ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ 120-ԱՄԵԱԿԸ ՇՈՒՔՈՎ ԿԸ ՆՇՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆԻ ՄԷՋ

Այսօր հայ մեծանուն երաժշտահան, մանկավարժ, 20-րդ դարու աշխարհահռչակ երաժիշտներէն Արամ Խաչատուրեանի 120-ամեակն է: Այս յոբելեանը կը նշանաւորուի ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ արտասահմանի մէջ կայանալիք բազմաթիւ ձեռնարկներով, իրադարձութիւններով։ Արամ Խաչատուրեանի 120-ամեակի առթիւ նախատեսուած միջոցառումները ձեռնարկած է Հայաստանի մէջ ձեւաւորուած կառավարական յանձնախումբը: Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբը՝ Սերկէյ Սմբատեանի ղեկավարութեամբ, այսօր երեկոյեան համերգով կ՚ազդարարէ «Արամ Խաչատուրեան»՝ արդէն աւանդական դարձած ամէնամեայ միջազգային մրցոյթի բացումը, իսկ Արամ Խաչատուրեանի 120-ամեակին նուիրուած համերգաշարը նուագախումբը սկսած է տակաւին այս տարուայ սկիզբէն՝ Մեծն Բրիտանիոյ Միացեալ Թագաւորութենէն. այդ երկրի լաւագոյն համերգասրահներուն մէջ Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբը ունեցած է տասը համերգ: Համերգային ծրագրերու հիմնական նիւթը Խաչատուրեանի երաժշտական գանձարանի ամենայայտնի նմոյշներն են:

Յոբելենական միջոցառումներուն պիտի մասնակցին Հայաստանի բոլոր յառաջատար ստեղծագործական խումբերը՝ Ազգային ֆիլհարմոնիք, Պետական սիմֆոնիք, Պետական քամերային նուագախումբերը, Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնը, Պետական ֆիլհարմոնիան եւ բազմաթիւ այլ կառոյցներ։ Երեւանի այգիներու մէջ բացօթեայ ներկայացումներ տեղի կ՚ունենան, կը ներկայացուին Խաչատուրեանի «Գայիանէ», «Դիմակահանդէս» եւ «Սպարտակ» գործերը: Ողջ տարուան ընթացքին խաչատուրեանական համերգներ տեղի պիտի ունենան նաեւ մարզերու մէջ, նաեւ՝ ռուսական, եւրոպական եւ արեւմտեան տասնեակ քաղաքներու մէջ:

Այս յոբելեանի նշումին իր գլխաւոր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանը եւ Խաչատուրեանի անունը կրող երաժշտական եռեակը, որու գեղարուեստական ղեկավարը արդէն թանգարանի տնօրէնն է՝ դաշնակահարուհի Արմինէ Գրիգորեանը: Եռեակը տարուան սկիզբէն հանդէս եկած է ռուսական կարգ մը քաղաքներու մէջ: Տուն-թանգարանի աջակցութեամբ ժապաւէններ նկարահանուած են Արամ Խաչատուրեանի մասին, գիրքեր եւ պատկերացոյցներ հրատարակուած են: Ատոնք ո՛չ միայն հայերէն են, այլ՝ օտար լեզուներով, եւ 120-ամեակի առթիւ աշխարհին Արամ Խաչատուրեանը ներկայացնելու եւս մէկ առիթ կ՚ընծայեն: Այս տարի տուն-թանգարանը նաեւ միջազգային գիտաժողով կը կազմակերպէ, նախատեսուած են ուրիշ միջոցառումներ, որոնց հրաւիրուած են արտասահմանէն յայտնի արուեստագէտներ եւ մտաւորականներ:

ԾՆՆԴԱՎԱՅՐԸ ԵՒ ԿԵԱՆՔԸ

Թիֆլիզ քաղաքը, ըլլալով մեր պատմութեան, մշակոյթի կարգ մը ծանօթ գործիչներուն ծննդավայրը, իր աւանդութիւններով, հայկականութեան եւ արուեստի միջավայրով վճռորոշ եղած է նաեւ Արամ Խաչատուրեանի համար: Ան ծնած է Թիֆլիզի Կոչորի արուարձանին մէջ: Երգահանին ծնողքը հինաւուրց Գողթան գաւառէն էր, որ պատմահայր Մովսէս Խորենացին գովերգած է որպէս շնորհալի երգիչ-երաժիշտներու հայրենիք: Վերին Ազա (այժմ՝ Նախիջեւանի մարզ) գիւղէն էր Արամ Խաչատուրեանի հայրը՝ Եղիա Խաչատուրեան, որ պատանութեան տարիներէն բնակելով Թիֆլիզ, կը տիրապետէր կազմարարի արհեստին: Ամուսնացած էր նոյն մարզի Ներքին Ազա գիւղին մէջ ծնած Ղումաշի հետ: Համեստ կազմարարին չորս որդիներէն աւագը՝ Սուրէնը, ճանչցուած թատերական գործիչ էր, բեմադրիչ, Լեւոնը՝ երգիչ, համամիութենական ձայնասփիւռի մենակատար: Խաչատուրեան նաեւ քոյր մը ունեցած է: Բայց այս ընտանիքը, անշուշտ, պիտի փառաբանէր 1903 թուականի 6 յունիսին ծնած կրտսեր որդին՝ Արամը:

«Հին Թիֆլիզը հնչուն, երաժշտական քաղաք մըն է, բաւարար էր կեդրոնէն անցնիլ, քիչ մը հեռուն գտնուող փողոցներէն ու նրբանցքներէն գալով, որպէսզի մխրճուիս ամենատարբեր աղբիւրներէն ստեղծուած երաժշտական այս միջավայրին մէջ...», յետագային իր ծննդավայրին մասին գրած է Արամ Խաչատուրեան:

Իր ապրած տարիներուն Թիֆլիզի մէջ կը գործէին երաժշտական կարգ մը հաստատութիւններ եւ իտալական օփերայի թատրոնը: Այնտեղ կ՚ապրէին շատ տաղանդաւոր երաժիշտներ, որոնց ներդրումը մեծ եղած է հայ եւ վրացական երաժշտական դպրոցներուն ձեւաւորման համար: Միեւնոյն ատեն քաղաքին երաժշտական հաստատութիւնները կ՚այցելէին դուրսէն նշանաւոր արուեստագէտներ եւ այս բազմերանգ երաժշտական միջավայրը, անշուշտ, իր ազդեցութիւնը ձգած է Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւններուն վրայ: Անոր երաժշտութիւնը երբեք չէր սահմանափակուեր նեղ ազգային շրջանակներու մէջ եւ կը «խօսէր» ամենէն լայն լսարաններու հետ:

Խաչատուրեանը մեծ յարգանք ու անմիջական հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէր զանազան ժողովուրդներու երաժշտութիւններուն հանդէպ: Անոր աշխարհահայեացքին եւ ստեղծագործութիւններուն բնորոշ յատկութիւններէն մէկը միջազգայնութիւնն էր:

Իր իսկ խոստովանութեամբ, մանկութեան տարիներու տպաւորութիւնները՝ ժողովրդական երաժշտութեան հարուստ միջավայր, ժողովրդական տօնակատարութիւններ, կենցաղին մէջ հնչող աշուղներուն երգն ու նուագը, խորապէս դրոշմուած էին յիշողութեան մէջ:

Թիֆլիզի բազմերանգ, խայտաբղէտ, յուզառատ երաժշտական կենցաղին մէջ թարմ էին Քրիստափոր Կարա Մուրզայի, Մակար Եկմալեանի եւ մանաւանդ՝ Կոմիտասի համերգներուն տպաւորութիւնները: Սոֆիա Արղութեանի վճարովի դպրոցին մէջ, ուր կրթութիւն ստացաւ պատանի Խաչատուրեան, սիրուած էին մանաւանդ երգի դասերը, որոնք հմտօրէն կը վարէր Մակար Եկմալեանի աշակերտ, յետագային ականաւոր երաժշտագէտ եւ երգիչ Մուշեղ Աղայեանը:

Պատանութեան տարիներէն երաժշտութեան մոլի սիրահար Արամ Խաչատուրեան ինքնուրոյն նուագած է դաշնամուր, փորձած է կրկնել իր շուրջը հնչող երաժշտութիւնը՝ ինքնատիպ կերպով մշակելով զայն: Ապա ուսանելով առեւտրական ուսումնարանին մէջ, ան մասնակցած է փողային նուագախումբի դասընթացքներուն, նուագած է փողային գործիքներ: Փողային գործիքներուն գործնական կերպով տիրապետելը իր դրական դերը ունեցած է ապագայ ստեղծագործողին կեանքին մէջ:

Յետոյ յաջորդած են Մոսկուայի երաժշտանոցին մէջ հարուստ եւ հետաքրքրական տարիները, եւ անկէ ետք՝ ստեղծագործական բուռն ընթացքը, որուն արդիւնքը եղած են անոր նշանաւոր պալէները, մեծածաւալ ստեղծագործութիւնները, սիմֆոնիները եւ այլն:

Ուսման եւ ստեղծագործութեան զուգահեռ Արամ Խաչատուրեան Հայաստանի Պետական երաժշտական հրատարակչութեան ներկայացուցիչը եւ սրբագրիչը եղած է այն ժամանակ, երբ Մոսկուայի Հայկական մշակոյթի տունը կ՚իրականացնէր հայ երգահաններու ստեղծագործութիւններուն հրատարակութիւնը:

1934 թուականին Արամ Խաչատուրեանի անունը ոսկեայ տառերով գրուած է Մոսկուայի երաժշտանոցի լաւագոյն շրջանաւարտներու մարմարեայ պատուոյ տախտակին վրայ:

Իր ստեղծագործական կեանքին ընթացքին Խաչատուրեան հասած է արուեստագէտի համար նախանշուած փառքի գագաթին՝ ստանալով պետական պարգեւներ, միջազգային մրցանակներ, ներկայ ըլլալով իր ստեղծագործութիւններու կատարումներու միջազգային համերգներուն, հանդիպելով իր ժամանակի ամենէն նշանաւոր մարդոց եւ այդ փառքը, գնահատանքն ու ընդունելութիւնը լիուլի դրսեւորուած է իր հայրենիքի՝ Հայաստանի մէջ:

Արամ Խաչատուրեան ամուսնացած է երկու անգամ: Իր առաջին կնոջ հետ ան ծանօթացած է 1920-ական թուականներու վերջաւորութեան, որուն հետ ամուսնութենէն ծնած է դուստրը՝ Նունէն։ Որոշ ժամանակ անց, ծանօթանալով երգահան Նինա Մակարովային, ան ամուսնալուծուած է իր կնոջմէն եւ 1933 թուականին ամուսնացած է վերջինիս հետ։ Յատկանշական է, որ ռուս նշանաւոր կին երգահանին ծածկանունը «Գայիանէ» էր մտերմիկ շրջանակներուն մէջ: 1940 թուականին ծնած է անոնց որդին՝ Կարէնը, որ արուեստի քննադատ է: Ան յաճախ կ՚այցելէ Հայաստան, հանդիպումներ կ՚ունենայ արուեստի շրջանակներուն հետ, կը հիւրընկալուի Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանին մէջ, կը պատմէ իր հօրը մասին յուշեր, պատմութիւններ…

Խաչատուրեան մահացած է 1 մայիս 1978 թուականին՝ երկարատեւ, ծանր հիւանդութենէ ետք: Մոսկուայի երաժշտանոցի մեծ դահլիճին մէջ սգոյ հանդիսաւոր արարողութենէն ետք երգահանին աճիւնը տեղափոխուած է Երեւան՝ ի կատարումն անոր վերջին ցանկութեան, եւ հողին յանձնուած է Հայոց մեծերու պանթէոնին մէջ:

Հայ ժողովուրդի մեծ զաւկին սգոյ թափօրին մասնակցած են տասնեակ հազարաւոր հայրենակիցներ, բազմաթիւ օտարազգի բարեկամներ, որոնք Հայաստան ժամանած էին արուեստագէտին վերջին հրաժեշտ տալու:

Իր մահէն ետք Խաչատուրեան նոյնպէս արժանացած է մեծ փառքի, եւ մինչեւ այսօր, մեծ հայուն անունը համաշխարհային մեծութիւններու կարգին երիցս կը փառաբանուի: Անոր անունով Հայաստանի մէջ կոչուած են դպրոցներ, փողոց, Հայաստանի ֆիլհարմոնիայի Մեծ դահլիճը, լարային քառեակը, նաեւ անոր անունով կոչուած է դաշնակահարներու եւ երգահաններու տարեկան մրցոյթը։ Երեւանի մէջ կը գործէ նաեւ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանը, որ կը գտնուի Բաղրամեան փողոցի վրայ, հիմնուած եւ ստեղծուած է իր անձնական տան հիման վրայ, զոր ստացեր էր որպէս նուէր 1947 թուականին Հայաստանի կառավարութեան կողմէ: Թանգարանը հրաշալի առանձնատուն էր, զոր շատ կը սիրէր Արամ Խաչատուրեան: Ան իր հիւրերը այնտեղ կ՚ընդունէր, կը ստեղծագործէր. առանձնատունը ունէր պտղատու մեծ այգի, ուր շատ ժամանակ կ՚անցընէր Արամ Խաչատուրեան: Իր ցանկութիւնն էր, որ ան դառնայ իր տուն-թանգարանը: Այդ փափաքը իրականացաւ 1978 թուականին, երբ մեծ երաժիշտը կնքեց իր մահկանացուն: Իսկ տուն-թանգարանը 1984 թուականին արդէն բացաւ իր դռները: Արամ Խաչատուրեանի պատգամն էր, որ իր տան մէջ անընդհատ հնչէ կենդանի երաժշտութիւն: Երբ ներս կը մտնենք արուեստի այս կեդրոնէն՝ կը լսենք անմահ երգահանի ստեղծած երաժշտութիւնը: Այս օրերուն՝ 120-ամեակի առթիւ Արամ Խաչատուրեանի երաժշտութիւնը կը լսուի նաեւ այլ վայրերու մէջ. ինչպէս՝ Հայաստանէն ուղեւորուող գնացքներէն ներս..

ՃՈՐՃ ՓԵՀԼԻՎԱՆԵԱՆ ԵՒ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԱԿԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԸ

Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը երէկ՝ յոբելենական օրուան ընդառաջ «Արամ Խաչատուրեան» համերգասրահին մէջ հանդէս եկաւ համերգով մը, որը ղեկավարեց ամերիկահայ անուանի երաժշտահան Ճորճ Փեհլիվանեան:

Աւելի քան երեսուն տարիէ ի վեր հայազգի Ճորճ Փեհլիվանեան աշխարհի լաւագոյն համերգասրահներուն մէջ կը հնչեցնէ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւնները՝ խմբավարական ճպոտը ձեռքին ամէն անգամ նորովի բացայայտելով եւ մատուցելով տաղանդաւոր երաժշտահանի յօրինումները:

Ճորճ Փեհլիվանեան ծնած է Լիբանան՝ 1964 թուականին:

Անոր մայրը՝ դաշնակահարուհի, սոփրանօ երգչուհի Արփինէ Փեհլիվանեանն է, որ 1965 թուականին Պէյրութէն ացելելով Հայաստան՝ «Անուշ» օփերային մէջ Անուշի դերերգը կատարած է:

Իր զաւկին՝ Ճորճին ալ ան պզտիկ տարիքէն մեծցուած է երաժշտութեան շունչով, եւ որդին վաղ տարիքէն արդէն ջութակ եւ դաշնամուր կը նուագէր: 1975 թուականին Ճորճ Փեհլիվանեան հաստատուած է Լոս Անճելըս, եղած է ջութակահար: Գեղարուեստական ղեկավարութեան դասեր առած է Փիէռ Պուլէզի, Լորին Մաազելի, Ֆերտինանտ Լէյթների մօտ, ինչպէս նաեւ Իտալիոյ Քիճիի անուան երաժշտական ակադեմիոյ մէջ:

2005-2008 թուականներուն Ճորճ Փեհլիվանեան եղած է Սլովենիայի ֆիլհարմոնիք նուագախումբի առաջին օտարերկրեայ գլխաւոր գեղարուեստական ղեկավարը, 2007 թուականին՝ Իտալիոյ Սարտինիա կղզիի Քալիարի քաղաքի օփերային թատրոնի գլխաւոր հիւր-գեղարուեստական ղեկավարը, ինչպէս նաեւ հիւր ղեկավարներ՝ ուրիշ նշանաւոր օփերային թատրոններու մէջ: 1996 թուականին համագործակցած է Սպանիոյ Ազգային նուագախումբին հետ:

2010 թուականին եղած է Թուքէի միջազգային երաժշտական փառատօնի (Ֆրանսա) գեղարուեստական տնօրէն եւ հիմնադիր, 2012 թուականին՝ Փարիզի Ազգային երաժշտանոցին գեղարուեստական ղեկավարութեան փրոֆեսէօր:

Որպէս գեղարուեստական ղեկավար Փեհլիվանեան հանդէս եկած է Լոնտոնի, Լա Սքալայի ֆիլհարմոնիք նուագախումբերու, Լայփցիկի նուագախումբի, Համպուրկի սիմֆոնիք, Սանթա Սեսեիլիայի ազգային ակադեմական նուագախումբերու, Իսրայէլի, Չեխիայի ֆիլհարմոնիք նուագախումբերու, Փալերմոյի Մասսիմօ թատրոնի, Նափոլիի Սան Քարլօ թատրոնի նուագախումբի, Ռոթերտամի, Մոնթէ Քարլոյի, Քաթարի ֆիլհարմոնիք նուագախումբերու եւ այլ երաժշտական խումբերու հետ: Ռուսաստանի մէջ հանդէս եկած է Մարիինեան թատրոնի, Ռուսական ազգային նուագախումբի, Մոսկուայի ֆիլհարմոնիք, Մոսկուայի ձայնասփիւռի եւ հեռուստատեսութեան նուագախումբին հետ: Ան նաեւ համագործակցած է բազմաթիւ մենակատարներու հետ:

Հայազգի խմբավարը զանազան տարիներու համերգներ ղեկավարած է նաեւ Հայաստանի մէջ: 1991 թուականին Ֆրանսայի մէջ արժանացած է «Կրան փրի» մրցանակին, 2014 թուականին՝ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան «Ոսկեայ շքանշան»ին:

Երէկ երեկոյեան անոր ղեկավարութեամբ կայացած փառաշուք համերգը անգամ մը եւս վկայեց խաչատուրեանական արուեստին իր մեծ սէրն ու նուիրումը:

ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ

Արամ Խաչատուրեան բազում յայտնի մարդոց հետ հանդիպած է, եւ ատոնք բոլորը դարձած են նշանաւոր պատմութիւններ, պատմական լուսանկարներ եւ յուշեր, որոնք կը զարդարեն համաշխարհային արուեստի պատմութեան էջերը: Յայտնի է Արամ Խաչատուրեանի հանդիպումը 20-րդ դարու մեծագոյն դերասան Չարլի Չափլինի հետ:

Արուեստագէտին հետ հանդիպումը կայացած է Խաչատրեանի՝ Զուիցերիա այցելութեան ժամանակ՝ 1965 թուականին, երբ ան հրաւիրուած էր այդ երկիր՝ որպէս միջազգային մրցոյթի դատակազմի անդամ: Արդէն պատկառելի տարիք ունեցող Չարլի Չափլին այդ ժամանակ ապրած է քիչ մը մեկուսացած, Ժընեւէն դուրս գտնուող իր առանձնատան մէջ եւ շատ հազուադէպ հիւրեր ընդունած է: Արամ Խաչատուրեան փափաք յայտնած էր տեսնել արուեստագէտը: Չափլին մաէսթրոն իր կնոջ եւ որդիին՝ Կարէնին հետ սիրով հիւրընկալած է իր առանձնատան մէջ: Անոնք մի քանի ժամ տեւողութեամբ զրոյց ունեցած են: Չափլին Արամ Խաչատուրեանը հրաւիրած է իր առանձնասենեակը, բացած պահարաններէն մէկը, ուր դրուած է Խաչատուրեանի «Ջութակի քոնչերթօ»ի ձայնապնակը եւ ըսած, որ ան իր ամենասիրելի ստեղծագործութիւններէն մէկն է, զոր յաճախ կ՚ունկնդրէ աշխատելու ատեն: Ինչպէս յայտնի է՝ Չափլինի ֆիլմերուն մէջ ալ յաճախ հնչած են Չափլինի ստեղծած մեղեդիները: Մեծ կատակերգակը փորձած է մօտենալ դաշնամուրին եւ ներկայացնել իր ստեղծագործութիւններէն փոքր հատուած մը, բայց վերջին պահուն չէ համարձակած՝ ըսելով, որ յուզուած է եւ չի կրնար մեծ մաէսթրոյին մօտ հնչեցնել իր երաժշտութիւնը:

Շրջագայութեան աւարտին Արամ Խաչատուրեանը առողջական խնդիրներու պատճառով տեղափոխած են հիւանդանոց: Չափլին, լսելով այդ մասին, փոքրիկ երկտող մը եւ վարդերու գեղեցիկ ծաղկեփունջ մը ուղարկած է՝ մաղթելով շուտափոյթ ապաքինում: Մեծ կատակերգուին այս նախաձեռնութիւնն ու նուէրը կարեւոր նկատելով Խաչատուրեան այդ ծաղկեփունջը բերած է Մոսկուայի իր տունը եւ դրած դաշնամուրին վրայ՝ իր աչքին առջեւ եւ մինչեւ կեանքին վերջը այդ չորցած ծաղկեփունջը մնացած է այնտեղ:

***

1960 թուականին երգահան Արամ Խաչատրեան Իտալիոյ մէջ արժանացած է Սանթա Չեչիլիա երաժշտական ակադեմիայի պատուաւոր փրոֆեսէօրի կոչումին: Յատկանշական է, որ փրոֆեսէօրի կոչումը կը շնորհուէր միայն ամենաանուանի երաժիշտներուն եւ, Խաչատուրեանի շնորհիւ, այս հազուագիւտ մականուններուն կարգը համալրուած է նաեւ հայկականով:

Խաչատուրեանի՝ 1963-ի Իտալիա կատարած այցին ժամանակ Սանթա Չեչիլիա երաժշտական ակադեմիայի տնօրէնը երգահանին առաջարկած է հանդիպիլ Հռոմի Յովհաննէս 23-րդ Պապին հետ: Խաչատուրեան համաձայնած է ու քանի մը օրէն, կնոջ հետ, ժամանած է Վատիկան:

Արամ Խաչատուրեանի յուշերէն կը տեղեկանանք, որ Վատիկանը զայն տպաւորած է որպէս թանգարանի նման ահռելի շէնք մը: Այն ժամանակ, ինչպէս կը յիշէ Արամ Խաչատուրեանի թանգարանի տնօրէն Արմինէ Գրիգորեան, Խորհրդային Միութիւնը Վատիկանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունէր, ու հայ երգահանը դարձած է Խորհրդային Միութեան առաջին քաղաքացին, որ հանդիպած է Հռոմի Պապին: Անոնց զրոյցը տեւած է կէս ժամ, որու ընթացքին Արամ Խաչատուրեան նոյնպէս խօսած է: Աւելի ուշ, երգահանը վերյիշած է, որ Հռոմի Պապը արուեստի վերաբերեալ բազմաթիւ հետաքրքրական հարցումներ ուղղած է իրեն:

Եւ այդ հարցումներուն միջոցին նաեւ Հռոմի Պապը յայտնած է իր հիացմունքը Արամ Խաչատուրեանի արուեստին նկատմամբ ու ըսած է, թէ հակառակ անոր որ հայ ժողովուրդը սակաւաթիւ է, սակայն աշխարհին բազմաթիւ հանճարներ տուած է:

Այդ պատմական հանդիպումի աւարտին Հռոմի Պապը Արամ Խաչատուրեանին նուիրած է իր պատկերով յուշամետայլ մը, իսկ կնոջը՝ խաչ մը: Ատկէ քանի մը օր անց, Խաչատուրեանին Վատիկանէն ղրկած են հանդիպումէն լուսանկարներ: Հետաքրքրական է, որ երբ Արամ Խաչատուրեան վերադարձած է Խորհրդային Միութիւն եւ պատմած է Հռոմի Պապին հետ իր հանդիպումին մասին, շատեր չեն հաւատացած, մտածելով, որ ատիկա առասպել է: Օրեր անց ստացուած լուսանկարները փարատած են բոլոր կասկածները: Այդ լուսանկարները այսօր կը պահուին երեւանեան տուն-թանգարանին մէջ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունիս 6, 2023