ԻՆՔՆԱՏԻՊ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԻՐՔ՝ ԳՏՆՈՒԱԾ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆԻ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Իսթանպուլի քաղաքապետարանի Թաքսիմի «Աթաթիւրք» գրադարանէն ներս պահուող հայերէն եւ հայատառ թրքերէն գիրքերը հետազօտելու ընթացքին (2017-2020-ին) հայաստանցի մատենագէտներ անոնց մէջ գտած են գիրքեր, որոնք կը բացակային Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ, որ, ինչպէս յայտնի է՝ կը նկատուի հայատառ տպագիր գրականութեան ամենէն մեծ պահոցը աշխարհին մէջ:

Իսթանպուլի քաղաքապետարանի «Աթաթիւրք» գրադարանին մէջ այսօր առկայ 1766 անուն (1933 միաւոր) հայերէն եւ հայատառ թրքերէն գիրքերէն 185 հատը նորայայտ անուն եղած է հայրենի մատենագէտներուն համար: Անոնք թուայնացուցած են այդ գիրքերը եւ ներառած՝ մեր մասնագէտներուն կազմած «Հայ գիրք» շտեմարանին մէջ: Նորայայտ անուններուն մէջ կան հետաքրքրական ու ուշագրաւ գիրքեր, որոնց մէկ մասին տակաւին կ՚անդրադառնանք:

Ատոնցմէ մին «Արուեստ նամակագրութեան ի պետս նորավարժից» գիրքին երկրորդ տպագրութիւնն է, որու մասին հայ գիրքերու մատենագիտութիւններուն մէջ եղած են միայն տեղեկութիւններ, այն ալ՝ թերի: Այսինքն գիրքին մասին հայ մասնագէտները ունէին միայն աղոտ նկարագրութիւն: Գիրքը Հայաստանի մէջ մինչ օրս կը բացակայէր եւ, գտնելով անոր մէկ օրինակը Իսթանպուլի քաղաքապետարանի գրադարանին մէջ, հայ մասնագէտները լուսացրած են զայն, մշակած եւ թուային գիրքի վերածելով՝ տեղադրած բաց օգտագործման համար:

Այս գիրքը Պոլսոյ մէջ առաջին անգամ տպագրուած է 1863-ին՝ «Արուեստ նամակագրութեան համառօտ կամ ընտանեկան նամակներ նորավարժ պատանեկաց դիւրութեանը համար» խորագրով եւ վերահրատարակուած 1881-ին՝ ընդարձակ եւ ընդլայնուած տարբերակով՝ «Արուեստ նամակագրութեան, ի պետս նորավարժից» խորագրով: Հեղինակ չկայ, նշուած է տպարանը՝ Վ. Յ. Մարգարեան: Վերջին այս տարբերակն է, որ գտած են մեր մասնագէտները եւ գրադարանին մէջ լրացուցած անոր պակասը:

Պոլսոյ մէջ նախանցեալ դարուն տպուած այդ գիրքը կը միտէր պատանիներուն սորվեցնել նամակագրութեան արուեստը, որ կեանքի կարեւոր մաս եղած է հայերուն համար: Պատշաճ նամակագրութիւն վարելը միշտ ալ կը նկատուի բարեկրթութեան, զարգացուածութեան եւ ընկերային կեանքին մէջ որոշակի դիրք զբաղեցնելու նշաններէն: Այսօր ալ, երբ փոստային աւանդական նամակագրութիւնը իր տեղը գրեթէ զիջած է համացանցային նամակագրութեան, աւելին՝ հեռախօսներով վարուող խօսակցութեան, նամակագրութեան վայել կանոնները պահելը երբեք աւելորդ ճոխութիւն չէ դաստիարակուած եւ կրթուած մարդուն համար:

Գուցէ փոխուած են դիմելաձեւերը, նամակներուն մէջ գործածուող բառապաշարը, բայց նամակ կազմելու եւ յղելու ընդհանուր իմաստները նոյնը մնացած են:

Կը ներկայացնենք արժէքաւոր այդ գիրքէն հատուածներ:

ԱՐՈՒԵՍՏ ՆԱՄԱԿԱԳՐՈՒԹԵԱՆ

Եթէ աշխարհիս մէջ ամէն բան մեզի իր բնական կերպովը երեւնար, ընկերական կենաց մէջ պակասաւոր չգտնուելու համար մեզի պէտք եղած բաները՝ աւելի յօժարութեամբ եւ մտադրութեամբ կը սորվէինք: Մարդիկ ալ ընդհանրապէս ան նրբամտութիւնը չունին, որ տեսած բաներնուն արտաքին երեւոյթէն չխաբուելով անոնց մինչեւ ներսը թափանցեն ու ինչ ըլլալը հասկնան: Ուստի շատ անգամ կը վախնանք կամ մեզ կը վախցնեն անանկ ոչինչ բաներէ, որոնք իրօք ստուեր են, ու եթէ քիչ մը անոնց վրայ մտածելու ըլլանք՝ անոնց մէջ տեսնուած դժուարութեան լուծումը կը գտնենք:

Նամակ գրելու մեջ ալ ասանկ է: Դպրութիւն կամ գրաւորական կրթութիւն չունեցողները, կամ անոնք որ աշխարհիս գործերուն մէջ մտած չըլլալով իրենց բնական խակութեանը մէջ մնացած են, առհասարակ նամակ գրելը մեծ արուեստ կը համարին: Բայց զարմանալին այն է, որ ուսման մէջ տարիներ անցընողներն ալ շատ անգամ տոմսակ մը գրելու համար կը շուարին, եւ չեն գիտեր, թէ հասարակ նամակի մը նիւթը ինչպէ՛ս շարադրեն:

Այս դժուարութեան գլխաւոր պատճառը աս է, որ նամակագրութեան ոճը հասարակ խօսակցութեան ոճէն տարբեր եւ օտար կարծուած է: Ոչ ոք կը մտածէ, թէ նամակի մէջ գրուածը հասարակ խօսակցութեան մեջ ըսածներէն տարբեր է. այն անձը որուն նամակ կը գրենք՝ հեռու ըլլալուն համար նամակով կը հաղորդենք անոր այն բաները, որոնք բերանով պիտի ըսէինք, եթէ մօտ ըլլար: Այս մտածութիւնը նամակ գրելու վրայէն դժուարութեան մեծ մասը կը վերցնէ եւ քիչ մը աւելի մտադրութենէ ուրիշ բանի կարօտ չ՚ըներ:

Ուստի, նամակ գրելու համար կարծուած դժուարութիւնը վերցնելու կամ թեթեւցնելու համար՝ սա երկու կանոնին միտ դնելու է:

Նախ, նամակին լեզուն ամէն օրուան խօսած խօսքերնուս ոճովը պիտի ըլլայ: Արդարեւ, անոնք որ պարզ ու դիւրին ոճը ձգելով՝ հասարակ բան մը մեծ-մեծ բառերով ու դարձուածներով յայտնել կ՚ուզեն, կը ցուցնեն, թէ իմաստի կողմանէ աղքատ են, ուստի եւ իրենց մտքին ամլութիւնը բառերով արդիւնաւոր երեւցնել ուզող կը համարուին, եւ վերջապէս փորձ մարդոց առջին իրենց ի՛նչ ըլլալը կը յայտնեն:

Երկրորդ, նամակին մէջ այն ըսելու է, ինչ որ կ՚ըսէինք, եթէ մեզի մօտ ըլլար այդ մարդը, որուն կը գրենք: Ահա նամակագրութեան բոլոր արուեստը, որ վերի երկու կանոնին կը վերածուի: Ուրիշ միտ դրուելու բաները երկրորդական են: Արդարեւ, ինչպէս որ ամենէն չնչին բանն ալ վայելչութեամբ ընելու կամ ըսելու համար քիչ շատ միտ դնելու կան, ասանկ ալ նամակ գրելու մէջ կան մասնաւոր միտ դրուելու բաներ, որոնց կատարումէն նամակագրութեան վայելչութիւնը կախում ունի: Այսպէս են մարդոց այլ եւ այլ աստիճանին, պաշտօնին ու վիճակին եւ իրարու հետ ունեցած յարաբերութեանը նայելով՝ իրարու գրելու ոճը, իրարու հետ ունենալու ակնածութիւնը, ընտանութիւնը, որոնք անտարակոյս այլ եւ այլ են, եւ որոնք բնական խոհեմութիւնն ալ կրնայ թելադրել:

ՆԱԽԱԳԻՏԵԼԻՔ

Նամակի մը գլխաւոր մասերը հետեւեալներն են.

Նամակներու մէջ գործածուելու յարգական ձեւերը:

Նամակի համար գործածուելու թուղթը:

Վերնագիրը: Բուն նամակը կամ նամակին մարմինը: Վերջնագիրը: Թուականը: Ստորագրութիւնը: Յետագրութիւնը: Կնիք: Մակագիր կամ հասցէն:

ՆԱՄԱԿՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԳՈՐԾԱԾՈՒԵԼՈՒ ՅԱՐԳԱԿԱՆ ՁԵՒԵՐԸ

Ինչպէս որ ամէն նամակ միեւնոյն նիւթի վրայ կամ միեւնոյն մարդու չի գրուիր, այնպէս ալ ամէն մէկուն մէջ գործածելու յարգական ձեւերը միեւնոյնը չեն կրնար ըլլալ:

Քիչ մը աւելի քաղաքավարութիւնը մեզի յանցանք չի կրնար համարուիլ, բայց քիչ մը պակասը շատ անգամ մեր դիմացինին միտքը մեր վրայ կը ծռէ:

Ցածութեան իջնալու չափ խոնարհիլ պէտք չէ, բայց ուրիշը հաճելու համար վայելուչ եղածն ալ պէտք է զգուշութեամբ կատարել:

ՎԵՐՆԱԳԻՐԸ

Վերնագիրը պատուանուն մըն է, որ նամակը առնելիք անձին կու տանք, թէպէտ պատուանուններուն որոշ ձեւեր տալ չըլլար, քանզի մարդուն աստիճանին ու գտնուած վիճակին պարագաներուն նայելով կը փոխուին, բայց մենք հոս խիստ սովորականներէն քանի մը հատը կը դնենք:

Կաթողիկոսի- Վեհաշնորհ Սրբազան Հոգեւոր Տէր

Պատրիարքի- Բարձրաշնորհ եւ Աստուածարեալ Տէր

Արքեպիսկոպոսի- Պերճաշնորհ եւ բարեփառ Տէր

Եպիսկոպոսի- Գերապատիւ եւ երջանիկ Տէր

Վարդապետի- Արժանապատիւ Հայր

Աւագերէցի- Հայրաշնորհ Տէր Հայր

Երէցի- Բարեկրօն եւ պատուական Հայր

Հօր եւ մօր- Պատուական, Սիրելի ծնողք, կամ Հայր, Մայր

Եղբօր եւ քրոջ- Ազնիւ, Սիրելի եղբայր կամ քոյր

Զաւկի- Ցանկալի, Սիրելի որդեակ

Երեւելի իշխանի կամ տիկնոջ- Փառաւոր, հոյակապ իշխան կամ տիկին

Ազնուականի- Ազնուական Տէր

Մեծատան- Մեծապատիւ, Մեծաշուք Տէր

Վաճառականի- Մեծահամբաւ Տէր

Բարեկամի- Հաւատարիմ, Սիրելի բարեկամ

ԲՈՒՆ ՆԱՄԱԿԸ

…Գործածուած ոճը՝ նամակը առնող մարդուն վիճակին պէտք է յարմարիլ. ուրախութեան մէջ եղողին՝ տրտում կերպով, տրտմութեան մէջ եղողին՝ ուրախ կերպով գրելով, կամ մենէ վեր մէկու մը չափէ աւելի ընտանութիւն ցուցնելով՝ չըլլայ որ մեր դիմացինը բարկացնենք:

Մենէ մեծ մարդոց նամակին մէջ բան հարցնել չըլլար. ասիկա ընտանութեան նշան ըլլալուն համար՝ անանկ մարդոց համար անքաղաքավարութիւն կը համարուի, եւ եթէ հարցում մը ընել հարկ ըլլայ, խոնարհ ձեւեր գործածելու է, ինչպէս են. «Ներեցէք, տէր իմ, որ…» կամ «Չըլլայ որ յանդգնութիւն համարիք..» եւ այլն: Նմանապէս ասանկ մեծ մարդոց հետ հրամայական կերպով խօսիլը մեծ կոպտութիւն է:

Ընդհանուր կանոն եղած է, որ մենէ մեծ մարդու չաղաչենք որ ուրիշ մէկուն բարեւ ընէ. մանաւանդ եթէ բարեւը առնելիք մարդը՝ նամակը առնողէն պզտիկ է. բայց անոր հաւասար ալ ըլլալու ըլլայ, դարձեալ քաղաքավար կերպով մը ըսուելու է:

ՎԵՐՋՆԱԳԻՐ

Նամակին մէջ մեր ամէն ուզածը գրելէ ետք՝ վերջը «Ողջ եղիք» մը կ՚աւելցնենք: Ետքը անոր տակը, թուղթին աջ կողմը, ամէն մարդու իր աստիճանին նայելով՝ անկեղծութեան կամ յարգանանց խօսք մը ըսելու է, զոր օրինակ՝ եթէ ազնուական մարդ մըն է, այսպէս. «Ողջ եղիք. Ձեր ազնուականութեանը Նուաստ ծառայ»:

Նամակներու մէջ գլխաւորապէս նայելու է, որ ստորագրութիւնն ու թուականը չմոռցուի:

ՅԵՏԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Շատ անգամ կը պատահի, որ նամակը գրելէն ետքը՝ նոր բան մը կրնանք յիշել, կամ իմացնելու արժանի լուր մը կը լսենք, այն ատեն թուականին եւ ստորագրութեան վերջին տողէն քանի մը տող վար, թուղթի ձախ դին Յ. եւ Գ. տառերը դնելով (որ յետոյ գրուած ըսել է) դիպուածը գրելու կը սկսինք: Բայց որովհետեւ ասիկա շատ անգամ անմտադրութենէ յառաջ կու գայ, անոր համար այս բանը միայն մտերիմներու հետ կ՚ըլլայ, այն ալ երբ անոնց բերնով մէկու մը բարեւ կը ղրկենք, նմանապէս զգուշանալու է, որ լուսանցքի մէջ ալ բան չգրուի:

ՄԷԿՈՒՆ ԱՆՈՒՆԸ ԿԱՄ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Բարեկամներու եւ հաւասարներու մէջ՝ անուան ու նոր տարւոյ համար իրարու գրուած շնորհաւորութեան նամակները պէտք է որ զուարճալի ու գրեթէ զբօսանանց համար գրուած ըլլան, եւ գլխաւորապէս նուրբ ու փափուկ իմաստներով գրուած ըլլալու են:

Եթէ նամակը գրողը ոտանաւոր գրելու կարողութիւն ունի, այս կերպ նամակներու մէջ մանր երգ կամ նուագ մը կրնայ շինել ու դնել: Բայց որովհետեւ բարեկամութեան ազնիւ զգացումները մարդուս բոլոր հանճարէն վեր կը համարուին, անոր համար անանկ զուարճական բաները նամակին վերջը ձգելու է:

Մեր մեծին կամ մենէ վեր մարդոց գրուած նամակին մէջ աւելի յարգանք ցուցնելու է. ինչու որ այն ատեն նամակը զուարճականութենէ կ՚ելլէ, առաւել պարտքի մը տակ կը մտնէ:

ՆԱՄԱԿ. ՏՂԱՅ ՄԸ ԻՐ ՀՕՐԸ

Յարգոյ եւ սիրելի Հայրս,

Այսօր ձեր անուան օրն ըլլալով՝ կարծես թէ ձեր քովն եկած եմ, եւ չեմ գիտեր ալ ինչպէս բացատրեմ, ձենէ զատուած ըլլալուս ցաւն այսօր սաստիկ կը զգամ:

Ներեցէք ինծի, Հայր, որ գոնէ մտքով քիչ մը ձեր քովը գամ, եւ ձեզի պարտական եղած յարգանքս ցուցնեմ, ձեզի երջանիկ եւ երկար օրեր մաղթեմ, ու հայրական համբոյրի մը եւ օրհնութեան արժանանամ: Ահա իմ բաղձանքներս ասոնք են, որոնց ձեզի հաճելի ըլլալը գիտնալու համար, գրելովս ձեր քովը չգտնուելուս ցաւը քիչ մը կը թեթեւնայ:

Սիրելի մօրս ձեռուըները կը համբուրեմ, ու կ՚աղաչեմ, որ իր որդւոյն յարգանքը սիրով ընդունի:

Ողջ եղիք:

Ձեր հնազանդ որդին։

ԸՆՏԱՆԻ ԲԱՐԵԿԱՄԻ

Բարեկամ,

Գիտցած ըլլաք որ կիրակի օր ձեր անուան օրն է, եւ կը յուսամ, որ սեղանին գլուխը այն տօնախմբութիւնը կատարող ջերմեռանդներուն մէկն ալ ես պիտի ըլլամ: Աղէկ գիտէք, որ ես այս բանէն շատ կ՚ախորժիմ: Իմ գալս ձեզի իմացնելու համար առաջուց սուրհանդակ մը ղրկեմ, որուն եթէ «հնդկահաւ» անունը տաք, անիրաւութիւն ըրած չէք ըլլար: Կ՚աղաչեմ, բարեկամութեանս համար ըլլայ, անիկա մարդասիրութեամբ ընդունեցէք: Անոր հետ մէկտեղ հինգ վեց հատ ալ հին գինիով լեցուն սրուակներ կան. անոնք ալ պահեցէք, մինչեւ որ ան ցանկալի կիրակին գայ:

Ասոնց համար չվշտանաք. ասոնք ընելով բան մը կորսնցուցած չեմ ըլլար. եւ կը խոստանամ որ տուածիս կրկնապատիկը ձենէ կը հանեմ: Այսչափ բաւական է. ձեր պատուական ընտանեացն ինէ բարեւ ըրէք։

Ողջ եղիք:

Ձեր բարեկամը։

ՊԱՏԱՍԽԱՆ

Սիրելի բարեկամ,

Երջանկութեանս համար ձեր ըրած մաղթանքներուն անկեղծութեանը վրայ ամենեւին կասկած չունիմ. քանի գիտեմ որ անոնք ընողը զիս կը սիրէ: Կը յուսամ, որ դուք ալ իմ կողմանէս եղածներուն անկեղծութեանը վրայ չէք երկբայիր:

Աղէկ գիտէք, որ ամէն տարի տօնախմբութեանս օրը բոլոր ընտանիքս ու բարեկամներս մէկտեղ կը ժողվուին. ես ալ անոնց մէջ գտնուելով երջանիկ կ՚ըլլամ: Գիտէք որ այս երջանկութիւնը ձեր ներկայութեամբը աւելի կատարեալ կ՚ըլլայ, ուստի կը յուսամ, որ այս անգամ ալ առջիններուն պէս նոյն բախտը կ՚ունենամ: Սա ալ գիտցէք, որ եթէ չգալու ըլլաք, մեր ժողովքը կատարեալ եղած չ՚ըլլար, ես ալ յուսացած ուրախութիւնս չեմ կրնար վայելել:

Ողջ եղիք:

Ձեր անկեղծ բարեկամը։

ՆԱՄԱԿ
ՄԷԿՈՒՆ ՍԻՐՏԸ ԱՌՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Տէր,

Սրտիս խռոված ատենը՝ քեզ նեղացուցի: Բուռն կիրքով մը վառուած ատեն՝ մեր բերնէն ելածին տէրը չենք: Ասիկա հիմա համարձակ կ՚ըսեմ, քանզի բարկութեան ծուխերը միտքիս մէջէն դուրս ցնդուեցան: Քու բարեկամութիւնդ իմ քովս այնչափ անգին է, որ անիկա չկորսնցնելու համար, անիրաւ ու վատ ամօթը մտիկ չեմ ըներ, որ ընդհանրապէս մեր յանցանքներուն ներում գտնելու արգելք կ՚ըլլայ: Ես պարտքս կատարեցի, քու բարի սիրտդ ալ ճանչնալով՝ կը յուսամ որ կը ներես, եւ կրնայ ըլլալ, որ նամակս չկարդացած՝ մեր մէջ եղածները արդէն մոռցած ըլլաս: Ներէ որ առաջուան պէս քու բարեկամութեամբ պարծիմ:

Ողջ եղիր:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ

Սիրելի բարեկամ,

Քու ազնիւ համարձակութիւնդ տեսնողը՝ որչափ բարկացած ըլլայ, կը հաշտուի: Կան մարդիկ, որ կիրք կ՚ելլեն, բայց կիրքը հանդարտելուն պէս՝ կը ստրջանան. այն տեսակ մարդերէն մէկն ալ ես եմ: Քու բնաւորութենէդ կը տեսնեմ, որ եթէ դժբախտութեամբ ես քեզ վշտացուցած ըլլայի, աւելի շուտով ինծի պիտի ներէիր, ահա ես ալ քուկինդ բոլորովին մոռցայ:

Ողջ եղիր:

ՏՈՒՆԷՆ ՆՈՐ ԶԱՏՈՒՈՂ ԱՂՋԻԿ ՄԸ ԻՐ ՄՕՐԸ

Գթած մայրս,

Թէպէտ գիտէի թէ քենէ պիտի զատուիմ, բայց զատուելէս ետքը տակաւին այնպէս ցաւ զգացի, որպէս թէ բնաւ գիտցած չըլլայի: Ո՞րն է այս կեանքին երջանկութիւնը: Քանզի որ երջանկութիւնը մեր ձեռքը չէ, ինչպէ՞ս կրնանք մեզի համար հաստատել: Կը տեսնեմ որ աշխարհիս մէջ անմեղ ուրախութեան ցանկալն ալ՝ շատ անգամ մեծ վտանգներ ունի: Քանի մը օր, քու քովդ եղած ատենս ունեցած ուրախութիւններուս վնասը՝ կենացս օրերուն մէջ պիտի քաշեմ:

Քեզ ամէն տեղ պիտի փնտռեմ, պիտի ուզեմ, բայց պիտի չկրնամ գտնել: Ո՜հ սիրելի մայր, գոնէ թուղթերովդ այս վիշտս՝ քիչ մը թեթեւցնելու ջանայ, քու վրադ ստէպ ստէպ լուր տուր, քանզի առանց անոնց չեմ կրնար ըլլալ:

Ողջ եղիր:

ՄԷԿԷ ՄԸ ՈՒՐԻՇԻ ՄԸ ՀԱՄԱՐ ՇՆՈՐՀՔ ՄԸ ԽՆԴՐԵԼՈՒ

Սիրելիդ իմ,

Կարելի է թէ կը յուսաք, որ բարերարութիւններ ընելու ձեր սովորական փափաքներովը հանգիստ պիտի ըլլաք, բայց ոչ, կը խաբուիք: Այո՛, միշտ մեծ մխիթարութիւն պիտի ունենաք, բայց ոչ՝ հանգիստ: Ձեր աղէկութիւնները շատ տեսած ըլլալով, թերեւս նորէն ձեզի դիմելու երես պիտի չունենայի: Բայց կարելի է թէ ատ բանը ուրիշ մը խորհելու պարտաւոր ըլլայ, բայց ոչ՝ ես: Արդարեւ այս անգամ խնդրածս ինծի համար չէ, բայց թող ուրիշի համար ըլլայ: Ձեր սիրտը ճանչնալէս ետք, որ բարիք ընելու համար ստեղծուած է, ալ չեմ խորհիր, թէ խնդրածս ինծի համար է թէ ուրիշի համար, կամ թէ ձեզ անհանգիստ կ՚ընեմ: Ձեզ անհանգիստ ընողներուն մէկն ալ ահա ես եմ: Արդ սիրելի բարեկամ, ձեզի երիտասարդ մը կը ղրկեմ, բարեկամիս մէկուն որդին է: Դուք անոր օգուտ մը կրնաք ընել, քանզի կրնաք ցուցնել, թէ ո՛ր ճամբան դիւրագոյն է, եւ առաջադրած գործին յաջողութեան կը տանի: Այս կարեւոր շնորհքը՝ ատոր ընելու համար, ձեզի չեմ աղաչեր, արդէն ըսի, ձեր սիրտը կը ճանչնամ, բաւական է, որ ձեր մեծանձնութիւնը ցուցնելու դիպուած մը պատահի: Միայն սա կ՚ըսեմ, որ ադ տղան առաքինի մարդու մը զաւակ է, եւ կրնայ մեզ վստահ ընել, որ իր հօրը ճամբէն երբեք պիտի չզատուի: Այս տեսակ մարդոց սրտին մէջ ապերախտութիւն չի կրնար բուսնիլ. ուստի յաւիտեան ձեզի երախտագէտ ըլլալուն կասկած մի՛ ընէք: Գանք իմ երախտագիտութեանս. ասոր համար բան մը չեմ ուզեր ըսել. արդէն գիտեմ, որ ինէ երախտագիտութիւն պահանջելու իրաւունքը շատոնց ստացած էք, եւ ամենեւին բան մը սրտիս մէջի եղածը չի կրնար աւելցնել կամ պակսեցնել:

Ողջ եղիք:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յուլիս 6, 2023