ԽՈՀՈՒՆ ԵՒ ՓՈՐՁԱՌՈՒ ԱՆՈՒՆ ՄԸ

Անցնող օրերուն ու շաբաթներուն Հայաստան այցելեցին բազմաթիւ սփիւռքահայեր: Անոնց բազմազանութիւնը նկատելի էր Երեւանի մէջ՝ փողոցներէն սկսեալ, մինչեւ մշակութային միջոցառումներ, հանգիստի ու ժամանցի վայրերէն մինչեւ եկեղեցիներ, թանգարաններ, յիշատակի վայրեր, մինչեւ իսկ հեռատեսիլներէն անցնող օրերուն աւելի շատ սփիւռքահայ հիւրեր եւ բանախօսներ երեւցան… Այս երե-ւոյթը կը փաստէր Երեւանի մէջ սփիւռքահայերու աննախադէպ ներկայութեան մասին: Մասնակցելով 100-ամեակի միջոցառումներուն՝ սփիւռքահայերը իրենց տպաւորութիւնները եւ կարծիքները կը յայտնէին անցնող օրերու ձեռնարկներուն մասին եւ այս տարուան իրենց այցը ձեւով մը ուխտագնացութիւն նկատեցին:

Երեւան այցելած սփիւռքահայերու շար-քին թերեւս ամենատարեցը Եգիպտոսէն եկած 95-ամեայ Վահրամ Բրուտեանն էր, որու հետ ծանօթանալու առիթն ունեցանք Երեւանի մէջ։ Այնուհետեւ հիւրընկալուեցանք Երեւանի մէջ վարձած անոր յարկաբաժնի երդիքին տակ, ուր տարեց ու խոհուն ազգասէր հայը մեզի պատմեց հետաքրքրական մանրամասներ իր կեանքէն, Եգիպտոսի գաղութէն եւ հայութեան որոշ հարցերու շուրջ իր պիտանի կարծիքները արտայայտեց: Ան երկար տարիներ մասնակցութիւն ունեցած է եգիպտահայ մշակութային կեանքի կազմակերպման, իսկ իբրեւ աշխատանք Եգիպտոսի մէջ վերջին քսանհինգ տարիներու ընթացքին աշխատած է օդանաւային ընկերութեան մը մէջ:

Վահրամ Բրուտեան իր տիկնոջ հետ այցելած էր Հայաստան, ուր Երեւանի մէջ անոնց միացած էին Պրազիլիայէն որդին եւ Զուիցերիայէն դուստրը: Ծանօթանալով Բրուտեաններու հետ՝ կարելի էր տեսնել տիպար հայ աւանդական ընտանիք մը, որու աւագները շրջապատուած էին ջերմութեամբ եւ հոգատարութեամբ, եւ ընտանիք մը, որու անդամները հայասէր ու ազգասէր մարդիկ էին, եւ հակառակ անոր, որ հանգամանքներու բերումով կը բնակին տարբեր երկիրներ, ծանօթ են հայութեան հարցերուն, հոգերուն եւ կը հրճուին ամէն մէկ յաջողութեամբ եւ ցաւ կ՚ապրին անարդարութիւններու համար: Վահրամ Բրուտեան ծնած է 1920 թուականին, Գահիրէ։ Ան բնիկ գահիրեցի է, իր հայրը Եգիպտոս հաստատուած է 1900-ականներու սկիզբը՝ Գահիրէ երթալով Ռոտոսթոյէն: Ինք տակաւին պզտիկ տարիքէն կորսնցուցած է հայրը, մեծցած է մօր եւ մեծմօր հոգատարութեամբ եւ ստացած է հայկական կրթութիւն։ Ան շատ կարեւոր նկատեց օտար երկրի մէջ ապրող հայու մը համար հայկական կրթութիւնը: Հետագային իր երկու զաւակներն ալ ղրկած է հայկական դպրոց՝ անոնց մէջ սերմանելով հայերէնի, հայ մշակոյթի եւ հայոց պատմութեան հանդէպ սէրը եւ այսօր հպարտութեամբ կ՚ըսէ, որ անոնք կ՚ապրին իբրեւ հայեր:

Պատանի տարիքէն Վահրամ Բրուտեան արդէն ծանօթ եղած է իր մօրը ու մեծմօրը գաղթի պատմութեան, որ թէեւ իր մայրը չէ պատմած, բայց ինք լսած է զանազան-ներէ, թէ ինչպէ՛ս Մարաշէն տեղահանուելով, ճամբան կորսնցուցած են զիրար, այնուհետեւ որբանոցի մէջ գտած են՝ ապրելով երկրորդ ծնունդ մը:

Վահրամ Բրուտեան ըսաւ, որ այս տարուան ապրիլեան այցը Հայաստան իր տասնչորրորդ այցն է: Առաջին անգամ ան Հայաստան այցելած է 1958 թուականի ամրան՝ նաւով Գահիրէէն հասնելով Օտեսա, ուրկէ օդանաւով Երեւան հասած է եգիպտահայերէ կազմուած երեսուն հոգինոց խումբով մը։ Ան այս առթիւ առաջին անգամ ոտք կը դնէ հայրենի հողին վրայ:

«Մենք հայրենիքի, Հայաստանի մասին տակաւին պզտիկ տարիքէն գիտէինք, կը կարդայինք, կը սերտէինք պատմութիւնը, եւ ձեւով մը երազային եղաւ առաջին այցը, որու ընթացքին կը տեսնես քու հայրենիքը: Այդ տարին որդիս նոր ծնած էր, եւ ես կը փափաքէի զինք մկրտել Հայաստանի մէջ, բայց բժիշկները խորհուրդ չտուին նորածինը բերել: Հետագային այդ երազս իրականացուցի՝ որդիս եւ դուստրս մկրտելով Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Անոնք Սուրբ Էջմիածնի մէջ մկրտուող առաջին սփիւռքահայերէն եղան», մեզի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Վահրամ Բրուտեան: Իր առաջին եւ հետագայ քանի մը այցերը ան կատարած է Խորհրդային Հայաստանի պայմաններու ներքոյ եւ բնականաբար առընչուած է այդ տարիներու խորհրդային կարգերուն, իսկ միւս այցերը արդէն անկախ Հայաստանի օրերուն կատարուած այցեր էին, որոնք առաւել տպաւորիչ ու զգացական էին Հայաստանէն դուրս ապրող մէկու մը համար:

Հետաքրքրական էր լսել իննսունհինգ տարիներու փորձառութիւն ունեցող, տասնեակէ աւելի անգամ Հայաստան այցելած սփիւռքահայու մը պատմութիւնը։ Բրուտեան հակառակ իր տարիքին, պահած է կեանքի հանդէպ իր առոյգութիւնը եւ հրաշալի յիշողութեամբ եւ մանրամասնութեամբ կը յիշէ անցեալի դէպքերը:

Ան յիշեց Ներգաղթի տարիները, երբ սփիւռքահայերու ընտանիքներ կազմակերպուած ներգաղթեցին Հայաստան։ Եգիպտոսէն ալ եղան ներգաղթողներ, բայց իր ընտանիքը չէր միացած Ներգաղթի կարաւանին: Իսկ հետագային, երբ ծանր լուրերը՝ ծածկագրուած նամակներու տեսքով առած են ներգաղթած հայրենակիցներու մասին, հասկցած են, որ ճիշդը թերեւս մնալն էր։ «Մանաւանդ ինծի կ՚ըսէին, որ դուն ճշմարտախօս մարդ ես, եթէ Հայաստան երթայիր, անմիջապէս կ՚աքսորուէիր, որովհետեւ շիտակ խօսողները հոն տեղ չունին: Ներգաղթէն աւելի առաջ ալ կու գայի իբրեւ ուսանող, պատերազմէն ետք 1945 թուականին Հայաստան ուսանողներ ղրկելու եւ հոն ուսանելու ծրագիր մը կար, բայց այդ ալ չեղաւ, որովհետեւ ես այդ թուականներուն արդէն հինգ տարի առաջ ուսումս աւարտած էի։ Այս պատճառա-բանե­լով իմ փոխարէն ղրկեցի ուրիշ մէ-կը», պատմեց Վահրամ Բրուտեան, նշելով, որ հետագային Հայաստանի հետ իր կապը պահած է այցերու միջոցաւ: Իր այցերու շարքին ան կարեւորեց մանաւանդ 1988 թուականի այցելութիւնը, երբ Սպիտակի երկրաշարժէն շաբաթ մը ետք Երեւան հասնելով եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հետ խորհրդակցելով անմիջապէս մեկնած է Հունգարիա, ուրկէ գնած եւ ուղարկած է քնապարկեր, որոնք այդ օրերուն անհրաժեշտ իրեր էին անօթեւան մնացած մարդոց համար:

Խօսելով այսօրուան Հայաստանի մասին՝ Վահրամ Բրուտեան ըսաւ, որ դժուար ժամանակներ ապրելէ ետք, տակաւին ընելիք կայ՝ երկրին մէջ, որպէսզի ան նկատուի ամէն հայու համար գրաւիչ վայր մը: Այդ առումով ան անընդունելի նկատեց բացասական երեւոյթները, որոնք կ՚ազդեն Հայաստանի համբաւին վրայ։ Ան կարծիք յայտնեց, որ ամէն մէկ հայու մօտեցումը՝ հայրենիքին, պէտք է դրդուած ըլլայ ազնիւ մղումներէ, տոգորուած ազգասիրութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ:

Վահրամ Բրուտեան մանաւանդ անընդունելի նկատեց կուսակցութիւններու միջոցաւ հարցերը դիտարկելու եւ այդ ճանապարհով լուծում փնտռելու մօտեցումը։ Պատմութենէն յիշելով դրուագներ, ըստ որոնց՝ կուսակցութիւնները լաւ տեղ չեն կրնար հասցնել ժողովուրդը: Ինք ըսաւ, որ իր ամբողջ գործունէութեան ընթացքին երբեք չէ եղած կուսակցական եւ միշտ ծառայած է հայ մշակոյթին: Վահրամ Բրուտեան եղած է աշխարհահռչակ հայ երգչուհի Գոհար Գասպարեանի դասընկերը, մտերմութիւն ունեցած է նաեւ հայ մեծ նկարիչներ Գառզուի, Աշոտ Զօրեանի հետ, ծանօթացած է եւ մօտէն շփուած՝ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի, նկարիչ Յակոբ Յակոբեանի, հայագէտ Ֆրետերիք Ֆէյտիի, նկարիչ Օննիկ Աւետիսեանի, եգիպտահայ ծաղրանկարիչ Սարուխանի հետ:

Այս բոլոր անունները հայ մշակոյթի մէջ դերակատարում ունեցած մարդիկ են, որոնց հետ հետաքրքրական հանդիպումներ եւ կեանքի շրջան ապրած է մեր զրուցակիցը՝ եգիպտահայ մշակութային կեանքի կազմակերպման անցեալի օրերուն: Պատմելով Աշօտ Զորեանի հետ իր ծանօթութեան մասին, իմ զրուցակիցնը ըսաւ, որ ան Թուրքիա ծնած եւ Գահիրէ գործած նկարիչ մըն էր, որ Եգիպտոսի թագուհիին նկարչութեան ուսուցիչը եղած է եւ համաշխարհային համբաւ ունի։ Զօրեանի կտաւները կը ցուցադրուին Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ թանգարաններուն, Վենետիկի եւ Վիեննայի Մխիթարեան վանքերուն, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ: Վահրամ Բրուտեան հանդիպած է հայ մեծ երաժշտահան Արամ Խաչատուրեանին, եւ այդ հանդիպումէն լուսանկար մըն ալ տրամադրեց։ Ան բարեկամ եղած է կրկին Թուրքիա ծնած եւ Գահիրէ մահացած հայ մեծ նկարիչ Օննիկ Աւետիսեանի հետ, որու աշխատանքները նոյնպէս կը պահուին նշանաւոր պատկերասրահներու մէջ:

Այսօր եգիպտահայ համայնքի նշանաւոր անուններէն նշեց նկարիչ Շանթ Աւետիսեանին անունը, որու նկարները աննախադէպ գիներով կը վաճառուին միջազգային աճուրդներու մէջ։ Ան շեշտեց, որ գաղութը հարուստ եղած է մանաւանդ նկարիչներով: «Ընդհանրապէս բարեկեցիկ էր եգիպտահայ գաղութը: Շատ նշանաւոր անուններ հասած են, բարեկեցիկ ու հարուստ կեանքով ապրած են, կրնամ ըսել, որ ան եղած է Սփիւռքը սկզբնաւորող հիմնական գաղութը, եւ այսօր ալ, եգիպտահայ գաղութը կը գտնուի իր բարեկեցութեան գագաթնակէտին, երբեք այսքան հարուստ չէ եղած», մեզի հետ հանդիպումի ընթացքին ըսաւ եգիպտահայ գաղութի երեւելի եւ ծանօթ դէմքերէն Վահրամ Բրուտեան:

Մեր այն հարցումին, թէ ուրկէ՞ կու գայ եգիպտահայ գաղութի պատմութիւնը եւ բարեկեցութեան հիմքերը՝ Վահրամ Բրուտեան պատմական անդրադարձ կատարեց՝ ամենայն մանրամասնութեամբ յիշելով անցեալի պատմութիւնը եւ զայն ներկայացնելով մեզի։

«Եգիպտոսի հայկական գաղութի հարստութիւնը նոր չէ: Ատոր հիմքերը կու գան 1805 թուականէն, երբ Եգիպտոսի իշխանութիւնը ստանձնած էր Մուհամմէտ Ալի փաշան, որ օսմանեան բանակի զօրահրամանատար եղած է եւ Եգիպտոսը կառավարած է աւելի քան քառասուն տարի: Եգիպտոս գալով եւ այդ շրջանին իր զինուորական միջամտութիւնը ունենալէ ետք ան կը բանակցի սուլթանին հետ, որպէսզի ցկեանս Եգիպտոսի կառավարիչը ինքը ըլլայ։ Անոր հիմնած իշխանական տոհմը եգիպտական գահուն իշխած է հարիւր յիսուն տարի: Մուհամմէտ Ալին շատ յառաջդիմական անձ մը եղած է։ Ան ուզած է Եգիպտոսը եւրոպականացնել, եւ Եգիպտոսը եւրոպականացնելու իր ծրագրին մէկ բաժինը հայ, յոյն, իտալացի, ֆրանսացի, տարբեր եւրոպական մտածողութեամբ ազգի ներկայացուցիչներ Եգիպտոս հրաւիրելն էր: Այդ ծիրին մէջ ան կը սկսի դէպի Եգիպտոս տեղափոխել հարուստ հայեր, որոնք արդէն Օսմանեան կայսրութեան մէջ կառավարական վերին շրջանակի՝ դիւանակալութեան մաս կը կազմէին: Մուհամմէտ Ալին շատ կարեւոր ու բանալի տեղեր կը դնէր այդ հայերը: Եգիպտոսի հայկական գաղութի պատմութիւնը կերտած անուններէն պէտք է նշել Պօղոս պէյ Եուսուֆեանը, որ Մուհամմէտ Ալիի նախարարներէն մէկը եղած է: Այդ շրջանի եգիպտահայերու մէջ ամենահռչակաւորը անշուշտ Նուպար փաշա Նուպարեանն էր, որ 1850-ականներուն առաջին անգամ ըլլալով Եգիպտոսի վարչապետ եղած է: Նուպար փաշան Եգիպտոսի զարգացման, արդիականացման համար մեծ ջանք թափած է։ Ինչպէս գիտէք, բամպակի արտադրութիւնը բերած է, շոգեկառքի ներմուծման նպաստած է, Սուէզի ջրանցքի ծրագիրը յառաջ տարած է եւ այլ բազմաթիւ գործեր կատարած է: Այս անուններու շարքին էր նաեւ Կարապետ աղա Գալուստեան, որ հարկ հաւաքող պաշտօնի վրայ եղած է։ Կային ուրիշ ազդեցիկ հայեր ալ, որոնք 1850 թուականէն սկսեալ համայնքի կազմաւորման նպաստած են: Եգիպտոսի հայկական համայնքի եկեղեցին 1800-ականներու սկիզբները շինուած է, 1828 թուականին Եղիազարեան դպրանոցը հիմնուած է, շատ աւելի ուշ՝ 1906 թուականին Հայկական բարեգործա-կան ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) հիմնուած է: Այնպէս որ Եգիպտոսի հայկական պատմութիւնը նոր չէ, ան հայկական հնագոյն գաղութներէն մին է եւ իր պատմութեամբ նաեւ հպարտութեան առիթ կը ստեղծէ մեզի համար», ըսաւ Վահրամ Բրուտեան, աւելցնելով, որ եգիպտահայ գաղութը 1915 թուականէն շատ առաջ արդէն քանի մը սերունդ կազմաւորուած գաղութ մըն էր, եւ այդ դէպքերէն ետք կրցած է կազմակերպուիլ եւ դրամական օժանդակութիւն յատկացնելով տէր կանգնիլ որբերուն:

Վահրամ Բրուտեան նկատեց, որ Սփիւռքի կազմաւորման գործին մէջ անկիւնադարձային դեր խաղացած է Եգիպտոսը եւ ձեւով մը Սփիւռքի կազմաւորման կեդրոնը կարելի է համարել Գահիրէն։ Նկատի ունենալով, որ հոն ազգային գործունէութիւն մը կար, այնքան, որ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան պետական եւ ՀՅԴ կուսակցական արխիւը երկար տարիներ կը պահուէր Գահիրէի մէջ, ապա փոխադրուած է Պոսթըն:

«Դերակատարում ունեցող գաղութ ըլլալու հանգամանքը շարունակուած է մինչեւ 1950-ական թուականները, երբ Քեմալ Ապտիւլ Նասըր ազգայնական յեղափոխութիւն ըրաւ Եգիպտոսի մէջ», ըսաւ Վահրամ Բրուտեան, նշելով, որ այսօր, հակառակ որ նօսրացած են գաղութի հայութեան շարքերը, զայն կարելի է հայաշունչ նկատել: Գաղութէն հայերը, ինչպէս տեղեկացուց մեր զրուցակիցը, հիմնականը հեռացած են Գանատա, Աւստրալիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Իսկ իմ այն հարցումին, թէ նոր սերունդը ի՞նչ միտում ունի դէպի Հայաստան, Վահրամ Բրուտեան ըսաւ, որ ձգտում կայ հայկական անձնագիր ունենալու եւ ընդհանրապէս ունին եգիպտահայերը, նաեւ հող եւ տուն գնած են Հայաստանի մէջ, որպէսզի վտանգի պարագային Հայաստան փոխադրուին։ Բայց Հայաստան այս հանգրուանին գալու եւ մշտական փոխադրուելու ցանկութիւն, եգիպտահայերը, ընդհանրապէս, չունին:

Մեր զրոյցին միացաւ նաեւ Վահրամ Բրուտեանի կողակիցը, որ ծագումով պոլսեցի է, բայց Աղեքսանդրիա ծնած է։ Ան ամուսինին գրեթէ միշտ ընկերացած է Հայաստան այցերու ընթացքին, եւ յատկանշական է, որ այս այցին Կոմիտասի անուան նորաբաց թանգարան այցելելով՝ Կոմիտասի «Գուսան» երգչախումբի մէջ տեսած է իր մեծհօրը լուսանկարը եւ գրպանէն հանելով իր քովը եղած լուսանկարը՝ ցոյց տուած է թանգարանի աշխատակիցներուն, ապրելով յուզմունքի պահեր:

Բրուտեանները մաղթեցին, որ յառաջիկայ տարի կրկին կը հանդիպինք Երեւանի մէջ, եւ այդ մէկը կ՚ըլլայ Վահրամ Բրուտեանի տասնհինգերորդ այցը՝ Հայաստան:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

 

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2015