մնայ ըլլալ խիստ աչալուրջ, խոհեմ եւ շրջահայեաց, որովհետեւ հասարակ կարգապահական օրէնքները կամ տիսիփլինի մեթոտները օգտակար չեն կրնար ըլլալ: Անհրաժեշտ է ընդգրկել տարբեր ուղեգիծ եւ տարբեր վարուելակերպ:
Ջղայնոտ մանուկը պէտք է նկատել հիւանդ մը, ֆիզիքապէս տկար արարած մը եւ ըստ այնմ վարուիլ անոր հետ. ան կը կարօտի գուրգուրանքի, հոգածութեան եւ լուրջ խնամքի:
Մեծագոյն սխալը կը գործենք, երբ արդէն իսկ ֆիզիքապէս տկար եւ անբնականոն վիճակի մը մէջ եղող մանկան վրայ թափենք նաեւ մեր բարկութիւնը, սպառնալիքն ու ծեծը, այսպէսով պատճառ ըլլալով, որ ան դառնայ աւելի դիւրագրգիռ, ջղային, տկար եւ անուղղայ:
Ըսինք, թէ մանուկին ջղայնոտութեան պատճառները ընդհանրապէս ֆիզիքական են. երբեմն փոքրիկը չափազանց կը յոգնի եւ կը դառնայ դիւրագրգիռ, ուրիշ ատեններ հանդէսներու, հիւրասիրութեան եւ այլ պարագաներու բերմամբ անքուն կը մնայ, անծանօթ ընկերներու հետ բախումներ կ՚ունենայ եւ կը գրգռուի, դպրոցական ծանր պարտականութիւններ, յուզումնալից ներկայացումներ եւ ուրիշ զանազան ազդակներ ալ պատճառ կ՚ըլլան, որ մանուկը ըլլայ ջղայնոտ եւ անհանգիստ: Առհասարակ մանուկներ իրիկուան ժամը չորսէն վերջ յոգնած կը զգան, ուստի մօր պարտականութիւնն է ըլլալ համբերող, խոհեմ, շարժիլ պարագայի պահանջքին համաձայն եւ տեղի չտալ գրգռութեանց:
Կան անշուշտ ուրիշ հիւանդութիւններ եւ գործարանային դժուարութիւններ, որոնք մանուկին ջղայնոտութեան պատճառ կ՚ըլլան եւ որոնց բացատրութիւնը կ՚իյնայ բժիշկին:
Բացառիկ պարագաներու տակ լաւագոյնն է խուսափիլ մօր մը եւ իր զաւկին միջեւ պատահելիք հաւանական բախումէ: Այս չի նշանակեր սակայն, թէ մանուկը ազատ պիտի ձգենք, որ իր ուզածը ընէ: Ընդհակառակը, ան պէտք ունի իր ծնողաց խրատներուն եւ լաւագոյն դատողութեան, վերջապէս, ինչ որ ալ ըլլայ, մայր մը աւելի լաւ կրնայ խորհիլ իր զաւակին համար, քան թէ զաւակը ինքը: Հոս ալ խիստ կարգապահական միջոցներէ աւելի առաջնորդութիւն եւ ուղղութիւն անհրաժեշտ են:
Ու ոչ միայն մայրը ինքը խոհեմ եւ ուշադիր պէտք է ըլլայ, այլ նաեւ պարտի հսկել, որ այս կամ այն դրացին, բարեկամը կամ անծանօթը մանուկին հետ վարուին ըստ պատշաճի եւ գրգռութեանց ու անկարգութանց տեղի չտան, զգուշանալ կասկածելի խաղընկերներէ եւ տգէտ անձերէ, որոնք շինելէ աւելի քանդելու պատճառ կը դառնան:
Մասնաւոր պարագաներու տակ, երբ կը տեսնենք, թէ ուրիշ միջոց մը չկայ մանուկը ի կարգ հրաւիրելու, թոյլ տալու է, որ ան ուզածը ընէ եւ գոհացում գտնէ, կարելի է նոյնպէս բացառիկ եւ ստիպողական պարագաներու տակ գործածել թեթեւ եւ խոհեմ կերպով յղացուած պատիժներ: Ինչ որ ալ ըլլայ, լաւագոյն միջոցը պէտք է ըլլայ հիւանդութիւնը արմատէն բուժել, առաջքը առնել եւ այսպէսով կանխարգել գալիք անպատեհութիւնները:
Մանուկը հանդարտեցնելու համար կարելի է քնացնել, հետը խաղալ, պատմութիւն մը պատմել, երգել, հետաքրքրական պատկեր մը ցոյց տալ եւ խաղընկերներու շրջանակէն դուրս հանել. բացառիկ պարագաներու տակ կարելի է նաեւ բժիշկին օժանդակութեան դիմել: Երբեք մանուկին զգացնելու չէ, թէ այս արտակարգ միջոցները զինքը պատժելու համար են, այլապէս արդիւնքը կ՚ըլլայ ժխտական: Յոգնած եւ գրգռուած մանուկը անկողին ղրկել՝ զայն պատժելու նպատակով խոհեմ եւ ձեռնտու միջոց մը չէ եւ չի կրնար զայն հանդարտեցնել կամ ուղղութեան բերել:
Երբ մանուկը բնականոն պայմաններու տակ ջղայնոտ կամ անհանդարտ կը դառնայ, այդ պարագային զայն նկատելու է սովորական «չար» տղայ մը, ըստ այնմ վարուելու է իրեն հետ:
ԻՆՉՊԷ՞Ս ՎԱՐՈՒԻԼ ԲԱՐԿԱՑՈՏ ՄԱՆՈՒԿԻՆ ՀԵՏ
Բարկութիւնը ջղայնոտութեան նման, հասարակ երեւոյթ մըն է տարեցներու, ինչպէս նաեւ մանուկներու առօրեայ յարաբերութեանց մէջ: Այս զգացումը փոքրիկներուն մէջ ի յայտ եկող ամենաառաջին յատկանիշներէն մին է: Զանազան ծանօթ եւ անծանօթ պատճառներ առիթ կու տան, որպէսզի մանուկները գրգռուին եւ բարկութեան առաջնորդուին, ուստի այսպիսի պարագաներու մէջ ծնողներուն պարտականութիւնն է կարելի եղածին չափով խոհեմութեամբ եւ շրջահայեաց կերպով վարուիլ իրենց զաւակներուն հետ, որպէսզի առանց անոնց մտաւոր, բարոյական եւ ֆիզիքական զարգացումին վնասելու, կարելի ըլլայ զանոնք կառավարել եւ ուղղութեան բերել:
Պէտք է ընդունիլ, թէ բաւական դժուար է բարկացոտ մանուկին հետ գործ ունենալ, որովհետեւ երբ ան գրգռուած վիճակի մէջ է, չ՚ուզեր որեւէ խօսք մտիկ ընել, այլ միայն իր նպատակը իրագործելու կամ հակառակորդը ընկճելու կը ձգտի:
Ինչո՞ւ համար մանուկները կը բարկանան: Պատճառները բազմաթիւ են: Երբեմն իրենց կամքին հակառակողներ կ՚ըլլան: Օրինակի համար, ծնողներ կ՚ուզեն փոքրիկները խաղալէ, զբօսնելէ կամ սիրական զբաղումէ մը արգիլել, ուրիշ ատեններ անոնք խաղընկերի մը հետ վէճի կը բռնուին եւ որեւէ կերպով ինքզինքնին վնասուած եւ անիրաւուած զգալով կ՚ուզեն փոխվրէժի դիմել՝ հակառակորդը տապալելու համար: Երբեմն ալ չափահասները փոքրիկ մանուկներու զգացումներն ու արժանապատուութիւնը կը վիրաւորեն, անոնց «ես »ին կը դպչին, գիտակցաբար կը գրգռեն զանոնք եւ բարկութեան տեղի կու տան: Տակաւին կարելի է ուրիշ պատճառներ ալ թուել:
Կայ նաեւ տեսակ մը բարկութիւն, որը մասամբ թոյլատրելի պիտի գտնենք, եւ ահա հոս է, որ հարցում մը մէջտեղ կու գայ. բարկութիւնը ե՞րբ առաքինութիւն մըն է, քանի որ առհասարակ ան ճանչցուած է որպէս մոլութիւն մը:
Բարկութիւնը բացառիկ պարագաներու մէջ առաքինութիւն կրնանք նկատել, երբ ան ինքնապաշտպանութեան համար յառաջ եկած մղում մըն է, կամ արդար զայրոյթ մը, երբ ան կը յայտնուի ի տես անարդարութեան, անխիղճ եւ ստոր արարքներու, որոնք կը ձգտին տկարը ճնշել, տառապեցնել եւ մարդկային յառաջդիմութեան ընթացքը կասեցնել: Բարձր զգացումներով տոգորուած եւ ուղիղ անհատականութեան տիրացող մէկը ուրիշ կերպ չի կրնար վարուիլ, երբ կը տեսնէ, թէ անմեղ մանուկ մը իր ծնողաց եւ կամ ոեւէ անծանօթի մը եսասիրական ու մենատիրական նպատակներու զոհը դառնալով կը տառապի: Այս պարագայէն դուրս որեւէ ատեն եւ որեւէ ձեւի տակ բարկութիւնը բաղձալի յատկութիւն մը չէ երբեք, նամանաւանդ երբ ան կ՚անցնի օրինական սահմանները եւ օգտակար ըլլալէ աւելի պատուհաս մը կը դառնայ իր շուրջիններուն: Հոս մայրերուն պարտականութիւնն է իրենց նորածին զաւակները այնպէս մը մեծցնել ու դաստիարակել, որ անոնք բարկութիւնը որպէս առաքինութիւն միայն ճանչնան եւ ոչ թէ՝ որպէս մոլութիւն մը:
Երբեմն պարագաներու մէջ ալ թոյլատրելի է, որ մայրեր իրենց զաւակները մղեն տեսակ մը բարկութեան կամ ինքնապաշտպանութեան զգացումին, որովհետեւ մանուկը երբ կը վարժուի որեւէ ընդդիմութիւն ցոյց չտալ իրեն հանդէպ եղած բռնութեանց, անարդարութեանց եւ սպառնալիքներու, կեանքի պայքարին անատակ արարած մը կը դառնայ եւ նոյնիսկ չափահասութեան շրջանին ուրիշներուն աջակցութիւնը կը փնտռէ ինքզինքը պաշտպանելու եւ առաջնորդելու համար: Բնութիւնը արդէն մանուկները կը զինէ հարկ եղած ինքնապաշտպանութեան զգացումով, բայց երբեմն ծնողներու կողմէ անխոհեմաբար ճնշումի կ՚ենթարկուի այս զգացումը, որով եւ մանուկը կը դառնայ տկար եւ հետեւողական: Տղայ մը պզտիկ տարիքէն այնպէս մը դաստիարակուեցաւ իր ծնողաց կողմէ, որ անբացարձակ կերպով դիմադրութիւն ցոյց տալու եւ ինքզինքը պաշտպանելու անկարող բնաւորութեան մը տիրացաւ, այնպէս որ երբ տասնմէկ տարեկան էր, իր մայրը կամ ծառաներէն մին պէտք է իրեն ընկերանային մինչեւ դպրոց, անկէ ալ տուն, որպէսզի դասընկերները իրեն որեւէ նեղութիւն տալով իրենց կամքը չպարտադրէին անոր վրայ: Այսօրինակ դաստիրակութիւն մը վերոյիշեալ տղուն յառաջդիմութեան սատարելէ աւելի արգելք մը եղած էր:
Նկատելով որ չափահասութեան շրջանին, մասնաւորաբար 14-էն 16 տարիքին մէջ մանուկներ որոշ չափով կարող կ՚ըլլան յաղթել իրենց չար կիրքերուն եւ բարկութեան նոպաներուն, մենք հոս պիտի ջանանք բարկութեան պարագային փոքրիկ մանուկներու հետ վարուելու մասին միայն շարք մը թելադրութիւններ տալ:
Նախ ըսենք, թէ բարկութեան դէմ բարկութեամբ պատասխանելու մեթոտը որեւէ ատեն բարերար արդիւնք չի տար եւ մանուկները, ուղիղ դաստիարակութեան չ՚առաջնորդեր, ժխտական ընթացք մըն է այս, որը արդէն իսկ տարածուող կրակին վրայ քարիւղ թափելու կը նմանի: Բարկացող մանուկին հետ պէտք է վարուիլ մեղմիւ, սիրով եւ զայն ուղղութեան բերելու նախանձախնդրութեամբ: Ծեծը, սպառնալիքը կամ յանդիմանութիւնը նոյն պահուն պատճառ կ՚ըլլան, որ մանուկը աւելի գրգռուի եւ նոյնիսկ թշնամական զգացումներ սնուցանէ իր ծնողաց հանդէպ:
Թերեւս լաւագոյն միջոցն է մանուկին բարկութեան պատճառները գտնել եւ ջանալ զանոնք մէջտեղէն վերցնել: Ինչո՞ւ մանուկը կը բարկանայ; Թերեւս մէկը յանիրաւի կշտամբեց զայն, ձեռքի խաղալիքներէն մին առաւ կամ բուն իսկ մայրը իր անարդար եւ անխորհուրդ ընթացքով մանուկը բարկութեան առաջնորդեց: Վերցնել պատճառները, դիմել արմատական դարմանումի եւ դիւրութեամբ կարելի պիտի ըլլայ մանուկը հանդարտեցնել:
Պատճառները վերցնել կը նշանակէ նաեւ բարկութեան առաջնորդող ազդակներու տեղի չտալ: Հոգ տանիլ մանուկին առողջութեան, զգոյշ ըլլալ որ լոգանքի ատեն ջուրը չափէն աւելի տաք չըլլայ, մանուկին մազերը աճապարանքով չսանտրել, հակառակ իր կամքին կարգ մը մտերիմ ընկերներու հետ խաղալէ չարգիլել, բռնի չքնացնել, եւ այլն եւ այլն: Տակաւին կան ուրիշ շատ սովորական պատճառներ, զորոնք խոհեմ մայրը նկատի կ՚առնէ եւ իր զաւակները գրգռելէ հեռու կը պահէ:
Ծնողներ բացարձակապէս զգուշանալու են բոլոր այն միջոցներէն, որոնք բարկութեան թափը աւելի կը սաստկացնեն: Անոնք հրաժարելու են իրենց զաւակները բարկութեան պարագային յանդիմանելէ, անվայել խօսքերով զանոնք վիրաւորելէ, ծեծելէ, ապտակելէ եւ այլն, որովհետեւ այս բոլորը մանուկին մէջ կը ստեղծեն ապստամբ ոգի մը եւ աստիճանաբար կ՚արծարծեն բարկութեան հուրը: Պատիժ մը դաստիարակչական արժէք կը ներկայացնէ այն ատեն միայն, երբ ան մանուկը կը մղէ զղջումի եւ ուղիղ վարուելակերպի: Բնականաբար, կը տեսնենք, թէ մանուկը որեւէ արդարացուցիչ պատճառ չունի բարկանալու եւ թէ իր ընթացքով ուրիշներու անհանգստութեան պատճառ կը դառնայ, լաւագոյն կերպն է, եթէ կարելի ըլլայ անշուշտ, անգիտանալ մանուկը ու իր բարկութիւնը եւ սպասել, որ կատաղութիւնը ինքնաբերաբար անցնի: Մայրեր այսպիսի մանուկներուն ըսելու են. «Ես չեմ կրնար այս խնդրին շուրջ այսպիսի բարկացոտ տղու մը հետ խօսիլ, երբ իմ առաջուան բարի տղաս դարձեալ ետ գայ, այն ատեն պիտի կարգադրենք խնդիրը »:
Բարկացոտ անհատի մը հետ չես կրնար պատճառաբանել, ան նոյն պահուն բանականութենէ զուրկ էակ մըն է, լաւագոյնն է բարկացող մանուկին նոր ուղղութիւն մը ցոյց տալ եւ գայթակղութեան պատճառ եղող առարկան մէջտեղէն վերցնել:
Վերջապէս մայրերուն կ՚իյնայ պարագային ու տեղին համեմատ եւ իրենց զաւակներուն խառնուածքին ու տրամադրութեանց նայելով ըստ այնմ շարժիլ եւ կարելի խոհեմ միջոցներով ջանալ հանդարտեցնել իրենց պզտիկները, որոնք, վստահ եմ, շուտով տեղի պիտի տան, եթէ իրենց դէմ տեսնեն խանդաղատանքով, սիրով ու գուրգուրանքով զեղուն մօր մը դէմքը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան