ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԱՌԱՔԻՆԻ ԿԵԱՆՔՈՎ ԱՊՐԵԼՈՒ ՈՐՈՇ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ

Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.

Եսայիի մարգարէութենէն 24.1-12:

Պօղոս առաքեալին Եփեսացիներուն ուղղած նամակէն 5.15-33:

Ղուկասի Աւետարանէն 8.49-56:

Այսօր կ՚անդրադառնանք Սրբազան Պօղոս առաքեալին Եփեսացիներուն ուղղած նամակէն վերոյիշեալ համարներէն՝ 15-20 համարներուն:

Կարդա՛նք, եւ ապա խորհրդածենք:

«Հետեւաբար ձեր ապրելակերպին ուշադրութիւն ըրէք։ Մի՛ ապրիք անմտօրէն, այլ՝ իմաստուններու պէս։ Օգտագործեցէ՛ք ժամանակը, որովհետեւ այս օրերը չար են։ Ուստի անմտութիւն մի՛ ըրէք. հասկցէք թէ ի՛նչ կ՚ուզէ Տէրը ձեզմէ։ Գերին մի՛ դառնաք գինիին, որ անառակութեան կը տանի. այլ մասնաւորաբար Սուրբ Հոգիով լեցուեցէք, իրարու հետ սաղմոսներով, օրհնութիւններով եւ հոգեւոր երգերով խօսեցէք, եւ ձեր սիրտերուն մէջ միշտ երգեցէք ու սաղմոս ըսէք Տիրոջ, ամէն բանի համար միշտ շնորհակալութիւն յայտնելով Հօր Աստուծոյ, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անունով» (Եփ 5.15-20):

Մէջբերուած հատուածին առաջին մասը 5-րդ գլուխին սկիզբը տեղադրուած հատուածին՝ ինչպէ՞ս նմանիլ Աստուծոյ վերնագիրով ձեւով մը ամփոփումն է, ուր առաքեալը մանրամասնօրէն բացատրելով, թէ մարդ ի՞նչ ընելով կրնայ նմանիլ Աստուծոյ, իր տուած բացատրութիւնները կ՚ամփոփէ այս հատուածով, որ աւելի խրատական մըն է՝ քրիստոնէական կեանքով ապերլու:

Արդարեւ, առաքեալը կը յորդորէ՝

Մեր ապրելակերպին ուշադրութիւն դարձնել:

Անմտօրէն չապրիլ՝ այլ իմաստուններու նման:

Ժամանակը օգտագործել, որովհետեւ այս օրերը չար են:

Փորձել հասկնալ թէ Տէրը ի՞նչ կ՚ուզէ մեզմէ:

Գինիին գերի չդառնալ:

Սուրբ Հոգիով լեցուիլ:

Իրարու հետ քաղցրութեամբ խօսիլ ու միասնաբար սաղմոս ըսել Տիրոջ:

Միշտ շնորհակալութիւն յայտնել Աստուծոյ:

Առնենք առանձին-առանձին.

• Մեր ապրելակերպին ուշադրութիւն դարձնել. այսօրուան մարդը գրեթէ ամէն ինչին՝ ինչ որ կապուած է իր հետ ուշադրութիւն կը դարձնէ, բացի իր ապրելակերպէս, իր ներքին մարդէն: Արդարեւ, այսօր մեզմէ շատեր իրենց իրական կեանքը մէկ կողմ ձգած, կ՚ապրին ուրիշներուն համար…:

Ոմանք կը հարցնեն. բայց չէ՞ որ մեր Տիրոջ պատուէրն է ապրիլ ուրիշներուն համար, այսինքն՝ օգնել ուրիշին, մեր նմանին: Արժան եւ իրաւ: Խօսքը սակայն հոգեւոր ընկալումին մասին չի վերաբերիր, որովհետեւ այսօր այդ ընկալումով ու ըմբռնումով ապրողներուն թիւը շա՜տ-շատ քիչ է: Խօսք կը վերաբերի առ երեւոյթ ուրիշներուն համար ապրողներուն:

Բնականաբար, ընթերցողներէն շատեր նկատած կ՚ըլլան, եւ կամ նոյնիսկ մեզմէ շատեր եւս այդ թերութեան մէջ ինկած կ՚ըլլան, որ շատ յաճախ մեր նիստ ու կացը, ուտել-խմելը, հագուիլ-չհագուիը, ի՛նչ ժամացոյց դնել-չդնելը, ի՛նչ ինքնաշարժ նստիլ չնստիլը, ի՛նչ ոսկեղէն կամ արծաթեղէն զարդեր օգտագործել-չօգտագործելը կապած ենք մեր շուրջիններուն, այն մտավախութեամբ, թէ եթէ այսպէս ընեմ՝ արդեօք դրացիս կամ ընկերս-ընկերուհիս ի՞նչ կրնան ըսել, կամ ի՞նչ կարծիք կը կազմեն իմ մասին, եւ նման հազար ու մէկ պատճառաբանութիւններ: Այսպիսով, յանկարծ կը հանդիպիք երիտասարդի մը կամ երիտասարդուհիի մը, խնամուած, գեղեցիկ հագուած, վայելուչ արտաքինով, կը սկսիք զրուցել, կամաց-կամաց կը սկսիք հանդիպիլ ու մտերմանալ, եւ յանկարծ, օրին մէկը անոնց տունը կը հրաւիրուիք, եւ… (ընթերցողին կը թողում ենթադրութիւններ ընել), եւ կամ բաւական մտերմանալէ ետք, կը սկսիք նկատել, ձեր մտերիմը փոխուած է, այնպիսին չէր, ինչպէս ճանչցած էիք զինք սկիզբները… Նոյն այս իրավիճակը կը վերաբերի նաեւ մանկութեան ընկերներուն, մտերիմերուն ու բարեկամներուն, որ ձեր կեանքի որոշ հանգրուանին կը հասկնաք, թէ անոնք այնպիսին չէին՝ ինչպիսին դուք ճանչցած էիք զանոնք:

Այս բոլորին պատճառը այն է, որ մարդիկ երեւոյթներուն աւելի կարեւորութիւն տուած են, քան՝ իրականութեան, իրենց շահերը հետապնդած են, քան՝ ուրիշին՝ իր նմանին մասին լաւն ու բարին կամենալը, ուզած են մարդոց աչքին հաճելի երեւնալ, քան՝ Աստուծոյ, որով հեռացած են իրենց մարդ կոչումէն եւ վերածուած են պարզապէս շնչող արարածներու, որոնք հոգեպէս մահացած են: Ահա այսպիսիներուն է, որ Պօղոս առաքեալ կ՚ուղղէ իր խօսքը, թելադրելով իրենց ապրելակերպին ուշադրութիւն դարձնել: Այս թելադրանքը սակայն, ո՛չ միայն այդպիսիներուն ուղղուած է, այլ բոլորին՝ որոնք կ՚ուզեն Աստուածահաճոյ կեանքով ապրիլ:

• Անմտօրէն չապրիլ, այլ՝ իմաստուններու նման. անմտօրէն ապրիլ, կը նշանակէ մեղքի կեանքով ապրիլ, այլ խօսքով, ընել այնպիսի բաներ, որ վնաս կը պատճառեն մեզի եւ մեր շրջապատին: Իսկ իմաստուններու նման ապրիլ, կը նշանակէ, ապրիլ առաքինի ու մաքուր կեանքով, հետամուտ ըլլալ բարութեան եւ աշխատասիրութեան, հետեւիլ իր կոչումին եւ փորձել գործադրել զայն այն ժամանակահատուածին ընթացքին, որ ան այս աշխարհի վրայ իր պանդխտութիւնը կ՚անցընէ:

• Ժամանակը օգտագործել, որովհետեւ այս օրերը չար են. այսօրուան մարդուն գլխաւոր պատճառաբանութիւններէն մէկը՝ «ժամանակ չունիմ» արտայայտութիւնն է: Բնականաբար այս արտայայտութիւնը օգտագործողներուն մեծագոյն մասը աշխարհային հասկացողութեամբ է, որ կը գործածեն զայն, եւ շա՜տ քիչ է թիւը անոնց, որոնք այս արտայայտութիւնը հոգեւոր առումով կը գործածեն, եւ իրենց կարելին կ՚ընեն, որպէսզի հոգեւորապէս կազմ ու պատրաստ ըլլան այս կեանքէն՝ յաւիտենական կեանք փոխադրուելու համար:

Առաքեալը կ՚ըսէ, թէ այս օրերը չար են. այո՛, այս օրերը չար են, որովհետեւ մարդիկ չարացած են եւ օր օրի ա՛լ աւելի կը չարանան, որով եթէ այս տեսակէտէն նայինք առաքեալին խօսքին, կրնանք ըսել, թէ այս օրերու մարդիկն են, որոնք չարացած են, եւ իրենց չարանալով ամէն կողմ չարութիւն սկսած են սփռել:

Արդարեւ, պահ մը այսօրուան աշխարհին նայինք. ի՞նչ պիտի տեսնենք այնտեղ. աւերուածութիւններ, պատերազմներ, պղծութիւններ, անբարոյականութեան օր օրի աւելացում, պատերազմներ, սով ու համաճարակ, գժտութիւններ, վրէժխնդրութիւններ եւ հազար ու մէկ անօրէնութիւն, որոնց պատճառով մարդ կորսըն-ցուցած է Աստուծոյ հետ իր առողջ յարաբերութիւնը:

Եւ ահաւասիկ, այս օրերուն չարութեան համատարածութեան դէմ է, որ մարդ պէտք է իր ժամանակը օգտագործէ, որպէսզի խաղաղ նաւահանգիստ հասնի. հակառակ տիրող ամէն տեսակի անօրէնութիւններուն՝ մարդ պէտք է դիմանայ, ժամանակը օգտագործէ բարիք ընելու, բարի եւ տիպար օրինակ ըլլալու իր շուրջիններուն, որպէսզի իր շուրջինները տեսնելով իր առաքինի եւ Քրիստոսանման կեանքը, գուցէ եւ անդրադառնան իրենց սխալ ընթացքին, զղջան, ապաշխարեն ու վերադառնան Աստուծոյ գիրկը:

Եւ երանելի՜ է այն մարդը, որ իր ժամանակը կ՚օգտագործէ Աստուծոյ մասին վկայելու եւ աստուածային վարքագիծ ունենալով՝ մարդիկը հրաւիրել դէպի զղջում ու ապաշխարութիւն:

• Փորձել հասկնալ թէ Տէրը ի՞նչ կ՚ուզէ մեզմէ. յաճախ մեր աղօթքներուն մէջ կը բարձրաձայնենք. «Տէ՜ր, ի՞նչ կ՚ուզես ինձմէ», եւ կամ «Տէ՜ր, ի՞նչ ընեմ, որպէսզի կատարածս Քու կամքիդ համաձայն ու Քեզի համար հաճելի ըլլայ»: Պատասխանը այս հարցումին Աստուած Ի՛նք կու տայ մեզի Ովսէի մարգարէութեան մէջ, երբ կ՚ըսէ. «Քանզի Ես ողորմութիւն կ՚ուզեմ եւ ոչ թէ՝ զոհ ու ողջակէզներէն աւելի՝ Աստուծոյ գիտութիւնը» (Ովս 6.6): Այսօր մեզմէ քանի՜ քանիներ իրենց նիւթական նուէրներով, կամ մատաղներով, եւ կամ փունջ-փունջ մոմեր վառելով, կը կարծեն, թէ Աստուածահաճոյ գործեր կը կատարեն: Բնականաբար, եթէ այս բոլորը անկեղծ սիրտէ բխած արտայայտութիւններ ըլլան, ըստ այդ անկեղծութեան ալ կը ստանան իրենց պատասխանը: Բայց, այսօր, ինչպէս վերը նշեցի, մարդ աւելի երեւութապաշտ եղած է, քան՝ իրապաշտ, մարդ շատ աւելի կարեւորութիւն կու տայ երեւոյթներուն, քան՝ իրականութիւններուն եւ ճշմարտութիւններուն:

Այսօր, շատեր իրենց կատարած նուիրատուութիւններն ու օգնութիւնները կը կատարեն սովորութեան ուժէ մղուած եւ ո՛չ թէ անկեղծութեամբ, ըմբռնումով ու գիտակցութեամբ: Աստուած, մեր Տէրը, սակայն, յստակ կերպով կը թելադրէ մեզի, որ Ան մեր մատուցած զոհերէն, նուիրատուութիւններէն ու բարեգործութիւններէն աւելի, ողորմութիւն է որ կը կամենայ, այսինքն անկեղծութեամբ մտնել մեր դիմացինին վիճակին մէջ, զգալ անոր կարիքը, մխիթարել զինք, Աստուծոյ օրհնութիւնն ու մխիթարականութիւնը փոխանցել անոր մեր բարեգործութեամբ եւ կամ մատուցած նուէրներով ու զոհերով: Ասկէ բացի, Աստուած նաեւ կը կամենայ, որ նախքան զոհ մատուցելը, ճանչնանք զԻնք, որովհետեւ երբ ճանչնանք զԻնք, այլեւս կարիք չենք ունենար հարցնելու, թէ Տէրը ի՛նչ կը կամենայ մեզմէ, որովհետեւ, զաւակ մը լաւապէս կը ճանչնայ իր հայրը եւ գիտէ, թէ իր հայրը ի՛նչ կ՚ուզէ, եւ ըստ այնմ կը վարուի: Մենք եւս, եթէ իրապէս Աստուծոյ որդի ենք, ապա կը ճանչնանք մեր Հայրը եւ կը գիտակցինք, թէ Ան ի՛նչ կը կամենայ մեզմէ:

• Գինիին գերի չդառնալ. գինիի գերութիւնը ամենէն վտանգաւոր գերութիւններէն մէկն է, որովհետեւ այդ գերութեան մէջ յայտնուողը, գիտակցութիւնը չ՚ունենար իր արարքներուն, եւ ամէն տեսակի ծայրայեղութեան ու չափազանցութեան կրնայ հասնիլ, վնասելով նախ եւ առաջ ինքզինք, իր անմիջական շրջապատն ու իր ապրած միջավայրը:

Գրիչ մը գինովութեան մասին գրած է. «Արբեցողութիւնը կամաւոր դիւահարաութիւն է, անօրէնութեան մայր եւ ամէն առաքինութեան թշնամի»: Իսկ Էմմանուէլ Քահանայ Նազարեան այսպէս կը գրէ. «Որկրամոլին միւս տեսակը արբեցողն է, որուն համար պահանջք դարձած է՝ ո՛չ այնքան ուտելը, ինչքան՝ խմելը: Արբեցողը անասունէն ալ վատթար է, որովհետեւ եթէ փորձես անասունին չափէն աւելի խմցնել, սպաննես ալ, չի՛ խմեր: Միայն մարդն է, որ բաւական խմելէ ետք պատրաստ է նորէն խմելու»: Շատեր հերոսութիւն կը կարծեն խմելը, բայց չեն գիտակցիր, որ խմելը ամենէն մեծ տկարութիւնն է, որովհետեւ մարդ կամաւոր կերպով ինքզինք կը վնասէ, ինքզինք գերութեան կը յանձնէ, իր ընտանիքին, զաւակներուն կեանքը կը խաթարէ, եւ ինչքան երկար ժամանակ խմէ, այդքան ազատիլը շատ դժուար կ՚ըլլայ այդ գերութենէն:

• Սուրբ Հոգիով լեցուիլ. այսօրուան մարդուն մեծագոյն ձախողութիւններէն մին այն է, որ այսօրուան մարդը ձախողած է ճանչնալ Ճշմարիտ Սուրբ Հոգին եւ Անով լեցուիլ: Բազմաթիւ մարդիկ կը պարծենան, թէ իրենք Սուրբ Հոգին ունին եւ Սուրբ Հոգիով կը խօսին, սակայն պահ մը միայն եթէ նայինք անոնց ապրելակերպին, կը հասկնանք, որ անոնք խաբուածներ են պարզապէս, որովհետեւ իրենց ապրելակերպն ու խօսածը իրարու հետ չեն համապատասխաներ, իսկ Սուրբ Հոգիին մօտ անհամապատասխանութիւն չկայ, ընդհակառակը՝ համապատասխանութիւն, ներդաշնակութիւն եւ ներքին անդորրութիւն:

Տէր Յիսուս Իր առաքեալներուն եւ անոնց ընդմէջէն բոլոր զԻնք ճանչցողներուն ու Տէր եւ Փրկիչ դաւանողներուն խոստացաւ Սուրբ Հոգին ղրկել, ըսելով. «Եթէ կը սիրէք զիս՝ պիտի գործադրէք Իմ պատուիրաններս: Եւ Ես Հօրս պիտի աղաչեմ՝ որ ուրիշ Մխիթարիչ մը տայ ձեզի, որպէսզի յաւիտեան ձեզի հետ ըլլայ: Անիկա Սուրբ Հոգին է, որ ճշմարտութիւնը կը յայտնէ: Աշխարհը չի կրնար զայն ընդունիլ, որովհետեւ ո՛չ կը տեսնէ եւ ո՛չ ալ կը ճանչնայ զայն: Բայց դուք կը ճանչնաք զայն, որովհետեւ ձեր մէջ պիտի մնայ եւ ձեր հետ պիտի ըլլայ» (Յհ 14.15-17): Այսօր, սակայն, մենք կը մերժենք ընդունիլ Սուրբ Հոգին, մեր սիրտին ու հոգիին դուռը բանալ Անոր դիմաց, ի տարբերութիւն առաքեալներուն, որոնք Տէր Յիսուսի երկինք համբառնալէն ետք ստացած Սուրբ Հոգին, զօրացան ու իմաստնացան Անով եւ աշխարհով մէկ սփռեցին Քրիստոսի լոյսը, հակառակ պէս-պէս փորձութիւններու, դժուարութիւններու, հալածանքներու, մահուան սպառնաիլքներու եւ նահատակութիւններու:

Սերաֆիմ Սարովսկացին կարեւորելով Սուրբ Հոգին ստանալն ու Սուրբ Հոգիով լեցուիլը՝ կը նշէ, թէ Սուրբ Հոգիին ստացումը քրիստոնէական կեանքին նպատակը եւ իմաստը պէտք է ըլլայ, ու կը գրէ. «Աղօթքը, պահքը, հսկումները եւ քրիստոնէական միւս բոլոր գործերը ինչքան ալ ըստ ինքեան լաւ ըլլան, սակայն երբեք քրիստոնէական կեանքին իմաստն ու նպատակը չեն կազմեր, այլ՝ ասոնք պարզապէս հիմնական ճանապարհներն են, առանց որոնց կարելի չէ նպատակին հասնիլ: Իսկ քրիստոնէական կեանքին իսկական նպատակը՝ Սուրբ Հոգին ստանալն է: Իսկ պահքերը, հսկումները, աղօթքները, աղքատներուն ողորմութիւն տալը եւ միւս գործերը, որոնք Յիսուսի անունով կը կատարուին, անոնք ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ միջոցներ Աստուծոյ Սուրբ Հոգին ստանալու համար: Իսկ աղօթքին վերաբերեալ, արդարեւ այն բոլոր մարդոց հասանելի է՝ հարուստ թէ աղքատ, ազնիւ թէ խեղճ, զօրաւոր թէ տկար, առողջ թէ հիւանդ, արդար կամ մեղաւոր: Հզօր է աղօթքին ուժը, եւ այն միւս բոլոր գործերէն աւելի է, ու մեզի Սուրբ Հոգիէն կու գայ [աղօթքը], եւ այն կատարելը միւս բոլոր բաները կատարելէն դիւրին է»:

• Իրարու հետ քաղցրութեամբ խօսիլ ու միասնաբար սաղմոս ըսել Տիրոջ. Առաքեալը կը գրէ. «…իրարու հետ սաղմոսներով, օրհնութիւններով եւ հոգեւոր երգերով խօսեցէք, եւ ձեր սիրտերուն մէջ միշտ երգեցէք ու սաղմոս ըսէք Տիրոջ» (Եփ 5.19). այսօրուան մարդուն բարբառը սակայն փոխուած է, սաղմոսերգութիւնը, օրհներգութիւնն ու հոգեւոր երգերը փոխարինուած են վատաբանութիւններով, հայհոյութիւններով, սատանայական ու պոռնկական երգերով, եւ այլն: Մինչ մարդուն հիմնական սկզբունքներէն մէկը պէտք է ըլլայ՝ սաղմոսերգելը, իրարու հետ քաղցրութեամբ խօսիլը, օրհներգելն ու հոգեւոր երգերով Տէրը փառաբանելը: Մարդիկ պէտք չէ իրենք զիրենք խաբեն ըսելով, թէ մենք եկեղեցի կ՚երթանք, պաշտամունքի կը մասնակցինք եւ Տէրը կը գովաբանենք ու կը փառաբանենք, բայց առօրեայ կեանքի ընթացքին, այնպիսի պարագաներու կամ իրավիճակներու կը հանդիպինք, որ ստիպուած երբեմն կը վատաբանենք, կը հայհոյենք, եւ այլ: Այսպէս մտածողները անգամ մը թող կարդան, թէ ի՛նչ կ՚ըսէ Յակոբոս առաքեալը. «Բոլոր տեսակի գազանները, թռչունները, սողունները եւ ծովային կենդանիները նուաճուած են մարդուն կողմէ եւ կը հնազանդին անոր: Բայց ո՛չ ոք կրնայ հնազանդեցնել մարդկային լեզուն, որ չար է, անզսպելի եւ մահացու թոյնով լեցուն: Անով կ՚օրհնաբանենք մեր Տէրը եւ Հայրն Աստուած, եւ դարձեալ անով կ՚անիծենք մարդիկը, որոնք Աստուծոյ նմանութեամբը ստեղծուած են: Այսինքն՝ նոյն բերանէն կ՚ելլեն թէ՛ օրհնութիւնը եւ թէ՛ անէծքը: Ասիկա ճիշդ չէ՛ սակայն, եղբայրներս: Միթէ աղբիւր մը միեւնոյն ակէն քաղցր եւ դառն ջուր կը բխէ՞: Կարելի՞ բան է, եղբայրներս, որ թզենին ձիթապտուղ տայ կամ որթատունկը՝ թուզ: Նմանապէս կարելի չէ որ աղուտ հողէն քաղցր ջուր բխի» (Յկ 3.7-12): Հետեւաբար, մարդ պէտք է ուշադրութիւն դարձնէ իր լեզուին եւ զուր տեղ արդարացումներ չփնտռէ իր սխալներուն համար:

• Միշտ շնորհակալութիւն յայտնել Աստուծոյ. մենք միշտ պատրաստ ենք եւ հակուած ենք խնդրելու, ուզելու, պահանջելու, սակայն մեզմէ քիչերն են, որ ստանալէ ետք շնորհակալ սիրտով ծունկի կու գան Աստուծոյ առջեւ եւ երախտագիտութիւն կը յայտնեն Իր բարերարութեան համար:

Մեզմէ շատեր դժուարութեան մը հանդիպելու ժամանակ, կը շտապեն եկեղեցի, մոմ կը վառեն, ծունկի կու գան, արցունքախառն աչքերով կ՚աղաղակեն Տիրոջ, եւ կը խնդրեն որպէսզի մխիթարէ զիրենք, եւ կամ առաջնորդութիւն տայ՝ այդ դժուարութիւնը յաղթահարելու: Կամ, կը շտապենք հոգեւորականի մը մօտ, անկէ խորհուրդ ու թելադրութիւն ստանալու համար: Խնդրածը ստանալէն ետք, սակայն, կը մոռնան եկեղեցւոյ ճամբան, կ՚անգիտանան հոգեւորականին իրենց տուած խորհուրդն ու թելադրութիւնը…, անգիտանալով, որ որոշ ժամանակ ետք կրնայ ուրիշ դժուարութիւն մը ցցուիլ իր դիմաց, եւ դարձեալ կարիք ունենայ եկեղեցի երթալու եւ նոյն հոգեւորականին դիմելու…: Ապերախտութիւնը մարդս կը տգեղցնէ եւ անոր մէջ կը խամրեցնէ Աստուծոյ պատկերը: Մինչ երախտագիտութիւնն ու երախտապարտութիւնը կը գեղեցկացնեն մարդս, անոր դէմքին երկնային ժպիտ մը կը գծագրեն, որ նոյնիսկ ամենէն ծանր փորձութիւններու ժամանակ իսկ չի՛ վերանար անոնց դէմքէն, վկայ բազմաթիւ նահատակները, որոնք յանուն Քրիստոսի նահատակուեցան ժպիտը իրենց դէմքին, որովհետեւ մինչ այստեղ չարին ու անոր արբանեակներուն միջոցով աշխարհիկ մահի կ՚ենթարկուէին, միւս կողմէ սակայն, Տէր Յիսուս Իր հրեշտակներու զօրքերուն հետ կը դիմաւորէր զինք երկնային օթեւաններուն մէջ:

Արդարեւ, մարդ պէտք է միշտ գիտնայ շնորհակալութիւն յայտնել: Շնորհակալութիւն յայտնել թէ՛ Աստուծոյ՝ իր Բարերարին, եւ թէ՛ ալ մարդոց, որոնք այսպէս կամ այնպէս կը նպաստեն անոր հոգեւոր աճումին ու զարգացումին: Մարդոց մատուցուած ամենէն արժէքաւոր շնորհակալութիւնը՝ անոնց համար Աստուծոյ բարձրացուցած մեր աղօթքներն են:

Հետեւաբար, սորվեցնենք մենք մեզի շնորհակալ ու երախտապարտ սիրտ ունենալ, որպէսզի միշտ երկնային ժպիտը ընկերակից ունենանք մեզի, եւ Սուրբ Պօղոս առաքեալին հետ միասին, մենք մեզի թելադրենք, ըսելով. «Ամէն բանի համար միշտ շնորհակալութիւն յայտնեցէ՛ք Հօր Աստուծոյ, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անունով» (տե՛ս Եփ 5.20): Ամէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

31 հոկտեմբեր 2022, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 5, 2022