1915 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ԾԱԾԿԱԳԻՐԸ

Պատ­մու­թեան հիմ­նար­կին (Tarih Vakfı) նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած Հինգ­շաբ­թիի զրոյց­նե­րուն հեր­թա­կա­նը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ հրա­պա­րա­կա­գիր Նեւ­զատ Օ­նա­րա­նի մաս­նակ­ցու­թեամբ։ 2015 թուա­կա­նի մթնո­լոր­տին մէջ կազ­մա­կեր­պուած է այս ե­լոյթ­նե­րու շար­քը, որ կը ցո­լաց­նէ հայ­կա­կան հար­ցին զա­նա­զան ե­րե­սակ­նե­րը։ Ե­րէ­կուան ե­լոյ­թը իր նման­նե­րու շար­քին տաս­նե­րորդն էր։ Սկիզ­բին ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Էօ­մէր Թու­րան, որ կը հա­մա­կար­գէ Հինգ­շաբ­թիի այս զրոյց­նե­րուն ծրա­գի­րը։

Ա­ւե­լի վերջ հան­դէս ե­կաւ օրուան ա­տե­նա­խօ­սը՝ Նեւ­զատ Օ­նա­րան, ո­րու մա­տու­ցած տուեալ­նե­րը լսա­րա­նին կող­մէ ընկա­լուե­ցան հե­տաքրք­րու­թեամբ։ «1915-ի ծած­կա­գի­րը. սե­փա­կա­նա­տէ­րը ան­յայտ կա­լուած­ներ» նիւ­թին ձօ­նուած էր այս ե­լոյ­թը։ Հարկ է նշել, որ Նեւ­զատ Օ­նա­րան հե­ղի­նա­կած է հա­մա­նուն գիրք մը, որ լոյս տե­սած շրջա­նէն ի վեր ա­ռար­կայ կը դառ­նայ ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան հե­տաքր­քիր­նե­րու կող­մէ։ Ծա­նօթ է, որ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին ան Բան­կալ­թիի «Նոս­թալ­ժի» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ ալ ա­սու­լի­սի մը մաս­նակ­ցած էր նոյն նիւ­թին ա­ռըն­չու­թեամբ։

Մա­լա­թիոյ մէջ ծնած Օ­նա­րան վե­րո­յի­շեալ ա­նու­նով ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը ամ­փո­փած է եր­կու հա­տոր­նե­րու մէջ։ Ան հան­գա­մա­նօ­րէն բա­ցատ­րեց, որ Օս­մա­նեան շրջա­նին «Սե­փա­կա­նա­տէ­րը ան­յայտ» դա­սուած կա­լուած­նե­րը ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ու­նէին ի­րենց տէ­րե­րը։ Օս­մա­նեան պե­տու­թե­նէն ներս, 1915 թուա­կա­նին ձեռ­նար­կուած հա­յոց տե­ղա­հա­նու­թեան ժա­մա­նակ, ա­նոնց կող­մէ ե­տին թո­ղուած ամ­բողջ ստա­ցուած­քը, նե­րա­ռեալ կա­լ­ւած­նե­րը, կը դա­սուին «ան­յայտ սե­փա­կա­նա­տէ­րով»։ Այս ե­րե­ւոյ­թը ու­րիշ ազ­գե­րու հա­մար ալ ե­ղած է խնդրոյ ա­ռար­կայ։ 26 Սեպ­տեմ­բեր 1915 թուա­կա­նին ըն­դու­նուած օ­րէն­քով մը այդ «ան­յայտ սե­փա­կա­նա­տէ­րով» ստա­ցուած­քի պա­րա­գա­յին բե­րուե­ցաւ օ­րի­նա­կան սահ­մա­նում մը ու նոյն ծի­րէն ներս որ­դեգրուե­ցաւ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն մը, ո­րով կը յստա­կա­ցուէր այդ ստացուած­քին նկատ­մամբ վե­րա­բեր­մուն­քը, միշտ նե­րա­ռեալ կա­լուած­նե­րը։ Այդ օ­րէն­քով մարմ­նա­ւո­րուած քա­ղա­քա­կա­նու­թեամբ հե­տապն­դուած նպա­տակն էր՝ սե­փա­կա­նու­թիւն­նե­րու թրքա­ցում։ Նեւ­զատ Օ­նա­րան ա­ւե­լի վերջ կանգ ա­ռաւ նաեւ 1920-ա­կան թուա­կան­նե­րուն ըն­դու­նուած շարք մը օ­րէնք­նե­րուն վրայ։ Այդ օ­րէնսդ­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն հետ ու­ղիղ հա­մե­մա­տու­թեան մէջ, 1920 թուա­կան­նե­րու վեր­ջա­ւո­րու­թե­նէն սկսեալ «սե­փա­կա­նա­տէ­րը ան­յայտ» կա­լուած­նե­րը վե­րար­ձա­նագ­րուե­ցան ի­րենց նոր տէ­րե­րուն ա­նու­նով։ 26 Սեպ­տեմ­բեր 1915 թուա­կա­նին ըն­դու­նուած եւ 15 Ապ­րիլ 1923 թուա­կա­նին փո­փո­խու­թեան են­թար­կուած այդ օ­րէն­քը ի զօ­րու մնա­ցած էր մին­չեւ 8 Նո­յեմ­բեր 1988 թուա­կա­նը։

Նեւ­զատ Օ­նա­րան հան­գա­մա­նօ­րէն բա­ցատ­րեց յի­շեալ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին որ­դեգ­րուած այդ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նով ստեղ­ծուած հե­տե­ւանք­նե­րը։ Ա­տե­նա­խօ­սը իս­կա­պէս զգա­յա­ցունց տուեալ­ներ ներ­կա­յա­ցուց ու շեշ­տեց, որ ապ­րուած է զան­գուա­ծա­յին թա­լան մը։ 1914 թուա­կա­նին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը կը կազ­մէին երկ­րի բնակ­չու­թեան գրե­թէ 20 տո­կո­սը։ 1927 թուա­կա­նին այդ հա­մե­մա­տու­թիւ­նը ար­դէն ի­ջած էր 2.8 տո­կո­սի։ Իսկ այ­սօր փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը կը կազ­մեն երկ­րի ընդ­հա­նուր բնակ­չու­թեան հա­զիւ մէկ հա­զա­րե­րոր­դը։ Նեւ­զատ Օ­նա­րան ընդգ­ծեց, թէ սա ար­դէն կը նշա­նա­կէ ոչն­չա­ցում մը։ Այդ շրջա­նին Ա­նա­տո­լուի մէջ մնա­ցած հա­յե­րուն դէ­պի Իս­թան­պուլ տե­ղա­փո­խուի­լը խրա­խու­սուած էր։ Սա ար­դէն եր­կա­րա­ժամ­կէտ ա­ռու­մով այ­սօ­րուան ի­րադ­րու­թեան են­թա­գե­տի­նը կը հան­դի­սա­նար։ 

Ար­դի ժա­մա­նակ­նե­րուն անդ­րա­դառ­նա­լով՝ Նեւ­զատ Օ­նա­րան յի­շե­ցուց, որ 2005 թուա­կա­նին պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը հրա­հանգ ստա­ցած էին, որ­պէս­զի բո­լոր պա­հան­ջող­նե­րուն չտրա­մադ­րուին կա­լուած­նե­րու վե­րա­բե­րեալ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը։ Ըստ ա­տե­նա­խօ­սին, ան­ցեա­լի մէջ թա­լա­նուած այդ կա­լուած­նե­րը այ­սօր կրնան հա­տու­ցուիլ ո­րոշ կարգ ու կա­նո­նի մը մէջ։ Ան կա­րե­ւո­րու­թեամբ ընդգ­ծեց նաեւ, թէ ան­ցեա­լին կա­լուած­ներ կորսն­ցու­ցած­նե­րուն կամ ա­նոնց շա­ռա­ւիղ­նե­րուն այ­սօ­րուան երկ­խօ­սը բա­ցա­ռա­պէս պե­տու­թիւնն է, այլ ոչ թէ տուեալ կա­լուա­ծի մե­րօ­րեայ սե­փա­կա­նա­տէ­րը։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ա­տե­նա­խօ­սը դի­տել տուաւ, որ այս խնդի­րը ան­կա­րե­լի է սահ­մա­նա­փա­կել Հա­յաս­տա­նի եւ Թուր­քիոյ մի­ջեւ հա­ւա­նա­կան հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նով մը, ո­րով­հե­տեւ հար­ցը կը վե­րա­բե­րի իւ­րա­քան­չիւր գիւ­ղի բնակ­չին։

Պատ­մու­թեան հիմ­նար­կի Հինգ­շաբ­թիի զրոյց­նե­րուն յա­ջոր­դը նա­խա­տե­սուած է Մար­տի 19-ին, Գո­ճաէ­լիի հա­մալ­սա­րա­նէն Օ­յա Կէօ­զէ­լի մաս­նակ­ցու­թեամբ։

Ուրբաթ, Մարտ 6, 2015