ԱՐՏԱ ԱՐՏԱՇԷՍ ԱԿՕՇԵԱՆԻ ՄԱՐԶԱԾ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԿԱՏԱՐԵՑ ՕՐԱԹՈՐԻՈՅԻ ՄԸ ՓՐԷՕՄԻԷՐԸ
Գատըգիւղի «Սիւրէյյա» օփերային մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ յատկանշական ձեռնարկ մը։ Այսպէս նուագուեցաւ յայտնի գրող Եահեա Քեմալ Պէյաթլըի ձօնուած օրաթորիոն, որու հեղինակն է Այտըն Քարլըպէլ։ Այս գործին առաջին կատարումները կազմակերպուած են երեկոյթներու շարքով մը։ Անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած առաջին նուագահանդէսէն վերջ երէկուանը շարքին երկրորդ հանգրուանն էր։
Իսթանպուլի Պետական օփերայի եւ պալէի նուագախումբն ու երգչախումբը միասնաբար ներկայացուցին այս օրաթորիոն։ Նուագախումբի ղեկավարն էր Սէրտար Եալչըն, իսկ երգչախումբինը՝ Արտա Արտաշէս Ակօշեան։
Ձեռնարկի աւարտին Սէրտար Եալչըն եւ Արտա Արտաշէս Ակօշեան զիրար շնորհաւորեցին եւ իրենց միացաւ նաեւ Այտըն Քարլըպէլ։
Հարկ է նշել, որ Իսթանպուլի Պետական օփերայի եւ պալէի երգչախումբին մաս կը կազմեն նաեւ Ատրուշան Հալաճեան, Սէրճան Կազէրօղլու եւ Եոէլ Վահրամ Քեշափ։