ԿԻԹԱՌԻ ՆՈՒԱԳԱՀԱՆԴԷՍ
Երէկ երեկոյեան, Հարպիէի Նոթրը Տամ Տը Սիոն ֆրանսական լիսէի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ դասական կիթառի համերգ մը։ Երաժշտահանդէսի ընթացքին կիթառահար Հալուք Օնաթ Աքպուլութ ունկնդիրներուն վրայ խոր տպաւորութիւն գործեց իր յաջող կատարումներով։ Յայտագրին մէջ ընդգրկուած էին արեւմտեան դասական երաժշտութեան շարք մը յայտնի հեղինակներու ստեղծագործութիւնները։
«Սեմիհա Պերքսոյ» օփերայի հիմնարկին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած երաժշտահանդէս մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին Հալուք Օնաթ Աքպուլութին նուագակցեցաւ դաշնակահարուհի Ըշըլ Կիրայ։ Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան նաեւ կազմակերպիչ հիմնարկի ընդհանուր տնօրէնին ներկայացուցիչը՝ Նաճի Աքթունա եւ համերգներու ու երաժշտական ձեռնարկներու գծով տնօրէնուհի Լեռնա Պալօղլու Աքպուլութ։