ՍՈՓՐԱՆՕ ՆԱԹԱԼԻ ՊՕՂՈՍԵԱՆ ՎԱՂԸ ԵԼՈՅԹ ՄԸ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՆՈԹՐԸ ՏԱՄ ՏԸ ՍԻՈՆ ԼԻՍԷԻ ԴԱՀԼԻՃԻՆ ՄԷՋ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ վաղը երեկոյեան մեր երաժշտական աշխարհի արժէքաւոր անուններէն սոփրանօ Նաթալի Պօղոսեան ելոյթով մը հանդէս պիտի գայ Էլմատաղի Նոթրը Տամ Տը Սիոն ֆրանսական լիսէի դահլիճին մէջ։ «Ծովափներէն տպաւորութիւններ» խորագրեալ այս երաժշտահանդէսը նախատեսուած է թատերական շանի ձեւաչափին մէջ, տաւիղի նուագահանդէսով հանդերձ։ Ելոյթի մաս կը կազմէ ծրագրի մը, որու նպատակն է տարբեր նուագարաններով ու համատեղումներով իրականացնել ռեսիթալներու շարք մը։ Բեմայարդարումով, տարազներով եւ ընդհանուր դրուածքով այս երաժշտահանդէսը ունկնդիրները կ՚առաջնորդէ 1900-ական թուականներուն Ֆրանսայի մէջ տան մը հիւրասենեակը։
Նաթալի Պօղոսեան շուրջ երկուքուկէս տարիէ ի վեր աշխատանք կը տանի Իսթանպուլի Պետական օփերայի արուեստագէտներէն Գէորգ Դաւիթեանի հետ։ Ան միեւնոյն ժամանակ դերասանուհի Շահիքա Թեքանտի «Սթիւտիօ» թատերախումբի դասընթացքներուն ալ կը մասնակցի։ Այս բոլոր պատրաստութիւններէն վերջ Նաթալի Պօղոսեան վաղը հանդէս պիտի գայ իր առաջին կարեւոր նուագահանդէսով, որու ընթացքին առաջին անգամ պիտի հնչեն Արտաշէս Ակօշեանի տաւիղի յօրինումները։
Յաջողութիւն կը մաղթենք Նաթալի Պօղոսեանին։