ՊԱՏԿԵՐԻ ՔԵՐԹՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐԱՆԱՀԱՅ ՄԵԾ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ԱՆԴՐԷ ՍԵՒՐՈՒԿԵԱՆԻ 130-ԱՄԵԱԿԸ՝ ՄԱՇՏՈՑԵԱՆ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ
Մայիսի 2-ին «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանին մէջ բացուած ցուցադրութիւնը տուրք է մեծանուն հայերէն մէկուն, որ մեծ ներդրում ունեցած է իրանական կերպարուեստի բնագաւառէն ներս, սակայն միշտ կապուած մնացած է հայ ժողովուրդին ու անոր պատմութեան: Ցուցադրութիւնը կը կոչուի «Պատկերի պոեզիան» եւ նուիրուած է իրանահայ նշանաւոր գեղանկարիչ Անդրէ (Անդրէաս) Սեւրուկեանի 130-ամեակին: Յոբելենական ցուցահանդէսը կազմակերպած են «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի թանգարաններու հետ գործակցաբար: Ծաւալուն ցուցադրութեան զանազան կերպով մասնակցութիւն բերած են նաեւ Հայաստանի Պատմութեան, Երեւանի Պետական համալսարանի պատմութեան, «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի, Յովհաննէս Շարամբէեանի անուան ժողովրդական արուեստներու, Սարդարապատի յուշահամալիրի թանգարանները եւ այլ մշակութային կառոյցներ:
Գեղանկարիչ Անդրէ Սեւրուկեան պարսկական կերպարուեստին մէջ նորարարութիւն ներմուծած նկարիչներու սերունդին կը պատկանի: Ան ստեղծագործած է հիմնականը պարսկական գեղանկարչութեան ու մանրանկարչութեան ոճով: Իր նկարներուն մէջ նշանակալի տեղ կը գրաւէր հայկական նիւթը: Առաւել յայտնի են անոր «Արտաշէս եւ Սաթենիկ», «Գրիգոր Լուսաւորիչ», «Շամիրամ կ՚ողբայ Արայի մահը», «Վարդանանք», «Մուսա լերան քառասուն օրը», «Սարդարապատ», «Զօրավար Անդրանիկի մահը» ստեղծագործութիւնները: Նկարիչի համար ներշնչման աղբիւրներ եղած են Սայաթ Նովան, Օմար Խայամը, առհասարակ՝ քերթողական արուեստը, աշուղական երգ-երաժշտութիւնը, արեւելեան յօրինումները մեծ ազդեցութիւն ձգած են անոր ներաշխարհի, իսկ յետոյ՝ ստեղծագործութիւններու վրայ: Այս նիւթերուն նուիրուած ցուցանմոյշներ բերուած են Հայաստանի Պատմութեան թանգարանէն, Երեւանի Պետական համալսարանէն, ուրիշ թանգարաններէ՝ աւելի խօսուն եւ ամբողջական դարձնելով ցուցադրութիւնը:
Այս բացառիկ ցուցադրութեան ներկայացուած են նաեւ ձեռագիրներ՝ Մատենադարանէն, որոնք կ՚առընչուին նիւթին եւ նաեւ՝ Սեւրուկեանի ստեղծագործական զանազան փուլերուն պատկանող գեղանկարներ, որոնց զգալի մասը հանրութեան առջեւ կը ներկայացուին առաջին անգամ:
Ցուցադրութիւնը կազմակերպուած է աջակցութեամբ «Սեւրուկեան հիմնադրամ»ի, որ հիմնած են Սեւրուկեան ընտանիքի յետնորդները: Անոնք ալ տարիներ առաջ ձեռնարկած են Անդրէ Սեւրուկեանի եւ անոր նշանաւոր հօր՝ լուսանկարիչ Անթուան Սեւրուկինի հաւաքածոն Հայաստանի նուիրաբերելու եւ անոնց հայ ըլլալը աշխարհին ներկայացնելու գործին: Տասը տարիներու ջանքը ի վերջոյ յաջողութեամբ պսակուած է 2015 թուականին. Անդրէ Սեւրուկեանի՝ Գերմանիա ապրող 94-ամեայ որդին՝ Էմանուէլ Սեւրուկեանը «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանին նուիրաբերուած է հայր եւ որդի Սեւրուկեաններու գործերէն՝ պահուած ընտանեկան պահոցի մէջ:
«Սեւրուկեան հիմնադրամ»ը Հայաստանի մէջ կ՚աջակցի նաեւ զանազան մշակութային ձեռնարկներու՝ այսպիսով վառ պահելով արուեստի, մշակոյթի լոյսը, որու կրողները եղած են Սեւրուկեանները:
Գեղանկարիչ Անդրէ Սեւրուկեանի 130-ամեակի ձեռնարկները Հայաստանի մէջ սկիզբ առած են տակաւին այս տարուան սկզբին։ Մատենադարանի մէջ կազմակերպուած է այս նշանակալի յոբելեանին նուիրուած գիտաժողով, որու ընթացքին արժեւորուած են նաեւ հայ-իրանական պատմական, մշակութային կապերը, որոնք հազարամեակներու պատմութիւն ունին եւ այսօր ալ նոր լոյսի ներքոյ կը շարունակուին, կը զարգանան: Արուեստը այդ կապերը ցոյց տալու ամենավառ միջոցն է, եւ Անդրէ Սեւրուկեան իր ողջ կեանքը նուիրած է այդ գործին:
Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեան «Պատկերի պոեզիան» ցուցադրութիւնը համարած է երկու քաղաքակրթութիւններու ու մշակութային պատկանելութեան համերաշխութեան դրսեւորում։ Միեւնույն ժամանակ ցուցահանդէսը կ՚արտացոլէ մատենադարանի տնօրէնութեան որդեգրած քաղաքականութիւնը՝ բազմազանութիւն մտցնել կառոյցի ցուցադրութիւններուն մէջ։
ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ
Մինչ 1930-ականներէն սկսեալ ամբողջ աշխարհի մէջ ցուցադրութիւններու միջոցով հռչակաւոր եղած է Անդրէ Սեւրուկեան, Հայաստանի հանրութիւնը միայն վերջին տարիներուն սկսած է ճանչնալ իր նշանաւոր հայրենակիցը:
Անդրէ Սեւրուկեան ծնած է 1894 թուականին՝ Իրանի մայրաքաղաքը՝ Թեհրանի մէջ: Անոր հայրը Իրանի Նասեր ալ Տին շահի արքունական լուսանկարիչ Անթուան Սեւրուկինն է, եւ ինք Սեւրուկինի եօթ երեխաներէն մէկն էր:
Իր նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի ֆրանսական վարժարանը, այնուհետեւ՝ Փարիզի գեղարուեստի դպրոցը։ Փարիզէն վերադառնալէ յետոյ ան մտաւորական ընկերներու հետ հիմնած է փիլիսոփայական շրջանակ, որու ծիրէն ներս զայն տուած են «Դարվիշ» մականունը: Հիմնականը մասնագիտացած է ինքնակրթութեամբ, ուսումնասիրած հին պարսկական մանրանկարչութիւնը, որու ազդեցութիւնն ալ կրած է իր ստեղծագործութիւններուն մէջ: Գեղանկարչը 1922 թուականին եղած է Անդրկովկաս, որոշ ժամանակ ապրած Թիֆլիզ, անդամակցած «Հայ արուեստագէտներու միութեան»։ Ծննդավայրին մէջ Սեւրուկեան շուրջ ինն տարի (մեկուսացուած պայմաններու ներքոյ, ուխտի պէս) նկարազարդած է պարսիկ նշանաւոր բանաստեղծ Ֆիրտուսիի «Շահնամէ»ն, այդ նիւթով ստեղծած 416 նկար, որոնք ցուցադրուած են Ֆիրտուսիի ծննդեան 1000-ամեակի տօնակատարութեան օրերուն (1930-ականներուն)։ Այդ աշխատանքի համար Դարվիշին շնորհուած է «Արուեստի եւ գիտութեան» շքանշան։ Իր միւս նշանակալի գործը պարսիկ գիտնական, բանաստեղծ Խայամիի քառեակներու 140 նկարազարդումներն են: Անդրէ Սեւրուկեան անհատական ցուցահանդէսներ ունեցած է Հնդկաստան («Շահնամէ»ի նկարազարդումներէն հարիւրը գնած է Հայտարապատի իշխանը եւ մասնաւոր թանգարանի մը մէջ զետեղած), Պերլին, Պրիւքսէլ, Վիեննա, Լոնտոն: Եւրոպական մամուլը օրին ընդունելութեան արժանացուցած է անոր ցուցահանդէսները՝ լայն լուսաբանելով ատոնք:
Սեւրուկեան արեւելեան արուեստին ու պատմութեան անդրադառնալէն զատ ստեղծած է հայկական պատմական թեմաներով նկարներ։ Մասնագէտներ Սեւրուկեանի գործերու բնորոշ յատկանիշը նկատած են ոճաւորումն ու գունագեղութիւնը:
Արուեստագէտը մեծցած է մտաւորականներու միջավայրին մէջ: Անոր հայրը՝ ըլլալով մեծ լուսանկարիչ, կը նկատուի նաեւ երկրին մէջ գեղարուեստական լուսանկարչութեան հիմնադիրներէն մին: Հայրը միշտ շփումներ ունեցած է նշանաւոր մարդոց հետ, ինչն ալ Անդրէ Սեւրուկեանին ի նպաստ եղած է: Գեղանկարիչը մահացած է 1996 թուականին՝ Գերմանիա:
ԻՎԷԹ ԹԱՃԱՐԵԱՆ. «ԵԶԱԿԻ ԵՒ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ Է»
Ցուցադրութեան համադրողը մատենադարանի գիտաշխատող, արուեստաբան Իվէթ Թաճարեանն է: Ան աւելի քան քսան տարի է, որ կը զբաղի Սեւրուկեան գերդաստանի ստեղծագործական ժառանգութեան ուսումնասիրութեամբ, վերջին տարիներուն զանազան կերպերով հայ հանրութեան կը ներկայացնէ անոնց կեանքն ու գործերը, որոնք մինչ այդ այդքան ալ ճանչցուած չէին Հայաստանի մէջ: Իվէթ իր ատենախօսութիւններու նիւթերը նուիրած է Սեւրուկեաններուն, իսկ այս ցուցահանդէսի առթիւ յայտնած է հետեւեալը.
«Զանազան տարիներու ընթացքին կազմակերպած եմ Անդրէ Սեւրուկեանին նուիրուած բազմաթիի ցուցադրութիւններ (2002 թուականին՝ Իրան, 2007 թուականին՝ Գերմանիա եւ 2015 թուականէն սկսեալ՝ պարբերաբար Երեւան), բայց պէտք է վստահօրէն ըսել, որ այս ցուցահանդէսը իր բովանդակային առումով եզակի է եւ տեղ մը՝ ամբողջական: Նախկինին եղած իւրաքանչիւր ցուցադրութեան ժամանակ՝ ըլլայ արուեստագէտի կենդանութեան օրօք կամ իրմէ յետոյ՝ ստեղծագործական բոլոր շարքերը հաւաքելու, մէկտեղելու եւ այցելուին նկարչի ներկայացման, լիարժէք ընկալելու հնարաւորութիւն երբեւէ չէ յաջողուած տալ, իսկ այսօր մենք հնարաւորութիւն ունինք մէկ սրահի մէջ տեսնել Սեւրուկեան արուեստագէտին` ստեղծագործական վաղ փուլէն մինչեւ ուշ շրջան: Այս ամէնը իրականացաւ շնորհիւ մատենադարանի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի թանգարաններու համագործակցութեան: Ցաւօք, որոշ պատճառներով պաշտօնական բացման ներկայ չէր մեր սիրելի Հայր Ասողիկ Կարապետեանը, որ աջակցութեան եւ պատրաստակամ ըլլալու շնորհիւ ունինք այն, ինչ որ կը տեսնեք Մատենադարանին մէջ:
Խորին երախտագիտութինս նաեւ Մատենադարանի հետ համագործակցած միւս թանգարաններուն՝ ցուցահանդէսի լիարժէք տեսքով ներկայացման համար... »:
ՎԵՐԱԴԱՐՁՆԵԼ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ
Հայր եւ որդի արուեստագէտներ Սեւրուկեաններուն (Սեւրուկիններ) համարած են ռուս, վրացի, պարսիկ, ֆրանսացի՝ առանց անդրադառնալու անոնց հայ ըլլալուն: Այդ մէկը մտահոգութիւն եղած է ժառանգներուն համար եւ լուսանկարիչ Անթուան Սեւրուկեանի թոռը՝ Էմանուէլ Սեւրուկեանը, նախնիներու հայ ըլլալու փաստը հաստատելու համար պարբերաբար Հայաստան հասած է Գերմանիայէն: Եւ հայ մասնագէտներու հետ միասին վերջ տրուած է այն թիւրիմացութեան, թէ անոնք այլ ազգի ներկայացուցիչներ են: Մանաւանդ ուսումնասիրողներու համար միշտ խնդիր եղած է այն փաստը, որ լուսանկարիչ Անթուանը հանդէս եկած է Սեւրուկին, իսկ գեղանկարիչ որդին՝ Սեւրուկեան մականունով: Այս հանգամանքով պայմանաւորուած նոյնպէս ուսումնասիրողներ բացառած են անոնց հայ ըլլալը:
ԱՆԹՈՒԱՆ ՍԵՒՐՈՒԿԻՆ
Իրանի մէջ նշանաւոր պալատական լուսանկարիչ Անթուան Սեւրուկեանը ճանչցուած եղած է զանազան ստորագրութիւններով՝ Վասիլի Սեւրուկին, Սերունեան, Սեկրուվեան, Սեւրիոկին, Սեւրակին, Անթուան խան Վասիլի:
Ան իբրեւ լուսանկարիչ գործած է Իրանի Ղաջարիներու (1785-1925) կառավարման ժամանակ։ Անոր իսկական մականունը յայտնի չէ, յայտնի է միայն, որ Սեւրուկինը քաղաքական կեղծանուն եղած է:
Սեւրուկինը ծնած է Թեհրանի մէջ ռուսական դեսպանատաունը՝ Վասիլ Սեւրուկինի (ունի հայկական արմատներ) եւ արմատներով ագուլիսցի Աչին խանումի ընտանիքի մէջ։ Հայրը եղած է Թեհրանի մէջ ռուսական դիւանագէտ, որ ձիարշաւի ժամանակ մահացած է դժբախտ պատահարէն։ Ընտանիքը տեղափոխուած է Վրաստան, ուր Անթուանը ստացած է դպրոցական կրթութիւն, ուսանած նկարչութիւն եւ զբաղած՝ լուսանկարչութեամբ։ Լուսանկարիչ Տիմիթրի Երմաքովի (1845-1916) ազդեցութեան ներքոյ Անթուանը կը տեղափոխուի Պարսկաստան՝ ստեղծելու այդ երկրի կեանքի ու կենցաղի լուսանկարչական վաւերագրութիւնը։ Իր եղբօր հետ նաեւ Ատրպէյճան, ուրկէ ալ՝ Լոռեստան մեկնած են: Լուսանկարչատունը 1883 թուականին Թեհրանի մէջ ան հիմնած է իր եղբօր հետ:
Անթուան Սեւրուկին ամուսնացած է իրանահայ Լուիզա Գուրգէնեանի հետ եւ ունեցած են եօթ երեխայ։
Սեւրուկինի լուսանկարչատան յաջողութիւնները կը գրաւեն իշխանական ուշադրութիւնը եւ անոր կը հրաւիրեն Նասր ալ Տին շահի պալատ, ուր ան կը դառնայ պալատի բարձրաստիճան լուսանկարիչը եւ կ՚արժանանայ «Խան» տիտղոսին: Պալատին մէջ ան իրաւունք ունեցած է մուտք գործել այնպիսի վայրեր, ուր երբեք մուտք չէ գործած ոեւէ իրանցի լուսանկարիչ, նկարած է նոյնիսկ շահի կանանոցը: Սեւրուկինի լուսանկարները այսօր կը պահուին աշխարհի յայտնի թանգարաններու եւ պատկերասրահներու մէջ: Ժամանակին արդէն անոր աշխատանքները կ՚արժանանային միջազգային ուշադրութեան, արդիւնքը այն կ՚ըլլայ, որ Եւրոպայի ազգագրագական թանգարանները ձեռք կը բերեն անոր դիմանկարչական գործերէն՝ իրենց գիտական հաւաքածոները համալրելու համար։ Գերմանացի պատմաբան Ֆրիտրիխ Սարը լուսանկարչին կը պատուիրէ ուղեւորուիլ դէպի Պարսկաստանի հարաւ եւ հարաւ-արեւմուտք եւ լուսանկարել Աքեմենեան եւ Սասանեան ժայռերը եւ Նաքշէ-Ռուստամի գերեզմանները։
1908 թուականի յեղափոխութեան ժամանակ Սեւրուկինի լուսանկարչատունը կ՚աւերուի եւ կը ոչնչանայ: 7000 լուսանկարներէն կը պահպանուին միայն 2000-ը, որոնց մեծ մասը կ՚առգրաւուի Ռըզա Շահ Փեհլեւիի կողմէ։ Պահպանուած 696 չերեւակուած ժապաւէններ կը ցուցադրուին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Սմիթսոնեան հիմնարկի մէջ:
Անթուան Սեւրուկինը մահացած է 1933 թուականին՝ երիկամներու հիւանդութենէն եւ թաղուած է Թեհրան:
Հայաստանի մէջ զանազան տարիներու լոյս տեսած են նաեւ «Անթուան Սեւրուկին» եւ «Անդրէ Սեւրուկեան» պատկերագիրքերը, որոնց մէջ ներկայացուած են լուսանկարիչ հօր եւ գեղանկարիչ որդիի ստեղծագործութիւնները:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024