ԶԱՀՐԱՏԻՆ 90-ԱՄԵԱԿԸ
Երէկ, Երեւանի մէջ նշուեցաւ անմահ բանաստեղծ Զահրատի 90-ամեայ յոբելեանը։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան եւ Գրողներու միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Զահրատի այրին՝ Անայիս Եալտըզճեան։ Գրողներու տան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու ընթացքին ելոյթներ ունեցան Սփիւռքի փոխ-նախարար Սերժ Սրապիոնեան, Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Եդուարդ Միլիտոնեան, Գրողներու միութեան քարտուղար Պետրոս Տեմիրճեան։
Յոբելենական հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ յայտնի երաժշտագէտ Տիգրան Մանսուրեան, գրականագէտ Երուանդ Տէր-Խաչատրեան, գրականագէտ Սուրէն Դանիէլեան եւ Թորոս Թորանեան, որոնք եւս արտայայտուեցան Զահրատի մասին։
Յայտագրի տեւողութեան Զահրատի ստեղծագործութիւններէն նմոյշներ ներկայացուց վաստակաշատ ասմունքող Սիլվա Կոմիկեան։