…ՈՒ ԶԻՍ ՏԱՆԻ ՏՈՒՆ
Ամէն տարի Ծնունդ-Զատիկ մայրս անպայման եղբօրս եւ իմ ձեռքերէն բռնած կը տանէր պրն. Մուրատին այցելութեան։
-Եղբօրդ՝ Արշակին թոռներով եկանք Ծնունդը (կամ Զատիկը) շնորհաւորելու։
Տարիներ ետք, երբ եղբայրս ու ես մեր զաւակները ունեցանք, այս անգամ մայրս անոնց ձեռքերէն բռնած կ՚այցելէր։
-Եղբօրդ՝ Արշակին ծոռները տօնդ շնորհաւորելու եկած են։
Բարեգործականի կազմակերպութեամբ Վանէն Երուսաղէմ հասած վանեցի որբերը իրարու եղբայր էին, որբուհիները՝ քոյր։ Որբ-որբուհիներուն զաւակները անոնց հօրեղբայր եւ մօրաքոյր կը կանչէին։ Հաւատացած էին այդպէս եւ մենք՝ թոռ-թոռնուհիներս՝ նոյնպէս։
Ուրեմն ան իմ մեծ հօրս եղբայրն էր…
Մայրս… Ա՜խ մայրս… Դաստիարակութիւն…
1922-ին Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կազմակերպութեամբ Երուսաղէմ կը հասնին 800-էն աւելի որբեր՝ վանեցի որբերը…
Անոնցմէ մէջտեղ եկաւ հոգեւորականներու սերունդ մը, որոնք եղան առաջնորդներ, հասան բարձր պաշտօններու աշխարհի չորս ծագերուն։
Շատեր ամուսնացան հարստացնելով Երուսաղէմի հայկական գաղութը, դարձան ազգային գործիչներ ո՛չ միայն Երուսաղէմի մէջ այլ՝ Եւրոպա, Ամերիկա, Հարաւային Ամերիկա եւ այլուր…
Հոգեւորականներէն ունեցանք մտաւորականներու սերունդ մը, որոնք իրենց դրոշմը ձգեցին հայ գրականութեան մէջ, եւ ունեցանք նաեւ աշխարհական գրողներ… Անոնցմէ մէկն է Մուրատ Մանուկեանը (1907-2021)։
Ծնած է Մոկս, Վան։ Մեծ Եղեռնին արդէն որբացած՝ հօրեղբօր ընտանիքին հետ կը հասնի Իրաք։ Սակայն ուսումնատենչ պատանին կը ձգէ ընտանիքը եւ ուրիշ որբերու հետ կու գայ Երուսաղէմ՝ որբանոց ուսում ստանալու համար։
Որբանոցի բժիշկը նկատելով Մուրատին ուշիմութիւնը կը կարգադրէ, որ աշխատի կառավարական դեղարանի մը մէջ, որմէ ետք որպէս գրագիր կ՚աշխատի հիւանդանոցը։ Ապա՝ մինչեւ Augusta Victoria Hospital-ի տարրալուծարանին պատասխանատու նշանակուիլը՝ քսան տարի կ՚աշխատի կառավարական տարրալուծարանին մէջ։
Կ՚ամուսնանայ Սուլթանիկ Հինդլեանի (Պոլիսէն Երուսաղէմ եկած) հետ եւ կը բախտաւորուի երկու դստրերով՝ Այտա եւ Անի։ Բնակութիւն կը հաստատեն Երուսաղէմի Հայոց վանքին մէջ։
Իր դասընկեր երջանկայիշատակ պատրիարք Եղիշէ Արք. Տէրտէրեանի օրօք քսան տարի կ՚աշխատի Ելեւմտից տեսչութեան դիւանի պաշտօնեայ, գանձապահ եւ հաշուակալ։ Նոյն շրջանին հայերէն լեզու դասաւանդելով Ժառանգաւորաց վարժարանէն ներս։
Այս բոլորին զուգահեռ շուրջ 65 տարիներ աշխատակցած է «Սիոն» ամսաթերթին։
Գրած է բանաստեղծութիւններ, բազում քառեակներ, «Անոնց՝ որ չեն մեռնիր», «Սասմայ Մհեր», «Համանուագ», «Նոր քառեակներ»։ Կատարած է նաեւ թարգմանութիւններ անգլերէնէ։
-Արփինէ՛, հատ մը ընտանիքիդ, հատ մըն ալ Անուշին առանձին կու տամ։ Կը կարդամ իր բանաստեղծութիւնները, գրական ակնարկները ՀԵՄ եռամսեային մէջ եւ հպարտ կը զգամ, վերջապէս վանեցի եղբօրս թոռն է։
Եւ «Նոր քառեակներ» խորագիրով՝ անունովս մակագրուած քառեակներու գրքոյկը յանձնուեցաւ ինծի։
Մուրատ Մանուկեանի քառեակները, քերթուածները, թարգմանութիւնները հետաքրքրեցին զիս։ Մէկ անգամ որբացած, երկրորդ անգամ կամովին ձգած հօրեղբօր ընտանիքը յագեցնելու համար ուսման իր ծարաւը, տուն ու տեղէն արմատախիլ եղած, անապատներէն անօթի-ծարաւ, ոտաբոպիկ Երուսաղէմ հասած՝ Երուսաղէմի այգեստանին մէջ տնկելու իր ծառը, հարստացնելու իր գրականութեամբ, ծանօթանալու աշխարհի մեծերուն, որոնք իր բանաստեղծութիւններուն մէջ միաձուլուած են բնութեան հետ, իսկ բնութիւնը կարեւոր տեղ ունի Մուրատ Մանուկեանի քերթուածներուն մէջ։
Բընութիւնը ինքզինքն է որ կ՚արտայայտէ հազար ձեւով,
Ինքզինքն է, որ կ՚արտայայտէ ծառին բերքով, ծաղկին բոյրով.
Կ՚արտայայտէ ինքզինքը ան՝ Շէյքըսփիրեան վըսեմ լեզուով,
Նարեկացու, Միքել Անժի, Պէթովէնի հանճարներով։
Սակայն ուսումը, լաւ գործը, բարեկեցիկ կեանքը, ընտանիքը չեն կրնար մարել կարօտը երկրին, իր Վանին…
Ես այգեստանիդ վարդերն եմ քաղեր,
Անոնց բոյրը դեռ պահեր եմ անջինջ…
Կարօտիդ կըրակն երբեք չէ պաղեր,
Երբեք անխըռով չէ թողեր իմ նինջն։
Կորսնցուցին հայր, մայր, ընտանիք, տուն, տեղ, հայրենիք…
Եւ ի՞նչ մնաց… Այրող կարօտը այդ բոլորին, նաեւ յոյսը չմարող՝
Մընաց մանուկ մ՚որ զատուեցաւ ինձմէ, բայց գիտեմ նորէն՝
Պիտ՛ օր մը դառնայ, կը սպասեմ իրեն սիրով հաստատուն.
Պիտի գայ անշուշտ՝ ձեռք մ՚երբոր բոլոր լոյսերը մարէ,
Պիտի անպայման գայ բըռնէ ձեռքէս ու զիս տանի տուն։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Մարտ 2024, Երուսաղէմ