ԹԵՐԹԱՏԵԼՈՎ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ը
* Ալփասլան կը գրէ.
ԼՈՒՐԵՐՈՒ ՎՐԱՅ… ՔԱՍԻՄին
Ժամանակին համար, որ
Հըրապարակ ելաւ նոր
Առանց ցոյց եւ յոյզի,
Խոստացայ -երբ խնդրեցիր-
Որ տամ թերթիդ ցան եւ ցիր
Քրոնիկ լուրեր Ֆանթէ-ի:
Մինչդեռ առտու, իրիկուն,
Օրագիրներ՝ աննըկուն
Դուրս գալով բիւր օրինակ,
Մեքենայէն …
Մեր գլխուն անապաւէն
Լուր կը տեղան շարունակ:
Անոնց մէջ կան լուրեր որ
Շահեկան ու բանաւոր
Կը տարածուին ամէն դի.
Կարգ մ՚ալ ուրիշ լուրեր կան
Որոնց աղբիւրն, առարկան՝
Բան մ՚է ցնդի ու փնթի…:
Նախ, լուրեր կան որ… լուր չեն.
Կուռ ողերուն ընդմէջէն
Որ մեզ կ՚ազդէ խոր ցնցում,
Յանկարծ կ՚ելլէ երեւան
Անյաճախորդ՝ երէկուան
Խանթուպանին ծանոցում:
Անդին լուրեր կան… չնչին,
Որոնք կարծես կը թռչին
Հովին պարզած լայն թեւեր,
Կ՚անհետանան, ինչու որ
Թռչունի պէս… պոչաւոր
Սուտ լուրեր են անվաւեր:
Լուրեր կան կարճ, երկու տող,
Որք մեզ կու տան մահու դող,
Որոնց հաւատալ ուզեր չենք.
Եւ լուրեր ալ կան, տափա՜կ,
Զոր աչքերով կիսափակ
Կը կարդանք, կը յօրանջենք…:
Նոր Ռէժիմին տակ արդի,
Դժխեմ լուրեր կան ջարդի,
Գիւղ մ՚ուր կ՚այրեն հարիւր տուն…
Լուրի մը քով… աննըշան.
Արկածը մեր փոքրիկ շան
Զոր կը ճանկէ տան կատուն:
Յոյն աղջընակ մը սիրուն՝
Թըրամվայի ձիերուն
Ոտքերուն տակ կը մընայ…
Պաղտատի մէջ, ճո՛խ աւար,
Անցեալ շաբթու, վերէն վար
Թափեր է շա… մանանա՛յ:
Սալնապատի մեծ վանքին
Ցորեններն՝ այսօրուան գին
Հացի յարմար չեն բընաւ…
Անգլիացիք -ա՛զգ ազնիւ-
Ծով իջուցին երկ…անիւ
«Մինաս Չերազ» մարտանա՜ւ…:
Եւ այլն, եւ այլն: Այսպէս դեռ՝
Սողուն, ճըճի կամ թիթեռ՝
Անտիպ լուրեր կը կարդանք
Թերթերուն մէջ անհամար
Որոնք չունին մեզ համար
Հըրապոյր ու կախարդանք:
Ժամանակիդ մէջ, գիտեմ
Որ խոհուն ու խստադէմ
Կորովովդ ալ բովանդակ,
Պիտի դիտես ու ջանաս
Տեղ չի տալ այդ անվընաս՝
Փուճ լուրերուն այլանդակ:
Է՜հ, ցուրտ խորշանք քեզ ազդող
Այն հում նիւթերն ինծի թո՛ղ
Որ ես անոնց գոյներ տամ,
Փոխեմ մէկուն դէմքը սին,
Եւ պչրանքով մ՚ալ միւսին
Քօղ մը ձըգեմ ես տարտամ…
Լուրջ խորհուրդի առարկայ
Դէպք ու խնդիր ի՛նչ որ կայ,
Պահէ միշտ ան դուն քեզի:
Իսկ մընացածն ինծի տո՛ւր
Որ գըրիչովս իմ փետուր
Դառնան «լուրեր ֆանթէզի»:
Ինձ պէս՝ դուն ալ մի՛ հոգար
Թէ կ՚արձակեն մեզի քար.
-Մեր ճակատն է դիմացկուն-:
Բա՛ւ որ չըլլանք… քընաբեր.
Տատրակի պէս՝ անտարբեր
Շարունակե՛նք մեր կուկո՜ւն…:
(ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 4, 18-31 հոկտեմբեր 1908, էջ 1):
Իզմիրլեան Պատրիարքի երկրորդ գահակալութեան Մայր Եկեղեցիէն ներս մատուցած անդրանիկ Պատարագին մասին՝ «Իզմիրլեան Հայրիկի անդրանիկ Պատարագը Մայր եկեղեցւոյ մէջ. աննկարագրելի ոգեւորութիւն. պատմական քարոզ մը» վերնագիրը կրող գրութեան մէջ կը կարդանք.
* Օ՜հ, փա՜ռք քեզ Աստուած: Մայր եկեղեցին դարձեալ այն հին օրերու պայծառ, ծիծղուն ու խանդավառ տաճարն է. հո՛ն են մեր գաւառացի եղբայրները իրենց այլազան տարազով, ջերմեռանդ սրտով ու ջլապինդ բազուկներով. հո՛ն, սեղանին վրայ է հայոց սիրեցեալ Իզմիրլեան Հայրիկը: Կեանքը, ոգեւորութիւնը, սրբութիւնը, անկեղծութիւնը, որ երկոտասնեակ մը տարիներէ ի վեր անհետացախ էր այս սրբակառոյց յարկէն, կրկին վերադարձած է այսօր հոն, ա՛լ աւելի բեղուն: Ոստիկանները, խաֆիէները, լրտեսները, Քեամիլները, Ապտուլլահները, որ երկար տարիներ սոնքալով կը սրբապղծէին Աստուծոյ տաճարը իրենց աղտոտ մուտքով ու դաւաճան սրտով, այսօր տեղի տուած են ազատ հայորդիներու, Լուսաւորչի հարազատ զաւակներուն, որոնք հիմա գուցէ նուա՛զ հարուստ, նուա՛զ ունեւոր քսակով, բայց գերազանցապէս ճոխ սրտով կու գան ու կու գան աջէն ձախէն, խանութներու վերնայարկէն ու խաներու ստորնայարկէն, տուներէն ու խրճիթներէն: Լեցուած է Մայր տաճարը ամբողջութեամբ, զեղուն է գաւիթը լիուլի, անանցանելի են փողոցները բառին ճշմարիտ առումովը:
Օ՜հ, փա՜ռք քեզ Աստուած: Երիտասարդութիւնը կը կայտռէ, ծերերը կ՚արտասուեն, սեւ օրերու հանդիսատեսները երջանկութեան հառաչներ կ՚արձակեն եւ Իզմիրլեան Հայրիկ, որ երկոտասնեակ մը տարի առաջ լեցուն ձգած էր տաճարը եւ գոնէ անոր դատարկութեանը հանդիսատես ըլլալու դժբախտութիւնը չէր ունեցած, հիմա կարծես իր զաւակները կրկին իրեն հետ Պոլիս վերադարձուցած, անոնց լիալիր ամբողջութեանը վրայ կը հրճուի:
Ալ հի՛ն, աքսորուած, վտարուած, խոշտանգուած նկուն հայերը չեն Մայր եկեղեցիի այսօրուան աղօթաւորները, ո՛չ ալ այն անուս դասակարգն է տաճարին միջնամասը գրաւողը. կապոյտ շալվարները, կարմիր գօտիներն ու գաւառական տարազները մասամբ տեղի տուած են եւրոպական հագուստներու, որոնց մէջ ամենէն աւելի կակուղ գլխարկներն ու ազատութեան գտակներն են աչքի զարնողները:
Նստարան, աթոռ, ամէն բան վտարուած է գոնէ ժողովուրդին մէկ մասը դուրս չձգելու համար, եւ սակայն դարձեալ անկարելի է ներս մտնել, այնչափ խիտ է բազմութիւնը տաճարին, որ դրախտային երեւոյթ մը առած է ջահերու, կերոններու, մոմերու, կանթեղներու, ակնախտիղ լուսարձակումներովն ու դպիրներու հրեշտակային երգեցողութիւնովը: Մեղեդիներ, ալէլուներ, խունկեր ու ծնծղաներ միացած օրուան շարականին՝ կը վերացնեն, կ՚անէացնեն հոգիները երբ դպրաց դասը կը սկսի երգել Լուսով Աստուածութեան քոյ Քրիստոս, լուսաւորեցեր զՀայաստան երկիր, պահեա՛ զսա, անշարժ յաւիտեան:
Պահէ՜ ո՛վ Աստուած, անշարժ պահէ այս ժողովուրդը, որ այնչափ տառապեցաւ, խոշտանգուեցաւ, դատափետուեցաւ ու չմեռաւ, որովհետեւ դո՛ւն պահեցիր զայն, անիկա իր այնչափ մարտիրոսութիւններուն մէջ չուրացաւ ո՛չ Հայ ազգութիւնը, ո՛չ ալ իր Հայաստանի Աստուածը եւ իր ամենէն ոխերիմ թշնամիներուն ու բռնապետներուն իսկ հասկցուց, թէ Հայը չի մեռնիր, Հայը չ՚անհետիր, ժամանակի մը համար միայն կը թաղուի ան, աւելի՛ առոյգ ու ատոք ծլարձակելու համար:
***
Իրիկուընէ իսկ Մայր եկեղեցին էր Իզմիրլեան Հայրիկ, ուր իր անուան տարեդարձին առթիւ բազմաթիւ շնորհաւորութիւններ ընդունելէ ետք, նախագահեց Կիրակմուտքի արարողութիւններուն ու «Լոյս Զուարթ»ի գերազանցապէս ոգեւորիչ հանդիսութեան:
Առաւօտուն կանուխ տաճար առաջնորդուեցաւ նմանը չտեսնուած հանդիսաւորութեամբ Իզմիրլեան: Հայրիկի համար յատկապէս ձախակողմեան դասին մէջ դրուած էր Պէզճեան Ամիրայի շինել տուած ոսկեզօծ կաթողիկոսական աթոռը: Պատարագը սկսաւ ժամը երեքուկէսին: Իզմիրլեան Հայրիկ Հրաշափառով տաճար առաջնորդուեցաւ զգեստաւորուած: Կը սպասաւորէին Տ. Ղեւոնդ Ծայրագոյն Վարդապետ Դուրեան, Տ. Մեսրոպ Վրդ. (Երուսաղէմի միաբան), քահանաներ, եւ այլն։ Իսկ դասին մէջ կեցած էին Տեղապահ Եղիշէ Եպս. Դուրեան, Մաղաքիա Եպս. Տէրունեան, Եղիշէ Ծայրագոյն Վարդապետ Չիլիլնկիրեան, Նիկողոս Վրդ. Մատթէոսեան, Աղան Վրդ. Համամճեան եւ քահանայից դասը:
Ճաշու գիրքէն վերջ, Իզմիրլեան Հայրիկ յայտնապէս յուզուած խօսեցաւ կարճ բայց ազդու քարոզ մը… (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 5, 20-27 հոկտեմբեր 1908, էջ 2):
Մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք նաեւ Իզմիրլեան Պատրիարքին խօսած քարոզէն հատուածներ: Այսպէս.
* Առաքեալները քարոզեցին Քրիստոսի խօսքը. «Եղերուք գթած, որպէս գթած է երկնաւոր Հայրն ձեր»: Գթութիւն, մարդկութեան էութենէն, զգացումներէն եւ հոգիէն պէտք է բխի: Մեր երկնաւոր Հայրը իր անբաւ գթութեամբը, մարդոց վրայ գթալով զոհեց իր Միածին Որդին, որ մեզ համար իր թեւերը տարածեց խաչին վրայ: Ո՞ւր կը մնանք մենք, երբ ձեռք չենք կարկառեր կարօտին եւ անոնց, որոնք իրապէս արժանի են գթութեան:
Առաքեալք քարոզեցին Տիրոջ խօսքը. «Հոգի է Աստուած եւ երկրպագուաց նորա պարտ է հոգւով եւ ճշմարտութեամբ երկրպագանել»: Ո՛վ որ կը փափաքի քրիստոնէական ճշմարիտ շաւղին մէջ ընթանալ, պէտք է հոգւով եւ ճշմարտութեամբ երկրպագէ: Երբ մեր Տիրոջ կը մօտենանք, մէկ կողմ պէտք է ձգենք արտաքին ամէն զարդերն ու նշանները. ոչ մէկ բան պէտք է գտնուի մեր եւ անոր միջեւ: Այս է կեանքի պայմանը:
…Քրիստոս հոգեւոր ազատութիւնը բերաւ, բայց մեծապէս ազդեց նաեւ աշխարհի ազատութեան վրայ: Իր Աւետարանը հիմը կազմեց աշխարհի քաղաքակրթութեան: Գիտնանք օգտուիլ անոր բերած բարիքներէն. ասոր համար զգոյշ ըլլանք, հեռու կենանք ծայրայեղութիւններէ: Ամէն չափաւորութիւն դէպի հանգստութիւն պիտի տանի զմեզ: Ծայրայեղութիւնը, ամէն ատեն, ամէն պայմանի մէջ, ինչ որ ալ ըլլայ մեր հետապնդած նպատակը, միշտ վնասակար է: Զգուշացէք անկէ, Հայ եղբայրներ, խոհեմութեամբ ընթացէք, յամր այլ հաստատ քայլերով յառաջացէք, որպէս զի սխալ քայլեր չառնէք:
Այս ամէնը ըսելէ վերջ, կը խնդրեմ որ Աստուած մեր փափաքներն ու աղօթքները լսելով, ամէն շնորհ պարգեւէ մեզի: Տէրը աշխարհի այս անստոյգ կեանքին մէջ, առաջնորդէ զմեզ, որպէս զի հասնինք ճշմարիտ փրկութեան: Աղօթենք, որ Աստուած հիւանդներու եւ տկարներու ոյժ տայ, զօրացնէ Եկեղեցւոյ պաշտօնեաները, որպէս զի իր կամքին համեմատ վարեն ժողովուրդը: Վերջապէս մաղթենք որ Տէրը մեր այս հայրենիքին ամէն կարգն ու կանոնը այնպիսի վիճակի մը մէջ դնէ, որ ամէնքս ալ օգտուինք. ամէն (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 5, 20-27 հոկտեմբեր 1908, էջ 2):
Ս. Էջմիածինէն Պոլիս Ս. Միւռոն բերելու մասին, հետեւեալը կը կարդանք.
* ՇԱԲԱԹ ՕՐ մայրաքաղաքէս Էջմիածին մեկնեցան Չարսանճագ եւ Չմշկածագ միացեալ վիճակներու Կաթ. Պատուիրակ Գնէլ Ծայրագոյն Վարդապետ Գալէմքեարեան եւ Միհրդատ Էֆ. Հայազն: Տեղապահ Սրբազան Հօր յանձնառութեամբ Գնէլ Ծայրագոյն Վարդապետ Գալէմքեարեան Էջմիածինէն Ս. Միւռոն պիտի բերէ իր հետ (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 5, 20-27 հոկտեմբեր 1908, էջ 2):
Ստացած գիրքերու առընչութեամբ, կը կարդանք.
* ԴՐԱԽՏԻ ԵՐԳԵՐ.- Ստացանք ծանօթ գրող Լէոն Լարենցի բանաստեղծութեանց հատորը, որ տպուած է Թիֆլիզի մէջ մաքուր տպագրութեամբ եւ կը ծախուի 4 ղրշ. գինով ամէն տեղ (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 5, 20-27 հոկտեմբեր 1908, էջ 2):
ՆՈՐ ՔՆԱՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ.- 160 երեսներէ կը բաղկանայ այս ճոխ երգարանը, որ Վառնայի մէջ տպուած է վերջերս, Մ. Գալփագճեանի կողմէ, ունի իր մէջ 137 հին եւ նոր երգեր: Գինն է 6 ղրշ., գաւառներու համար 8 ղրշ.: Դիմել Կ. Պոլիս, Պապը Ալի ճատտէսի թիւ 56 Մ. Մ. Ազնաւորի «Նոր Օսմանցի» գրատունը (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 5, 20-27 հոկտեմբեր 1908, էջ 4):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ