«ԱՐԱՍ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ԵՒՍ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ TÜYAP-Ի ԳՐՔԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԻՆ
Պէյլիքտիւզիի մէջ վաղը պիտի սկսի TÜYAP-ի 34-րդ գրքի տօնավաճառը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ Նոյեմբերի 15-ը։ Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչատունը այս տարի եւս պիտի մասնակցի այս տօնավաճառին, որու համալիրէն ներս արդէն ապահոված է իր տաղաւարը։
Ըստ ընկալեալ սովորութեան, «Արաս» նոր գիրքեր լոյս ընծայած է տօնավաճառին ընդառաջ։
Արդէն իսկ մօտերս հրատարակուած էր Աւետիս Ճէպէճեանի “Bir Ermeni Subayın Çanakkale ve Doğu Cephesi Günlüğü” եւ Զապէլ Եսաեանի նորավէպը “Meliha Nuri Hanım”, որ թարգմանուած է թուրք մտաւորական Մեհմէտ Ֆաթիհ Ուսլուի կողմէ:
«Արաս» հրատարակչութիւնը ընթերցասէրներուն պիտի ներկայացնէ բաւական նոր ու հետաքրքրական գիրքեր, որոնցմէ մին է Գարին Քարաքաշլըի երրորդ բանաստեղծական գիրքը՝ “İrtifa Kaybı” վերնագրով: Իսկ Էօժէնի Հէօլլիւքսեւէր, իր մեծհօր՝ Աբրահամ Գասաբեանի հայերէն գրի առած ինքնակենսագրականը թարգմանած է թրքերէնի՝ որ կը պատմուի Թէքիրտաղէն սկսեալ իր ընտանիքին կեանքը, “Kaջ Kişisiniz Boğos Efendi?” խորագրեալ:
Հրատարակչութիւնը հրատարակեց նաեւ երկու իտալացի լրագրողներ Ֆլաւիա Ամապիլէի եւ Մարքօ Թոսաթթիի կողմէ գրի առնուած “Halep’in Baronları” անուն նոր գիրք մը, ուր եւս որ կը պատմուի Հալէպի յայտնի «Օթէլ Պարոն»ի եւ երեք սերունդ սեփականատէրերուն՝ Մազլումեան ընտանիքին ու վերջին հարիւր տարւան Միջին Արեւելքին մասին: Գիրքը թարգմանուած է իտալերէնէ:
Եւ դարձեալ հետաքրքրական գիրք մը՝ Ռանըլտ Գրիգոր Սիւնիի գրի առած “Ararat’a Bakmak” խորագրեալ, որ թարգմանուած է անգլերէնէ ու կը պատմէ հայերու եւ Հայաստանի արդի դարերու պատմութիւնը:
Այս տարի եւս «Արաս»ի տաղաւարին մօտ նախատեսուած են հեղինակներու եւ ընթերցասէրներու հանդիպումներ, որոնք միշտ առիթ կը հանդիսանան խանդավառութեան։ Բաց աստի, կազմակերպուած է նաեւ «Յիշել Զապէլ Եսայեանը» խորագրեալ ասուլիս մը, որու ատենախօսները պիտի ըլլան գրող Գարին Քարաքաշլը, թարգմանիչ Մեհմէտ Ֆաթիհ Ուսլու, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագիր Սեւան Տէյիրմենճեան եւ Հազալ Հալավութ։ Ասուլիսը պիտի վարէ «Արաս»ի գլխաւոր խմբագիր Ռոպէր Քոփթաշ։