ՈՉ ԵՒՍ Է ԶԱՀԱ ՄՈՒՀԱՄՄԷՏ ՀԱՏԻՏ
Մահացաւ 65-ամեայ Զահա Մուհամմէտ Հատիտ, որ կը համարուի աշխարհի ամենայայտնի կին ճարտարապետը, ծագումով իրաքցի բրիտանուհի մըն է։ Ան ծնած է 31 Հոկտեմբեր 1950 թուականին, Պաղտատ, Իրաք։ Իսկ ան մահացաւ Մարտի 31-ին, Մայամիի մէջ։ Ան Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ ստացած է ուսողական կրթութիւն։ Ապա 1972-1977 թուականներու միջեւ ուսանած է Լոնտոնի Ճարտարապետական կաճառէն ներս։ Ան աշխատանքի ձեռնարկած է հոլանտացի ճարտարապետ Ռիմ Քոլհաասի մօտ։ Իսկ 1980 թուականին ան կը հիմնէ իր սեփական ճարտարապետական ընկերութիւնը։ Անոր ստեղծագործութիւններուն նկատմամբ հետաքրքրութիւնը սկսած է 1997 թուականին, Պիլպաօ քաղաքի Կուկընհայմի թանգարանի շէնքի կառուցումէն յետոյ։ Աւելի վերջ Միացեալ Նահանգներու Սինսինաթի քաղաքի Ռոզենթալի ժամանակակից արուեստի կեդրոնի շինարարութեան մասնակցելէ յետոյ անոր գաղափարները դարձած են իսկապէս նախընտրելի։ Հատիտի ստեղծագործութիւններուն բնորոշ են սովորական տարածութեան ընդարձակուած շրջանակները, աղաւաղուած հեռանկարները եւ կորագիծերը։ 2004 թուականին ան դարձած է առաջին կինը, որ արժանացած է ճարտարապետութեան ոլորտէն ներս հեղինակաւոր Փրիթցքէր մրցանակին։ Անոր գրասենեակին կողմէ նախագծուած շէնքերը անհնար է շփոթել եւ չճանաչնալ։ Աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ կառուցուած նախագիծերը կը թուին միշտ այլ մոլորակէ եւ տարբեր կերպով կապ մը կը հաստատեն շրջակայ միջավայրի հետ։
Հատիտի գործող եւ ապագայ ստեղծագործութիւններուն մաս կը կազմեն բազմաթիւ նախագիծեր. ինչպէս՝ Ռիվըրսայտի թանգարանը, Կլասկօ (2009), Քաթարի մարզադաշտը (2022), Սէուտական Արաբիոյ մեթրոյի ոսկեայ կայարանը, Պելկրատի մէջ, Սերպիա, բազմակողմանի համալիրը, Մենհեթթընի մէջ, Միացեալ Նահանգներ, բնակելի շէնքը, Հոնք Կոնքի մէջ, Չինաստան, կաճառ մը, Պոննի մէջ, Գերմանիա, Պեթհովընի անուան փառատօնային համալիրը (2020), Մաքաոյի մէջ, Չինաստան, քառասուն յարկանի պանդոկը, Չանկշայի մէջ, Չինաստան, մշակոյթի եւ արուեստի միջազգային կեդրոնը, Տուպայիի մէջ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւն, «Սինիաթիւր թաուըրս» երկնաքերները, Ապու Տապիի մէջ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, «Օփուս օֆիս թաուըր»ը, Թոքիոյի մէջ, Ճաբոն, ողիմպիական մարզադաշտը (2022), Շիքակոյի մէջ, Միացեալ Նահանգներ, Պերնըմա տաղաւարները, Պարվիխայի մէջ, Ռուսաստան, եփական առանձնատուն մը եւ այլն։